Կաղանդ է, այսօր ալ ի՛մ ուզածը թող ըլլայ…

January 16, 2024

Բարեւ,

Ես եմ նորէն. Քրիստը:

Բայց ոչ ձեր հիմակուան գիտցած իր քսաններուն երկրորդ կէսը ապրող երիտասարդը։

Ես դպրոցական, միջնակարգ դասարանի Քրիստն եմ։

Կը ներէք որ քիչ մը ուշացումով կը գրեմ: Երկրորդ հազարամեակի առաջին տասնամեակին գրելու ձիրքս տակաւին այդքան չէր զարգացած, սակայն այդ ժամանակուան պատկերները այնպէս մը կը յիշեմ, կարծէք այսօր ըլլան:

Եկած եմ հիմա, տօնական օրերուն, քիչ մը իմ մասին ձեզի պատմելու: Ցոյց տալու, թէ ինչ կը տեսնեմ իմ աչքերով, թէ ի՛նչ կ’անցնի ու կը դառնայ քովս, շուրջս ու մտքիս մէջ:

***

Առտու է. արթնցայ: Չեմ հասկնար ինչու, տօնական օրերուն՝ Նոր Տարուան գիշերուան նախօրեակին, տունը նստած միագոյն նիլիով կողքուած տետրակի մը մէջ գրուած հարցումները կը վերաքաղեմ: Տետրակիս վերը կցած եմ պատկերազարդ «Թոմ անտ ճերի»-ի կպչուկ մը՝ վրան գրած անուն-մականունս, դասարանս, բաժանումս եւ դասանիւթի անունը՝ ընկերային գիտութիւններ (իճթիմաաիաթ):

Քննութիւն մը ունիմ յանձնելիք, եւ ես գալիք օրերու քիչ մը ճաշերը, քիչ մըն ալ պահերը երազելով, վերջին հոգս է թէ պատմութեան էջերուն մէջ ճիշդ ո՛ր թուականին, ո՛ր թագաւորը ինչ ըրաւ: Այդ պատմագիրին գիտնալիքն է, իսկ ես իմ գիտցածը գիտեմ եւ ո՛չ պատմագէտ, ու ոչ ալ պատմաբան մը դառնալու մտադիր եմ: Մէկ բանի համար միայն կը սորվիմ այս բոլորը. քանի ծնողքս կ’ըսեն «Դա՛ս է իշթէ, պիտի ընես»:

Ես ալ քիչ թէ շատ բաներ մը կ’ընեմ եւ գիտնալով որ տակաւին քանի մը օր կայ քննութեան՝ տետրակը մէկդի կը նետեմ, մինչեւ որ մէկը գայ եւ ըսէ «դասի՛դ նստիր այլեւս: Վերաքաղէ՛, պիտի բռնեմ»:

Կ’երթամ սենեակս, անգամ մը եւս պահարանին մէջ Քուէյթէն քեռիիս բերած նոր կօշիկներուս նայելու: Ասոնց հագուելու օրը չեկաւ. մամաս ըսաւ, որ դպրոցի Նոր տարիին նոր-նոր կը հագուիմ Ազիզիէի շուկայէն մօրքուրներուս առած տաբատին եւ գազակին հետ:

Դպրոցի Կաղանդը շատ ալ մեծ նշանակութիւն մը չունի ինծի համար, բացի այն իրականութենէն, որ յաւելեալ արձակուրդի օր մըն է:

Մեզի շատ-շատ ճաշարան մը պիտի տանին, պատառ մը դնեն մեր դիմաց, քիչ մը ցատկեցնեն, պարեցնեն, յետոյ տոպրակ մը պիսքուիթ տան եւ անգամ մը եւս դպրոցի օթօքարներով մեզի ետ տուն հասցնեն: Այդքան ալ հաճելի մթնոլորտ մը չէ այնտեղ տիրողը: Դասակարգային բաժանումներով սեղաններ կը տեսնես. շփացածները կողմ մը նստած, ամչկոտները՝ ուրիշ կողմ: Տեղ մը կրակոտ խառնակիչները հաւաքուած՝ վնաս մը հասցնելու ծրագիր կը մշակեն, տեղ մըն ալ աշխատասէր եւ դասէ զատ ուրիշ բան չընող աշակերտներ Կաղանդի եկած՝ դեռ դասի մասին կը խօսին: Մէյ մըն ալ ոչ դիւրահաղորդ ուսուցչուհի մը կ’ելլէ, բարձրախօսը ձեռքը բռնած կը սաստէ, կը պոռայ, իսկ աղմուկը դադար չի ճանչնար. ամէն տեղ է: Ասոր ի՛նչն է հաճելին. Մէկ բան՝ որ դպրոցը չենք…

Կաղանդ պապա մըն ալ կը բերեն, բաւական տարբեր ու այլանդակ այն կաղանդ պապայէն, զոր յաճախ նկարներուն մէջ կը տեսնեմ: Աւելի դրամատան մը կողոպուտի խմբակի պարագլուխին կը նմանի այդ տոպրակը շալակին դրած վիճակին:

Ամէն տարի քիչ թէ շատ այսպէս կը տօնուի դպրոցի Կաղանդը: Դպրոցի գանձած դրամով Կաղանդի սակով ի՛նչ նուէր պիտի գայ որ… Տրամաբանական չէ մեծ-մեծ բաներ ակնկալելը:

Կաղանդ Պապային տարիներ է արդէն չեմ հաւատար, բայց ըսել չէ որ մարդիկ ինծի նուէրներ բերելէ պէտք է դադրին. դեռ պզտիկ եմ, եւ նուէրը տակաւին կ’ուրախացնէ զիս՝ ով ալ ըլլայ բերողը: Ես եկամուտի մասնաւոր աղբիւր մը չունիմ եւ մէկու մը նուէր չեմ կրնար առնել այս տարիքիս, ուստի զիս աւելի կը հետաքրքրէ այս շրջանին նուէր ստանալը:

Հալէպի քաղաքէն ներս եւ դուրս լեցուն ճաշարաններ կան, որոնցմէ իւրաքանչիւրը երգիչ մը եւ նուագախումբ մը հրաւիրեր է Նոր Տարուան գիշերը: Ընկերներէս, ազգականներէս եւ բարեկամներէս շատեր խումբ մը կազմած եւ այդ ճաշարաններէն մէկն ընտրած պիտի երթան Նոր Տարուան գիշերը այնտեղ անցընելու, իսկ ընտանիքս ընդհանրապէս Նոր Տարին տուներէ դուրս եւ ճաշարաններէ ներս անցընելու սովորութիւն չունի: Չկարծէք նախանձոտ աչքերով կը նայիմ այդ ընկերներուս եւ բարեկամներուս. Ես շատ գոհ եմ այս մեր սովորութեամբ:

Ի՛նչ ընենք դուրսը Կաղանդի գիշերով…

Մեր ընտանիքը մեծ է եւ մեր տոհմածառը բաւական հաստակոճղ ու բազմաճիւղ: Այդ ծառէն ամէն տարի նուազագոյնը մէկ ճիւղ մը նոր ծիլ մը կ’արձակէ, նոր շիւղ մը կը ծաղկի: Մէկը կ’ամուսնանայ՝ հարսանիք կը սարքէ, Մէկը կը ծնի՝ կը կնքեն, մէկուն միտքը նշանուիլ կու գայ, ուրիշին խօսքկապի կարգը կու գայ…

Այդ առիթները ԱՅՍ բոլոր ճաշարաններուն մէջ ԱՅԴ երգիչներով միշտ ալ կան, բայց տան մէջ մարդոց հաւաքի, մթնոլորտի եւ սեղանի ճոխութեամբ օրերը թիւով շատ չեն…

Ուրեմն վստահօրէն կրնամ ըսել, որ ես շատ գոհ եմ որ տունը կ’անցընենք այս գիշերը:

Փողոցն ալ շատ միջոցառումներ, կամ ձեռնարկներ չկան: Քաղաքին հազիւ թէ երկու կամ երեք տեղ տօնածառ մը կանգնեցուցած ըլլան հրապարակի վրայ ու մարդիկ անոնց շուրջբոլորը հաւաքուած՝ մէկ-մէկ կը նկարուին: Ընտանիքս մեզ նկարելու սովորութիւն չռւնի, իսկ իմ «կարճ» մտքէս չ’անցնիր յիշատակներ յաւերժացնելու քայլ մը առնել:

Կը զմայլիմ սակայն տուներու պատշգամներու զարդարանքներուն: Որքա՜ն այլազան ու ճոխ են անոնք: Տան մարդիկ, բոլորն ալ չանջատուող ելեկտրականութեան հոսանքով օժտուած, կը լուսաւորեն իրենց պատշագմները: Երբեմն ամբողջ շէնքի երկարութեամբ կը զարդարուին անոնք: Կը տեսնեմ այնտեղ աստղեր, մսուրներ, հրեշտակներ, կաղանդ պապաներ՝ իրենց եղջերուներով: Մրցանքի մը մասնակցած են կարծէք անոնք եւ այդ մրցանքի մրցակցութեան արդիւնքը կ’ըլլայ քաղաքի փողոցներու ծաղկեցումը, յաւելեալ գեղեցկութեան մը հաղորդումը: Մարդիկ կը սկսին իրարու պատմել, անոնց նիւթին կերը կը դառնան այս բոլորը: Լուր կու տան, թէ այսինչենց շէնքը որքա՜ն գեղեցիկ զարդարած են, եւ միւս խումբի մարդիկ դիտմամբ կ’անցնին հոնկէ՝ տեսնելու եւ դիտելու համար զարդարանքները, երբեմն ալ նկարուելով այնտեղ:

Եկեղեցիներն ալ իրենց բակերը կը զարդարեն, իրենց սրահներուն մէջ մեծ մսուրներ կը շտկեն՝ մարդուս հասակին հասնող արձաններով:

Քաղաքի պատկերներն ու երեւոյթները, որքան ալ աննշան թուին արտերկրացիի մը աչքին, մեզ ուրախացնելու չափ բաւարար են սակայն…

***

Նոր Տարուան գիշերը մեր տունին մէջ ընտանեկան ընթրիք մըն է, ուր հօրենական ազգականներս կ’ըլլան յաճախ մեզի հետ: Այս օրը կ’անցընենք ճաշասենեակը, որ յաճախ պաղ ու անհիւրընկալ միջավայր մըն է սովորական օրերուն: Երկու մասի բաժնուած այդ մեծ սենեակը (ինչպէս ֆրանսացիք կ’ըսեն «սալոն-սալ ա մանժէ»-ն) Կաղանդի օրով վառարանով ջերմացած եւ լեցուած կ’ըլլայ պատանիներուս ճիչով ու ծնողաց ձայնով: Օրակարգը ամէն տարի նոյնն է. հաւաք, ընթրիք, խօսիլ-խնդալ, տէրունական աղօթք, Նոր տարուան գիրկընդախառնում եւ ողջերթ: Կը պատահի տարիներ, երբ պատուոյ հիւրեր կ’ունենանք. Մարդիկ, որոնք Կաղանդը Հալէպ անցընելու կու գան:

Սեղանին վրայ ինծի համար ո՛չ միայն սիրելի, այլ նաեւ գարշելի ամաններ կ’ըլլան, ինչպէս օրինակ աւելի քան շաբաթ մը սառցարանը դրուած այդ ոչխարի ուղեղներն ու հորթի լեզուն…

Այսօ՛ր է նաեւ, երբ մենք՝ ես եւ եղբայրս կը բանանք մեր սենեակի վերջին դարակը, ուր պահուած են աւելի քան տասը օրուան տքնաջան աշխատանքով ամբարուած պայթուցիկներու տեսականին, որ հոսկէ ու հոնկէ, փախստական վաճառականներու խուցերէն առած ենք ու մէյ մըն ալ լսած, որ մութ բանտերու մէջ են այդ մարդիկ…

Լարէ՛, վառէ՛, փախի՛ր…

Բռնէ՛, վառէ՛, նետէ՛…

Բռնէ՛, վառէ՛, կեցի՛ր…

Ամէն մէկը իր ձեւի, ձայնի եւ գոյնի այդ պայթուցիկները ամբողջութեամբ կը սպառենք եւ հաճոյքը կը յորդի մեր ներսիդիէն դուրս…

Այս ամբողջ եուֆորիայով հանդերձ, մեր տան մէջ խաղալիքներու նուէրներ նուիրելու սովորութիւն մը չկայ…

Ամենայն հաւանականութեամբ հագուստեղէն կը գնէ մեզի հօրենական նէնէս։

Այդպէս սկսած էին օր մը այս հաւաքները թերեւս, այդպէս ալ շարունակուեցան տարիներու ընթացքին: Բայց այնքան ալ չեմ նեղուիր այս իրականութեան համար: Տարիներու փորձառութեանս շնորհիւ, հաշիւներէս վերցուցած եմ այլեւս հոս` մեր տան մէջ խաղալիք նուէր ստանալու կարելիութիւնը: Վերջապէս ինչպէ՞ս կարելի է յուսախաբ ըլլալ, եթէ յոյսը ինքնի՛ն չկայ…

Խաղալիքները յետոյ են, աւելի ուշ…

Կէս գիշերուան հրավառութիւններու լոյսին, պայթուցիկներու ձայնին եւ վառօդի հոտին ներքոյ՝ կ’արշաւենք Վիլլաներէն դէպի Քափրի՝ նէնէիս տունը, ուր կեղծ Կաղանդ պապա մը, Նոր Տարուան նախօրեակին մօրքուրներուս եւ քեռիներուս գնած նուէրները յանձնելու պարտականութիւնը կը կատարէ: Ես հո՛ն կը ստանամ խաղալիք նուէրներ եւ անուշեղէնի սեղանին կ’անցնիմ (որովհետեւ ճաշի սեղանի ժամը անցած է, բայց ,-խօսքը մէջերնիս,- խոհանոցէն դեռ կարելի է բաներ կորզել անոնցմէ…)

Մինչեւ լուսաբաց կ’երկարի օրակարգն այստեղ: Յոգնողը կ’երթայ, տոկացողը կը մնայ…

Ես տոկալու բոլոր պատճառները ունիմ, եւ ոչ միայն…

Ունիմ նաե՛ւ յոգնեցնելու յատկութիւններս՝ զզուեցնելու աստիճան, բայց ես գոհ եմ: Ինծի համար կ’ըսեն «ձգէ՛, չոճուխ է», բայց ես իմ ուզածը գիտեմ եւ անկէ անդի, ով ինչ կ’ուզէ՝ թող ըսէ…

Կաղանդ է, այսօր ալ ի՛մ ուզածը թող ըլլայ…

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x