Հասարակութեան մը համար ամէնէն վտանգաւորը ոչ թէ տնտեսական կամ զինուորական հարցերն են (անոնք հետեւանքներ են), այլ ընդհանրապէս հարցերուն նայելու միակողմանիութիւնը:
"Հիմա ոտքերուս տակ փռուած գորգին կը նայիմ ու կը մտածեմ՝ արդեօք ճիւղաւորուած զարդարնքները զիս կը կապեն արմատներո՞ւս, թէ կորսուած անցեալին յուշե՞րը կ'ապրին ներկայիս մէջ:"
Ազգային գաղափարախօսութիւնը կամ այն, որ կը միաւորէ հասարակութիւնը, կը գտնուի անոր ինքնագիտակցութեան հիմքերուն մէջ: Եթէ կայ այդ երեւոյթը, այդ գիտակցումը, ապա կարելի կը դառնայ նաեւ միասնականութիւնը, այլապէս՝ ոչ:
Գաղթական արեւմտահայութիւնը պոլսահայերու հետ շփում չէ ունեցած, քանի որ պոլսահայերուն խնայուեցաւ, եւ անոնք չտարագրուեցան:
Ազգային այս նոր բարոյականի թիրախներէն մէկն ալ թրքերէնն էր, որ յամառ ու հետեւողական հալածանքի կ’ենթարկուէր.
... Այս այցելութիւնները միակողմ չէին. միայն թուրքեր չէին այցելեր Լիբանան, յատկապէս՝ Պուրճ Համմուտ, փոխադարձ այցելութիւնները՝ դէպի Թուրքիա, անպակաս էին:
...առաջին անգամ ըլլալով թուրք կը տեսնէի՝ բոլորովին զարմացած, որ ան ալ մարդկային սովորական արարած մըն էր բոլորիս պէս...
...Եւ այս իւրացումները տեղի կ’ունենային առանց որեւէ յատուկ ճիգի: Պատճառը Պուրճ-Համմուտի դրուածքն էր, որ անխուսափելիօրէն կը յանգեցնէր եռալեզուեան դրութեան:
«Ա. Կիւզելեան. Մեծ գրողը՝ նոյնքան մեծ ազգային մեծ գործիչը ճանչնալու եւ իր ներկայութիւնը վայելելու հաճոյքն ու պատիւը ունեցայ, երբ ան 28 Սեպտեմբեր 1952-ին Լիբանան եկաւ եւ շուրջ վեց ամիս Անթիլիաս մնաց:»
Ա. Չօպանեան նորաստեղծ Խորհրդային Հայաստանը կը նկատէր հանգրուան հայ ժողովուրդի քաղաքական իտէալի վերջնական իրագործման ճանապարհին, միաժամանակ՝ միակ իրական հիմքը հայ սփիւռքի գոյութեան համար:
«Տուն»ը ոտանաւորի ներքին բաժանումն է, որ ընդհանրապէս կ’ունենայ չորս տող, երբեմն աւելի, երբեմն պակաս: