Դասաւանդութեան մեթոտի ընտրութիւնը կախեալ է դպրոցի առաքելութենէն

«Մեթոտները այլազան են»:

Դպրոցին մէջ դասաւանդութեան մեթոտի ընտրութիւնը պէտք չէ պատահականութեան ձգել, որովհետեւ դպրոցը աշխարհի ամէնէն դժուար առաքելութիւններէն մէկը կը կատարէ՝ մարդ կը կերտէ: Հետեւաբար, դպրոցի մը առաքելութիւնը եւ տեսլականը նախօրօք ճշդելը շատ բան կը յստակացնէ կրթութեան նպատակին եւ արժեհամակարգին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ կ’որոշէ, թէ աշակերտները ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս պէտք է սորվին:

Լիբանանի մէջ կը գտնենք բազմաթիւ դպրոցներ, որոնք, զարմանալիօրէն, մինչեւ օրս տակաւին չեն յստակացուցած, որ դասաւանդութեան ինչպիսի՞ մօտեցումներու եւ մեթոտներու կը հետեւին:

Դասաւանդութեան մեթոտներ եւ մօտեցումներ գոյութիւն ունի՞ն արդեօք. անկասկած՝ գոյութիւն ունին: Դասաւանդութեան մօտեցումներն ու մեթոտներն են, որ դպրոցին ուղղութիւն կու տան, պարզելու համար, թէ՝

– Ի՞նչն է լաւագոյն ձեւը:

– Արդեօք իւրաքանչիւր աշակերտի ուսումնական կարիքները կ’ապահովուի՞ն (այս կամ այն մեթոտը եւ մօտեցումը որդեգրելով):

– Ի՞նչ ձեւով պէտք է կառավարուի դասարանը:

Դասաւանդութեան մեթոտ հասկացութիւնը կը վերաբերի ընդհանուր օրէնքներու (սկզբունքներու), մանկավարժութեան, դասաւանդութեան ձեւին եւ դասարանը կառավարելու ռազմավարութեան, որոնք կ’օգտագործուին դպրոցներու մէջ՝ դասաւանդութեան ժամանակ: Դասաւանդութեան մեթոտի ընտրութիւնը կախեալ է դպրոցի մը կրթական փիլիսոփայութենէն, դասարանային «ժողովրդագրութենէն», դասաւանդութեան նիւթերէն, ինչպէս նաեւ՝ դպրոցի առաքելութենէն:

Այլազան մեթոտներուն մէջէն, ուղղակի դասաւանդութեան մեթոտը կարծէք այն մեթոտն է, որ ընդհանրապէս կը կիրարկուի լիբանանեան դպրոցներուն մէջ:

Ի՞նչ է ուղղակի դասաւանդութեան մեթոտը:

Ուղղակի դասաւանդութիւնը տեղի կ’ունենայ աւանդական բացայայտ ուսուցման ձեւով՝ դասախօսութիւններու միջոցով եւ ուսուցիչներու կողմէ կատարումներով:

Դասաւանդութեան այս ձեւը ուսուցչակեդրոն է, որովհետեւ աշակերտին համար նախընտրութիւններ չի ներկայացներ եւ գործնական առիթներ չի ստեղծեր: Ուսուցիչները միակ գիտութիւն հայթայթողներն են այս մեթոտին պարագային: Անոնք յաճախ կ’օգտագործեն սիսթեմաթիք դասի ծրագիրներ: Ուսուցիչները  նաեւ աշակերտներուն համար աշխատանքներ կը նշանակեն: Դասաւանդութեան այս ձեւով, աշակերտները կրաւորական ձեւով կը ստանան տեղեկութիւնները, այսինքն` մտիկ ընելով միայն ու կը վստահին գիրքերու եւ աշխատանքային տետրերու՝ համակարգիչներու եւ 1:1 սարքերու օգտագործման փոխարէն:

Շրջուած դասարանները այլ մեթոտ մըն է, որ ունի իր իւրայատկութիւնները:

Շրջուած դասարանի գաղափարը սկսած է 2007-ին, երբ երկու ուսուցիչներ սկսած են օգտագործել համակարգչային ծրագիր մը, որուն միջոցով արձանագրած են ուղիղ հաղորդումով իրենց ներկայացուցած դասախօսութիւնները եւ յաջորդ տարեշրջանին օգտագործած են իրենց արձանագրած այդ դասախօսութիւնները:

Շրջուած դասարանը ռազմավարութիւն մըն է եւ խառն դասաւանդումի ձեւ մը, որ կը նպատակադրէ բարձրացնել աշակերտներու ներգրաւուածութիւնը եւ մղել, որ աշակերտները տան մէջ ամբողջացնեն կարդալու բաժինները, իսկ դասարանին մէջ խնդիրներ լուծելու աշխատանքներ կատարեն: Ուսուցիչներ, որոնք կ’որդեգրեն դասաւանդութեան այս ձեւը, ընդհանրապէս իրենք կը պատրաստեն տեսանիւթերը, իսկ կարգ մը այլ ուսուցիչներ կ’օգտագործեն պատրաստ տեսանիւթեր՝ առցանց աղբիւրներէ: Շրջուած դասարանի օգուտներէն մէկը այն է, որ աշակերտը կ’աշխատի իր սեփական արագութեան թափով:

Հակառակ դրական կողմերուն, շրջուած դասարանի ձեւը մեծապէս հիմնուած է ուսուցիչին գաղափարին վրայ, թէ դասաւանդութիւնը ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ եւ ինչպիսի՞ տեղեկութիւններ պէտք է ստանան աշակերտները. արդիւնքին մէջ, այս  մօտեցումն ալ կը դառնայ ուսուցչակեդրոն:

Արհեստագիտութեան տեսանկիւնէն, այս ձեւը կ’օգտագործէ արձանագրուած դասեր եւ առցանց աշխատանքներ, ինչ որ կը նշանակէ, որ թէ՛ աշակերտները եւ թէ՛ ուսուցիչները կարիքը ունին համացանցի որակաւոր կապի:

Քայնեսթեթիք (Kinesthetic) դասաւանդութիւնը երրորդ մեթոտ մըն է, որ ճանչցուած է որպէս «շօշափելի ուսուցում» կամ «գործնական ուսուցում»: Քայնեսթեթիք դասաւանդութիւնը հիմնուած է «բազմակի խելացութեան» վրայ` պահանջելով աշակերտներէն, որ շինեն, ստեղծագործեն կամ կատարեն: Այս ձեւով, աշակերտները ֆիզիքական աշխատանքներ կը կատարեն առաւելապէս, քան դասախօսութիւններ լսելը կամ կատարումներ դիտելը: Գործնական փորձառութիւններ, գծել, դերեր ստանձնել, շինել, ինչպէս նաեւ մարզանքը եւ թատրոնը օրինակներ են քայնեսթեթիք դասաւանդութեան աշխատանքներու:

Հակառակ անոր, որ ասիկա աշակերտները ներգրաւելու հիանալի միջոց մըն է, սակայն շատ քիչ դասարաններ կը բաւարարուին միայն ու միայն քայնեսթեթիք դասաւանդութեան  աշխատանքներ կատարելով:

Քայնեսթեթիք դասաւանդութեան առաւելութիւններէն մէկը այն է, որ անիկա հազուադէպօրէն հիմնուած է արհեստագիտութեան վրայ, որովհետեւ այս մօտեցումը աւելի կ’արժեւորէ շարժումը եւ ստեղծագործութիւնը, քան արհեստագիտական հմտութիւնները, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ծախսատար չէ եւ որդեգրելու համար անպատեհութիւնները կամ խոչընդոտները քիչ են, միեւնոյն ժամանակ նաեւ աշակերտներուն համար ելեկտրական պաստառիկներէն հեռանալու դադար կը շնորհէ:

Քայնեսթեթիք մօտեցումը կրնայ աւելի ուսանողակեդրոն ըլլալ, քան՝ ուսուցչակեդրոն, երբ աշակերտներուն ընտրելու առիթը տրուի, թէ ինչպէ՞ս  շարժումը օգտագործեն՝ նոր տեղեկութիւն մը սորվելու կամ նոր հմտութիւն մը փորձելու համար:

Հետաքրքրական մեթոտ մըն է արշաւային կամ արշաւախմբային դասաւանդութիւնը:

Այս դասաւանդութեան մեթոտը հիմնուած է գերմանացի մանկավարժ Քըրթ Հանի գաղափարներուն վրայ. Հան հիմը դրած է «Outward Bound»ը՝ փորձառական եւ բացօթեայ դասաւանդութիւնը: Այս ձեւի դասաւանդութիւնը հիմնուած է փրոճէքթներու՝ նախագիծերու վրայ, երբ աշակերտները արշաւներու կ’երթան եւ կը մասնակցին զանազան նիւթերու վերաբերեալ խորունկ ուսումնասիրութիւններու: Հետագային, կատարուած ուսումնասիրութիւնները կրնան օգտագործուիլ անոնց դպրոցներուն եւ համայնքներուն համար:

Այս ձեւը կ’ընդգրկէ բովանդակութեան բազմաթիւ տարածքներ, ուր աշակերտները կը տեսնեն, թէ ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենան խնդիրներու լուծումները իրական աշխարհին մէջ, որ, ի վերջոյ, իրենց աշխարհն է: Մեծ քաղաքի մը մէջ ապրող աշակերտ մը կրնայ, օրինակ, վիճակագրութիւն ուսումնասիրել ապականումի վերաբերեալ, նաեւ կրնայ տեղեկութիւններ հաւաքել անոր ազդեցութիւններուն մասին եւ այցելել վայրեր, ուր ապականումը իր ազդեցութիւնները ձգած է: Աշակերտները լաւապէս հասկնալէ ետք կացութիւնները, ուսուցիչներուն հետ միասնաբար կ’աշխատին հարցին լուծում մը գտնելու եւ գործուն ձեւով իրագործելու զայն: Արհեստագիտականօրէն, G Suite-ը (Google Docs, Sheets, եւ Drive) եւ համացանցի հասանելիութիւնը կրնան օգնել աշակերտներուն հետազօտելու խնդիրները եւ ներկայացնելու զանոնք, ինչպէս նաեւ իրագործել նախագիծեր, բայց գործնական աշխատանքը եւ համայնքին մէջ գտնուիլը հիմնաքարերն են այս ձեւի դասաւանդութեան:

Հարցումներու վրայ հիմնուած դասաւանդութիւնը աշակերտներու հետազօտութեան եւ գործնական նախագիծերու հիման վրայ ստեղծուած դասաւանդութեան ձեւ մըն է, որ ուսուցիչը կը նկատէ աջակցող գործիչ մը, որ կ’առաջնորդէ աշակերտները ու կ’օգնէ անոնց եւ ոչ թէ կը ներկայանայ իբրեւ միանձնեայ հեղինակութիւն ունեցող անհատ մը:

Այս մեթոտով, ուսուցիչները կը քաջալերեն, որ աշակերտները շարունակ հարցումներ հարցնեն եւ փնտռտուքներ կատարեն այն բոլոր  հարցերուն մասին, որ կը փափաքին գիտնալ, ապա աշակերտները կ’ուսումնասիրեն իրենց հարցումները, տեղեկութիւններ կը հաւաքեն եւ աղբիւրներ կը գտնեն բանալի հասկացութիւնները բացատրելու համար, նաեւ կը լուծեն խնդիրներ: Աշխատանքները կրնան ներկայացուիլ իբրեւ տեսանիւթեր, կայքեր կամ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներու պաշտօնական ներկայացումներ:

Հարցումներու վրայ հիմնուած այս դասաւանդութիւնը ուսանողակեդրոն է, ուր աշակերտները աշխոյժ եւ մասնակցողի դեր կը կատարեն: Ուսուցիչին կողմէ դասաւանդութիւնը դիւրացնելը բանալին է այս մօտեցումին: Ընդհանրապէս, այս դասաւանդութեան շրջափուլերուն մէջ, իւրաքանչիւր աշակերտ կ’աշխատի տարբեր հարցումի մը կամ նիւթի մը վրայ: Այս մթնոլորտին մէջ, ուսուցիչները բարձր մակարդակի հարցումներ կը հարցնեն եւ հետազօտութեան առաջարկներ կը ներկայացնեն գործընթացին, քան՝ պարունակութեան վերաբերեալ: Շրջափուլի վերջաւորութեան, աշակերտները կ’անդրադառնան իրենց փորձառութեան եւ սորված նիւթերուն: Անոնք նոյնպէս կը նկատեն, որ ինչպէ՞ս իրենց սորվածը կրնայ կապուիլ այլ նիւթերու հետ:

Դասաւանդութեան այս ձեւը կրնայ մեծապէս օգտագործել արհեստագիտութիւնը՝ հետազօտական կայքերու եւ ընկերային ցանցերու միջոցով, ինչպէս նաեւ կ’օգնէ նեղ միջավայրէն դուրս գալու եւ համաշխարհային կապ ստեղծելու մարդոց հետ:

Տարբերակուած դասաւանդութիւնը ձեւաւորուած է այնպիսի ձեւով մը, որ աշակերտներու անհատական կարիքները բաւարարէ: Անիկա սկսած է ժողովրդականութիւն շահիլ 1975-ի Individuals with Disabilities Education Act-ով, որ կը շեշտէ, թէ բոլոր փոքրիկները հաւասար հասանելիութիւն պէտք է ունենան հանրային կրթութեան: Անհատականացուած մանկավարժական ծրագիրները, որոնք սկսած են IDEA-ի (Individuals with Disabilities Education Act) շրջանակին մէջ, օգնած են ուսուցիչներուն տարբերակելու յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտները: Այսօր, տարբերակուած դասաւանդութիւնը կ’օգտագործուի բոլոր տեսակի ուսանողներու կարիքները բաւարարելու համար:

Տարբերակումի կարգ մը օրինակներ աշակերտները կը մղեն կարդալու իրենց մակարդակով գիրքեր՝ ներկայացնելով տարբեր ուղղագրական ցուցակներ, կամ պզտիկ խումբերով հանդիպումներ կը կազմակերպեն՝ կարգ մը նիւթեր վերադասաւանդելու նպատակով:

Թէեւ այս ձեւը կը կեդրոնանայ անհատական կարիքներ բաւարարելու սկզբունքին վրայ, անիկա մեծամասնութեամբ կը ծրագրաւորուի եւ կը կիրարուի ուսուցիչին կողմէ: Իսկ արհեստագիտութիւնը, որ կրնայ օգնութեան ձեւ մը ըլլալ, դասաւանդութեան այս մօտեցումին համար նախապայման մը չէ, ինչ որ զայն կը մօտեցնէ աւանդական մօտեցումին:

Մեթոտները այլազան են, եւ վերոնշեալները մեթոտներէն մաս մըն է, զոր ներկայացուցի: Նախքան մեթոտի մը ընտրութիւնը, հաւանաբար աւելի ճիշդ կ’ըլլայ, երբ դպրոց մը ունենայ իր կրթական փիլիսոփայութիւնը եւ ճշդէ իր առաքելութիւնը… որոնց հիման վրայ հաւանաբար աւելի դիւրին կ’ըլլայ այլ բաներ ճշդելը:

Ուսուցչական երկարամեայ ծառայութիւն կատարած Թամար Աբովեան (Պէյրութ, Լիբանան) մամլոյ ասպարէզ մտած է ձայնասփիւռի դռնէն. աշխատակցած է Պէյրութի «Ռատիօ-Սեւան» կայանին, ուր պատրաստած է մանուկներու «Շողարձակ» յայտագիրը: Փափաքելով մնալ մանուկներու հետ յարաբերութեան աշխարհին մէջ, հեղինակած է չորս մանկական գիրքեր՝ անգլերէն լեզուով: Մանկավարժական եւ հոգեբանական նիւթերով յօդուածներ ստորագրած է hayemnews.com լրատուական կայքէջին մէջ, աւարտած է անհատի հոգեբանական զարգացման վերաբերող շարք մը գիտական դասընթացքներ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x