Ոտանաւորի «տուն»ը եւ տեսակները

Բանաստեղծութիւնը՝ Արշակ Բանուչեանի

«Տուն»ը ոտանաւորի ներքին բաժանումն է, որ ընդհանրապէս կ’ունենայ  չորս տող, երբեմն աւելի, երբեմն պակաս: Ահաւասիկ՝ անոր այլազան  կաղապարները.

ա) Քառատող եւ քառեակ

Ուրեմն չորս տողէ բաղկացած տարբերակը, որ եւ ամէնէն ընրհանրացածն է,   կոչուած է քառեակ:

Քառեակը, ինչպէս նաեւ միւսները, որ պիտի տեսնենք, ենթադրուած է կազմել ներքին միութիւն մը, ամբողջութիւն մը, աւարտուն խօսք մը, որ կը համապատասխանէ արձակի պարբերութեան: Այսպէս յղացուած ու գրուած են խոր անցեալի մէջ առաջին քառեակները:

Սակայն ժամանակի ընթացքին այս ըմբռնումն ու սահմանումը շատ աղաւաղուած են, եւ փաստօրէն մենք կը ճանչնանք ոտանաւորներ, որոնց այս կամ այն քառեակը  վերջակէտով չի վերջանար, այլ ստորակէտով կամ միջակէտով եւ այլնով եւ շարունակելի է յաջորդ քառեակին մէջ: Այսպիսիները ձեւական քառեակներ են:

Տեղի ունեցածը կաշկանդումի մը դէմ կատարուած ըմբոստութիւնն է պարզապէս, եւ չէր կրնար տարբեր ըլլալ. այդ ըմբոստութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի պատահէր:

Այս պայմաններուն մէջ քառեակ անուանումը այլեւս պատշաճ չէ, եւ լեզուն այսպիսիները կ’անուանէ «քառատող». օրինակ՝ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ»-ը բաղկացած է չորս քառատողերէ եւ ոչ թէ քառեակներէ:

Աւելցնենք, որ եթէ գրութիւնը արձակ է, ան այլեւս «քառատող» չի կոչուիր, նոյնիսկ եթէ բաղկացած է չորս տողէ:

Միւս կողմէ՝ մոռացութեան չէ մատնուած քառեակը, որ յատկացուած է բանաստեղծութեան ուրոյն սեռի մը, որ կը բաղկանայ ընդամէնը չորս տողէ: Այս ինքնուրոյն սեռին աշխարհահռչակ վարպետը պարսիկ Օմար Խայամն է (1047−1131), որ գրած է հարիւրաւոր քառեակներ, որոնք թարգմանուած են աշխարհի բոլոր լեզուներուն.  հայերէնը եղած է առաջիններէն. ստորեւ նմուշ մը.

«Ես որ մեռնիմ զիս գինիով թաղեցէք,

          Սաղմոսի տեղ կուժ ու գինի երգեցէք,

          Օրն յարութեան թէ որ ուզէք զիս գտնել,

          Գինետան դռան տակը փորեցէք»:

Նկատելի է, թէ ինչպիսի ամբողջական հատուած  մըն է այս գրութիւնը. ան կը յայտնաբերէ բանաստեղծին ամբողջ կենսափիլիսոփայութիւնը, որ հիմնուած  գինիին վրայ եւ նուիրուած է գինիին: Նկատելի է այդ փիլիսոփայութեան մէկ այլ երեսակը եւս, որ է բացարձակ արհամարհանքը կրօնքին հանդէպ. ան ոչ մէկ աղօթք, իմա՝ սաղմոս, կ’ակնկալէ իր դիակին  վերեւ: Զարմանալին այն է, որ Խայամ ենթադրուած էր իսլամ ըլլալ, եւ ահա աստուածաշնչական բնագրի է որ կ’ակնարկէ: Իր քառեակներուն ամբողջութիւնը կարդացողը պիտի նկատէ, որ  օրուան բոլոր կրօնքներն  ու մարգարէներն ալ… ծաղրած է ան՝ դաւանելով ընդամէնը երկու  բացարձակ արժէք՝ կինն ու գինին:

Մեր մէջ քառեակի մեծ վարպետն է միջնադարեան բանաստեղծ  Նահապետ Քուչակը (մօտ. 1490−1592): Թէ Քուչակ որքանո՞վ ժառանգած է  Խայամի գինեմոլութիւնը՝ այնքան ալ բացայայտ չէ,− իսկ թէ կրնկակոխ հետպնդած ու գերազանցած է զայն  կիներու աշխարհին մէջ՝ ստոյգ է. ստորեւ նմուշ մը.

«Այդ քո ստեղծողիդ համար  երբ քայլես, զուներդ[1] մի´ շարժեր.
Այդ քո աչերուդ
խունճերն[2]` շատ մարդու արիւն է խմեր.
Խօ՛շ[3] եար, արեւուդ համար,  որբուկ եմ, զիս մի´ լացներ.
Տղայ եմ,
չեմ ի կենար[4], զիս ի քո կրակդ մի´ ձգեր»:

Իր քառեակներով անուանի է նաեւ Յովհաննէս Թումնեանը: Այստեղ հանդէս կու գայ մեծ մտածողը, հոգեբանը, մահկանացուն՝ կեանքի քաղցր ու լեղին  ճաշակած փիլիսոփան.

«Քուն թէ արթուն` օրիս շատը երազ եղաւ, անցկացաւ,
Երազն էլ, նուրբ ու խուսափուկ,
վռազ[5] եղաւ, անցկացաւ.
Վռազ անցան երազ,
մուրազ[6], ու չհասայ ոչ մէկին,
Կեանքս թեթև տանուլ տուած
գրազ[7] եղաւ, անցկացաւ»։

բ) Երկատող

Սա իր կարգին իր տեղը ունի ոտանաւոր գրողներու շարքէն ներս, շատ տարածուած է արեւելեան գրականութեանց մէջ. օրինակ՝ արաբերէնի:

Մեր մէջ զայն յաջողապէս մշակած է Աւ. Իսահակեանը «Աբու Լալա Մահարի»-ի մէջ.

«Եւ կարաւանը Աբու Լալայի, աղբիւրի նման մեղմ կարկաչելով,

                    Քայլում էր հանգիստ նիրհած գիշերով հնչուն զանգերի անուշ ղօղանջով»:

Այս պարագային տողերը աւելի երկար ու սորուն են, այստեղ՝ քսանոտնեայ:

Նորերէն թուենք Լիւդվիկ Դուրեանը.

«Ասում են, թէ իմ տարիքում սէրն է ծաղկում հազարից մէկ,

                    Անզուսպ եռքից ժայթքած, հանգած լեռն է ժայթքում հազարից մէկ…»:

Ուշադրութիւն. պէտք չէ շփոթել երկտող եզրին հետ, որ պարզապէս շատ կարճ գրութիւն, տոմսակ, նամակ կը նշանակէ:

գ) Եռատող

Յարաբերաբար քիչ մշակուած է իբրեւ ուրոյն սեռ: Շատ աւելի յաճախուած  կը գտնենք հնչեակներու մէջ, ուր վերջին երկու տուները հարկադրաբար եռատող են:

Մեր մէջ սակաւ մշակողներէն յիշենք  Եղիվարդը.

«Օրերն անդարձ,  խոստմնադրուժ ճամբորդներ են,

                    Որոնք նման տերվիշներու բոկոտն անձայն,

                    Ժամանակի անծայր ճամբէն կ’անցնին, կ’երթան…»:

դ) Ութեակ

Զայն մշակած է մասնաւորաբար Եղիշէ Չարենցը:

Ութեակներով գրուած է  նաեւ Ռուսինեանի «Կիլիկիա»-ն:

«Հասակ մը կայ մեր կենաց մէջ,

                   Ուր ամենայն իղձ կ’աւարտի,

                   Հասակ մը, ուր հոգին ի տենչ՝

                   Յիշատակաց իւր կարօտի,

                   Յորժամ քնարն իմ ցրտանայ,

                   Սիրոյն տալով վերջին բարեւ,−

                   Երթամ ննջել  յիմ Կիլիկիա,

                   Աշխարհ, որ ինձ ետուր արեւ»:

Ութեակին յատուկ մշակումի ենթարկուած տեսակը կը կոչուի «պարբերոյթ»:

Հետաքրքրուողները կ’առաքեմ Վարագ Առաքելեանի  համանուն աշխատութեան՝ «Հայերէնի պարբերոյթը» (Երեւան, 1968):

[1] յօնքերդ

[2] նազանք

[3] աղուոր, սիրելի, նազելի

[4] չեմ դիմանար,չեմ  համբերեր

[5] հապճեպ, անկատար

[6] իղձ, ցանկութիւն

[7] գրաւ, պայման

Լիբանան ծնած, հայ գաղթական ծնողներու զաւակ, մասնագիտութեամբ ատամնաբոյժ Արմենակ Եղիայեան 60-ականներէն սկսեալ բեղուն գործունէութիւն ունեցած է սփիւտքահայ եւ յատկապէս լիբանանահայ կրթական եւ մշակութային կեանքին մէջ: Մաս կազմած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան, Լիբանանի Ազգային ուսումնական խորհուրդին, «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի դատակազմին եւ Կիլիկիոյ Աթոռին յառաջացուցած «Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով»-ին: Այս վերջինին պատուէրով պատրաստած է «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյցը»՝ 760 էջ ծաւալով (անտիպ): Հեղինակն է «Մեսրոպեան տառերու ակունքները» աշխատութեան եւ հայկական նախակրթարաններու հայոց լեզուի «Ծիածան» դասագիրքերու շարքին, որ երկու տասնամեակ անընդմէջ կիրարկուեցաւ աւելի քան 10 երկիրներու հայկական համայնքներու վարժարաններուն մէջ: Արեւմտահայերէնի թարգմանած է Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն:
Վերջին տարիները կ’աշխատի «Ուղեցոյց»-ին վրայ, որ կը համատեղէ արեւմտահայերէնի ճամբով՝ այդ լեզուի արդի օգտագործողին առջեւ կուտակուած հարցերը:
Հարիւրաւոր յօդուածներով՝ ընդհանրապէս լեզուական-ուղղախօսական բնոյթի, աշխատակցած է եւ կը շարունակէ աշխատակցիլ սփիւռքահայ մամուլին:

ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ

Your email address will not be published.