«Միսը Ձեզի, Ոսկորը Ինծի» (2)

February 25, 2024
Ֆարհաթ հրապարակը եւ դպրոցի օթոքարները

2004 թուականին Ազգային Հայկազեան Վարժարանի մանչերու բաժինը միանգամընդմիշտ փակեց իր դռները, եւ անոր աշակերտութիւնը ամբողջութեամբ տեղափոխուեցաւ աղջկանց բաժին, որ ատենօք կը գործէր Թիլելի Ֆարհաթ հրապարակէն քայլեր անդին:

Շաբաթը եօթը օր նորօք փակեալ դպրոցը յաճախելէ ետք, կարծեմ անգամ մըն ալ չգացի հոն: Շաբթուան առաջին վեց օրերը որպէս աշակերտ կը յաճախէի այնտեղ, եօթերորդ օրն ալ «հանգիստ»-ի փոխարէն որպէս ՀՄԸՄ-ական գայլիկ կը մտնէի այդ դարպասէն ներս: Վտիտ մարմնիս անհամաչափ այդ խոշոր գլուխէս վար, կը կապուէր դեղին փողկապս, որ ծոծրակիս վրայ եռանկիւն մը կազմած առջեւ կու գար երկու թեւերով մինչեւ վերջին կոճակը փակուած կապոյտ շապիկիս վրայ: Այդպէս կը դառնայի «տիպար» գայլիկ մը, որուն համար «ասկէ աղուոր բան չկար»…

Կարծեմ շատ չէի հասկցած սկաուտութիւնը ինչի մասին էր օրին:

Շատ ալ սիրելով չէի երթար, հակառակ անոր որ այնտեղ յաճախել սիրցնող մարդիկ կային (ինչպէս եղբայր Հրանտ Սանոսեանը եւ քոյր Կասիա Կարապետեանը), բայց կ’ենթադրեմ որդեգրած կեցուածքս այն պատճառով էր, որ իմ միա՛կ արձակուրդի օրը, երբ կրնաս ուշ արթննալ, այս սկաուտութիւնը կը խլէր ինձմէ: Այդ միջավայրէն աւելի խրտչեցայ, երբ օր մը ինձմէ խնդրեցին անոր նշանակը ճիշդ գոյներով ներկել, եւ ես կարմիր-կապոյտ-նարնջագոյնով ներկեցի անոր բաժինները յաջորդաբար՝ վերէն վար: Թէեւ աչքիս լաւ չերեւցան գոյներուն տեղերը, ստացուած պատկերը, սակայն հայկական ինքնութիւն ունեցող այս միութեան նշանակը Հայաստանի գոյներով պէտք չէ՞ ներկուած ըլլայ, ինչպէ՛ս գոյներու ուրիշ կարգ կրնայ ունենալ…

Նիշ չտուին: Ըսին, թէ ճիշդ չեմ գունաւորած եւ ես, խռովայոյզ, կեցուածք որդեգրեցի ու անգամ մըն ալ չուզեցի երթալ սկաուտական հաւաքներու:

Այդ դէպքը կարծեմ հոնկէ խուսափելու յարմարագոյն պատրուակս էր:

Անգամ մըն ալ չմտայ այդ դպրոցէն ներս:

***

Ֆարհաթ հրապարակէն դէպի մեր նոր դպրոցը տանող ճամբան քալելով պէտք էր երթալ, որովհետեւ Հալէպի հին քաղաքի քարապատ, գեղեցիկ եւ նեղ արահետներէն մէկն էր, որուն ձախ կողմի պատէն մագլցելով՝ մեր կողմ վար իջած էին դամասկոսեան բուրումնաւէտ յասմիկներ:

Դպրոց տանող ճամբան

Կարելի չէր այնտեղ ինքնաշարժներով մտնել: Օթոքարները կը կենային հրապարակ եւ մենք անոնցմէ իջնելով, կենդանութեամբ կը լեցնէինք հազարամեայ այդ քարաշէն ճամբան: Մեր դոփիւնի արձագանգները կը ձգէինք անոր կամարներուն տակ եւ կ’երթայինք դէպի լոյսը գիտութեան:

Կ’ուղղուէինք դէպի մեր դպրոցին դուռը, որուն մուտքին մի՛շտ նստած կ’ըլլար պարոն Խաչիկը՝ կամ բոլորին ծանօթ «Խաչօ»-ն:

Խաչոյէն անդին ճամբան կը շարունակուէր, բայց աշակերտներուս համար անկէ անդին տարածքը առեղծուած մը կը մնար, որովհետեւ Խաչօն թոյլ չէր տար աշակերտներուն իր աթոռով գծուած սահմանէն անդին անցնիլ:

Պարոն Խաչիկը դպրոցի հայրիկն էր, անոր դռնապանը, կառոյցի շինարարական եւ սուրհանդակային գործերու առաջին դէմքը եւ նուիրեալը, շէնքին մէջ կատարուած աշխատնքներու ու նորոգութիւններու արթուն պահակը:

Գորշ մորթագոյն ժագէթէն միշտ դուրս կը մնար իր ցցուն որովայնը, որ յաւելեալ հարազատութիւն մը կը հաղորդէր իր բարի նկարագրին: Անոր առնական դէմքին վրայ ժպիտը որեւէ պահու այցելու կրնար ըլլալ, այդ իսկ պատճառով ալ աշակերտներս զինք դասեր էինք «բարի» հայրիկ-մայրիկներու շարքին: Անոր ձայնին մէջ բարակութեան նրբերանգ մը կար, որ վստահելի անձ մը կը դարձնէր զինք աշակերտներուս համար: Որքան ալ ձայնը բարձրանար, կամ դառնար թաւ՝ միշտ ալ խրատական ոճով կը տարազուէր ու կը շարունակէր հանգստութիւն տալ մեզի: Իմ պարագայիս, ա՛լ աւելի նուրբ կէտ մը կար, որով ամբողջական կը դառնայ աշակերտի մը համար այս սերտ կապը: Կապը պաշտօնի մը հետ, որ շատերու կողմէ միշտ ալ իր արժանի գնահատանքը չի ստանար:

Հայրս ամէն դպրոց հանդիպելուն բարեկամական, ընկերային պզտիկ զրոյցներ կ’ունենար Խաչոյին հետ եւ այդ մէկը յաճախ կ’ըլլար արաբերէն լեզուով: Եւ այդ արաբերէն երկխօսութիւնը ինքնին յաւելեալ մտերմութիւն մը կը սեպուէր ինծի համար, յատուկ գուրգուրանք ու շոյանք մը, որովհետեւ իւրաքանչիւրը կը խօսէր ի՛ր բառերով, անկախ միջավայրի ու պաշտօնի ազդեցութենէն եւ այդ կը դառնար հարազատութեան յաւելեալ ազդակ մը:

Մեզի համար դպրոցը կը սկսէր պարոն Խաչիկին քովէն, ո՛չ միայն կառոյցի մուտքին առումով, այլ նաեւ կրթական համակարգի որպէս արժէք:

Դպրոցի ճամբան եւ Խաչօն

***

Այստեղ դպրոցը երեք յարկանի շէնք մըն է: Ա. եւ Բ. կարգերը առաջին յարկն էին՝ տնօրէնութեան եւ մայրիկներու սենեակներուն հետ միասին: Գ., Դ. եւ Ե. կարգերու մեծամասնութիւնը երկրորդ յարկի վրայ՝ ուսուցչարանին երկու կողմերը բաժնուած էին, իսկ երրորդ յարկը ընդհանրապէս Զ. կարգի աշակերտներուն էր, բացի Ե. կարգի մէկ բաժինէն (երբ Ե. կարգ էի, այդ բաժինը եղայ):

Դպրոցը ունէր երկու բակ. մէկը գետնայարկի շրջափակն էր, որուն հարաւային կողմը դուռով մը կը բաժնուէր Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցիէն: Շրջափակի արեւելեան կողմի դուռէն կարելի էր «Ահարոնեան» սրահ անցնիլ եւ այդ դռան վերը՝ առաջին յարկի վրայ, պետական տնօրէնին պատշգամն էր: Չարաճճիութիւն մը չըրած, աչք մը կը նետէինք այդ պատշգամին վրայ, ստուգելու համար «խնդրոյ առարկայ»-ին բացակայ ըլլալը:

Այս շրջափակի մուտքի դուռին մէկ կողմը, մարդու միջին հասակի բարձրութեան վրայ, պատէն ցցուած երկար երկաթի մը եզրէն կախուած էր դպրոցի զանգակը, որուն լեզուակի յարակրկնուող հարուածներուն շնորհիւ, վերջ կը տրուէր զբօսանքի խառնիճաղանճին:

Երկրորդ դասարան էի, եւ առաջին չորս կարգերը, մենք անոնցմէ մէկը ըլլալով, իրենց զբօսանքը կ’անցընէին գետնայարկի շրջափակէն ներս:

Ազգային Հայկազեան Վարժարանի մուտքը

Իւրաքանչիւրիս մէջ երազ մըն էր սակայն երրորդ յարկի բակը, որ տրամադրուած էր մենաշնորհեալ Ե. եւ Զ. կարգերուն: Այս մարդիկը ո՛չ միայն յատուկ բակ ունէին, այլ նաեւ իրենց յատուկ դպրոցական տարազ, որ բոլորովին տարբեր էր իր ձեւով: «Ստորներս» գոգնոց կը հագնէինք, իսկ դպրոցի այդ «մեծամեծները»՝ գազակ կամ շապիկ: Մենք մատիտով կը գրէինք, իրենք՝ գրիչով: Դպրոցի մէջ խօսքը իրենցն էր, բայց դպրոցէն դուրս ալ, օթոքարներուն մէջ՝ տեղեր գրաւելու նենգամտութեամբ, անոնք կ’օգտագործէին աւելի կանուխ աշխարհ գալու իրենց պայմանադրական պարագան…

Բայց մենք անթեք կերպով կը շարունակենք մեր ճամբան:

Կը սորվինք մեր դասանիւթերը, կը յաջողինք տարուան աւարտին եւ կը բարձրանանք կարգով ու յարկով այս դպրոցին մէջ: Միշտ ի մտի ունենալով, որ մենք ալ երբ գոնէ հինգերորդ կարգ ըլլանք, պիտի ըլլանք «մեծերը» այս դպրոցին եւ ոչ թէ «միւսները» անոր…

Պէյրութ, 24 Փետրուար 2024

5
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x