Արդեօ՞ք Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու եւ յատկապէս հայկական համայնքներու ապագան վտանգուած է

«Բազմագոյակցութենէ անհետացու՞մ. Հեռանկարներ եւ մարտահրաւէրներ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար» գիրքը արժէքաւոր աղբիւր մը կը հանդիսանայ համալսարանական ուսանողներու, գիտաշխատողներու, մտաւորականներու, քաղաքականութիւն մշակողներու եւ բոլոր անոնց համար, որոնք հետաքրքրուած են տարածաշրջանի քրիստոնեայ համայնքներու պատմութեամբ, քաղաքականութեամբ եւ ապագայով:

Խումբ, խմբային եւ միջխմբային հորիզոններ՝ պատմական պարապ մը հայ ժողովուրդին մէջ

Ըլլայ հասարակական կազմակերպութիւն, թէ քաղաքական կուսակցութիւն, Հայաստանի մէջ գոյութիւն չունի խումբերու համակեցութիւն եւ խմբային համընդհանուր տրամաբանութիւն յանուն ընդհանուր մէկ շահի, որովհետեւ գիտակցուած ու սահմանուած չեն ո՛չ տուեալ խումբին, ո՛չ ալ հասարակութեան համընդհանուր շահերը:

Պատասխան ազերի սուտերուն՝ Աղուանքը Ազրպէյճան չէ

Ազրպէյճանցիներուն կողմէ վերջերս անհիմն փորձ կը կատարուի իւրացնելու տարածաշրջանին քանի մը հազարամեայ պատմութիւնը: Անոնք նաեւ փորձ կը կատարեն սեփականացնելու Աղուանք (Ալպանիա) անունը եւ զայն կը փորձեն «թարգմանել» որպէս Ազրպէյճան:

Ո՞վ է աւանդական հայը

Ի՞նչ նկատի ունինք աւանդական հայ ըսելով: Ո՞ր տարածաշրջանը եւ ժամանակաշրջանը կը համապատասխանէ աւանդական հայու կերպարին: Սա շատ կարեւոր է հասկնալը, քանի որ վտանգ կայ աւանդական հայ ըսելով ձեւաւորել ինչ-որ կաղապարուած ու կեղծ կերպար:

ԳՈՐԳ ՄԸ ՏԱՆՍ ՄԷՋ

"Հիմա ոտքերուս տակ փռուած գորգին կը նայիմ ու կը մտածեմ՝ արդեօք ճիւղաւորուած զարդարնքները զիս կը կապեն արմատներո՞ւս, թէ կորսուած անցեալին յուշե՞րը կ'ապրին ներկայիս մէջ:"

Ազգային միասնականութիւն. կարելի՞ է արդեօք

Ազգային գաղափարախօսութիւնը կամ այն, որ կը միաւորէ հասարակութիւնը, կը գտնուի անոր ինքնագիտակցութեան հիմքերուն մէջ: Եթէ կայ այդ երեւոյթը, այդ գիտակցումը, ապա կարելի կը դառնայ նաեւ միասնականութիւնը, այլապէս՝ ոչ:

Հայրենաբաղձական այցեր

... Այս այցելութիւնները միակողմ չէին. միայն թուրքեր չէին այցելեր Լիբանան, յատկապէս՝ Պուրճ  Համմուտ, փոխադարձ այցելութիւնները՝  դէպի Թուրքիա, անպակաս էին:

Ա. Չօպանեանի բանախօսութիւնները ի նպաստ Հայկական հարցին

Ա. Չօպանեան նորաստեղծ Խորհրդային Հայաստանը կը նկատէր հանգրուան հայ ժողովուրդի քաղաքական իտէալի վերջնական իրագործման ճանապարհին, միաժամանակ՝ միակ իրական հիմքը հայ սփիւռքի գոյութեան համար:

Ինչպիսի՞ մտածելաձեւ ունիք (Ա. մաս)

Ներկայացուած մտածելաձեւերը նկատի ունենալով, կարելի է գաղափար մը կազմել, թէ ինչպի՛սի մտածելաձեւեր օգտակար են մարդոց կեանքին համար եւ որոնք վատ ձեւով կ՛ազդեն անոնց կեանքի ընթացքին վրայ:

Ծանեա՛ հայրենին. Շուշի (Ա)

Լեզուաբանական գոյութիւն ունեցող ըմբռնումները, այսինքն` համեմատական լեզուաբանութեան մօտեցումները, հնարաւորութիւն չեն տար գիտականօրէն սպառիչ կերպով ստուգաբանելու ոչ միայն “Շուշի” տեղանունը, այլեւ տեղանուններուն ու ընդհանրապէս լեզուի բառերուն մեծ մասը:

Լիբանանի խորհրդարանական 2005-2018 ընտրութիւններուն վերաբերեալ Յ. Յովհաննէսեանի յօդուածին առիթով

Կը հրապարակենք Դոկտ. Արա Սանճեանի նամակը, որ նշանակալի տուեալներ եւ մեկնաբանութիւններ կը ներկայացնէ Յովիկ Յովհաննէսեանի «Լիբանան 2005-2018. Խորհրդարանական ընտրութիւնները, հայկական կուսակցութիւններն ու հայ ընտրողները» յօդուածին մէջ արծարծուած խնդիրներուն ուսումնասիրութեան ուղղութեամբ, որոշակի ճշգրտումներ կը կատարէ այնտեղ կիրարկուած մեթոտաբանութեան վերաբերեալ եւ այդպիսով կը նպաստէ առաւել յստակացնելու լիբանանահայկական “ընտրական տեսարանը” ` նշեալ ժամանակահատուածին:

Քննական մտածողութեան հիմնական սիւներէն մէկը հարցական դիրքորոշում ունենալն է

Արհեստագիտական եւ մասնագիտական գիտելիքներու կողքին, կարեւոր է նաեւ անհատի մը առարկայական եւ սիսթեմաթիք՝ համակարգային ձեւով մտածելու կարողութիւնը որոշումներու կայացման ու խնդիրներու լուծման գործընթացներուն մէջ, եւ այս է քննական միտքին էութիւնը: