Վստահ չեմ, որ մենք պատրաստ ենք խաղաղութեան: Մենք այնքա՛ն երկար պատերազմի հոտ շնչած ենք, որ նոյնիսկ վարդերը մեզի համար վառօդ կը բուրեն:
Մշակութային այս խաչագողերը խիստ վիրաւորուած են, որ տակաւին «տիեզերական վարդապետի» կոչում չեն ստացած ու հաւատաքննիչի դաժանութեամբ կը յարձակին որեւէ մէկուն վրայ, որ իրենց գործերը չի հաւնիր:
Ենթադրենք, թէ զիջում կատարեցինք ու խաղաղութիւն շահեցանք, թէեւ աշխարհի մէջ չկայ ոչ մէկ պարագայ, որ երբ ոեւէ մէկը զիջում կատարէ ու անկէ բան մը շահի:
Մէկ կողմ ձգելով այդ հանդիսութեան ամբողջ կեղծիքը եւ յուզումնալից, տպաւորիչ, բայց անօգուտ ճառերը, հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ շնորհեցին եւ ինչու՞ համար:
Իրականութեան ընդունումը այնպէս, ինչպէս կայ՝ դժուար է: Դժուար է թէ՛ մէկ անձի, թէ՛ ամբողջ հասարակութեան մը համար:
Վերջերս, Հայաստանի մէջ յաճախ կը լսենք այնպիսի միտք մը, թէ «հնդիկները կու գան, կը լեցուին եւ կը գրաւեն մեր երկիրը»:
AI-ը` Արուեստական Բանականութիւնը (ԱԲ) արդէն իսկ իր հաստատ տեղը գրաւած է ժամանակակից աշխարհին մէջ: Անոր ներկայութիւնն ու կիրարկութիւնը զգալի են բազմաթիւ մարզերու մէջ՝ բժշկութենէն մինչեւ արուեստ եւ գիտութիւն:
Եթէ հայերը կրկին հեթանոս դառնան, ապա դիցարանին մէջ միայն քանի մը աստուած պիտի ըլլան` Ինքնախաբէութեան, Մեծամտութեան, Միամտութեան եւ Համբերութեան աստուածները: Այս պարագային, ամբողջովին բնական ու հասկնալի կը դառնայ այն բոլորը, որ այսօր կը կատարուի Հայաստանի մէջ:
Ի վերջոյ, Նոր տարին նորութեան ու թարմութեան իմաստը ունի: Ան նորութեան եւ փոփոխութեան խորհրդանիշ է, այլապէս իսկապէս թուականի փոփոխութիւնները անիմաստ կը դառնան:
Երեք ամիս ալ չէ անցած այն օրէն, երբ տեղի ունեցաւ Արցախի հայերուն բռնագաղթը, բայց ատրպէյճանցիները ամէն կերպով կը փորձեն հայերէն խլել նաեւ պատմական յիշողութիւնը, ջնջել հայերու հետքերն իսկ:
Շրջեցէ՛ք Երեւանի կամ հանրապետութեան այլ քաղաքի մը փողոցներով: Վաճառատուներու, կրպակներու եւ վաճառքի այլ վայրերու անուններուն տասէն եօթն օտարատառ է ու օտարալեզու, հինգէն երեքը՝ հայատառ, բայց ոչ հայաշունչ, այսինքն անգլերէն բառերը գրուած են հայատառ` աւելի նողկալի տպաւորութիւն յառաջացնելով:
Նոյնիսկ այս օրերուն, երբ Հայաստանի մէջ գիտական միտքը պէտք էր հրաբուխի լաւայի պէս եռար` հասկանալու համար, թէ ի վերջոյ ո՞րն է մեր ուղին, ի՞նչ է մեր նպատակը՝ մենք գիտական առումով արձակուրդի մէջ կը գտնուինք:
Հայ իրականութեան բնորոշ ամէնէն յայտնի արտայայտութիւններէն մէկը (եւ ոչ միայն հայ, բայց հայերու մօտ աւելի շեշտուած) անցեալի գովերգութիւնն է ու անցեալի գունազարդումը: Հաւանաբար շատերուն ծանօթ է «առաջ աւելի լաւ էր» արտայայտութիւնը, որ զուգահեռ կ'ընթանայ անցեալի որոշ ժամանակաշրջան մը իտէալականացնելու մղումին:
Ներկայիս հայ քաղաքական միտքը բացայայտօրէն կ'ապրի կողմնորոշուելու անորոշութիւն մը: Այս օրերուն, «ռուսամէտ» եւ «արեւմտամէտ» հոսանքները դուրս եկած են քաղաքական շրջանակներէն եւ բաւական կարծրացած են հասարակական կեանքին մէջ, երբ պետական մակարդակի վրայ քննուելիք հարցերը անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ կը կ'արծարծուին «ռուսամէտ» կամ «արեւմտամէտ» տրամաբանութեամբ:
Արցախը պիտի ցոյց տայ, թէ մենք որքանո՞վ հաստատուած ու յառաջացած են որպէս հասարակութիւն եւ պետութիւն:
Հասարակութեան մը համար ամէնէն վտանգաւորը ոչ թէ տնտեսական կամ զինուորական հարցերն են (անոնք հետեւանքներ են), այլ ընդհանրապէս հարցերուն նայելու միակողմանիութիւնը:
Մէկ կողմէ միջին հայը կ'երազէ կայսրութեան մասին, իսկ միւս կողմէ ան չի կրնար իր սեփական տարրական հարցերը լուծել: Որքանո՞վ իրապաշտ է այս զուգորդութիւնը:
Ըլլայ հասարակական կազմակերպութիւն, թէ քաղաքական կուսակցութիւն, Հայաստանի մէջ գոյութիւն չունի խումբերու համակեցութիւն եւ խմբային համընդհանուր տրամաբանութիւն յանուն ընդհանուր մէկ շահի, որովհետեւ գիտակցուած ու սահմանուած չեն ո՛չ տուեալ խումբին, ո՛չ ալ հասարակութեան համընդհանուր շահերը:
Ազրպէյճանցիներուն կողմէ վերջերս անհիմն փորձ կը կատարուի իւրացնելու տարածաշրջանին քանի մը հազարամեայ պատմութիւնը: Անոնք նաեւ փորձ կը կատարեն սեփականացնելու Աղուանք (Ալպանիա) անունը եւ զայն կը փորձեն «թարգմանել» որպէս Ազրպէյճան:
Այսօր հայ դեռահասները Superman-ի եւ այլ super-ներու մասին տասնեակ անգամներ աւելի շատ բան գիտեն, քան Սասունցի Դաւիթի:
Ի՞նչ նկատի ունինք աւանդական հայ ըսելով: Ո՞ր տարածաշրջանը եւ ժամանակաշրջանը կը համապատասխանէ աւանդական հայու կերպարին: Սա շատ կարեւոր է հասկնալը, քանի որ վտանգ կայ աւանդական հայ ըսելով ձեւաւորել ինչ-որ կաղապարուած ու կեղծ կերպար:
Ազգային գաղափարախօսութիւնը կամ այն, որ կը միաւորէ հասարակութիւնը, կը գտնուի անոր ինքնագիտակցութեան հիմքերուն մէջ: Եթէ կայ այդ երեւոյթը, այդ գիտակցումը, ապա կարելի կը դառնայ նաեւ միասնականութիւնը, այլապէս՝ ոչ: