Ինչպիսի՞ մտածելաձեւ ունիք (Բ. մաս)

Սկիզբը՝  https://wp.me/pd909i-iGY

6.Երախտագիտութեան մտածելաձեւ

Շատ մարդիկ կը մոռնան երախտապարտ ըլլալ այն ամէն բանին համար, որ ունին կեանքի մէջ, ինչպէս իրենց գլխուն վրայ երդիք մը ունենալը, վարձատրուող աշխատանքը, ընտանիքը, սնունդ, ջուրի լաւ պաշար…

Անոնք յաճախ կը մոռնան շնորհակալ ըլլալ իրենց ունեցածին համար, որովհետեւ իրենց ապրած երկրի մարդոց մեծամասնութիւնը նոյն բաները ունի, ինչպէս իրենք: Բոլոր հիմնական աղբիւրները, որ հասանելի են անոնց, նաեւ հասանելի են այն մարդոց, որոնց հետ կը խօսին եւ ժամանակ կ՛անցընեն օրական դրութեամբ:

Եթէ անոնք կարենան երախտապարտ ըլլալ իրենց ունեցածին համար, ապա աւելի երջանիկ կ՛ըլլան երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ:

Երախտագիտութեան մտածելաձեւ ունենալու առաւելութիւնները.

-Մարդիկ աւելի կը գնահատեն իրենց ունեցածը:

– Խոնարհ կը մնան, անկախ անկէ, թէ որքան յաջողութեան կը հասնին կեանքի մէջ:

-Շատ աւելի դիւրութեամբ երջանիկ կ՛ըլլան:

-Առաւելագոյնս կ՛օգտուին իրենց ունեցած թանկարժէք ժամանակէն:

Երախտագիտութեան մտածելաձեւ ունենալու անպատեհութիւնները.

-Երախտապարտ ըլլալը իսկական անպատեհութիւններ չունի:

Արդեօք ունի՞ք երախտագիտութեան մտածելաձեւ:

5. Ինքնավստահութեան մտածելաձեւ

Ինքնավստահութիւնը բանալին է երջանկութեան եւ նուաճումներու: Երբ մարդիկ կը միատեղեն ինքնավստահութիւնը այս ցանկի քանի մը այլ մտածելաձեւերուն հետ, կը դառնան անկասելի: Ինքնավստահութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի մտային առողջութեան վրայ, օրինակ՝ թէ ինչպէս կը մտածես անձիդ, ընկերային ըլլալու կարողութեանդ, հաւատքի եւ ունեցածդ կարողութիւններուդ մասին:

Ինքնավստահութեան մտածելաձեւ ունենալու առաւելութիւնները.

Ուրախ կ՛ըլլան իրենց անձով:

-Աւելի հաւանական է, որ քայլեր ձեռնարկեն իրենց նպատակներուն հասնելու համար:

-Աւելի դիւրին է անոնց համար ընկերային կացութիւններու մէջ գտնուիլը:

Ինքնավստահութեան մտածելաձեւ ունենալու անպատեհութիւնները.

Չափէն աւելի ինքնավստահ ըլլալը կրնայ ամբարտաւանութեան կամ գոռոզութեան առաջնորդել, որ բնաւ օգտակար չէ կեանքին մէջ:

Արդեօք ունի՞ք ինքնավստահութեան մտածելաձեւ:

4. Ստեղծագործական մտածելաձեւ

Ստեղծագործ ըլլալը շատ աւելի դժուար է քան այն ինչ որ կ՛երեւի: Սկիզբը մարդիկ կը կարծեն, որ ստեղծագործ են, բայց իրականութեան մէջ, առանց նոյնիսկ գիտնալու, ի յայտ կու գայ, որ անոնք կը կրկնօրինակեն գաղափարներ, որ նախապէս գոյութիւն ունէին:

Եթէ ստեղծագործ է անձ մըն, այդ մեծ բան է, որովհետեւ կը նշանակէ, թէ կրնայ իւրայատուկ ըլլալ: Շատ մարդիկ կը պայքարին ասոր մէջ, որովհետեւ դժուար կ՛ըլլայ իրենց իւրայատուկ աշխատանքը յայտնաբերելը:

Ստեղծագործական մտածելաձեւ ունենալու առաւելութիւնները.

-Կրնան իւրայատուկ գաղափարներ մէջտեղ բերել, որուն մասին ուրիշներ չէին կրցած մտածել:

-Բնական հարցեր լուծող կ՛ըլլան:

-Այն ձիրքը կ՛ունենան, որ ուրիշներու համար դժուար է ձեռք ձգելը:

Ստեղծագործական մտածելաձեւ ունենալու անպատեհութիւնները.

Ստեղծագործութիւնը կրնայ առաջնորդել պարզ բաները բարդացնելուն:

Արդեօք ունի՞ք ստեղծագործական մտածելաձեւ

3.Կարճաժամկէտ մտածելաձեւ

Կարճաժամկէտ մտածելաձեւը նման է ծոյլ մտածելաձեւին, որովհետեւ զայն կրող մարդիկ տարուած են կարճաժամկէտ երջանկութեամբ: Կարճաժամկէտ երջանկութիւնը այն է, երբ մարդ մոլի կը դառնայ բաներու, որ կ՛երջանկացնէ զիրենք կարճ ժամանակամիջոցի մը՝ նոյն վայրկեանին համար: Այս մէկը շարունակելով մարդիկ կրնան դժբախտանալ երկարաժամկէտ հեռանկարին մէջ:

Կարճաժամկէտ մտածելաձեւ ունենալու առաւելութիւնները.

-Միակ առաւելութիւնը այն է, որ մարդիկ ուրախ կ՛ըլլան կարճ ժամանակի համար:

Կարճաժամկէտ մտածելաձեւ ունենալու անպատեհութիւնները.

-Մարդիկ իրենք զիրենք կը մղեն դժբախտութեան՝ երկար ժամանակի համար:

-Կախեալ կ՛ըլլան մոլութենէ եւ ծոյլ սովորութիւններէ:

– Դիւրին բանէ մը որեւէ լաւ բան դուրս չի գար:

Արդեօք ունի՞ք կարճաժամկէտ մտածելաձեւ:

2. Զայրոյթի մտածելաձեւ

Զայրոյթի մտածելաձեւը պարզ է: Մարդիկ, որոնք կը տառապին ջղայնութենէ՝ կ՛ունենան զայրոյթի մտածելաձեւ: Թերեւս անոնք անցեալին իսկապէս ծանր իրավիճակներու մէջէն անցած են, եւ այդ մէկը առաջնորդած է զանոնք դառնալու ջղային անհատներ: Մէկու մը ջղայնութեան հետ կապուած շատ մը պատճառներ կրնան ըլլալ:

Զայրոյթի մտածելաձեւ ունենալու առաւելութիւնները.

Մղում կ՛ունենան իրենց կեանքը բարելաւելու:

Զայրոյթի մտածելաձեւ ունենալու անպատեհութիւնները.

-Կրնան վիրաւորել իրենց շուրջը գտնուողները:

-Չեն կրնար հակակշռել իրենց զգացումները:

-Ժամանակ կը վատնեն ուրիշները մեղադրելով իրենց կեանքին մէջ եղած ձախողութիւններուն համար:

Արդեօք ունի՞ք զայրոյթի մտածելաձեւ:

1.Արտադրողական մտածելաձեւ

Արտադրողական կամ արդիւնաւէտ մտածելաձեւը փայլուն մտածելաձեւ է, որովհետեւ կ՛արտօնէ մարդուն առաւելագոյն ձեւով օգտագործելու իր ժամանակը եւ արդիւնաւէտօրէն կատարելու առաջադրանքները:

Արտադրողական մտածելաձեւ ունենալու առաւելութիւնները.

-Դիւրին կը դառնայ զատորոշել առաւել կարեւորը նուազ կարեւորէն:

-Կրնան աշխատանքները կատարել արդիւնաւէտ ձեւով եւ առանց շեղումներու:

Արտադրողական մտածելաձեւ ունենալու անպատեհութիւնները.

-Կրնան գերյոգնիլ ժամանակի ընթացքին:

Արդեօք ունի՞ք արտադրողական մտածելաձեւ:

Ինչպէս սկիզբը ըսինք, իւրաքանչիւր անձ մտածելաձեւ մը ունի եւ իւրաքանչիւր ժողովուրդ նոյնպէս իրեն յատուկ մտածելաձեւը ունի:

Օրինակ մը տալու համար ըսենք, որ ամերիկացիները հակում ունին առաջնահերթութիւն տալու անհատի մը ազատութեան, մինչդեռ եւրոպացիները հակուած են գնահատելու պետութեան դերը, որպէսզի հասարակութեան մէջ ոչ ոք կարիք ունենայ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տասէն գրեթէ վեցը (58%) կը կարծէ, թէ աւելի կարեւոր է, որ բոլորին արտօնուի հասնելու իրենց կեանքի նպատակներուն՝ առանց պետութեան միջամտութեան, իսկ եւրոպական երկիրներու մեծամասնութիւնը, 2011ին կատարուած հարզախոյզի մը եզրակացութեամբ, աւելի կարեւոր նկատած է պետութեան կողմէ երաշխաւորուիլը որ ոչ ոք կարիքի մէջ ըլլայ:

Ամերիկացիները կը հաւատան, որ իրենք կը տնօրինեն իրենց ճակատագիրը: 2014ին կատարուած հարզախոյզի մը եզրակացութեամբ, ամերիկացիներուն 57 առ հարիւրը համաձայն չէ, որ «կեանքին մէջ յաջողութիւնը կ՛որոշուի մեր վերահսկողութենէն դուրս գտնուող ուժերու կողմէ», ինչ որ աւելի բարձր տոկոս ցոյց կու տայ բաղդատելով եւրոպական երկիրներէն որեւէ մէկուն հետ:

Իսկ արդեօք մենք իբրեւ հայ ժողովուրդը ի՛նչպիսի մտածելաձեւ ունինք:

Սկիզբը՝  https://wp.me/pd909i-iGY

Ուսուցչական երկարամեայ ծառայութիւն կատարած Թամար Աբովեան (Պէյրութ, Լիբանան) մամլոյ ասպարէզ մտած է ձայնասփիւռի դռնէն. աշխատակցած է Պէյրութի «Ռատիօ-Սեւան» կայանին, ուր պատրաստած է մանուկներու «Շողարձակ» յայտագիրը: Փափաքելով մնալ մանուկներու հետ յարաբերութեան աշխարհին մէջ, հեղինակած է չորս մանկական գիրքեր՝ անգլերէն լեզուով: Մանկավարժական եւ հոգեբանական նիւթերով յօդուածներ ստորագրած է hayemnews.com լրատուական կայքէջին մէջ, աւարտած է անհատի հոգեբանական զարգացման վերաբերող շարք մը գիտական դասընթացքներ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x