Ռատիօ Լսող Կա՞յ (1)

September 12, 2023
Aga RSZ-50 - Diora - E070 (wiki)

Նախքան եութիուպն ու սփոթիֆայը, նախքան կոճակի մը սեղմումով, կամ մատի մը հպումով ուզածիդ հասնելու դարը, կար անիւ մը որ կը դառնար երկու կողմ` ժամացոյցի սլաքներու ուղղութեամբ եւ անոնց հակառակ ուղղութեամբ: Այդ անիւին շարժումին հետ միասին կ’երթեւեկէր պաստառի վրայ երեւցող ասեղ մը` աջ ու ձախ, թիւերու երկար շարքի մը վրայ։ Յանկարծ խշռտոցներուն մէջէն ձայն մը կը լսուէր եւ այդ մէկը կը բիւրեղանար` երբ զայն լարողը ճշգրիտ ալիքին վրայ ձգէր կարմիր ասեղը։ Այդ ասեղը ժամերով կրնար մնալ նոյն ալիքին վրայ, եւ այդ ալիքը ծովուն մէջ չէր բարձրանար, բայց շատ անգամ կ’ալեկոծէր մարդկային հոգին, յոյզեր ու յիշատակներ կ’արթնցնէր, հաճոյք կը պատճառէր:

Ձայնասփիւռն է ան, կամ՝ բոլորիս ծանօթ «ռատիօ»-ն…

Դարաւոր այս գիւտը կը կարծէի վաղուց ժամանցելի եղած ըլլար: Այսօր որո՞ւ տունէն ներս կը գործուի այն մեծկակ սարքը, երբ նստած տեղէդ դո՛ւն կրնաս ըլլալ երգացանկը ընտրողը, ուզա՛ծ երգերովդ…

Ինչո՞ւ ուրիշին քմահաճոյքին մնալ, սիրած երգ մը հիմա-կամ-յետոյ հոգեբանութեամբ սպասել…

Հալէպի մեր տան պարագան ալ այնքան տարբեր չէր: Չունէինք այդ ռատիոյէն եկող ձայն մը մեր տունէն ներս, սակայն կա՛ր անոր սարքը եւ որպէս զարդ կը ծառայէր մեր տան մայքրօուէյվին վրայ: Ժապաւէնի յատուկ արկղ մըն ալ ունեցող այն սարքը յաճախ նորոգուած է, ձեռքէ ձեռք գացած. մէյ մը անոր մետաղաթելը աւրուած էր, մէյ մը ելեկտրական մէջի կտորները, բայց վերջաւորութեան, ճարահատ՝ իր մահականացուն կնքած, դառն ճակատագրին ենթարկուած: Խոհանոցին մէջ անկիւն մըն ալ լեցուցած էր. ոչ առջեւ կը բերուէր, ոչ ետեւ կը տարուէր: Անոր ներկայութիւնը պիտի զգայինք միայն անոր բացակայութեամբ՝ եթէ վերցուէր հոնկէ ու տեղը պարապ մնար…

Անոր փոխարէն սակայն ունէինք հեռատեսիլէն ցուցադրուող ռատիոներու կայաններ: Ռատիոկայան լսելու մշակոյթը առաւօտեան արարողութիւն մըն էր մեր տան մէջ՝ հանապազօրեայ մեր «բարի լոյս»ը…

Այս հաշուով, կարելի է ըսել, որ «ռատիոպահպանման» բեռը մեր տան մէջ ծանրացած էր խեղճ հեռատեսիլի ուսերուն:

Ընդհանրապէս հեռատեսիլի բարեկամ չեմ, բայց ինչ որ զգացած եմ, մեր տան մէջ երբ դիտելիք ոչինչ կար, հեռատեսիլը ռատիոկայանի վրայ կը դրուէր: Հեռատեսիլը ինծի համար միայն ֆութպոլի պաստառն էր՝ մարզախաղերու պատուհանը: Անկէ բացի, կը նախընտրեմ զայն անջատած պահել: Երբ ընելիք չունիմ, մտածելիք չունիմ, ժամանակ աւելցած է, աշխարհն ինձմէ ու ես անկէ անջատուած եմ՝ այն ատեն է որ թերեւս, ԹԵՐԵ՛ՒՍ, հեռակառավարիչը առնեմ եւ սկսիմ մէկ-մէկ անոր կայանները փոխել:

«Շամ Էֆ Էմ». Այսպէս կը կոչուէր այն ռատիոկայանը, զոր կ’ունկնդրէինք:

Երբ «Շամ Էֆ Էմ»-ի կայանը դրած ըլլայինք, հեռատեսիլի պաստառին վերը կը տողանցէին արագ լուրերը, որոնք յաճախ ցաւալի են եւ զզուանք առթող պատերազմող երկրի պարագային: Երբեմն ալ միջազգային լուրեր էին անոնք եւ մեզ մտածել կու տային «Մենք ինչի՛ մէ՜ջ, իրե՛նք ինչի մէջ»…

Եւ այս բոլորին զուգահեռ, հոնկէ կը հնչէր առաւօտը աւետող Ֆէյրուզին ձայնը, իր կարճ ու երկարաշունչ երգերը, զորս լսած ենք ամէնուրեք, երբ արեւն իր շողերը արձակած կ’ըլլայ երկրին վրայ: Այդ մէկը կրնար ըլլալ տան մէջ, զարթնելէդ ետք, երբ զոյգ գուլպաներէն մէկը կ’անցընես ոտքիդ, դպրոց տանող հանրակառքին մէջ՝ երբ անձրեւի կաթիլներ կը սահին պատուհանի լայն ապակիին վրայ, ճամբորդութեան ժամանակ մէկ հանգստավայրէ մը՝ երբ թէյն ու պանիրը կը ճաշակես բնութեան գիրկը: Ներկայութիւն մըն է, եւ հոն ուր կայ՝ խաղաղութիւն կը տիրէ. աւելի ճիշդը՝ իր ձայնն ու խաղաղութիւնը ձեռք-ձեռքի տուած, միասին կու գան…

Կարգ մը դպրոցականներու համար սակայն, հոգեխոցի հանգամանքը կրնայ պարզել այդ ձայնը: Անոր ձայնը կը յիշեցնէ «ձմեռուան բուքին, սառնամանիքին, դպրոցի ճամբան՝ որ շատ դժուար է ու երկար»… Շրջան մը ինծի համար նաեւ այդպէս էր, սակայն հիմա՝ ոչ եւս…

Հոն, ուր կ’ապրէի ռատիօները այնքան մեծ ներկայութիւն մը չէին ինքնաշարժներէ ներս: Նախ, կը կարծեմ, որովհետեւ շրջանները մօտ են, եւ քու երթալիք տեղը հասնելու համար վայրկեաններ իսկ բաւարար են: Եւ այդ ժամանակամիջոցին հազիւ երգիչ մը կրնայ երգ մը աւարտել: Երկրորդ պատճառը այն է, որ ընդհանրապէս չկայ այն մշակոյթը, որ մէկը ինքնաշարժ նստելով իր սիրած ռատիոկայանը դնէ ու երգեր լսէ: Տակաւին չեմ կրնար ըսել եւ տեղեակ չեմ, եթէ մասնաւոր հրամցնելիք մը ունէին հանրութեան ներկայիս գործող այդ ռատիոկայանները, եթէ ունէին հետաքրքրաշարժ ծրագիրներ, յայտագիրներ…

Թերեւս, կրնամ ըսել, որ թաքսիներու մէջ կը հանդիպէինք այդ ռատիոկայաններուն: Այդ թաքսիներու վարորդներն ալ սակայն երգերու շատ սիրտ չունէին կարծէք: Անոնք կա՛մ աղօթք կը լսէին, կամ ալ նո՛յն լուրերը ամէն օր. «հոս յարձակում մը ետ մղուեր է», «հոն պայթում մը եղեր է», «այնտեղ տասնեակ մեռեալ կան», «հեռուն մէկ մարգագետին մը գրաւած ենք», ու «շուկայի գիները»… Գինը կազին, գինը պանիրին, գինը հաւկիթին, գինը միսին, գինը հաւուն՝ ողջ հաւուն, փետտուած հաւուն, մորթազերծ հաւուն, հաւը եփած, հաւը տապկուած եւ գինը պենզինին ու մազոթին, սակայն այդ բոլորին մէջ չէր յիշուեր գինը մարդուն՝ անգին մարդուն…

Անգին մարդը…

Այդ «անգին»-ը չհասկնաք որպէս «յոյժ արժէքաւոր», այլ՝ «արժեզուրկ»…

Ամէն պարագայի, անցեալը շատ ալ չխառնենք, որպէսզի «հոտը չելլէ», քանզի նեխած է ու փտած…

Բայց մեր նիւթը ռատիոյին մասին էր, եւ այդ մէկը ներկայութիւն է աւելի անցեալի մէջ, քան ներկայի, չէ՞…

Այդպէս կը կարծէի, բայց իրականութիւնը ուրիշ էր. իմ կարծածս ալ կարծիք՝ սխալ կարծիք, համարեա՛ պատրանք:

Բայց ըսի, չէր հետաքրքրեր զիս հեռատեսիլը, կամ նոյնիսկ ռատիօն, այնպէս որ շատ չէի հետաքրքրուած իմ տպաւորութեանս, կամ կարծիքիս ճիշդի կամ սխալի լինելութեան:

Ըստ երեւոյթին այնքան ալ անցեալին չէ մնացած ռատիօն, պարզապէս ներկային մէջ նոյն ձեւով չի ներկայանար հանրութեան, մէկ այլ տարազ հագած է. ունի՛ տակաւին հետեւորդներ եւ ունկնդիրներ: Հիմա ֆէյսպուքի վրայ է ան, եութիուպի վրայ է, իսկ հոս՝ Լիբանանի մէջ տեսայ որ այդ բոլորէն աւելի…

Օթօներուն մէջ…

 

Պէյրութ, 11 Սեպտեմբեր 2023

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x