Ապագայի աշխատուժին համար գործնական եւ ոչ աւանդական հմտութիւնները կարեւոր են

Հմտութիւններու ծանօթանալը եւ զանոնք ձեռք ձգելը աշակերտներուն արդար իրաւունքներն են եւ իբրեւ այդպիսին՝ անոնք պէտք է դառնան դպրոցական համակարգին անբաժան մասը:

Հմտութիւններու ծանօթանալը եւ զանոնք ձեռք ձգելը աշակերտներուն արդար իրաւունքներն են եւ իբրեւ այդպիսին՝ անոնք պէտք է դառնան դպրոցական համակարգին անբաժան մասը:

Ենթադրենք, որ ընկերային ցանցի մը միջոցով հարցում մը հարցուցինք.

«Ինչպիսի՞ նիւթեր եւ հմտութիւններ կ՛ակնկալես, որ մեր դպրոցներէն ներս դասաւանդուին եւ զարգանան 2030-ին, 2035-ին… »։

Արդեօ՞ք պատասխաններուն մէջ կը տեսնենք՝ «թուաբանութիւն, կենսաբանութիւն, քիմիագիտութիւն, բնագիտութիւն, լեզուներ (անգլերէն, արաբերէն…) պատմութիւն, աշխարհագրութիւն… » եւ անոնց ընդմէջէն փոխանցուած հմտութիւնները:

Ապագայի աշխատուժին վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններ կը կեդրոնանան գործնական եւ ոչ աւանդական հմտութիւններու վրայ: Անոնք ցոյց կու տան, թէ յաջողութեան հիմնաքարը կը դրուի, երբ նոր սերունդներուն սորվեցնենք գործնական հմտութիւններ:

Բայց ի՞նչ է հմտութիւնը: Հմտութիւնը սորված ունակութիւն մըն է՝ բան մը կամ գործողութիւն մը ընելու՝ լաւ կատարումով եւ որոշուած արդիւնքներով ու յաճախ որոշ ժամանակամիջոցի մը մէջ:

Համաշխարհային տնտեսական ֆորումը, որ ապագայի հմտութիւնները կանխատեսող առաջատար կազմակերպութիւն մըն է, կը ցանկագրէ հետեւեալ հինգ առաջնակարգ հմտութիւնները՝ յաջորդող դարերուն համար.

Բարդ հարցերու լուծում

Քննադատական միտք

Ստեղծագործականութիւն

Ուրիշներու հետ համակարգում

Մարդոց կառավարում

Այստեղ կրնանք հարցնել հետաքրքրական հարցում մը. եթէ գործնական հմտութիւնները այդքան կարեւոր են, ուրեմն ինչո՞ւ չեն ներառուիր դպրոցական համակարգի այսօրուան ծրագիրներուն մէջ:

Շատ մը դպրոցներ իրենց լաւագոյնը կ՛ընեն, սակայն ակադեմական չափորոշիչներուն խստացումը, համալսարան ընդունուելու եւ տեղ ապահովելու սուր մրցակցութիւնը.․․ չեն արտօներ, որ բաւարար ժամանակ տրամադրուի եւ ուշադրութիւն դարձուի գործնական հմտութիւններուն:

Աշխարհի մէջ հիմնական երկու թեքումներ կամ միտումներ կան, որ մարտահրաւէր կը ներկայացնեն եւ շատ կարելիութիւններ կը ստեղծեն արդի կրթական համակարգին համար: Աշխարհը տեղաշարժի մէջ է՝ «արդիւնաբերական տնտեսութենէն» դէպի «գիտելիքի տնտեսութիւն»: Միւսը՝ աճող սերունդն է, մեծցած՝ internet-ով, որ բոլորովին ուրիշ ձեւով սորվելու մղում կը ստանայ:

Հարվըրտի Change Leadership Group-ի համաղեկավար տոքթ. Թոնի Ուակնըր կ՛ըսէ․ «Այս երկու ուժերը մեզ կը ստիպեն, որ վերատեսութեան ենթարկենք կրթական համակարգը»:

Ապագայ արդիւնաբերական կարիքներու եւ կրթութեան պատրաստութեան ուսումնասիրութիւններու իր լուրջ վերլուծութեան մէջ, տոքթ. Ուակնըր կրցած է ճանչնալ ապագայի պարտադիր հմտութիւնները եւ «համաշխարհային նուաճումներու բացը», որ ոստիւն մըն է նոյնիսկ լաւագոյն դպրոցներուն համար: Ահաւասիկ անոնք․

-Քննական միտք եւ խնդիրներու լուծում

-Համագործակցութիւն ցանցերու միջեւ

-Արագաշարժութիւն եւ յարմարունակութիւն, պիտանիութիւն

-Նախաձեռնութիւն եւ ձեռներէցութիւն

-Արդիւնաւէտ բերանացի եւ գրաւոր հաղորդակցութիւն

-Տեղեկատուութեան հասանելիութիւն եւ վերլուծութիւն

-Հետաքրքրասիրութիւն եւ երեւակայութիւն

Տոքթ. Ուակնըր կը նշէ, որ այսօրուան թուայնացումի դարուն, «ցանցի սերունդ»ը, այլ բաներու կողքին, վարժուած է ակնթարթային գոհացում ստանալու եւ համացանցի օգտագործումով բարեկամութիւնները ընդլայնելուն եւ ինքնիւրոյն ուսուցումին․ ան անընդհատ կապի մէջ է, կը ստեղծագործէ, բազմամիտիա աշխարհին մէջ կը բազմագործէ… ամէն տեղ… բացի դպրոցէն:

Որպէսզի մղում տանք այս սերունդին, դպրոցի համակարգը պէտք է վերստեղծուի, որպէսզի առաւելագոյն նշանակութիւն ունենայ: Այդ կ՛ակնկալէ՝ ուսուցումի, դասաւանդութեան եւ գնահատումի աշխատանքները կատարել նոր ձեւերով:

Ինչպէ՞ս վերահամարկել «գործնական հմտութիւնները» դպրոցի համակարգին մէջ

Կարգ մը դպրոցներ առաջնահերթութիւնը տուած են գործնական հմտութիւններուն՝ իբրեւ իրենց համակարգին մէկ բաժինը անցնող հարիւր տարիներուն ընթացքին, որոնցմէ են, օրինակ, Montessori դպրոցները, հիմնուած՝ իրենց հեռատես հիմնադիրին փիլիսոփայութեան վրայ, ուր դպրոցը գիտելիք փոխանցելու տեղ մը չէ պարզապէս, այլ՝ «ինքնին կեանքի պատրաստութիւն»:

Այս տեսլականին համապատասխանեցնելու ժամանակ, դպրոցները ստեղծած են ուսումնական ծրագիր մը գործնական հմտութիւններ դասաւանդելու համար, որ կ՛ընդգրկէ 3-17 տարեկանները, սկսելով՝

Կանուխ մանկութենէն. Մոնթեսորիի հմտութիւն

Կանուխ տարիքի մանուկներուն համար Մոնթեսորիի դպրոցական ծրագիրը կը յենի հինգ բանալի սիւներու վրայ.

-ընկերային յարաբերութիւններ,

-շարժումի վերահսկում եւ համակարգում,

-նախնական աշխատանքներ,

-անձի խնամք եւ

-միջավայրի խնամք

Մանկութեան կանուխ տարիներուն, ուսուցիչները իրենց դասարանները կը պատրաստեն այնպիսի ձեւով մը, որ աշակերտին կը ծանօթացնեն եւ անոնց համար կը բացայայտեն գործնական հմտութիւնները՝ որպէս անոնց միջավայրին բնական մէկ բաժինը: Կեանքի համար իւրաքանչիւր գործնական իր կամ նիւթ զգուշօրէն տեղադրուած կ՛ըլլայ իրեն համար նշանակուած յատուկ տարածքի մը մէջ, որ դասակարգուած կ՛ըլլայ որոշ գոյնով մը, որպէսզի փոքրիկին համար հասանելի ըլլայ եւ դիւրութեամբ կարենայ ձեռք ձգել․ այդպէս նաեւ դասարանին մէջ համակարգում ապահովուի: Այդ տարածքներուն մէջ կը գտնուին պնակեղէն եւ հագուստներ լուալու տեղ՝ յատուկ իրերով, մաքրութեան դեղերով եւ աղտոտ հագուստներով․ այնտեղ աշակերտները կրնան նաեւ կոճակ կոճկել եւ իրենց սեփական կօշիկները կապել սորվիլ: Ուսուցիչները ցոյց կու տան իւրաքանչիւր «կայան»ի օգտագործման ձեւերը եւ ապա ուսումնասիրելու ազատութիւնը կու տան աշակերտներուն: Իւրաքանչիւր աշակերտ բնականաբար կ՛ուղղուի զինք հետաքրքրող աշխատանքներուն:

Արդիւնքները եւ կապը 21-րդ դարու հմտութիւններուն հետ

Այսպիսի աշխատանքներ կատարելու նպատակը կանխորոշուած արդիւնքի մը հասնիլը չէ, այլ՝ օգնել, որպէսզի փոքրիկները հպարտութեան ոգին զարգացնեն իրենց մէջ, ինքնավստահութիւն շահին եւ հաճոյք ստանան: Այս բոլորը կը ստեղծուին, երբ փոքրիկները կը կարողանան առանձին կատարել այդ աշխատանքները: Անոնք նաեւ կը սորվին հմտութիւններ՝ խնդիրներ լուծելու, ինչպէս նաեւ՝ քննական միտք, որ կ’ընդգրկէ տրամաբանութեան յաջորդականութեան բարձր կարգի հմտութիւններ եւ շարժումներու կատարելագործութիւն: Վերջապէս, փոքրիկները կը զարգացնեն ընկերային եւ շնորհքի ու բարեկրթութեան համագործակցային հմտութիւններ, որպէսզի իւրաքանչիւրը սորվի յարգել իր դասընկերոջ «գրաւած» վայրը եւ աշխատանքը:

Տարրական (վարին եւ վերին). Մոնթեսորի վարժութիւն

Երբ աշակերտները անցնին վարին կամ վերին տարրական դասարանները, անոնք կը սկսին համադրել ու համարկել կանուխ տարիքին իրենց սորված կեանքի գործնական հմտութիւնները: Երկար աշխատանքային շրջանններու ընթացքին, աշակերտները ազատ են ընտրելու իրենց աշխատանքը եւ կառավարելու իրենց ժամանակը: Ուսուցիչներ փոքր խումբերու բաժնելով աշակերտները՝ հասկացութիւններու եւ մտապատկերներու վերաբերեալ կարճ դասեր կը ներկայացնեն անոնց: Այս ազատութիւնը կը պահանջէ աշակերտներէն զարգացնել գործառնական հմտութիւնները, կազմակերպչական ծրագրաւորումը, զգացական հսկողութիւնը, ինքնակարգաւորումը եւ արդիւնաւէտութիւնը, որոնք շատ կարեւոր են յաջողութեան համար:

Այսպիսի ծրագիրի մը հետեւող դպրոցներու տարրական դասարաններուն մէջ, փափաքած պահուդ, կրնաս գտնել աշակերտներ, որոնք հին քաղաքակրթութիւններու փոքր ծաւալի մոտէլներ կը շինեն, մինչ ուրիշներ բարդ մոլեքիւլներու՝ բջջախումբերու կառոյցներ կը ստեղծեն: Մեծ աշակերտները աւելի փոքր աշակերտներուն կը ծանօթացնեն բարդ բառերու եւ նախադասութիւններու այլազան օրինաչափութիւններ: Այլ աշակերտներ կը շինեն ելեկտրական circuit-ներ` LED-երու տուփով մը, մինչ ուրիշներ կար կը կարեն: Միջավայրը պատրաստուած է այնպիսի ձեւով մը, որ բնականաբար կը ներգրաւէ փոքրիկը եւ կը ձգէ, որ իրեն յատուկ արագութեամբ շարժի:

Ամէնէն ուշագրաւը այն է, որ տարրական դասարանը կը ղեկավարուի աշակերտներու կողմէ: Իւրաքանչիւր աշակերտ ունի դասարանային աշխատանք մը: Կարգ մը աշակերտներու աշխատանքն  է «օրուան հարցը» ներկայացնելը, մինչ ուրիշներ պատասխանատու են ընտանի անասուններու վանդակները մաքրելու եւ պնակները լուալու: Աշակերտները պատասխանատու են նաեւ իրենց սեփական բախումները եւ միջանձնային խնդիրները կառավարելու եւ լուծելու՝ դասարանի խորհրդատուին միջոցով:

Դասարանէն դուրս, առաջնորդի մը օգնութեամբ, աշակերտները պատասխանատւութիւն կը ստանձնեն նախագիծեր պատրաստելու համայնքին մէջ: Անոնք կը մշակեն պարարտանիւթերու ծրագիրներ՝ համայնքի պարտէզներուն համար, թուղթ շինելու ծրագիրներ՝ թուղթի թափօնները վերացնելու համար եւ դրամահաւաք կատարելու ծրագիրներ կը կազմակերպեն բարեգործական կազմակերպութիւններու աջակցելու համար:

Թէեւ չենք գիտեր, թէ ապագայի գործերը ինչ պիտի ըլլան, բայց եւ այնպէս, գիտենք, որ աշխատողի աւելի մեծ ներգրաւուածութիւն պիտի պահանջուի դերերը, պատասխանատւութիւնները եւ արդիւնքները որոշելու հարցին մէջ… Այս անորոշութեան մէջ նաւարկելը աւելի դիւրին է անոր համար, որ պատրաստուած է փոքր տարիքէն:

ՊատանեկութիւնՄոնթեսորի վարժութիւն

Ինչպէս գիտենք, պատանեկութիւնը ալեկոծութեան, շարունակաբար լարուած փոփոխութեան ժամանակն է: Այս պատճառներուն համար է, որ Մոնթեսորիի՝ գործնական կեանքի ուսումնական ծրագիրը առիթներ կը ստեղծէ աշակերտներուն՝ իրենց նպատակը ճշդելու եւ իմաստալից կերպով կապուելու շրջապատի հասարակութեան:

Գործնական կեանքի երեք հիմնական կէտերը կը դրսեւորուին համայնքին պատկանող ագարակի մը կառավարման ընդմէջէն, փոքր առեւտրական ընկերութեան մը զարգացումով եւ շարք մը աշխատանքներու դէմ յանդիման գալով: Ագարակին մէջ, աշակերտները տարրականի գործադիր գործունէութեան հմտութիւնները կը միացնեն մանկութեան կանուխ տարիներուն ձեռք ձգած կեանքի գործնական հմտութիւններուն, որպէսզի խնամեն եւ աճեցնեն բոյսերը ու մեծցնեն անասունները: Իւրաքանչիւր պատանի կը ստանձնէ ագարակին կապուած աշխատանք մը, սկսելով պարզ աշխատանքներէն, օրինակ՝ անասունի փակարանի մաքրութենէն մինչեւ աւելի բարդ աշխատանքներ, ինչպէս՝ անասուններուն համար համապատասխան սննդականոնի ապահովումը եւ բոյսերուն համար պատշաճ աճեցման պայմաններու ստեղծումը: Բուսաբանութեան, կենսաբանութեան, ուժանիւթի, քիմիագիտութեան աւելի բարդ հասկացութիւններ կը դասաւանդուին ագարակի պահպանման գործնական աշխատանքով: Մոնթեսորի պատանի աշակերտները նաեւ կը զարգացնեն փոքրիկ առեւտրական ընկերութիւններ, ստեղծելով իրենց սեփական արտադրութիւնը կամ ծառայութիւնը եւ կը գտնեն յաճախորդներ՝ տեղական եւ յարակից համայնքին մէջ, որպէսզի մատուցեն զայն: Վերջապէս, աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալու համար, աշակերտներ կ’ուսումնասիրեն համայնքին մէջ տարբեր աշխատանքային տուեալներ եւ համագործակցութիւններ ագարակին պահպանումը ապահովելու անհրաժեշտ զբաղումներուն կողքին:

Այս բոլոր աշխատանքները կատարելով, աշակերտները կը զարգացնեն ապագայի անհրաժեշտ ձեռնարկատիրական հմտութիւնները: Անոնք կը սորվին, որ ինչպէ՛ս գաղափար մը ստեղծեն, կապուին համապատասխան շահագրգիռ կողմերու հետ եւ ծառայեն համայնքին:

***

Գործնական հմտութիւնները միշտ մեծապէս պահանջուած պիտի ըլլան ապագայ աշխատուժին համար: Մարտահրաւէրը մանկավարժներուն է, որ ձեւ մը գտնեն զանոնք խելացի ձեւով ներառելու դասարաններուն մէջ: Այս մէկը անկասկած կը պահանջէ, որ առաջնահերթութիւնները վերակազմակերպուին  դպրոցներու մէջ։

Լիբանանի դպրոցներուն մէջ վստահաբար կը դասաւանդուին թուաբանութիւն, քիմիագիտութիւն, բնագիտութիւն, կենսագիտութիւն, աշխարհագրութիւն, պատմութիւն, լեզուներ… բայց արդեօ՞ք նուազագոյն չափով կը դասաւանդուին գործնական հմտութիւններ (հարցերու լուծում, քննական միտք…)… եթէ այո՛, ուրեմն ինչո՞ւ սեւեռուն մտածելակերպ ունեցող սերունդներ կը հասնին, որոնք կը մնան «հիմա»-ի ճանկերուն մէջ՝ կը մտահոգուին միայն նիշերով եւ ոչ՝ որքան հմտութիւններ ձեռք ձգած ըլլալով…

Եթէ դպրոց մը հեռու է գործնական հմտութիւններ փոխանցելու գաղափարէն, առնուազն իր աշակերտներուն քով պարտի զարգացնել կարգ մը հմտութիւններ՝ հարիւրաւոր հմտութիւններու մէջէն, որոնց անպայմանօրէն անոնք կարիքը պիտի ունենան իրենց կեանքին մէջ:

Օրինակ մը տալու համար, ենթադրենք, որ անգլերէնի դասի մը ժամանակ պատմութիւն մը կարդացուի պատանիի մը մասին, որ իր շունը կը կորսնցէ ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով: Պատանին շատ կը նեղուի եւ չի գիտեր, թէ ի՞նչ ընէ… Արդեօք ի՞նչ հմտութիւն կարելի է զարգացնել այս պատմութեան ընդմէջէն․․․Խնդիրը յայտնաբերելու եւ խնդիրին մասին արտայայտուելու, ինչպէս նաեւ՝ անոր լուծում մը կամ լուծումներ գտնելու հմտութիւնները կարելի է սորվեցնել այս պատմութեան ընդմէջէն:

Աշխարհագրութեան դասի մը ժամանակ կարելի է աշակերտներուն սորվեցնել քարտէս մը կարդալու, ուղղութիւնները ճշդելու հմտութիւնները…

Պատմութեան դասի մը ընդմէջէն կարելի է զարգացնել ժամանակագրութեան տախտակ մը կարդալու հմտութիւնը՝ դէպքերու ժամանակները գիտնալու եւ անոնց յաջորդականութիւնը ճշդելու համար:

Եւ այսպէս՝ շատ ու շատ հմտութիւններ, որոնք աշակերտներուն արդար իրաւունքն է ձեռք ձգելը, իսկ այդ հմտութիւնները փոխանցելը եւ զարգացնելը՝ ուսուցիչներու, դաստիարակներու, մանկավարժներու… գործն է:

Ուսուցչական երկարամեայ ծառայութիւն կատարած Թամար Աբովեան (Պէյրութ, Լիբանան) մամլոյ ասպարէզ մտած է ձայնասփիւռի դռնէն. աշխատակցած է Պէյրութի «Ռատիօ-Սեւան» կայանին, ուր պատրաստած է մանուկներու «Շողարձակ» յայտագիրը: Փափաքելով մնալ մանուկներու հետ յարաբերութեան աշխարհին մէջ, հեղինակած է չորս մանկական գիրքեր՝ անգլերէն լեզուով: Մանկավարժական եւ հոգեբանական նիւթերով յօդուածներ ստորագրած է hayemnews.com լրատուական կայքէջին մէջ, աւարտած է անհատի հոգեբանական զարգացման վերաբերող շարք մը գիտական դասընթացքներ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x