Սթիկլից եւ Ուալախ. Դեղորայքի մեծ ընկերութիւններուն ագահութիւնը կ’երկարաձգէ՞ COVID-19 համաճարակը

Յառաջաբանը՝ Յովիկ Յովհաննէսեանի. «Քովիտ-19-ի դէմ պայքարի ձախողութիւնները պէտք է նախ եւ առաջ դիտարկել դրամատիրական կարգերու պատճառած մահացու թերացումներուն, շահոյթի կուտակման բացարձակութեան եւ մարդկութեան միասնական ու իրարօգնութեան հրամայական արժէքի անկման շրջագիծին մէջ»:

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Քովիտ-19-ը թիրախաւորեց համայն մարդկութիւնը: Ժողովուրդներ, աշխարհի չորս կողմը, ապրեցան եւ կը շարունակեն ապրիլ աղէտալի օրեր ու ամիսներ: Աւելի քան երեք միլիոն մարդ կորսնցուց իր կեանքը, միլիոններ ապրեցան եւ կը շարունակեն ապրիլ տանջալի պահեր: Համայն մարդկութիւնը անհամբեր կը սպասէ համավարակի ալիքներու աւարտին: Մարդիկ ու բուժօգնութեան ծառայողներ ճիգ չեն խնայեր միասնական ջանքերով պայքարելու համար վարակին դէմ: Սակայն, դեղեր ու պատուաստներ արտադրող միջազգային հաստատութիւնները, իրենց ագահութեան պատճառով (Փֆայզըրի 2021ի պատուաստէն սպասուած եկամուտը պիտի կազմէ 15 միլիառ ամերիկեան տոլար, իսկ Մօտերնայի եկամուտը՝ 18.4 միլիառ), կը վտանգեն ձեռնարկուած աշխատանքը եւ կը փորձուին դանդաղեցնել ու վտանգել պատուաստումի արշաւը:

Փրօճէքթ Սինտիքէյթի (project-syndicate.org) մէջ հրապարակուած՝ «Արդեօ՞ք հաստատութենական ագահութիւնը պիտի երկարէ համավարակին կեանքը» յօդուածով, Ժոզէֆ Սթիկլիցն ու Լորի Ուալախը կը բացատրեն, թէ համավարկը հակակշռի տակ առնելու համար անհրաժեշտ է շարժիլ արագ եւ արգիլել նոր տարբերակներու յայտնութիւնը:

Անոնք կընդգծեն, թէ Մ. Նահանգներու եւ բազմաթիւ այլ պետութիւններու կողմէ մտաւորական սեփականութեան իրաւունքէ հրաժարումը անհրաժեշտ սակայն ոչ բաւարար քայլ մըն է` ապահովելու համար պատուաստի հասանելիութիւնը մարդկութեան բոլոր շերտերուն:

Սթիկլից եւ Ուալախ կը բացատրեն, թէ պատուաստ արտադրող գլխաւոր ընկերութիւնները (ինչպէս Փֆայզըր, Մօտերնա…), պահպանելու համար իրենց շահը, կը մերժեն կիսել պատուաստներու բաղադրութիւններն ու արտադրութեան եղանակները: Անոնց մատնանշած բոլոր պատճառները կը բացայայտեն, թէ շահ ապահովելու իրենց նպատակը գերակայ է  («բնականաբար») մարդկութեան առողջութեան եւ լինելութեան:

Սթիկլից եւ Ուալախ յօդուածի վերջաւորութեան մտահոգութիւն կը յայտնեն, թէ «Մ. Նահանգներ մինչեւ հիմա ձախողած է ձեռնարկել կառուցողական Քովիտեան դիւանագիտութիւն մը», մինչ Չինաստանն ու Ռուսիան առաջատար դարձած են պատուաստներու ցրւումի եւ պատուաստի գիտութեան փոխանցման մէջ: Անոնք ահազանգ կը հնչեցնեն, թէ պատուաստներու համայնացման ուշացումը կրնայ զարկ տալ նոր, աւելի վտանգաւոր տարբերակներու յայտնութեան: Մենաշնորհի ու ագահութեան պատասխանատւութիւնը գլխաւորաբար զետեղելով ընկերութիւններու ուսերուն, անոնցմէ կը վրիպի, թէ այդ ընկերութիւնները եւ ընկերութիւններուն  գործունէութեան կանոնները կը հունաւորուին հիմնականին մէջ դրամատիրական կարգերով առաջնորդուող պետական միաւորներու կողմէ, գլխաւորաբար՝ Մ. Նահանգներու: Առ այդ, Քովիտ-19ի դէմ պայքարի ձախողութիւնները կարելի է եւ պէտք է նախ եւ առաջ դիտարկել դրամատիրական կարգերու պատճառած մահացու թերացումներուն, շահոյթի կուտակման բացարձակութեան եւ մարդկութեան միասնական ու իրարօգնութեան հրամայական արժէքի անկման շրջագիծին մէջ:

Յովիկ Յովհաննէսեան

Գծանկարը՝ Craig Stephens

Դեղորայքի մեծ ընկերութիւններուն ագահութիւնը կ’երկարաձգէ՞ COVID-19 համաճարակը

Ժոզէֆ Սթիկլից , Լորի Ուալախ

աղբիւր՝ project-syndicate.org

Աշխարհի տարածքին COVID-19 համաճարակին տարածման վերջ տալու միակ ձեւը շատ թիւով մարդոց մօտ ախտամերժութեան բարձրացումն է: «Ո՛չ ոք ապահով է, բացի եթէ բոլորս ապահով ենք» կարգախօսը կը բացայայտէ մեր դիմագրաւած համաճարակային իրականութիւնը: Ամէնուրէք տարածուող ժահրին ինքնափոխուած ձեւերը կրնան SARS-COV-2 տարբերակներ ստեղծել, որոնք կրնան դիմադրել պատուաստները եւ պատճառ դառնալ տնարգելութեան: Այս ժահրին ինքնափոխուած ձեւերը, ինչպէս՝ Հնդկաստանի, Պրազիլի, Ափրիկէի եւ Անգլիոյ մէջ, լոկ բժշկական գրաւոր տեղեկութիւններու սպառնալիքներ չեն:

Աւելի վատը այն է, որ պատուաստին արտադրութիւնը շատ հեռու է հասնելէ անհրաժեշտ 10-15 միլիառ քանակին: Ապրիլ ամսուան վերջաւորութեան, միայն 1,2 միլիառ պատուաստնիւթեր արտադրուած էր աշխարհի տարածքին:

Ուստի ուշագրաւ կը դառնայ այն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճո Պայտնի վարչակազմը որոշած է միանալ 100 այլ երկիրներու, որոնք կը փորձեն բարեփոխել Համաշխարհային Առեւտրական Կազմակերպութեան (WTO) Մտաւոր Սեփականութեան (IP) օրէնքը, որուն հիմամբ կը վերցուին  պատուստանիւթ արտադրելու յատուկ մենաշնորհները, եւ արտադրութեան գաղտնիքներուն տիրանալով, բազմաթիւ պետութիւններ եւ գործարաններ կը բարձրացնեն պատուաստանիւթերուն քանակը ու կը զարգացնեն դարմանելու եւ ախտորոշելու միջոցները:

Անցեալ աշնան, Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տոնըլտ Թրամփ՝ դաշնակից ունենալով հարուստ երկիրներ, փորձեց կասեցնել նմանօրինակ բանակցութինները: Բայց Ճո Պայտնի կառավարութեան վրայ ճնշումները շարունակուեցան, որպէսզի փոխէ նման ինքնակործանման արգելք: Ճնշումներուն միացան 200 նոպէլեան դափնեկիրներ եւ պետական նախկին գլխաւոր դէմքեր (ներառեալ հանրածանօթ նիոլիպերալներ) եւ Միացեալ նահանգներու Ներկայացուցչական Տան 110 անդամներ, տասը ծերակուտականներ եւ 400  քաղաքացիական հասարակական միութիւններ, Եւրոպական Խորհարդարանի 400 անդամներ եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Անտեղի Հարց Մը

Թերաճ երկիրներուն մէջ, COVID-19 պատուաստանիւթերուն սահմանափակութեան պատճառը  այն է, որ զանոնք արտադրողները կ’ուզեն դիւրին ձեւով պահել իրենց մենաշնորհներն եւ դրամական շահերը: Փֆայզր եւ Մօտերնա, ամէնէն արդիւնաւէտ եւ լաւագոյն mRNA պատուաստանիւթեր արտադրողները, ցարդ կը մերժեն գործակցիլ դեղեր արտադրող ընկերութիւններու հետ, որոնք կ’ուզեն արտադրել իրենց պատուստները: Ոչ մէկ պատուաստի նախօրինակ պատրաստող ընկերութիւն ցարդ տրամադիր է իր պատրաստութեան արհեստագիտութիւնը բաժնեկցելու աղքատ երկիրներու հետ՝ նոյնիսկ Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութեան COVID-19-ի արհեստագիտութեան կամաւոր բաժնեկցութեան ամպիոնին միջոցով:

Կարգ մը ընկերութիւններու COVID-19-ի պատուաստանիւթեր տրամադրելու նոր խոստումները COVAX միջազգային դրութեան, եւ այդ ճամբով զանոնք մատչելի դարձնելու աղքատ երկիրներուն եւ ամէնէն շատ վարակի վտանգին ենթակայ ժողովուրդներուն, փոխընտրութիւն չէ: Այս խոստումները կրնան մեղմացնել ընկերութիւններուն յանցանքի զգացումը, սակայն բան չեն փոխեր պատուաստներու տարածման աշխատանքին մէջ:

Ինչ կը վերաբերի շահոյթ ունեցող կողմերուն, դեղագործական ընկերութիւնները հիմականօրէն կեդրոնացած են վաստակի եւ ոչ թէ համաշխարհային առռղջութեան վրայ: Անոնց նպատակը պարզ է. ապահովել շուկայական բաւական ուժ եւ կարելի եղած երկար ժամանակով ծաւալել իրենց նիւթական շահերը: Այս պայմաններուն մէջ, կառավարութիւնները պէտք են անմիջականօրէն միջամտեն պատուաստանիւթերու մատակարարման խնդիրը լուծելու համար:

Առողջ Դատողութեամբ Լուծում

Վերջին շաբաթներուն, դեղագործական ընկերութիւններու պատկանող լոպիիսթներ Ուաշինկթը խուժեցին՝ ճնշում բանեցնելու պետական շրջանակներու վրայ՝ Առեւտուրի Միջազգային Կազմակերպութեան ներկայացուած COVID-19 պատուաստանիւթերու արտադրութեան մենաշնորհները դադրեցնելու առաջարկէն հրաժարելու միտումով: Եթէ պատուաստանիւթերու արտադրութեան ճարտարաուետին պատասխանատուները յանձնառու ըլլային բաւարար քանակով արտադրելու, մատակարարման տագնապն ալ արդէն լուծուած պիտի ըլլար:

Ընդհակառակն, դեղորայքի ընկերութիւնները կը կառչին հակասական պահանջներու վրայ: Անոնք կը պնդեն, թէ արգելքի օրէնքը անհրաժեշտ չէ, որովհետեւ Առեւտուրի Միջազգային Կազմակերպութեան աշխատանքի շրջագիծը ինքնին բաւական ճկուն է արհեստագիտութեան նկատմամբ: Անոնք նաեւ կ’առարակեն, որ արգելքի այս օրէնքը գործնական չէ, որովհետեւ աշխարհի թերաճ երկիրներուն մէջ կը պակսին պատուաստի արտադրութեան միջոցները:

Փաստօրէն, արգելքի օրէնքը տարբերութիւն պիտի ստեղծէ: Այդ իսկ պատճառով, դեղորայքի ընկերութիւնները բուռն կերպով կը մերժեն այս մէկը: Առաւել «շուկան» ալ կ’ամրապնդէ այս մտածելակերպը՝ ցոյց տալով պատուաստ արտադրողներու շահաբաժինի յստակ նուազումը Պայտնի կառավարութեան յայտարարութենէ անմիջապէս ետք, երբ ան յայտնեց, թէ ինք համաձայն է մաս կազմել արգելքի օրէնքին համար տեղի ունենալիք բանակցութիւններուն: Արգելքի այս օրէնքով, շատ աւելի մեծ թիւով պատուաստներ պիտի ըլլան առցանց, գինը պիտի նուազի, ինչպէս նաեւ՝ շահը:

Այսուհանդերձ, արտադրողները կը պնդեն, որ արգելքը պիտի ստեղծէ ահաւոր նախադէպ մը, ուստի կ’արժէ մէկ առ մէկ քննարկել այդ պահանջին բոլոր կէտերը:

Դեղորայքի Մեծ Ընկերութիւններուն Մեծ Սուտերը

Տարինեու վրայ երկարող կրքոտ քարոզչութենէ եւ միլինոնաւոր մահերէ ետք, որ պատճառած էր HIV/AIDS համաճարակը, Առեւտուրի Միջազգային Կազմակերպութեան (WTO-ի) անդամ երկիրներ  համաձայնեցան, թէ դեղերու մատչելիութեան առաջադրանքով, պէտք է հաստատեն հեղինակային իրաւունքի (IP) պարտադիր արտօնագրի դրութիւն մը, (երբ պետութիւններ թոյլ տան, որ տեղական ընկերութիւններ արտադրեն իրենց մօտ արտօնագրուած դեղագործական արտադրութիւններ առանց իրաւունքի տիրոջ համաձայնութեան): Բայց դեղորայքի ընկերութիւններ բնաւ չհրաժարեցան իրենց կարելին ընելէ՝ խոչընդոտելու այս սկզբունքը: Մասամբ ընկերութիւններու ագահութեան պատճառով է, որ ամէն բանէ առաջ մենաշնորհի արգիլման օրէնքը անհրաժեշտ կը դարձնէ: Եթէ դեղագործական (IP) առկայ դրութիւնը աւելի յարմարաւէտ ըլլար, պատուաստանիւթերու եւ դեղորայքի արտադրութիւնը արդէն պիտի բազմապատկուէր:

Առարկութիւնը, թէ թերաճ երկիրներուն մօտ կը պակսին  COVID-19-ի պատուաստին պատրաստութեան հմտութիւնները՝ արհեստագիտական նկատառումներով, բոլորովին շինծու է: Երբ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի պատուաստ արտադրողները որոշեցին համագործակցիլ օտար երկիրներու արտադրողներուն հետ, ինչպէս Հնդկաստանի «Serum Institute»ը (աշխարհի մեծագոյն պատուաստ արտադրողը) եւ Հարաւային Ափրիկէի «Aspen Pharmacare»ը, փաստօրէն այս կազմակերպութիւնները նկատառելի հարցեր չունեցան: Տակաւին, աշխարհի չորս կողմերը կան բազմաթիւ ընկերութիւնները եւ կազմակերութիւնները, որոնք նոյնպէս կրնան բարձրացնել պատուաստի մատակարարման քանակը. անոնք պարզապէս պէտք է ծանօթանան կիրարկուած արհեստագիտութեան եւ աշխատելաձեւին:

Իր հերթին, Համաճարակի Պատրաստուածութեան Նորարարութիւննրու Դաշնակցութիւնը յայտնաբերած է շուրջ 250 ընկերութիւններ, որոնք կրնան պատուաստներ արտադրել: Ինչպէս որ WTO-ի մօտ Հարաւային Ափրիկէի ներկայացուցիչը դիտել տուաւ. «գիտական եւ արհեսատագիտական մարզերու մէջ, թերաճ երկիրները ունին բաւարար կարողութիւններ, իսկ պատուաստի անհասելիութիւնն ու արտադրութեան պակասը հետեւանք է իրաւատէրերուն ճշդած կաշկանդող պայմաններուն, որոնք կը ծառայեն իրենց մենաշնորհեալի նեղ հաշիւներուն՝ շահոյթը նկատելով աւելի կարեւոր քան մարդկային կեանքը:

Պատուաստի արտադրութեան արհեստագիտութիւնը կրնայ դժուար եւ սուղ ըլլալ, սակայն այս մէկը չի նշանակեր, որ պատուաստանիւթին արտադրութիւնը անկարելի է աշխարհի չորս դին գտնուող ընկերութիւններու կողմէ: Մոտերնա ընկերութեան (Moderna) քիմիագիտութեան նախկին տնօրէնը՝ Սուհէյպ Սիտիգի (Suhaib Siddiqi) կ’ըսէ, որ եթէ  պատուաստի պատրաստութեան mRNA արհեսատգիտութեան գիտելիքները բաւարար չափով փոխանցուին, արտադրող բազմաթիւ գործարաններ պիտի կարենան երեք-չորս ամսուան ընթացքին սկսիլ  արտադրութեան:

Դեղորայքի ընկերութիւններու այլընտրանքային կեցուածքը կու գայ պնդելու, թէ մենաշնորհի կասեցման օրէնքը անհրաժեշտ չէ, այնքան ատեն որ WTO-ի օրէնքները բաւական ճկուն է այս գծով: Անոնք նաեւ դիտել կու տան, որ թերաճ երկիրներու ընկերութիւնները հետամուտ չեն եղած պարտադիր արտօնագրեր վերցնելու, կարծէք ենթադրել տալու, որ անոնք պարզապէս ուշադրութիւն գրաւելու համար են: Բայց այս հետաքրքրութեան ենթադրեալ պակասը կը դրսեւորէ այն փաստը, որ արեւմտեան դեղագործական ընկերութիւնները ըրած են ամէն ինչ, որ օրինական հիմքեր ստեղծեն՝ արտօնագրերու համար հեղինակային իրաւունքի եւ արտադրութեան եղանակի գաղտնիքները, որոնք երբեք չեն պատշաճիր WTO-ի այժմու դիւրութիւններուն, որովհետեւ mRNA պատուաստանիւթերը աշխարհի տարածքին ունին ունին աւելի քան 100 բաղադրիչներ, որոնցմէ մեծ մասը պաշտպանուած է հեղինակային իրաւունքի պարտաւորիչ պայմանագրերով, ինչ որ ներկայ դրութեամբ անոնց միատեղ գործածութիւնը կը դարձնէ անհնարին:

Տակաւին, WTO-ի օրէնքներուն համաձայն, արտածումի համար պարտաւորիչ արտօնագրման եղանակը բաւական բարդ է, հակառակ անոր որ այս առեւտուրը բացարձակապէս կարեւոր է պատուաստանիւթերու համաշխարհային մատակարարման քանակի բարձրացման համար: Օրինակ, դեղորայքի գանատական Biolyse ընկերութեան արգիլուեցաւ արտադրել եւ թերաճ երկիրներ արտածել Johnson & Johnson պատուաստանիւթին ընդհանուր տարբերակները, որովհետեւ J&J-ն մերժեց կամաւոր արտօնագիր ստանալու ընկերութեան պահանջը:

Պատուաստանիւթերու քանակին սահմանափակման այլ պատճառ է վախը՝ պետութիւններու կամ մեծ ընկերութիւններու մակարդակին վրայ: Շատ մը երկիրներ մտահոգ են, որ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը կրնան դադրեցնել իրենց օժանդակութիւնը կամ պատժամիջոցներ կ’որդեգրեն, եթէ անտեսելով հեղինակային իրաւունքները՝ արտադրութեան արտօնագրեր շնորհեն տեղական մակարդակներու վրայ, ինչպէս կը սպառնային նախապէս ընել: Բայց WTO-ի մակարդակին մենաշնորհները վերցնող օրէնքով մը, այս երկիրները եւ ընկերութիւնները պիտի պաշտպանուին մեծ ընկերութիւններու դատական հետապնդումներէն եւ բազմաթիւ այլ մարտահրաւէրներէ:

Ժողովուրդին Պատուստը

Երրորդ առարկութեամ մը, դեղորայքի արտադրութեան մեծ ընկերութիւնները կ’ըսեն, որ մենաշնորհ արգիլող օրէնքին հաստատումը պիտի նուազեցնէ շահերը եւ արգելք պիտի հանդիսանայ ապագայ հետազոտութիւններու եւ զարգացումներու: Նախկին երկու պնդումներուն նման, այս մէկն ալ սխալ է: WTO-ի այս օրէնքը պիտի չջնջէ ազգային օրինական պահանջները, որոնց համաձայն հեղինկային իրաւունքի տէրերը պիտի շարուանակեն ստանալ պատուեգիներ եւ այլ հատուցումներ:

Ուրեմն, նոյնիսկ արգելքի այս օրէնքով պատուաստ արտադրողները կը շարունակեն ապահովել իրենց շահոյթը: 2021-ի համար, COVID-19 պատուաստանիւթեր արտադրող Pfizer եւ Moderna-ի ընկերութեանց եկամուտը կրնայ հասնիլ մինչեւ $19 միլիառ եւ $18,4 միլիառ յաջորդաբար:

Յստակացնելու համար, հարցը այն չէ, որ դեղորայքի ճարտարարուետը պիտի կորսնցնէ իր եկամուտը, այլ անոնք պարզապէս պիտի կորսնցնեն մոնոփոլային շահերը, ներարեալ՝ տարեկան շահերը, որոնք հետագային պիտի գոյանան տարեկան յեշեցումի պատուաստներէն, որոնք շատ բարձր գիներով կրնան ծախուիլ հարուստ երկիրներու մէջ:

Վերջապէս, երբ վերոյիշեալ բոլոր առարկութիւնները նկատի չառնուին, այդ պարագային, դեղորայքի ճարտարարուեստը պիտի պատրուակէ, որ մենաշնորհի վերացման օրէնքը պիտի օգտագործուի Չինաստանի եւ Ռուսիոյ կողմէ՝ տիրանալու ամերիկեան արհեստագիտութեան: Բայց նմանօրինակ բան շինծու չէ, որովհետեւ պատուաստի պատրաստութիւնը ի սկզբանէ ամերիկեան ստեղծագործութիւն չէ: Տասնամեակներու վրայ երկարող եւ բազմաթիւ երկիրներ ընդգրկող միասնական հետազօտական աշխատանքի արգասիքն է պատուաստի mRNA-ի արհեստագիտութիւնը: Այս մարզին մէջ, հունգարացի գիտնական Քաթալին Քարիգօ կատարեց առաջին իրագործումը 1978-ին, եւ գործը շարունակուեցաւ Թուրքիոյ, Թայլնտի, Հարաւային Ափրիկէի, Պրազիլի, Արժանթինի, Մալիզիոյ, Պենկլատէշի եւ այլ երկիրներու մէջ, նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Առողջապահական Հիմնարկին մէջ:

Տակաւին, ճինին (genie) արդէն շիշէն դուրս ելած է: mRNA արհեստագիտութիւնը, որ կիրարկուած է Pfizer պատուաստանիւթի պատրաստութեան մէջ, կը պատկանի BioNTech (գերմանական ընկերութիւն մը, որ հիմնուած է թուրք գաղթականի եւ անոր կնոջը կողմէ), որ իր կարգին իրաւունքը յանձնած է չինական Fosun Pharma ընկերութեան: Թէեւ առկայ են չինական բազմաթիւ ընկերութիւններ որոնք գողցած են բազմաթիւ արժէքաւոր հեղինակային իրաւունքներ, սակայն պարագան նոյնը չէ հոս: Նաեւ Չինաստանը արդէն ճամբու վրայ է արտադրելու իրեն յատուկ mRNA պատուաստը: Քլինիքային փորձառկումներէն մէկը արդէն հասած է իր երրորդ հանգրուանին, իսկ ուրիշ մը կրնայ պահուիլ պարզ սառնարանի ջերմաստիճանին մէջ՝ լուծելով շատ ցած պաղութեան մէջ պահելու դժուարութիւնը:

Միացեալ Նահանգները պիտի կորսնցնեն. ինչպէ՞ս

Մ. Նահանգները կ’արգիլէր  պատուաստի արտածումը երկիրէն դուրս, նոյնիսկ եթէ պիտի չգործածէր զայն: Բացի երբ համաճարակի երկրորդ ալիք մը սկսաւ աւերներ գործել Հնդկաստանի մէջ, Մ. նահանգներ որոշեց AstraZeneca-ի իր չգործածած պահեստները ղրկել հոն: Մինչ այդ, Չինաստանն ու Ռոսիան ոչ միայն մատչելի դարձուցին իրենց պատուաստնիւթերը, այլեւ իրենց արհեստագիտական գիտելիքները փոխանցեցին ուրիշներու՝ ստեղծելով գործակիցներու ցանց մը աշխարհի տարածքին եւ նպաստելով պատուաստումի արագացման համաշխարհային ճիգերուն:

Աշխարհի կարգ մը մասերուն մէջ, օրական դրութեամբ վարակուողներու թիւի բարձրացումին ի տես, կ’աւելնայ ժահրին վերափոխուած տարբերակներու տարածման վտանգը, եւ աշխարհը պիտի յիշէ, թէ այս ամենադժուարին կացութեան մէջ, ո՞ր երկիրները օժանդակութեան ձեռք երկարեցին եւ որոնք՝ հակառակը:

Թարգմանեց՝ Լենա Պօղոսեան

Յովիկ Յովհաննէսեան, Պէյրութէն, մասնագիտացած է միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, համապատասխան ճիւղի մագիստրոսական ծրագիրը կատարած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ: Ներկայիս, կ'աշխատակցի միջազգային կազմակերպութիւններու եւ կը համակարգէ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն եւ թերզարգացած շրջաններու բնակիչներու ընկերային-տնտեսական զարգացման ծրագիրներ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x