Դպրոց․ տան պարտականութիւնը օգտակա՞ր թէ ո՝չ

Տնային աշխատանքները պէտք է իմաստալից ըլլան, համապատասխան՝ աշակերտի տարիքային թէ իմացութեան մակարդակին, ինչպէս նաեւ պէտք է ըլլան նպատակային

Տան պարտականութիւնները կամ տնային աշխատանքները նախապէս դպրոցական ուսուցման դրութեան անբաժան մաս կը կազմէին եւ բազմաթիւ ուսուցիչ- ուսուցչուհիներու համար խոր համոզումով պաշտպանուած եւ անփոխարինելի ձեւ մը կը նկատուէին կրթական գործընթացին մէջ։

Այսօր, սակայն, պատկերը որոշ չափով տարբեր է։ Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, տարբեր երկիրներու մէջ, կու գան նոր դիտանկիւնէ լոյս սփռելու տնային աշխատանքներու իրական արժէքին, որակին եւ քանակին, ծնողներու դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ` աշակերտներու տարիքային, ընկերային և հոգեբանական ազդակներու ազդեցութեանց վրայ։

Յետ-դպրոցական ժամերուն համար սահմանուած տնային աշխատանքին շուրջ մնայուն ու շարունակական բանավէճ կայ։ Տնային աշխատանքներ պէ՞տք է յանձնարարել դպրոցահասակ մանուկներուն։ Եթէ այո, ապա ուրեմն ո՞ր դասարաններուն համար, եւ ո՞րքան։ Այս հարցերուն շուրջ շատ են տարակարծութիւնները։

Մէկ կողմէ, աւանդապաշտ ուսուցիչները կողմնակից են տնային աշխատանքներ տալուն` հաւատալով եւ պնդելով, թէ անոնք կ՛օգնեն աշակերտներու լաւ սորվելուն․ աւելին, անոնք կը հաւատան, որ դպրոցները պէտք է յետ- դպրոցական աշխատանքներ տան առաջին դասարանէն սկսեալ։

Միւս կողմէ,  յառաջադէմ մանկավարժները դէմ են տան պարտականութիւններուն` պնդելով, թէ անոնք հիմնականին մէջ արդիւնաւէտ չեն եւ դպրոցները եթէ պարտականութիւններ պիտի տան, ապա անոնք պէտք է ըլլայ քանակով շատ քիչ, նամանաւանդ փոքր դասարաններու պարագային։

Այս բանավէճը կրնայ յստակ լուծումներու չյանգիլ, սակայն կարելի է որոշ պատկեր մը պարզել՝ տնային աշխատանքներու որակին և քանակին մասին, խօսիլ անոնց օգուտներուն և վնասներուն մասին, ինչպէս նաեւ` առաջարկներ կատարել լաւ հիմք ունեցող և կազմակերպուած պարտականութիւններ յանձնարարելուն վերաբերեալ։

Ամէն բանէ առաջ, տնային աշխատանքները պէտք է իմաստալից ըլլան, համապատասխան՝ աշակերտի տարիքային թէ իմացութեան մակարդակին, ինչպէս նաեւ պէտք է ըլլան նպատակային։

«Ամենարժէքաւոր տնային աշխատանքը այն է, որ աշակերտին կողմէ կ՛ընկալուի իբրեւ բովանդակալից», կ՛ըսէ Տընիզ Պոպ, Սթենֆորտ համալսարանի մանկավարժական դպրոցի աւագ դասախօս։ Ըստ Պոպի, գործով մը զբաղցնելը  աշակերտին ոչ մէկ օգուտ կու տայ, այլ նոյնիսկ կրնայ դառնալ «վտանգաւոր տնային աշխատանք»։ Իր ուսումնասիրութիւններով, վերոյիշեալ մասնագէտը կու գայ հաստատելու, թէ ոեւէ աշակերտ կամ ուսանող որ աւելի քան 3.5 ժամ գիշերային աշխատանք կը տանի իրականութեան մէջ խիստ հակամէտ է ենթարկուելու բարձր մակարդակի լարուածութեան եւ հոգեկան թէ ֆիզիքական վատառողջ վիճակի։

Տարրական դպրոցներուն մէջ, ըստ նոյն մասնագէտին, «տնային աշխատանքը գերգնահատուած է եւ ծանրաբեռնուած»։ Առ այդ, ան կը ստեղծէ տուներէն ներս հոգելարուածութիւն, թէ ծնողներուն եւ թէ աշակերտներուն մօտ, եւ յառաջացած դժգոհութիւնը կը յանգի այդ աշխատանքի օգտակարութեան նուազումին։

Վերջին տասնամեակին շատերը քննադատած են տնային աշխատանքը։ Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ կատարուած են յայտնաբերելու համար տնային աշխատանքներուն   օգուտները, սակայն ըստ բազմաթիւ հեղինակաւոր մասնագէտներու, ոչ մէկ ձեւով կարելի եղած է փաստել անոնց արժէքը։ Առաւել, անոնք ոչ մէկ դրական յարաբերութիւն տեսած են տնային աշխատանքներուն եւ բարձր նիշերու միջեւ։

Տնային աշխատանքը քննադատող մասնագէտները կը հաստատեն, թէ երբ երեխան իր ժամանակը կ՛անցնէ յետ-դպրոցական աշխատանք տանելով, իրականութեան մէջ կը զրկուի այլ արժէքաւոր աշխատանքներէ, ինչպէս ընտանիքին եւ ընկերներուն հետ ժամանակ անցնելէն, մարզանքէն կամ այլ արտադպրոցական գործունէութիւններէ։ «Մանկավարժական փոքր արժէքով այս զբաղուածութիւնը», յատկապէս կրտսեր դասարաններուն մէջ, կրնայ մինչեւ իսկ հիասթափութեան, ուժասպառութեան, հոգեկան և ֆիզիքական վատառողջութեան տանիլ․ ան կրնայ մինչեւ իսկ խոչընդոտել ուսման հանդէպ աշակերտին սէրը, ինչ որ կարեւոր տուեալ մըն է ինչպէս դպրոցական տարիներուն, նոյն չափով ալ անկէ ետք ուսման մէջ յառաջադիմելուն համար։

Այս բոլորին կողքին, սակայն, լաւապէս ուսումնասիրուած եւ նպատակայարմար տնային աշխատանքը, երբ կը փոխկապակցուի աշակերտին տարիքին, ունակութիւններուն եւ դասանիւթին հետ, անպայմանօրէն կրնայ իր դրական ազդեցութիւնը ունենալ։

Տնային պարտականութիւն տալու լայնօրէն հաւանութիւն ստացած չափանիշը «Տասը վայրկեան»ի կանոնն է։  Ըստ Ծնողներու եւ ուսուցիչներու միջազգային ընկերակցութեան (PTA) առաջարկած այս կանոնին, մանուկը իւրաքանչիւր դասարանի մակարդակին պէտք է ստանայ տասը վայրկեանի տնային աշխատանք․ այսինքն՝ առաջին դասարանի աշակերտին կը տրուի 10 վայրկեանի աշխատանք, երկրորդ դասարանին՝ 20 վայրկեան, հասնելով մինչև 120 վայրկեանի։

Տնային պարտականութիւններու վերաբերեալ Հարիսըն Քուփըրի (Duke համալսարան) աւելի քան 60 հետազօտական ուսումնասիրութիւնները կը վկայեն տնային աշխատանքին դրական ազդեցութիւնը՝ աշակերտի յառաջդիմութեան թէ գնահատական-նիշերուն վրայ։ Ըստ Քուփըրի, ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ տնային աշխատանքին ճիշդ  չափը կապուած է դասարանի մակարդակին հետ, իսկ չափազանց շատ տնային աշխատանքը կրնայ իր հակառակ ազդեցութիւնը ունենալ բոլոր մակարդակի աշակերտներուն համար։

Անոնք որոնք համաձայն են յետ-դպրոցական տնային պարտականութիւններուն, կ՛ենթադրեն, թէ այդ պարտականութիւնները կ՛օգնեն ուսանողներուն զարգացնելու նոր հմտութիւններ, որոնք կը ներառեն ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւններ, ժամանակի դասաւորում, կազմակերպուածութիւն, առաջնահերթութիւններու դասակարգում եւ անձնական պատասխանատւութիւն։ Այդ աշխատանքը թոյլ կու տայ աշակերտին լրացնելու այդ բացերը, ինչ որ կարելի չէր եղած ընել դասարանին մէջ, եւ առիթ ըլլալ ցոյց տալու, թէ աշակերտը ո՛ր չափով  կրցած է իր սորվածը ըմբռնել՝ առանց ուսուցիչի օգնութեան։

Մէկ խօսքով, տնային պարտականութիւնը կրնայ օգնել աշակերտին ո՛չ միայն ուսումնականօրէն, այլ անոր կու տայ յաւելեալ հմտութիւններ եւ կը կազմաւորէ նկարագրային գիծեր։ «Քերականութեան, ուղղագրութեան և բազմապատկումի  աղիւսակներուն նման հիմնական հմտութիւնները վարժութիւն կը պահանջեն» կ՛ըսէ այլ մասնագէտ մը՝ Պարտ։ «Նախագիծեր պատրաստելու փորձերը, պատասխաններու որոնումը եւ խնդիրներ լուծելը հմտութիւններ են, որոնք կարելի է ձեռք բերել տնային պարտականութիւններու միջոցով», կը շարունակէ ան։

Այսպիսով, ո՞վ է ճիշդը։ Տնային աշխատանքը լա՞ւ բան մըն է թէ՞ ո՛չ ։

Ներկայիս, բազմաթիւ դպրոցներ եւ ուսուցիչ- ուսուցչուհիներ կը նախընտրեն ծանր աշխատանքը չտալ, նամանաւանդ փոքր տարիքով աշակերտներուն։ Վերջինները նախնտրաբար աւելի որակեալ ժամանակ կ՛անցնեն տան մէջ՝ լաւ գիրք մը կարդալով, ընտանեկան ընթրիք մը վայելելով կամ պարզապէս խաղալով։ Մասնագէտները կը կարծեն, որ խաղի ժամանակը աւելին է քան պարզապէս ժամանակ անցնելու և զուարճանալու միջոց։ Անիկա իրականութեան մէջ կ՛օգնէ երեխային ինքնիւրոյն փորձեր կատարել, յայտնաբերել, ստեղծագործել՝ մէկ խօսքով, բացայայտել իր շրջապատը, ֆիզիքական թէ ընկերային հմտութիւններ ձեռք ձգելով։

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ «յուզական հետախուզութիւնը», որ կ՛ենթադրէ հասկնալ սեփական թէ այլոց յոյզերն ու զգացումները, կարեւոր դեր ունի մարդոց կեանքին յաջողութեան մէջ։ Տնային պարտականութիւններու բազմաթւութիւնը մանուկներէն կրնայ խլել անհրաժեշտ ժամանակը՝ ընտանիքի անդամներուն թէ հասակակիցներուն հետ ընկերային շփումներ ունենալու, ինչ որ արգելք կրնայ հանդիսանալ անոր «յուզական հետախուզութեան» զարգացման։

Բարեբախտաբար, այսօր բազմաթիւ դպրոցներ արձակուրդի օրերուն տնային պարտականութիւններ չեն տար, որպէսզի երեխաները լիարժէք վայելեն իրենց արձակուրդը ընտանիքին թէ ընկերներուն հետ։ Այսօր, ուսուցիչ- ուսուցչուհիներու մեծ մասը կը գիտակցի, որ տնային աշխատանքը  միշտ չէ որ անհրաժեշտ է։ Փոքր, արդիւնաւէտ զբաղում մը յաճախ շատ աւելի օգտակար կրնայ ըլլալ քան երկար ժամեր խլող ոչ մշակուած պարտականութիւն մը։

Տնային աշխատանքին նպատակը պէտք է ըլլայ ուսման սովորութիւններու ձեռքբերումը եւ առ այդ պէտք է ունենայ որոշակի նպատակ։ Հոս պէտք է յիշել, թէ աշակերտին առանձնայատուկ ուսման կարիքները կարեւոր են եւ կարելի չէ զանոնք անտեսել։ Մինչ դեռատի աշակերտը իր խաղով և նախասիրած գիրքի մը ընթերցանութեամբ կրնայ փոխարինել իր տնային աշխատանքը, չափահաս աշակերտը կրնայ իր ներքին շարժառիթները ի գործ դնելով՝ պատրաստել զինք հետաքրքրող ծրագիրներ՝ ուսուցիչին կողմէ տրուած որոշ ուղենիշերով։ Այս աշխատանքով ան առիթը պիտի ունենայ ինքնուրոյն աշխատանքի, ինքնուրոյն ոճով՝  փոխանակ սովորական աշխատանքային թերթիկներ լեցնելու, երբեմն նոյնիսկ ծնողքի կամ ընկերներու մասնակի թէ ամբողջական միջամտութեամբ։

Առցանց մանկավարժական խաղերն ալ կրնան փոխարինել աւանդական տնային աշխատանքը, ինչպէս Spelly City, Grammar Goullo, Online Geometry Game, Class Craft եւ այլն։

Երբ յանձնարարուած տան պարտականութիւնը իր քանակով, ժամանակով եւ նպատակով լաւապէս մշակուած ու կազմակերպուած է՝ ըստ աշակերտին տարիքին, կարիքներուն, ունակութեան եւ հետաքրքրութեան, անպայմանօրէն կ՛ունենայ իր դրական արդիւնքը, աշակերտին շնորհելով օգտաշատ գիտելիքներ եւ սորվելու առողջ սովորութիւններ, ինչպէս նաեւ հանգիստի և անձնական զբաղումներու համար տրամադրուած որակեալ ժամանակ։

Մասնագիտութեամբ մանկավարժ եւ անգլերէնի ուսուցչուհի, մօտ երեսուն տարուայ ուսուցչական փորձառութեամբ՝ Եւա Գորեսեան (Պէյրութ, Լիբանան) լիբանանահայ մամուլին մէջ ստորագրած է մանկավարժական նիւթերու մասին բազմաթիւ յօդուածներ: Պարգեւատրուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Երախտագիտութեան» մետալով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x