Երեւոյթ մը անցեալէն՝ Ինթրնէթ Քաֆէն (2)

January 25, 2024

Lord of The Rings կը խաղայի։

Հայերէնի մէջ եթէ յաւելեալ ածականներ, մակբայներ կամ պարագաներ չգործածես, անցեալ ժամանակի պարագային դժուար թէ գիտնալ գործողութիւնը ո՛ր անցեալին մէջ կը կատարուի։

LOTR-ը հեռու անցեալին շատ կը խաղայի, այս անգամ սակայն նկատի ունիմ մօտ անցեալը:

Հիմա որ ինթըրնէթ քաֆէ չեմ երթար, չեմ ալ զգար պէտքը այդ մէկուն, ատենը մէյ մէկ նոր խաղ մը կը ներբեռնեմ հին խաղերէն եւ կը սկսիմ խաղալ ծայրէ ծայր:

Թէեւ յառաջդիմած են եւ որակեալ ու գրաւիչ դարձած ներկայ վիտէօ խաղերը, սակայն անցեալի «նուազ որակով» խաղերու ջերմութիւնը չեն տար ինծի: Եւ ես ալ իմ կարգին, յաճախ կ’երթամ հին խաղերը տարիներ անց անգամ մը եւս խաղալու:

LOTR‐ը ռազմավարական խաղ մըն է, ուր խաղցողը ի՛նքն է հրամանատարը։ Ան անձամբ կը մշակէ իր խումբի տնտեսութիւնը, պաշտպանական համակարգը, կը ստեղծէ բանակ ու կը զինէ զայն, իրեն տրամաբանութեամբ իւրայատուկ ռազմավարութիւն մը օգտագործելով, գործողութիւններու որոշ յաջորդականութիւն մը մտովի ճշդելով։

Խաղին մէջ անձնաւորութիւնները շատ են եւ որպէս խումբեր, կան «Բարի»-ն ու «Չար»-ը, խաղցողը կ’ընտրէ անոնցմէ մէկը եւ խաղը կը սկսի։

Խաղին մէջ ամէն ինչ դրամով է։

Նախնական համեստ գումար մը ունենալով, կը սկսիս գնել մշակման կեդրոններ, որոնք կը զարգացնեն զօրքի տնտեսութիւնը եւ կը բազմապատկեն ներկայ գումարը։

Աճող քսակով քայլ առ քայլ սեփական բանակ կը կազմես, կը զինես զայն ու կ’որակես՝ յաւելեալ դրամ ներդնելով. Բանակը կրնայ ընդգրկել նետաձիգներ, հեծեալներ, սուրերով եւ գեղարդներով մարտիկներ, ինչպէս նաեւ` վիթխարի ճիւաղներ, որոնց հարուածը կտրուկ վնաս կրնայ հասցնել հակառակորդին։

Դրամով կրնաս բերդիդ պարիսպները ամրապնդել ու նետարձակ աշտարակներ բարձրացնել` թշնամին մօտենալու պարագային հակահարուած տալու համար։ Այլ խօսքով, դրամով՝ համեստ կայանէդ կրնաս պարսպապատուած ամրակուռ բերդ մը շինել:

Դրամով կրնաս ստեղծած բանակդ որակեալ դարձնել, նետաձիգներուն կրակէ նետեր տալ, գեղարդաւորներուն ու հեծեալներուն` թունաւոր գեղարդներ։ Ճակատամարտի պահուն անոնց կեանքը երկարաձգելու համար կրնաս զրահներ տալ բոլորին եւ մարտնչելու իրենց մակարդակը բարձրացնել` ԴՐԱՄՈՎ (մարտնչելու մակարդակը կռիւի ժամանակ ալ կրնայ բարձրանալ) ։

Դրամով կրնաս գնել խումբիդ հերոսները, որոնք օժտուած կ’ըլլան գերբնական ուժերով եւ կարողութիւններով: Այդ կարողութիւններուն հետզհետէ կարելի է հասնիլ հերոսի մակարդակը բարձրացնելով՝ զայն կռիւներու միջամուխ ընելով:

Հիմա արդէն ես եմ հրամանատարը, եւ օրերէ որ կը խաղամ այս խաղը: Քանի մը անգամ խաղալէ եւ յաղթանակ արձանագրելէ ետք, անդրադարձայ, որ ա՛լ անցեալի մտայնութեամբ չէ որ կը խաղամ: Նախապէս շուտով զօրք կը կազմէի ու կը սկսէի յարձակումի մասին մտածել, առանց նկատի ունենալու տնտեսութեան եւ պարիսպներու կարեւորութիւնը: Երկու-երեք նետաձիգ խումբեր առած, կ’երթայի պատերազմի դաշտ՝ եռացած արիւնով:

Անդրադարձայ, որ նախքան յարձակիլս, սկսած եմ տնտեսութիւնս բարելաւել՝ վստահ ըլլալու համար, որ մարտի ժամանակ արձանագրած վնասներուս հատուցում պիտի կրնամ տալ: «Տունս ամուր չփակած» պատերազմի դաշտ չեմ երթար այլեւս. ամբողջ բերդս պարիսպով կը պատեմ՝ ինչ ալ ըլլայ արժեգինը անոր, անիմաստ չէ այդ մէկը, այլ երաշխիք մը փրկութեան: Ճամբաներէն արշաւած պահուս անտարբեր կերպով չեմ անցնիր այն վայրերէն, ուր կարելի է նոր բերդ մը կառուցել. միշտ զանոնք օգտագործելով՝ նոր մը կը շինեմ: Միայն բանակս կատարելապէս զինելով է, որ յարձակում կը գործեմ: Անոնց ամէն ինչ ալ կու տամ՝ բարձրորակ նետեր, զրահներ եւ գեղարդներ…

Եւ երբ յարձակիմ, ջանք չեմ ըներ կառուցուած ամէն բերդ պաշտպանելու, որովհետեւ այդ բերդերէն շատեր թշնամի զօրքերը զբաղեցնելու, ժամանակ շահելու համար է որ կը շինեմ՝ երբ ես անդին, իր շարքերը կը ջախջախեմ, կ’ոչնչացնեմ: Եւ երբ յարձակիմ, որքան ալ ծանր ըլլայ հակահարուածը տանս վրայ, չեմ նահանջեր, որովհետեւ դէմս նպատակ մը ունիմ կատարելիք: Եւ երբ յարձակիմ, զօրքով է որ կը յարձակիմ, բանա՛կս է որ կը պաշտպանեմ, չեմ մտածեր բերդերէս ներս ապրող քաղաքացիներուն մասին, բայց կը ցաւիմ, երբ զօրքէս նետաձիգ մը իսկ կորսնցնեմ, որովհետեւ խաղին դրուածքը այնպէս է, զօրքի՛ն արժէք տուած է եւ զրկած է քաղաքացին անկէ,- հակառակ անոր որ տնտեսութիւնը այդ քաղաքացի՛ն կը զարգացնէ: Բայց ես հրամանատար եմ, եւ այս կռիւ է, եւ յաղթանակի ճամբան ա՛յս կը պարտադրէ: Եւ ես կը յարձակիմ, կը յարձակիմ ու գրոհ տալով կը պաշտպանուիմ ինքնըստինքեան:

Կը յարձակիմ ու աշխարհը հիմա աւելի լաւ կը հասկնամ:

Խաղը կը գոցեմ, համակարգիչը կը փակեմ ու տունս կ’երթամ:

Պէյրութ, 24 Յունուար 2024

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x