Ա. Չօպանեանի բանախօսութիւնները ի նպաստ Հայկական հարցին

Պօղոս Նուպար փաշայի նամակը Ա. Չօպանեանի մասին

Փորձելով ի նպաստ հայկական դատին կողմնորոշել Եւրոպայի հասարակական կարծիքը՝ Արշակ Չօպանեան Պոլիսէն ոգեշունչ նամակներ կը յղէ Փարիզի իր ծանօթ մտաւորականներուն՝ Ռոշֆորին, Սեւռինին, Հանրի Պոէրին եւ այլոց` Փիեռ Քիառի միջոցով, որ այդ ժամանակ Պոլիս էր եւ կը թղթակցէր ֆրանսական մամուլին։ Բայց ջանքերն ի դերեւ կ’ելլեն։ Պոլիսի միջավայրը, ոստիկանական հալածանքներն ու խստութիւնները մէկ կողմէ, ֆրանսական մտաւորական շրջանակներու հետ անմիջական յարաբերութիւններ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը միւս կողմէ, կը ստիպեն զինք 1895-ի աշնան հեռանալ Պոլիսէն։

Փարիզ հասնելուն, Ա․ Չօպանեան անմիջապէս կապեր կը հաստատէ յայտնի մտաւորականներու հետ, այցելութիւններ կու տայ յայտնի քաղաքական դէմքերու, կը ձեռնարկէ իր ֆրանսերէն գիրքերու եւ ժողովածուներու հրատարակութեան։

Արշակ Չօպանեան կազմակերպած է հայերէն եւ ֆրանսերէն բազմաթիւ բանախօսութիւններ եւ իր ճառերով մասնակցած է բազմաթիւ գրական, գեղարուեստական եւ քաղաքական հայ կամ օտար հաւաքոյթներու, խօսելով ի նպաստ հայկական դատին, ինչպէս՝

«Հայոց Պատմութեան, Արուեստի, Գրականութեան եւ Հայկական Հարցին մասին, «Société de Géographie»ի սրահին մէջ, նախագահութեամբ ֆրանսացի գրող, ակադեմիկոս, գրականութեան նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Անաթօլ Ֆրանսի (Anatole France), 1897-ին եւ «Հայկական Հարցի եւ Հայկական Քաղաքակրթութեան» մասին, Նանսի, Պառ-Լը-Տիւք, Մարսէյլ եւ այլն, 1899-ի Դեկտ.ի եւ 1900-ի Յունուարի մէջ:

Չօպանեան առաջին արձագանգողը եղած է եւրոպական մամուլի մէջ լոյս տեսած հայոց մասին աննպաստ յօդուածի մը եւ նոյն եւրոպական մամուլին մէջ  առաջին պատասխանողներէն։

1900-ին գումարուեցաւ խաղաղութեան միջազգային համաժողով մը Լա Հէյի մէջ. հալ մամուլին մէջ  Չօպանեան հանդէս եկաւ «Հայկական խնդիրը եւ Լա Հէյի խաղաղութեան համաժողովր» ծաւալուն յօդուածով:

1902-ին տեղի կ’ունենայ երիտթրքական համագումարը. այդ առիթով Չօպանեան գրեց «Օսմանցի Ազատականներու Համաժողովր» ուշագրաւ քրոնիկը:

Նոյն թուականներուն հայ մամուլի էջերուն մէջ հարց կը բարձրանայ Հնչակեան եւ Դաշնակցական կուսակցութիւններու համատեղ գործակցութեան մասին.  Չօպանեան բուռն ոգեւորութեամբ կը պաշտպանէ այդ տեսակէտը իր շատ արժէքաւոր՝ «Միութեան խնդիր» յօդուածաշարով, եւ այսպէս, շարունակ, եւ՛ ռուս-ճաբոնական պատերազմի ու 1905-ի յեղափոխութեան, եւ՛ երիտթուրք յեղաշրջման ու առաջին համաշխարհային պատերազմի, Մեծ եղեռնի, Հայաստանի Հանրապետութեան ու այլեւայլ հարցերուն մասին ան կը հրապարակէ ուշագրաւ յօդուածներ:

Չօպանեան կը դասախօսէ «Հայ Ժողովրդական Բանաստեղծութեան եւ Երաժշտութեան» մասին», Լօզանի եւ Ժընեւի մէջ, 1907-ին, Կոմիտաս Վարդապետի կողմէ տրուած հանդէսներուն ընթացքին:

1910-ականներու սկիզբը Չօպանեան արտօնեալ պայմաններով կը հրաւիրուի աշխատակցելու «Մշակ»ին: Այստեղ մինչեւ տասնամեակի վերջը անոր ստորագրութեամբ կը հրատարակուին նիւթեր՝ «Հայը անպարտելի է», «Հայկական Մարտիրոսութիւնը Լորտերու ժողովին մէջ», «Մեծագոյն ցաւը», «Ճշմարտութիւնը» եւ այլն:

Պալքանեան պատերազմի միջոցին, 1913-ին, Պօղոս Նուպար Փաշայի նախագահութեամբ Ազգային Պատուիրակութիւնը կազմուած ըլլալով, անոր կողքին ստեղծուեցաւ Փրոփականտի Յանձնախումբ մը, որուն կ’անդամակցէին Լաքռուա Հիւնքեարպէյէնտեան, Պօղոս Էսմերեան, Միքայէլ Վարանդեան, Երուանդ Թընկըր, Առաքել Պէյ Նուպար, եւ այլն, որոնց հետ գործակցեցաւ Ա. Չօպանեան իբրեւ ատենադպիր:

Այլ կարեւոր դասախօսութիւն մըն էր «Հայ ժողովուրդը, իր Անցեալը, իր Մշակոյթը, իր Ապագան», «Salle des Agriculteurs[1]» ի մէջ, Տընի Քոշէնի նախագահութեամբ, 1913-ին, որ կազմակերպուած էր Ազգ. Պատուիրակութեան Փրոփականտի Յանձնաժողովին կողմէ, եւ յետոյ առանձին գրքոյկով մը հրատարակուեցաւ:

«Հայաստան Թրքական Լուծին Տակ» վերնագրով բանախօսութիւնը Չօպանեան ներկայացուց Societe de Geographie ի սրահին մէջ, 1915-ին, Փօլ Տումէրի (Paul Doumer) նախագահութեամբ: Այս բանախօսութիւնը կազմակերպուած էր  «La Société de sociologie de Paris»-ի եւ Լուսիան Լը Ֆուայէի (Lucien Le Foyer)[2] կողմէ, որպէս մէկ մաս կեղեքուած փոքր ազգերու դատին յատկացուցած բանախօսութեանց շարքի մը: Այս ճառը եւս առանձին գրքոյկով մը հրատարակուեցաւ եւ հազարաւոր օրինակներով տարածուեցաւ: Գրքոյկին իտալերէն թարգմանութիւնը հրատարակած է Պրն. Նշան Տէր Ստեփանեան Թօրինոյի մէջ, հայերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է Պոսթընի «Ազգ»ին մէջ:

Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան հարցով Ա. Չօպանեան անմիջապէս չէ որ կողմնորոշուեցաւ: Ան սփիւռքահայ այն մտաւորականներէն էր, որ որոշ տատանումներէ ետք ընդունեց խորհրդային կարգերու հաստատման իրողութիւնը Հայաստանի մէջ՝ նորաստեղծ Հայաստանը նկատելով հանգրուան հայ ժողովուրդի քաղաքական իտէալի վերջնական իրագործման ճանապարհին, միաժամանակ՝ միակ իրական հիմքը հայ սփիւռքի գոյութեան համար: Ըլլալով սփիւռքի տարբեր ընկերութիւններու ու կազմակերպութիւններու անդամ՝ Չօպանեան մեծ դեր կատարած է Հայաստանի հետ անոնց կապերը ամպրապնդելու հարցին մէջ:

Նիկոլ Աղբալեան  դիտել տուած է, որ «Ա. Չօպանեան՝ կորիւնը իր ճիրանէն կը ճանչնայ, թէ ինչ տեսակ առիւծ պիտի ըլլայ այս»  («Պայքար», Բացառիկ թիւ, Պոսթըն, 1952, էջ 26)

Փարիզի մէջ 1919-ին տեղի կ՛ունենայ Արեւմտահայերու մեծ Համագումարը, որուն անդամակցելու հրաւիրուեցաւ Ա. Չօպանեան: Համագումարը վերակազմեց «Ազգային Պատուիրակութիւնը» Պօղոս Նուպար Փաշայի նախագահութեամբ:

Հայկական Հարցի մասին Չօպանեան բանախօսութիւն մը կատարած է 1917-ին, ֆրանսական «L’Effort de la France et de ses Alliés»  փրոփականտի մարմնոյն հրաւէրով, զանազան քաղաքներուն մէջ (Պորտօ, Մարսէյլ, Ռօշֆոր եւ այլն), ինչպէս նաեւ պատերազմական գօտիին մէջ, ֆրանսացի զինուորներուն առջեւ:

Հայկական Հարցի մասին այլ բանախօսութիւններ էին «Քաղաքային Պաշտօնատարներու ակումբին մէջ, 1918-ին եւ  «Փարիզի Ընկերաբանական Ընկերութեան» («La Société de sociologie de Paris»)  սրահին մէջ, Ա. Ռիպոյի (Alexandre Ribot)  նախագահութեամբ, 1920-ին[3]:

1921-ի աշնան, Ազգային Պատուիրակութեան կողմէ Չօպանեան պաշտօնով գնաց Պէյրութ, Ֆրանսայի Բարձր Քոմիսէրութեան մօտ, ուրկէ անցաւ Կիլիկիա եւ հոն մնաց չորս ամիս:

Չօպանեան մէկը եղաւ Ֆրանսայի «Հայ Մտաւորական Միութեան» հիմնադիրներէն, ուրիշ քանի մը մտաւորական եւ գրասէր բարեկամներու հետ, ինչպէս Էտկար Շահին, Տիրան Ալելքսանեան, Տօքթ. Քօլոլեան, Եր. Մանուէլեան, Տօքթ. Արթինեան, Լեւոն Կ. Կերտան, Օննիկ Քարիպեան, Վ. Մեսրոպեան, Հր. Ճէվահիրճեան, Վահան Էսմէրեան, եւ այլն: Այս Միութիւնը, որուն նախագահն էր Արշակ Չօպանեան, կազմակերպեց գրական եւ քաղաքական հաւաքոյթներ, հրատարակեց հայկական հարցին եւ մշակոյթին նուիրուած 8 ֆրանսերէն գրքոյկներ:

Պօղոս Նուպար փաշայի նամակը Ա. Չօպանեանի 35-ամեայ Գրական վաստակը նշելու կազմակերպիչ Յանձնաժողովին

Պօղոս Նուպար Փաշա Արշակ Չօպանեանի 35-ամեայ գրական գործունէութեան տօնախմբման հանդէսը հովանաւորող իր նամակին մէջ կը յիշատակէ Ա. Չօպանեանին անդուլ պայքարը հայկական դատին համար:

Ահաւասիկ Պօղոս Նուպար Փաշայի նամակը. –

Փարիզ. Նոյեմբեր 1924

Պարոններ,

Ստացայ ձեր նամակը զոր ինծի ուղղած էք, իմ հովանաորութիւնս ուղղելու համար Պրն. Ա. Չօպանեանի ի պատիւ ծրագրուած հանդէսին:  Յօժարակամ կ’ընդունիմ, մանաւանդ որ ուրախ եմ այդ մեծարանքն ընծայելու մեր ամենէն նուրբ բանաստեղծներէն մէկուն, որուն պարտական ենք նաեւ մեր Հին աշուղներուն ֆրանսերէն գեղեցիկ թարգմանութիւնները, որոնց մէջ այնքան լաւ յաջողած է ի վեր հանել մեր հին գրականութեան հարստութիւնները:  Ատկից զատ, անիկա չէ ղադրած հայկական դատին համար ամէն պարագաներու մէջ պայքարելէ եւ ես լաւագոյն յիշատակը պահած եմ Ազգային Պատուիրակութեան աշխատանքներուն իր գործակցութենէն, այն միջոցին երբ կը նախագահէի անոր.  կրնաք ուրեմն ապահով ըլլալ իմ սրտագին համախոհութեանս՝ համակրութեան այն վկայութիւններուն զոր մտադիր էք իրեն տալ իր գրական եւ հայրենասիրական գործունէութեան երեսունեւհինգերորդ տարեդարձին առթիւ:

Ընդունեցէք,

ՊՕՂՈՍ ՆՈՒՊԱՐ

Ծանօթ.

Պօղոս Փաշա Նուպար (ծնեալ՝ 2 Օգոստոս 1851, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն – մահ.՝25 Յունիս 1930, Փարիզի 16-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա), հայ ականաւոր քաղաքական գործիչ, Եգիպտոսի վարչապետ Նուպար Փաշայի որդին։

Գործարար, քաղաքական գործիչ եւ դիւանագէտ Պօղոս Նուպար փաշա նախնական ուսումը ստացած է տունը հրաւիրուած ուսուցիչներու միջոցով, այնուհետեւ ուսանած է Զուիցերիոյ եւ Ֆրանսայի համալսարանները եւ 1879-ին մեկնած է Կոստանդնուպոլիս, ուր ամուսնացած է թրքական արքունիքի յանձնակատար Յովհաննէս Տատեան պէյի աղջկան` Մարիի հետ: Զոյգը ունեցած է հինգ զաւակ` չորս որդի եւ մէկ դուստր:

Պողոս Նուպար  Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադիրներէն է եւ առաջին նախագահը։

1912-ին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէորգ 5-րդի կոնդակով գլխաւորեց Ազգային պատուիրակութիւնը, որ Մեծ տէրութիւններուն ներկայացներ թրքահպատակ հայկական նահանգներուն մէջ բարեփոխումներ կատարելու հարցը։  Զինք ընտրած էին, քանի որ ունէր կարողութիւն, որեւէ կուսակցութեան չէր յարեր, հեղինակութիւն էր աշխարհասփիւռ հայութեան համար եւ Եւրոպայի դիւանագիտական պաշտօնական շրջանակներուն մէջ։

[1] Salle de la Société des agriculteurs de France. Paris https://data.bnf.fr/fr/15546193/salle_de_la_societe_des_agriculteurs_de_france_paris/  https://gallica.bnf.fr/ark:/12148/btv1b6924007j.item

[2] La Société de sociologie de Paris : un continent méconnu (1895-1952) https://www.cairn.info/revue-les-etudes-sociales-2015-1-page-119.htm

[3] La Société de sociologie de Paris : un continent méconnu (1895-1952) https://www.cairn.info/revue-les-etudes-sociales-2015-1-page-119.htm

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x