Վայ այն ժողովրդին, որուն գործիքը արտասուքն ու բողոքն է: Վայ այն ժողովրդին, որ իր դժբախտութիւններուն վրայ կը յենի որպէս իր գոյութեան ապացոյցը:
...առաջին անգամ ըլլալով թուրք կը տեսնէի՝ բոլորովին զարմացած, որ ան ալ մարդկային սովորական արարած մըն էր բոլորիս պէս...
...Եւ այս իւրացումները տեղի կ’ունենային առանց որեւէ յատուկ ճիգի: Պատճառը Պուրճ-Համմուտի դրուածքն էր, որ անխուսափելիօրէն կը յանգեցնէր եռալեզուեան դրութեան:
«Ա. Կիւզելեան. Մեծ գրողը՝ նոյնքան մեծ ազգային մեծ գործիչը ճանչնալու եւ իր ներկայութիւնը վայելելու հաճոյքն ու պատիւը ունեցայ, երբ ան 28 Սեպտեմբեր 1952-ին Լիբանան եկաւ եւ շուրջ վեց ամիս Անթիլիաս մնաց:»
Ա. Չօպանեան նորաստեղծ Խորհրդային Հայաստանը կը նկատէր հանգրուան հայ ժողովուրդի քաղաքական իտէալի վերջնական իրագործման ճանապարհին, միաժամանակ՝ միակ իրական հիմքը հայ սփիւռքի գոյութեան համար:
«Տուն»ը ոտանաւորի ներքին բաժանումն է, որ ընդհանրապէս կ’ունենայ չորս տող, երբեմն աւելի, երբեմն պակաս:
Տունը, ուրեմն, բնագրային այն փոքրիկ հատուածն էր՝ արձակ կամ ոտանաւոր, որ ընթերցողը մէկ անգամէն կը թելադրէր գրիչներուն։
....արդեօք մենք իբրեւ հայ ժողովուրդը ի՛նչպիսի մտածելաձեւ ունինք:
Ներկայացուած մտածելաձեւերը նկատի ունենալով, կարելի է գաղափար մը կազմել, թէ ինչպի՛սի մտածելաձեւեր օգտակար են մարդոց կեանքին համար եւ որոնք վատ ձեւով կ՛ազդեն անոնց կեանքի ընթացքին վրայ:
Լեզուաբանական գոյութիւն ունեցող ըմբռնումները, այսինքն` համեմատական լեզուաբանութեան մօտեցումները, հնարաւորութիւն չեն տար գիտականօրէն սպառիչ կերպով ստուգաբանելու ոչ միայն “Շուշի” տեղանունը, այլեւ տեղանուններուն ու ընդհանրապէս լեզուի բառերուն մեծ մասը:
Ծնողներու պարտականութիւնն է օգնել երեխաներուն առողջ եւ տրամաբանական յարաբերութիւն մը ստեղծելու իրենց եւ ընկերային ցանցերուն միջեւ, նախքան որ անոնք ինքնուրոյն կապեր հաստատեն համացանցի հետ։
Կը հրապարակենք Դոկտ. Արա Սանճեանի նամակը, որ նշանակալի տուեալներ եւ մեկնաբանութիւններ կը ներկայացնէ Յովիկ Յովհաննէսեանի «Լիբանան 2005-2018. Խորհրդարանական ընտրութիւնները, հայկական կուսակցութիւններն ու հայ ընտրողները» յօդուածին մէջ արծարծուած խնդիրներուն ուսումնասիրութեան ուղղութեամբ, որոշակի ճշգրտումներ կը կատարէ այնտեղ կիրարկուած մեթոտաբանութեան վերաբերեալ եւ այդպիսով կը նպաստէ առաւել յստակացնելու լիբանանահայկական “ընտրական տեսարանը” ` նշեալ ժամանակահատուածին:
Արհեստագիտական եւ մասնագիտական գիտելիքներու կողքին, կարեւոր է նաեւ անհատի մը առարկայական եւ սիսթեմաթիք՝ համակարգային ձեւով մտածելու կարողութիւնը որոշումներու կայացման ու խնդիրներու լուծման գործընթացներուն մէջ, եւ այս է քննական միտքին էութիւնը:
Լիբանանի մէջ ապրող՝ ներկայ հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ ընտրողներուն ընդհանուր թիւը աւելի հաւանական է որ ըլլայ 32000-էն 37000-ի միջեւ, քան ընտրացանկերուն մէջ նշուած 106,476-ը:
Այս քերթուած-բանաստեղծութիւններու հատորը կարդալէն ետք է, որ կրցայ ճանչնալ Թադէոս Եսայեանը։ Ճանչցայ զի՛նք, որովհետեւ տեսայ ու հասկցայ իր «սիրտը»։
Եթէ Հայաստանը եւրոպական աշխարհամասին մէկ հատուածը կը կազմէ, եւ եթէ ատիկա առարկայական իրողութիւն մըն է, ապա այդ եւ անորմէ բխող հետեւութիւնները պէտք է պարզապէս ընդունիլ, ամենեւին չհամարելով ոչ առաւելութիւն եւ ոչ ալ թերութիւն:
Կապուտանի լիճը, իրօ՛ք, իրմով կը պայմանաւորէ մինչեւ Կասպից ծովու հարաւային ափը տարածուող բնական սահմանին ուղղութիւնը: Հարաւէն դէպի հիւսիս տարածուած ըլլալով Կոտուրի շղթային զուգահեռ, լիճը Եւրոպայի բնական սահմանը, կը թուի, ակնառու կերպով «կը տեղափոխէ» դէպի արեւելք:
«Փոքր Ասիոյ բարձրաւանդակը Սուրիոյ եւ Միջագետքի դաշտէն բաժնող Տաւրոսի շղթան է որ կը ներկայացնէ Եւրոպայի իրական սահմանը: Փոքր Ասիան Ասիա չէ»
Անատոլիան որեւէ, անգամ նուազագոյն չափով, Հայաստանի մէ՛ջ չէ եւ Հայաստանն ալ Անատոլիայի մէջ չէ՛:
Կը սկսինք հրատարակել լրագրող, խմբագիր, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ լեզուի ուսումնասիրող, նորոգ հանգուցեալ Վարուժան Փամպուխչեանի աշխարհագրագիտական ուսումնասիրութիւնը, հինգ մասերով, ուր ան կը ներկայացնէ տեսութիւն մը, համաձայն որուն, Հայկական բարձրաւանդակը կը ներկայանայ որպէս Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի մաս:
Փորձենք գնահատել մանուկներուն պարտաճանաչութիւնը, ինքնամղումը, յարատեւութիւնը, հաստատակամութիւնը, ջանքը, աշխատանքը, կեդրոնացումը... որպէսզի անոնք հասնին աւելի կայուն արդիւնքներու:
Արհեստագիտութիւնը կրնայ նպաստել փոքրամասնութիւններու լեզուները հասցնելու աւելի լայն լսարանի մը։ Լեզուական արհեստագիտութեան արագ աճը նոր դռներ կը բանայ այդ լեզուներու պահպանման ու ուսուցման համար` միեւնոյն ատեն այդ խնդիրներուն առնչուող մարտահրաւէրներ ներկայացնելով։
«Առցանց արեւմտահայերէնի պարագային, կեդրոնական դերակատարը օգտատէրերուն՝ հաւաքական գործունէութեամբ արեւմտահայերէն արտադրելու անպաշտօն մեքանիզմներ յառաջացնելու կարողականութիւնն է, որ առաջին հերթին կը հիմնուի ընկերային յարաբերութիւններու վրայ, որոնք գլխաւոր ազդակ են լեզուի մը վերակենդանացման:»
Արազ Գոճայեան դիտել կու տայ, որ Քորոնայի համավարակին ընթացքին ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներուն մէջ Արեւմտահայերէնի գործածութիւնը նշանակելիօրէն մեծցաւ: Այս երեւոյթին մասին իր ծաւալուն յօդուածին երկրորդ մասով, ան լուսարձակի տակ կ՛առնէ փոփոխութիւնը՝ ԵուԹիուպի եւ այլ տարածքներու մէջ:
Արազ Գոճայեան դիտել կու տայ, որ Քորոնայի համավարակին ընթացքին ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներուն մէջ Արեւմտահայերէնի գործածութիւնը նշանակելիօրէն մեծցաւ: Այս երեւոյթին մասին իր ծաւալուն յօդուածին առաջին մասով, ան լուսարձակի տակ կ՛առնէ փոփոխութիւնը՝ Թուիթըրի եւ Ինսթակրամի տարածքներուն մէջ:



