Ճանապարհի բեմ՝ ձայն եւ տեսարան – 4

Չորրորդ ներկայացումն է արդէն, սիրելի՛ ընթերցող։ Նոյն ձեւով պիտի սկսիմ, բայց նոյն  ձեւով պիտի չաւարտեմ։ Առաջին տեսարանը Հալէպի հսկայ բեմին վրայ պիտի կատարուի, իսկ երկրորդ  ու վերջին տեսարանը պիտի ներկայացնեմ Շուէտի բեմէն։ Շատ չերկարեմ, ու եկէք սկսինք․ վարագոյրը բաց է։

Ճանապարհի բեմ՝ տեսարան ու ձայն – 2

Ըստ «հայկական ժամադրութեան», այսինքն՝ ոչ ճիշդ ժամին, կրկին անգամ, սիրելի՛ ընթերցող, եկուր միասին վարագոյրը բարձրացնենք Հալէպ կոչուած մեր հրաշալի բեմին, ուր ես եւ դուն շատ յաճախ եւ՛ դերասան եղած ենք, եւ՛ հանդիսատես։

Ճանապարհի բեմ՝ ձայն ու տեսարան թիւ 1

...Մրցումը կը շարունակուի մինչեւ նոյն մարդուն յաջորդ սխալը, «զանգակներ-զանգակներ», «հաւ-հաւ-հաւկիթներ», ծափեր, սուլիչ, գնդակ ու ներքին անհասկնալի պայքար, որուն հետ կ՛աւարտեմ տեսարանս ու դանդաղ կ՛իջեցնեմ վարագոյրը այս մեծ ու իրական թատրոնին...

Ես եւ թեթաս՝ մաշթալի ճամբան

...Այսօր այստեղէն՝ Շուէտէն, ուր կան աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ ու հրաշալի անտառները, պարտէզները եւ այգիները, կարօտով կը յիշեմ մաշթալը եւ այդ ուժեղ եւ նոյն ժամանակ փափուկ ու մեղմ ձեռքը, որ սահմանագծելով մանկական խենթ ազատութիւնս՝ սէր, վստահութիւն, կայունութիւն ու կազմակերպուածութիւն կը պարգեւէր ինծի։

Ես եւ հայրս` շուկայի ճամբան

«Ինչքա՞ն եղաւ հաշիւը», պապաս կը հարցնէ։  Համոն ժպտալով ու խանդավառութեամբ կլոր թիւ մը կ՛ըսէ, առանց մանրամասնելու։ Հայրիկս կը վճարէ գումարը ու կ՛աւարտէ ամէն անգամուան նախադասութեամբ․ «Մնացածը տուր չոճուխին․․․»:

Համեմունքներ՝ Տա’այի ճամբան

...ըստ աւանդութեան բերնով տոպրակը վարէն կը ծակեմ, ու տղաքը ամէն մէկը ափը կը բանայ, ու ես կը սկսիմ քիչ-քիչ լեցնել։ Ամէն մարդ շատ զգոյշ ափը կը մօտեցնէ բերնին ու լեզուով կը համտեսէ։ Լռութիւն. համեմունքները արդէն իրենց խաղը կը խաղան տղոց գլուխներուն մէջ։

«ՀՄԸՄ պարտէզ»ին ճամբաներով

Երեւի գաղտնիք մը չէ եթէ ըսեմ, որ ֆութպոլի դաշտը ուղղանկիւն պէտք է ըլլայ, սակայն մեր դաշտը այդպէս չէ. աւելի ճիշդ՝ մէկ կողմը ուղղանկիւն է, իսկ միւս կողմը՝ սենեակներ, դռներ, պատուհաններ, ջուրի ծորակ, է՛հ, եւայլն․․․

Քարթաբաշխումի ճամբան

Կոկիկ, սիրուն զարդարուած քարթ մը, որ ազգային խորհրդանիշներու կողքին անպայման կ’ընդգրկէր տուեալ միութեան խորհրդանիշը եւ շնորհաւորական խօսքեր։ Ու բանակ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, փողոցները ինկած, տունէ տուն տուեալ միութեան անունով կը շնորհաւորեն Նոր տարին և Սուրբ ծնունդը։

Ժողովի ճամբան

Սիրելի ընթերցող, ինքս եղած եմ թէ այդ խմբապետին տեղը, թէ այդ դասախօսութիւն չպատրաստողին տեղը, թէ շրջիկ դասախօսը եւ շատ յաճախ ալ պատժուողն ու պատժողը։ Տեղ-տեղ մանկական քաղցրութիւն կար, տեղ-տեղ ալ՝ խայթոց ու կռիւ, բայց, ի վերջոյ, այդ ժողովներէն սերունդներ կերտուեցան ու պատմութիւն գրուեցաւ։

Շատ կարճ ճամբայ 2. վերելակէն պատշգամ

«Արամ Մանուկեան» շէնք կամ «Արամ Մանուկեան կեդրոն» կամ ճամբաներու խիտ խաչմերուկ․․․Շատ մարդոց ճամբաները այստեղ հանդիպած են ու /կամ բաժնուած։ Այս կառոյցը եթէ լեզու ունենար ու խօսելու կարողութիւն՝ ինչեր ու ինչեր պիտի պատմէր։

Փողոցս․․․ Հալէպ

Ասի իմ տարածքս էր ու իմ սիրելի փողոցը, որտեղ իսկապէս ամէն քայլի հետ ազատութիւն և ապահովութիւն կը զգայի, նոր բան կը սորվէի, նոր հայհոյանք կը լսէի ու կ’ըսէի որ «ասի իմ փողոցս է»։ Այսօր ապահով Եւրոպայի մէջ դժբախտաբար փողոց չունիմ։ Ազատ եւ ապահով կը քալեմ, այո, բայց իմ փողոցիս զգացումը չ’ունիմ։ Չեմ կրնար ըսել․ «ասիկա իմ փողոցս է, իմ փողոցս»։…