Ապրիլեան խոհեր ու անմիտ մտաւորականներ

Մեր ջերմ փափաքն է, որ հետագայ զգաստութեան հրաւէրը հասնի բոլոր «մտաւորականներուն», այսինքն՝ «մտաւորականութիւն խաղցողներուն»: Բնականօրէն ան չէ ուղղուած իրա՛ւ մտաւորականութեան, որ դրական դեր կը խաղայ հանրային խօսոյթի ձեւաւորման եւ ընդհանրապէս ակադեմական աշխատանքներու մէջ։

Նաեւ՝ հայրենի «մտաւորականութեան» մասին գրուած այս յօդուածը հարազատօրէն կը ցոլացնէ սփիւռքահայ «մտաւորականութիւնը»: Կասկած չունի՛նք:

        «Խմբ.»

Հայաստանի մէջ օրէ օր կ՚աճի ներքին լարուածութիւնը։ Ազրպէյճանի հետ սահմանազատումի եւ գիւղեր յանձնելու հարցը աւելի կը սրէ իրավիճակը։ Ստեղծուած կացութեան մէջ, երբ պարզ մարդոց շատերը չեն գիտեր, թէ ի՞նչ կը կատարուի եւ ընդհանրապէս արդէն հաւատք չեն ընծայեր քաղաքական գործիչներուն, անդին մտաւորականները կը մնան լուռ։ Հանրապետութեան մէջ կան շատեր, որոնք յաւակնութիւն ունին մտաւորական կոչուելու, թէեւ 1991-էն ասդին կարելի է նշել դէպքեր, երբ «մտաւորականութիւնը» որեւէ պարագայի լուրջ կեցուածք արտայայտած կամ գործ կատարած ըլլայ: Մինչդեռ մեծ է անոր կարիքը:

Այս ծիրէն ներս, շատ զարմանալի է, թէ ո՞ւր կորսուած են այն հարիւրաւոր գրողները, երգիչները, երաժիշտները, նկարիչները, գիտնականները, մէկ խօսքով այն բոլորը, որոնց խօսքն ու գործը պէտք է ըլլայ առօրեայէն վեր, իսկ սկզբունքները՝ արդարութեան ու բարոյականութեան հորիզոնները:

Բացառիկ լռութիւն ու խլութիւն կը տիրէ: «Մտաւորականներուն» տեսանելի հատուածին մեծ մասը անպիտան ստորագրահաւաքներու տակ ստորագրելէ անդին ոչ մէկ քայլ կ՚առնէ: Երգիչներու եւ դերասաններու մեծ մասը մեկնած է Միացեալ Նահանգներ: Մէկ խօսքով, ոչի՛նչ կը կատարուի: «Վաստակաւոր գործիչի» կոչում ստացած «մտաւորականները» ժողովուրդը ձգած են անտէրութեան մէջ, բայց իրենց որ հարցնես, իրենք անընդհատ պայքարի մէջ կը գտնուին:

Ի հակադրութիւն այսօրուան այդ նեխած իրականութեան, 1900-ականներուն, մենք իրօք ունէինք մտաւորականութիւն: Ոչ թէ պարզապէս պալատական երգիչներ, որոնք պատրաստ են յանուն պատիւի ու գումարի երգել ու խօսիլ, գրել միայն պատուէրով։ Մենք ունէինք մտաւորականներ, որոնք ուղղակի գրել-արտասանելով չէին զբաղած, այլ կը բաժնէին ժողովուրդին ճակատագիրը եւ իրենք զիրենք կը նկատէին պատասխանատու անոր։ Կը զբաղէին անոր հոգերով ու չէին մեկուսանար հասարակ մարդոցմէ։ Տակաւին, այդ ժամանակուան մտաւորականներու խօսքը եւս դաստիարակիչ էր, ուղղուած ո՛չ միայն հարուստներուն, այլեւ՝ պարզ ժողովուրդին: Ուստի զարմանալի չէ, որ պարզապէս այդ ոսկեայ սերուցքը դարձաւ դասական եւ օրինակելի:

Պատմութեան քիչ թէ շատ ծանօթ մարդիկ գիտեն, որ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչները նախ եւ առաջ մեկուսացուցին մտաւորականութիւնը, որովհետեւ շատ լաւ գիտէին այդ կիրթ ու ուսեալ մարդոց ներկայութեան արժէքը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Կը հասկնային, որ Ռուբէն Սեւակը, Սիամանթոն, Վարուժանը եւ դեռ բազմաթիւ մտաւորականներ աւելի վտանգաւոր կրնային ըլլալ քան հարիւր հազարնոց զինուած բանակ մը: Որովհետեւ այդ մարդիկը ժողովուրդին խօսքն ու միտքը կը սրէին, զայն արթուն կը պահէին, հետեւաբար նաեւ մտաւորականութեան հասցուած հարուածը բնորոշուեցաւ որպէս «ժողովրուդին գլխատումը», իսկ անգլուխ ժողովուրդ ոչնչացնելը շատ դիւրին պիտի ըլլար: Մտաւորականները նաեւ զէնքը ձեռքներին կը պայքարէին թշնամիին դէմ, ինչպէս օրինակ նկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանը կը կռուէր Վանի մէջ:

Նոյնն էր պարագան արեւելեան Հայաստանի մէջ: «Վերնատան» հիմնադիր Յովհաննէս Թումանեանը, որ ժողովուրդին մեծ յարգանքը կը վայելէր, երբե՛ք մէկ կողմ չքաշուեցաւ ու իր դժբախտութիւններուն համար չմեղադրեց մէկը ու չհայհոյեց մէկուն: Թումանեանի մասին շատ բան կարելի է պատմել: Օրինակ, 1905-1907 թուականներու հայ-թաթարական բախումներուն ժամանակ, միայն իր հեղինակութեան շնորհիւ կրցաւ բազմաթիւ գիւղերու մէջ կռիւները դադրեցնել: Պատերազմի ժամանակ մէկ վայրկեան իսկ չդադրեցուց իր հասարակական գործունէութիւնը: Երբ երկրին մէջ քոլերայի ու տիֆի համաճարակ բռնկած էր, Թումանեան ամէն օր Էջմիածին կը գտնուէր սպանդէն փրկուած անօգնական որբ երեխաները խնամելով։ Արդեօք կա՞յ այսօր նման մէկը:

Եւ ո՛չ միայն Թումանեանը։ Բազմաթիւ էին իրա՛ւ մտւորականները, որոնք մէկ կողմ դրած էին ամէն բան եւ մեծագոյն նուիրումով կը ծառայէին այն ժողովուրդին, որուն հանդէպ պարտաւորութիւններ ունէին:
Մտաւորականութեան դերին կարեւորութիւնը շատ լաւ ըմբռնեց նաեւ բոլշեւիկեան կուսակցութիւնը ու նոյնինքն այդ պատճառով ալ ժողովուրդը գլխատելու փորձ տեղի ունեցաւ նաեւ արեւելեան Հայաստանի մէջ, երբ յատկապէս 1920-40-ական թուականներուն, հազարաւոր կիրթ եւ գրագէտ անձնաւորութիւններ գնդակահարեցին, աքսորեցին ու սպանեցին, որմէ ետք ժողովուրդը ինկաւ կուսակցականացուած գրչակ-երգիչ-խմբագիրներու ձեռքը, որոնք կը «դաստիարակուէին» յանուն Լենինի ու Սթալինի՝ անոնցմէ դուրս քամելով իմացական եւ ազնուական միտքը, թողելով միայն զուարճասէր եւ քէֆ սիրող տրամադրութիւններ:

Թերեւս ճիշդ այդ է պատճառը, որ 1900-1950 թուականներուն արեւելեան ու արեւմտեան Հայաստանի մտաւորականութեան ջարդով «կարմիր» ու «երիտասարդ» թշնամիները ժողովուրդին աւիշը ծծեցին ու թողեցին այն անարիւն զանգուածը, որ բացի փողոցային անմակարդակ վնգոցներէն, ոչինչ տալու ունակ է:
Թերեւս նաեւ այդ է պատճառը, որ այսօր Հայաստանի մէջ գոյութիւն չունի մտաւորականութիւն: Հաւանօրէն կան խիստ սահմանափակ թիւով անհատ ստողծագործողներ ու գիտնականներ, բայց անոնք կամ շատ քիչ են, որ մտաւորական խաւ կազմեն, կամ ալ այլեւս ուժ չունին: Զարմանալին այն է, որ անընդհատ զանազան մրցանակաբաշխութիւնները, փառատօներ տեղի կ՚ունենան։ Անծանօթ մարդիկ կը ստանան մրցանակներ, վկայագրեր ու հաւաստագրեր ու անհետ կը կորչին, մինչեւ յաջորդ տարուան մրցանակաբաշխութիւններ, որոնք յաճախ այնքա՛ն մեծ ու փքուն անուններ ունին, որ կը թուի, թէ ամբողջ տիեզերքը կը մասնակցի այդ կրկէսներուն: Մրցանակ շահողները ընդհանրապէս որեւէ ձեւով կապ չունին մարդ կոփելու աշխատանքին եւ չեն ալ կրնար, որովհետեւ իւրաքանչիւրը զբաղած է իր անձին ու իր անունին սպասարկելով, ծափ տալով հոն, ուր այդ պէտք է, եւ լռելով հոն, ուր կը վախնայ խօսելէ։

Մեր «մտաւորականները» երբե՛ք չես տեսներ գիւղացիի կողքին, չես տեսներ զայն փողոցը բանուորի մը ու աղբահաւաքի մը կամ վաճառողի մը հետ: Չես հանդիպիր իրեն ճշմարտութեան պայքարի մէջ՝ յանուն ճշմարտութեան: Նիցչէն, ակնարկելով նման մարդոց, կ՚ըսէր. «Ի՞նչ, մեծ մա՞րդ։ Ես շարունակ միայն կը տեսնեմ իր իտէալը կապկող դերասանը» (What? A great man? I always see 1 only the actor of his own ideal)։ Եւ դժբախտաբար Հայաստան այժմ լեցուած է մեծ յաւակնութիւն ունեցող փոքր մարդոցմով, որոնք փառք ու ոսկի կը փորձեն ստեղծել դժբախտութիւններու պահուն: Կը բաւէ որ դժբախտ դէպք մը պատահի, զինուոր մը նահատակուի կամ այլ բան մը, ընկերային ցանցերու մէջ այդ մանածագործ սարդերը յուզումնալից հրապարակումներ կը կատարեն, բանաստեղծութիւններ կը գրեն եւ իրենց փոքրաթիւ ունկնդիրներուն հետ առցանց ողբ կը կազմակերպեն, յետոյ կը կորսուին։ «Բաւական է բողոքել»,- խորհուրդ կու տան ամէն կողմէ, բայց մինչեւ ե՞րբ ծածկենք մեր կեղտերը։

Մշակութային այս խաչագողերը խիստ վիրաւորուած են, որ տակաւին «տիեզերական վարդապետի» կոչում չեն ստացած ու հաւատաքննիչի դաժանութեամբ կը յարձակին որեւէ մէկուն վրայ, որ իրենց գործերը չի հաւնիր: Միաժամանակ այնքան մեծամիտ են, որ իրենք զիրենք կը համեմատեն ամէնէն մեծերուն։ Ահա այս է մեր «անմիտ մտաւորականութիւնը», որ կը յաւակնի դաստիարակելու ժողովուրդը: Ամենէն սարսափելին անշուշտ այն է, որ նոյնիսկ կիսագրագէտ պլոկըրներ (bloggers), որոնք իրենք զիրենք համոզած են, թէ իրենք ամենագէտ են ու կրնան ժողովուրդ շարժել: Եւ երբ զիրենք լսող չեն գտներ, կը կատղին ու կը հայհոյեն, որ ժողովուրդը անմակարդակ է ու ապուշ:

Ինչպիսի դժբախտութիւն է, որ այս է մեր մտաւորականութիւնը՝ անգրագէտ, լկտի, տգէտ, կռուարար, յաւակնոտ եւ մեծաբերան։ Եւ անոնց ձեռքը գերի ինկած ժողովուրդին աքացի տալով՝ զայն կը խրեն նորաստեղծ ուղղութիւններու (trends) ճահիճին մէջ. խեղճ ժողովուրդին միտքն ու հոգին դարձած է գործիք անոնց ձեռքին մէջ։ Ու քանի որ անոնք չունին կարողութիւնը բարձրանալու վեր, ստիպուած ժողովուրդին մակարդակը կ՚իջեցնեն վար՝ որքան կարելի է, որ քննադատութիւն չլսեն, բողոքող չըլլայ, կարծիք չստեղծուի, այլ՝ մշակութային պարապ մը, ուր ով ինչ ընէ՝ լաւ է ու մրցանակը՝ ապահոված։

Նար-դոս իր «Տանտիրոջս աղջիկը» գործին մէջ՝ վերլուծելով այլասերած բարքերը, այսպէս կ’աւարտէ զայն՝ «Եւ մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այս սոսկալի երեւոյթը:

Մինչեւ ե՞րբ: Մինչեւ որ, ինչպէս երէկ էլ ասացի, մի նոր ջրհեղեղ գայ եւ սրբի տանի քո գիժ-կեկելների, քո այանների ու աբլաների ամբողջ սերունդը իր բարքերով, սովորութիւններով, նախապաշարումներով, իր աղօթքներով ու անէծքներով եւ այն տեսարաններով, որոնցից մէկին ես ու դու հանդիսատես եղանք երէկ երեկոյ հէնց այս փողոցում եւ այժմ՝ գրբացի բակում։
– Իսկ մինչ ա՞յդ։
Իսկ մինչ այդ ես ու դու ի զուր կը նստենք չանա թակելու։ Աշխարհասասան մի կատաստրոֆ, որ քար քարի վրայ չթողնի,- ահա թէ ինչ է հարկաւոր:
Ինձ ուրիշ բան չէր մնում ասելու, եթէ ոչ համաձայնելու բարեկամիս եզրակացութեանը»:

 

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x