Որակաւոր որոշումներ կայացնելու բաղադրիչներ

Սքոթ Հաչիսըն, "Որոշումը", իւղաներկ

Մարդը որոշում կայացնող էակ է։ Ինչքան ալ պարզունակ ըլլան կայացուցած որոշումները, մարդու մտքին մէջ տեղի կ’ունենան բարդ գործընթացներ՝ որոշում կայացնելու համար։ Անշուշտ, բարդ գործընթաց չի նշանակեր առողջ գործընթաց, բայց առողջին հասնելու համար պէտք է հասկնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ որոշում կայացնելը եւ ինչերէ՛ բաղկացած է անիկա։

Որոշումներ կայացնելը մեր առօրեայ կեանքին անբաժանելի մասն է։ Մինչեւ այն ատեն որ միտքը ողջ է, մենք կը կայացնենք որոշումներ՝ տարբեր բարդութեամբ եւ որակով։ Ամենաբարդ որոշումներու շարքին, որոնք թարմ են` ինչպէս իմ, նոյնպէս եւ Հայաստանի բազմաթիւ քաղաքացիներու մտքերուն մէջ, խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն կապուած որոշումներն էին. մասնակցի՞լ ընտրութիւններուն թէ չէ, իսկ եթէ մասնակցիլ, ապա ինչպէ՞ս կողմնորոշուիլ։

Առհասարակ, որոշումներ կայացնելու համար մարդուն պէտք են մի քանի կարեւոր բաղադրիչներ, որոնց առկայութիւնը աւելի էական կը դառնայ՝ ինչքան որոշումները բարդ ներկայանան անոր։ Պատասխանատու որոշումներու պարագային եւս կարեւոր է “խորհրդակցիլ” որոշ բաղադրիչներու հետ, այլապէս ճաշակը եւ մակերեսային նախասիրութիւնները կը գերիշխեն որոշումներ կայացնելու գործընթացին մէջ։

Հոգեբանութեան ոլորտը կը յուշէ, թէ հետեւեալ բաղադրիչները կարեւոր գործօններ են որոշում կայացնելու գործընթացին մէջ.

1. Համոզմունքներ.

Համոզմունքները մարդու մտքին մէջ գոյութիւն ունեցող կապերն են՝ առարկաներու եւ անոնց յատկանիշերուն միջեւ։ Այս կապերն են, որ առարկաներուն կու տան ենթակայական իմաստ՝ իւրայատուկ իւրաքանչիւրին համար։ Այս մտաւոր գործընթացը կ՚օգնէ որ մենք հասկնանք մեր շրջապատը եւ աշխարհը։ Օրինակ, խօսքի ազատութիւնը ունի որոշ յատկանիշեր, որոնք իւրաքանչիւր մարդու համար կրնան տարբեր իմաստ ունենալ։ Այս իմաստն է, որ առարկային կապուած հաւատալիքներ կը ստեղծէ մարդուն մէջ։ Խումբ մը համոզմունքներ իրարու հետ կը ներկայացնեն մարդուն համոզմունքներու համակարգը եւ կը դառնան հիմք՝ կողմնորոշուելու համար։

2. Արժեհամակարգ

Արժէքները համոզմունքներուն հետ սերտ նմանութիւններ ունին, բայց անոնք միշտ աւելի իտէալական բնոյթ կը կրեն։ Համոզմունքները կ՚արտացոլացնեն ճշմարտութիւններ, որոնց մենք կը հաւատանք, իսկ արժէքները կը ներկայացնեն այն բաները, որոնք մենք կ՚ուզէինք որ իրականանան, նոյնիսկ եթէ ներկայ պահուն անհաւանական է այդ։ Առաջնահերթ արժէքներու խումբը կը ներկայացնէ մարդուն արժեհամակարգը։

3. Գաղափարախօսութիւն

Համոզմունքներու համակարգին եւ արժեհամակարգին համատեղութիւնը ծնունդ կու տայ գաղափարախօսութեան՝ կեանքի, մասնագիտութեան, քաղաքական եւ ընկերային հարցերու եւ այլն։ Գաղափարախօսութիւնը շատ մեծ դեր ունի մարդու կայացուցած որոշումներուն մէջ, որովհետեւ անիկա շատ կարեւոր գործօն է կողմնորոշուելու համար։ Ընդհանրապէս, մենք կը կայացնենք այնպիսի որոշումներ, որոնք հարազատ են մեր գաղափարախօսութիւններուն։ Օրինակ՝ ժողովրդավարութեան գաղափարախօսութիւնը արժեւորող մարդը անհաւանական է, որ իր զաւակները դաստիարակէ բռնութեամբ (եւ հակառակը)։

4. Գիտելիք

Գիտելիքները, այսինքն՝ նիւթի մը շուրջ տեղեկութիւնները, տեսութիւնները, նորութիւնները եւ ամրապնդուած փաստերը մեծ դեր ունին որակաւոր որոշումներ կայացնելու եւ արդիւնքներ բարելաւելու մէջ։ Սակայն գիտելիքները պէտք է համատեղել անհատի համոզմունքներուն, արժեհամակարգին եւ գաղափարախօսութեան հետ։ Առանց անոնց, գիտելիքը առանցին չի կրնար որոշիչ դեր ունենալ միտքը առաջնորդելու մէջ։ Կարեւոր է նաեւ նշել, որ առանց գիտելիքի գաղափարախօսութիւնը թերի բաղադրիչ է, որովհետեւ միայն անոր հիման վրայ կայացուած որոշումին որակը կրնայ որակէն զիջիլ։

5. Հետաքրքրութիւն

Որոշում կայացնելու համար վերոնշեալներէն բացի մարդ պէտք է ունենայ հետաքրքրութիւն կամ շահագրգռութիւն որոշումի բերած արդիւնքներուն նկատմամբ։ Եթէ համոզմունքներն ու արժեհամակարգը, ինչպէս նաեւ գաղափարախօսութիւնն ու գիտելիքները կան, սակայն չկայ հետաքրքրութիւն որոշումին նկատմամբ, ապա անիկա՝ որոշումը չի կայացուիր։

Նոյնիսկ ամենապարզունակ հարցերու կապուած որոշումներու որակը կախեալ է այն գործօններէն, զորս մարդը հաշուի կ՚առնէ կամ չ’առներ որոշում կայացնելու համար։ Եթէ նշուած բաղադրիչներէն մէկը կամ մի քանի հատը հաշուի չառնուին, ապա որոշումը կրնայ ըլլալ թերի իր որակով եւ օգտակարութեան առումով։

Հոգեբանական դիտանկիւնէն չկան ճիշդ կամ սխալ որոշումներ, բայց որոշումները իրարմէ կը տարբերին իրենց որակով։ Որակաւոր որոշումը այն որոշումն է, որմէ ետք իրավիճակը, կացութիւնը, հարցը կամ խնդիրը առնուազն չի վատթարանար։ Որակաւոր որոշումը նաեւ ճկուն է, ենթակայ՝ փոփոխութեան եւ իր էութեամբ ծայրայեղ կամ կտրուկ չէ։ Որոշում կայացնելը կը նպաստէ նաեւ մարդուն համար իր միջավարը առաւելագոյն չափով կանխատեսելի դարձնելուն։ Եթէ մեր կայացուցած որոշումներուն հետեւանքով մեր կեանքն ու միջավայրը կը դառնան աւելի անկանխատեսելի, ապա պէտք է վերատեսութեան ենթարկել մեր մտքերուն մէջ տեղի ունեցող գործընթացները եւ որոշում կայացնելու մեր անհատական մշակոյթը։

Նայիրի Շորճեան Սիսեռեան հոգեբանութեան նախաւարտական ծրագիրը ամբողջացուցած է Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանին մէջ, ապա յետաւարտական բարձրագոյն կրթութեան ծրագրով մասնագիտացած է քաղաքական գիտութեան մէջ, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ: Ինչպէս ինք կ’ըսէ՝ այս երկու մասնագիտութիւններուն հատման կէտը իր նախասիրած ոլորտն է։ Հաստատուած Երեւանի մէջ, ներկայիս կ՚աշխատի որպէս հոգեբան եւ ծրագրի ղեկավար:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x