Օդին մէջ, օդանաւին հետ՝ գետնին վրայ, օդակայանէն ներս (3)

May 16, 2023

Պէյրութ, 15 Մայիս 2023

– Ամա, օդանա՜ւ։

Որո՞ւն ձայնն էր այդ՝ ներսիդիէս։
Այն մանուկի՞ն, որ օդանաւը տեսնելով հրճուեցաւ, թէ՞ այն երիտասարդին, որ երկար բացակայութենէ մը ետք, զարմանքով նայեցաւ այդ «օդը թռչող նաւ»ին։ Մանրամասնութիւններու մէջ սուզուելու մարմաջս աւելի սրած էր. մէկ պարզ ու սովորական պատկերը ինչե՜ր դիտել ու յիշել տուաւ…

***

Երկու տարի առաջ Պէյրութ հասայ։ Թէեւ հոս ալ երկիրը դրած են տագնապի տապակին մէջ ու կրակը բարձրացուցած՝ անոր տակ, բայց ժողովուրդը այստեղ ալ կը շարունակէ ապրիլ։ Անշուշտ երեւոյթը` մեծ նկարը, նորութիւն մը չէր ինծի համար։ Հալէպի մէջ ալ քաղաքը կը մնար ռումբերու սպառնալիքին տակ, սակայն քաֆէները ազատ աթոռ կամ սեղան չէիր գտներ։ Ռումբն ալ եթէ իյնալու ըլլար՝ ժողովուրդը թոհուբոհին մէջ կը փախէր ու կարծես վայրկեանի մը մէջ զինք սպասող ապաստարան մը կը գտնէր։ Քանի մը օր կամ քանի մը ժամ նախազգուշական դադար մը կ’առնէին անոնք, ետքը կրկին «բնականոն» կեանքին ու առօրեային վերադառնալու համար։ Քաֆէները՝ կրկի՛ն լեցուն, փողոցները՝ նորէ՛ն բանուկ:
Այնտեղ՝ Հալէպի մէջ, մինչ ամէն տեղ կը խօսուէր տնտեսական տագնապի մը մասին, կ’անցնէի ապակեպատ քաֆէներուն դիմացէն ու կը մտածէի. «Սեպենք, որ տնտեսական տագնապ մը կայ։ Այդ տագնապը կրողներ չունի՞։ Ո՞վ կ’ապրի այդ տագնապը, ի վերջոյ. եթէ ասոնք են տագնապը կրողները՝ սա տագնապի վիճա՞կ է, ընդհանրապէս»։
Բայց եղածը ընդամէնը այդ էր։ Քաֆէներու մէջ նստած մարդիկ՝ պարզունակ հանգիստի պայմաններուն մէջ, ինչքան որ այդ հանգստութիւնը կարելի ըլլար իրավիճակին հետ համադրուած տեսնել: Այնտեղ ճոխութիւն չկար քաղքենիական կեանքի։ Չկային աչքեր շլացնող երեւոյթներ, յախուռն պատկերներ, գիշերային կեանք ու շռայլութիւններ։ Քաղաքին մէջ կար թէ՛ հարուստը, թէ՛ աղքատը, սակայն քաղաքը այնքան ալ առիթը չէր տուած անոնց միջեւ գոյացած տարբերութիւնը բացայայտելու։
Բայց հոս…
Հոս՝ Պէյրութի մէջ, տարբեր է։
Դասակարգերու միջեւ գոյացած վիհը ա՛լ աւելի ակնբախ է եւ ա՛լ աւելի ցայտուն. մարզական հազուագիւտ ինքնաշարժներու շքերթներ, աշտարականման շէնքեր քաղաքին հոս ու հոն, գիշերային զբօսավայրեր, երեւակայական թիւերով գումարներ՝ ժամանցի եւ արդուզարդի համար, բայց… աղբերու կոյտերու կողքին բնակավայրեր, առնէտներու բոյն դարձած թաղամասեր, աղբը փորփրող անօթեւան մարդիկ ու կոկորդ խեղդող տեսարաններ. չըսուածը աւելին է…

Բայց իմ նիւթս գետնին վրայ եղածին մասին չէ այս անգամ: Այնտեղի մասին խօսուելիքը շատ-շատ է եւ ընդհանրապէս կարելի չէ քանի մը պարբերութիւններով մէկտեղել էջի մը վրայ:

Իմ խօսելիքս օդին մէջ թռչող այն փոխադրակառքին մասին է։ Այն, ինչ որ տեսայ հոս՝ տարիներ ետք. անզգալի բացակայութիւն մը, որուն ներկայութեան կարեւորութիւնը տարիներն ու արհաւիրքը մոռցնել տուած էին:

Ուստի, վերադարձ՝ դէպի բուն նիւթը…

***

Երազներու ճախրանք՝ թեւերով մետաղեայ

Կը տեսնէի թռչող օդանաւը մութ գիշերուան մէջ։ Առաջին անգամն էր, որ հորիզոնը դէմս կը բացուէր եւ առիթը կ’ունենայի այդ մէկը տեսնելու։ Օդանաւէն աւելի սակայն, տեսածս անոր արձակած լոյսն էր, որ կարճ ընդհատումներով կը մարէր ու կը վառէր։ Այդ ե՞րբ էր, որ վերջին անգամ տեսեր էի այս պատկերը. չէի յիշեր, որովհետեւ այդքան պզտիկ էի տարիքով…

Ուշ գիշեր է, ու մայրուղիէն հազիւ քանի մը ինքնաշարժ կ’անցնի: Քորոնայի տագնապը տակաւին կայ: Չորս կողմ փակ է, եւ օրէնքով՝ միայն հրամանով է, որ կրնաս տունէն դուրս գալ:

Օդանաւին ձայնը յստակ կը լսուի, ու ոչինչ կը խանգարէ պահու վայելքը ըմբոշխնելուն:

Կը տրամաբանեմ…

Ուրեմն հոս օդակայան մը կայ։ Քաղաքին ճիշդ մէջտեղը, ինքնաշարժով մեզմէ վայրկեաններ միայն հեռու։ Այստեղ կարելի է առնել թաքսի մը, ճամպրուկ մը, եւ քանի մը վայրկեանէն միայն,  ՄԻԱՅՆ ՔԱՆԻ ՄԸ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ հասնիլ հոն, առնել օդանաւ մը եւ թռչիլ ու տեղափոխուիլ այլ երկիր մը ու նոր կեանք մը սկսիլ։ Կարելի՞ է։ Կարելի է…
Իր սեփական քաղաքին մէջ օդակայանը որպէս անընդմէջ ներկայութիւն մը ունեցող ընթերցող մը թերեւս անհեթեթութիւն սեպէ այս յայտնաբերումս, բայց մնացեալը վստահ կը գիտնան, թէ խօսքը ինչի մասին է…

Ուրեմն վե՞րջ։ Այլ երկիր մը ճամբորդելու համար 6-7 ժամուան ցամաքային այդ ճանապարհորդութեան պէտք չկա՞յ։ Այս կամ այն ցցուն փորով վարորդին շահագործման ենթարկուելու պէտք չկա՞յ. անոնցմէ, որոնք գիրցած են տարիներով «ուտել»-էն: Այլեւս չկան, չէ՞, սահմանին վրայ ամէն անգամ փոխուող այն օրէնքները, պահանջուած փաստաթուղթերը՝ անհամար ու զզուեցնող, եւ ամէն անգամ այս կողմ մուտք գործել չկրնալու սպառնալիքը: Չկան նաեւ բոլոր այն զինուորներուն արհամարհանքն ու քմահաճոյքը, ըլլան անոնք սահմանին այս կողմ կամ այն դին: Հապա՞ այն արհամարհական նայուածքն ու հեգնական ոճը, որ զինուորը կ’ունենար ամէն անգամ անցագիրիս վրայ թռչնազգի այդ էակին նշանը տեսնելով: Չկան: Վայրկեաններ… միայն վայրկեաններ հեռու ենք…

Ուրիշին առօրեային մէկ բաժինն էր սա, բայց մեր պարագային` հրաշք մը ուղղակի…

***

Արեւմտեան Պէյրութ եմ հիմա, Մանարա. օդակայանին աւելի մօտ ըլլալով, վայրէջք կատարող օդանաւը աւելի մեծ ու յստակ կը տեսնեմ. զովացնող եւ մեծ հաճոյքով կերած պաղպաղակս ուտելէն դադար մը կ’առնեմ ու կը նայիմ անոր։ Ձայնը յստակ կը լսեմ, անոր մարմինը ամբողջութեամբ կը տեսնեմ եւ նախապէս իմ մտածածս կը կրկնեմ…
Կարելի է…
Լիբանան եմ արդէն. հոս է օդակայանը: Ժամանակի առումով՝ վայրկեաններ միայն բաւարար են այնտեղ հասնելու համար…
Կարելի է…
Մէկ չէ, երկու չէ, մէկ ժամուան մէջ տասնեակ օդանաւներ անցան:

Գիտեմ, վայրկեանուան մը մէջ տասնեակ օդանաւներ վայրէջք կը կատարեն այլ երկիրներու մէջ, սակայն ութ տարի ետք մէկը տեսնելը նոյնիսկ բաւարար է զմայլելու եւ գոհացած զգալու համար:

Կը մտածեմ. ո՞ր դժբախտութիւնը աւելի մեծ է: Պահը բոլորովին ապրած չըլլալը՞, թէ՞ պահը մէյ մը ապրելով, անգամ մըն ալ զայն ապրելու բախտը չունենալը:

Կը մտածեմ. ո՞ր դժբախտութիւնը աւելի մեծ է: Պահը բոլորովին ապրած չըլլալը՞, թէ՞ պահը մէյ մը ապրելով, անգամ մըն ալ զայն ապրելու բախտը չունենալը:

Առաջինը հաւանաբար խօսք չունի ըսելիք, իսկ երկրորդը՝ շատ բան…

***
Քանի մը ամիս առաջ էր:

Հարազատ մը ճամբելու համար կ’երթայի օդակայան: Առտուան ժամը հինգն էր, եւ մոպայլ հեռաձայնիս բարդը սպառած ըլլալով, հարազատէս լուր առնելու համար ստիպուեցայ օդակայանին մէկ անկիւնը ուղղուիլ՝ լիցքաւորման համար:

Կեցայ ուղեւորուողներու մուտքի բաժինին ճի՛շդ դիմացը: Լիցքաւորիչիս մխոցը դրի վարսակին մէջ եւ այդպէս ալ կեցայ հոն, սրահին այդ անկիւնը:

Բաժանումներու ողջերթները դէմս կը կատարուէին: Ոմանք երկար բաժանումի մը համար կ’ողջագուրուէին, ուրիշներ քանի մը պզտիկ կատակով երկու շաբթուան համար բարեկամ մը կը ճամբէին: Հայրեր ու մայրեր արցունք թափելով հեռուէն կը դիտէին իրենց զաւակը, մինչեւ իրենց տեսողութենէն անոր դուրս ելլելը:

Կատարուած բոլոր գործողութիւնները անկեղծ էին եւ ինքնաբուխ: Կեդրոնացումս ուղղակի լարեր էի այնտեղ. կը նայէի, կը դիտէի, կը տեսնէի: Կը կարեկցէի բոլորին, որովհետեւ կրնայի զգալ պահու յուզիչ ըլլալը: Չէ՞ որ մենք ալ տարիներով հարազատներ ճամբեցինք. ոմանք՝ արտերկիր ու ոմանք՝ անդենական…

Մէկ-մէկ, տասը-տասը, հարիւր-հարիւր ու հազար-հազար մեր թիւը կը պակսէր, բայց ժամանակը չէր կենար, կեանքը չէր սպասեր, ու ոչ ոք, ոչ մէկ բան առիթ կու տար կանխելու այդ բոլորը:

Հիմա արդէն վիտէօզանգը մեր ներկայանալու մէկ ձեւն է ու կեանքէն բաժին մը: Նոյն սենեակին մէջ, երբ միասին նստած ուրիշի մը հետ կը խօսինք, կ’երթանք ուրիշ տեղ մը, որ այդ սենեակի մարդոց հետ խօսինք: Այդ մարդոցմէ շատեր պիտի հետեւին այս օրէնքին՝ կամայ-ակամայ:

Ու կ’երթայ, կը սուրայ այն օդանաւը վազքուղիին վրայ, կը բարձրացնէ իր անիւները գետնէն ու կը սլանայ դէպի երկինք: Կը ճախրէ դէպի վեր՝ բեռնաւորելով հարազատներ, բարեկամներ, որոնց հոգին ու միտքը լեցուն է յիշատակներով: Անոնք իրենց վրայ կը կրեն ազդեցութիւնը միջավայրին, քաղաքին ու մարդոց: Կ’առնեն այդ բոլորը, կը տանին ուրիշ երկիր ու ջերմութիւն մը կու տան այնտեղ: Հոն, ուր կը սկսի նոր կեանք մը, նոր փորձառութիւն մը եւ կը տրուի նոր շունչ մը, որ նախապէս էութիւն մը չէր ու չէր զգացուեր:

Բոլոր փոխադրամիջոցները կը տանին մարդիկ ու կը բերեն զիրենք, սակայն օդանաւը, որ կը նուաճէ երկինքը, ճամբորդութիւնն աւելի խորհրդաւոր ու հեքիաթային կը դարձնէ:

Ուստի մի վարանիք երբ լսէք անոր ձայնը. բարձրացուցէք ձեր գլուխը, ուղղեցէք ձեր հայեացքը վեր եւ տեսէ՛ք, օդանա՛ւը, մեր երազներու անքակտելի մէկ մասը…

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x