Ժտէյտէէն Անթիլիաս՝ Սերվիսով

August 29, 2023

Պէյրութ, 22 Օգոստոս 2023

Ժտէյտէի հրապարակ, ժամացոյցին մէկ կողմը քաշուած, շէնքերու հովանիին ապաստանած, սերվիսի մը կը սպասէի, որ զիս առնէ եւ հասցնէ Անթիլիաս։

Շաբթուան սկիզբն է, օրը` կէսօր։ Մայրուղիին դէպի Ժիւնի տանող ճամբան աւելի խճողուած է, քան՝ Պէյրութինը։ Շատեր հիմա շրջան կ’ընեն Ժտէյտէի շրջուղղին չորսբոլորը ու կ’ուղղուին անոր թեւերէն մէկուն ճամբայով։

Փողոցը լեցուն է տարբեր տեսակի ինքնաշարժներով՝ մաս մը կարմիր, մաս մը կապոյտ վահանակ կրելով իրենց յառաջամասի ստորին բաժնին վրայ: Այդ ինքնաշարժները երբեմն նոր են, երբեմն հին, երբեմն խարխլած՝ իրենց յետոյքը քսելով կ’անցնին ճամբայէն, երբեմն ալ կարծես մեծաւորի մը շքերթին մէկ մասնիկը ըլլան: Այդ ինքնաշարժներէն մաս մը վառելանիւթ խնայելով օդափոխիչը անջատած՝ պատուհանները բաց կը ձգէ, մաս մըն ալ պատուհանները փակ՝ կը շարունակէ անջատուած մնալ շրջապատէն, պղպջակի մը մէջ ապրելով կարծէք՝ հեռու տաղտուկէ եւ աղմուկէ: Այստե՛ղ անգամ պատկերը կը խօսի Լիբանանի մէջ ընկերային խաւերու մէջ գոյացող վիհին մասին:

Ժամանակ ունիմ տակաւին հասնելիք տեղս երթալու: Չեմ աճապարեր երեւցող առաջին սերվիսը ընտրելու: Կը նայիմ ու կը սպասեմ կահոյքով աւելի մաքուր, ներկայանալի եւ տեսքով աւելի հրապուրիչ սերվիսի մը:

Մինչ այս բոլորին մասին կը մտածէի, աղջնակ մը վար իջաւ իմ ետեւի մայթէն ու մօտեցաւ ինծի։ Հազիւ քսան տարեկան այս երիտասարդուհին գլխարկ մը դրած էր գլխուն եւ մեծկեկ պայուսակ մը ուսին: Երկու ձեռքերուն ափերը լեցուն՝ երկարեց զանոնք եւ լայն ժպիտով առաջարկեց ինծի իր պայուսակի պարունակութենէն նմոյշ մը։

«Հրամմէ, զովացիր։ Բոլորին անվճար կը բաժնենք այսօր»:

Մանկութենէս շարունակ սովորութիւն դարձած էր, որ նման պարագաներու որպէս ռիֆլեքս, շուտով մերժեմ հրամցնողին առաջարկը` շնորհակալութիւն յայտնելով (մտածելով որ «ամօթ է» …) ։ Սակայն չեմ գիտեր ինչպէս համաձայնեցայ եւ առի այս անգամ հրամցուածը։ Կ’ենթադրեմ, որ պահու յարմարութիւնը` լիբանանեան տօթն ու իմ ծարաւը մեծագոյն դրդիչները եղան։

Փեփսիի ընկերութենէն ծանուցող մըն էր։ Ընկերութեան ապրանքանիշի տեսականիներէն (Փեփսի, Սեվըն ափ եւ Միրինտա) աջ ու ձախ կը բաժնէր ժողովուրդին ։ Սեվըն ափ մը առնելով, նշան ըրի հեռուէն եկող սերվիսի մը, որ կենայ։

Վարորդը արդէն յաճախորդ մը ունէր, եւ ես երկրորդը պիտի ըլլայի։ Ծանուցող երիտասարդուհին մօտեցաւ եւ երկուքին ալ հրամցուց: Սերիվիսի վարորդը ոչ միայն առաւ անոնցմէ մէկը, այլ կտրուկօրէն մերժեց միւսը: Է՜հ, նախընտրութեան հարց է, թերեւս վատ անցեալ մը ունեցած էր միւսին հետ եւ ազատ զգաց տեղւոյն իր անկեղծ տպաւորութիւնը փոխանցելու:

Նստայ՝ քշեց. հիմա իւրաքանչիւրս զովացուցիչի շիշ մը ունէր իր ձեռքը. ես սեվըն ափ մը, երկրորդ ուղեւորը՝ միրինտա, վարորդն ալ՝ փեփսի:

Կան պահեր, երբ կ’ունենաս նախազգացում մը, որ այսինչ կամ այնինչ բանը իսկոյն պիտի պատահի: Մոգ մը չես, ոչ ալ մոգականութիւն մըն է այս մէկը, բայց միջավայրն ու մթնոլորտը յայնժամ իրենց բոլոր ճամբաներով «Հռոմ կը տանին»: Եւ որովհետեւ մենք կը ներքաշենք այն բաները, որոնցմէ մտավախութիւն ունինք՝ անոնք յաճախ կը պատահին ու կը հանդիպին մեզի:

Մարդը սկսաւ խօսիլ…

Գիտէի, որ լուռ ու մունջ պիտի չնստէր այս ուղեւորութեան ընթացքին այդ ըմբոստ շարժումէն ետք: Մանաւանդ որ տարեց կինը՝ երկրորդ ուղեւորը, ինք ալ կարողականութիւնը ունէր շաղակրատելու:

Կէսօրուան տաքին, խճողումներու ճի՛շդ մէջտեղը, մարդը սկսաւ խօսիլ նիւթ մը, որ ո՛չ գիտենք սկիզբը ուր է, ո՛չ ալ վերջը, որքան երկարես՝ այնքան կ’երկարի ու եթէ երկու կողմերը լռեն, այդ մէկը վերջ մը չի տար նիւթին, այլ ընդհատում մը՝ մինչ յաջորդ բախումը,- որ յուսանք այնքան ալ բուռն չ’ըլլար…

Լիբանանեան քաղաքականութիւն…

Կրօնք, դաւանանք, կուսակցութիւններ, դրացի երկիրներ ու թշնամիներ, արտերկրեայ ճնշումներ, հաշիւներ, փոխադարձ շահեր, պետութիւն ու վարչակարգ…

Այստեղ բոլորն ալ գիտեն քաղաքականութիւնը, բոլորն ալ կը հասկնան. երբեմն կը կապկեն ուրիշին խօսքը, երբեմն բանականութեամբ վերլուծելով կը ներկայացնեն իրենց միտքը, երբեմն «վերէն լսուած» բաներ կը փոխանցեն, երբեմն ալ… պարզապէս կը փչեն…

Սա քաղաքականութենէ մեկնած իմ անձնական վերլուծումը չէ, քանզի ես բնաւ չեմ զբաղիր անորմով,- չեմ իսկ հասկնար,- այլ պարզապէս լսած խօսքերս եւ ի յայտ եկած իրականութիւնները իրարու հետ բաղդատելով, նման եզրայանգումի մը հասած եմ:

Հնարամիտ մուտք մը ունեցաւ մեր վարորդը այս նիւթին համար…

Ճամբուն նայելով, քովնտի աչք մը նետեց կնոջ եւ խօսքը անոր ուղղելով՝ հարց տուաւ. «Գիտե՞ս ինչու մերժեցի միրինտան»: Կինը լուրջ-լուրջ փորձեց գուշակել. «Որովհետեւ շաքարը շա՞տ է անոր մէջ»: «Ո՛չ», պատասխանեց, «այլ որովհետեւ նարնջագոյնէն ա՛լ զզուած եմ»: Ու վրայ բերաւ, թէ ինչպէս կը մերժէ նաեւ նմանագոյն գազակ հագուիլը, նման գոյնով պիտոյքներ ու սարքեր գնելը:

Մինչ այս բոլորը կը խօսէր, ինքնաշարժը խորտուբորտ սալայատակէն կ’անցնէր եւ վեղարով ու սքեմով սուրբին նկարը, որ կախուած էր ինքնաշարժի մէջտեղի հայելիէն, կ’երերար: Մեր թեկնածուին քաղաքական ու կրօնական պատկանելիութիւնը արդէն իսկ արեւու պէս կը ճառագայթէր հիմա:

Ըստ իր պատմածներուն, քաղաքացիական պատերազմին յաճախ բլթակ սեղմող մատ մը ունեցած է եւ պայքարած թշնամիներու եւ «թշնամիացած բարեկամներու» դէմ: Մէկ առ մէկ հայհոյեց կրօնակից իր բարեկամներուն՝ վեր առնելով ու գովաբանելով իր զինակիցներուն պայքարելու օրինակը եւ քննադատելով մնացեալին թուլամորթութիւնը: Կը խօսէր վտանգի մը մասին, որ անձնապէս ի՛նք կ’ուզէր ուշ կամ կանուխ պատահէր եւ «երկիրը պայթէր»՝ նոր դարաշրջան մը սկսելու համար: Արդուկէր «Ձէթի գոյնը» եւ կրկին շալկէր իր արագահարուածը:

Միրինտան մերժողի թիրախը դարձած էր նաեւ,- բնականաբար,- սուրիացի ժողովուրդն ու վարչակարգը, հին ու նոր ինչ-ինչ պատճառներով: Քանի մը հայհոյանք ալ այդ հասցէին հասցուց ճամբուն վրայ եւ ետ դարձաւ երկրի սահմաններէն այս դի:

Կինը ընդհատեց իր խօսքը եւ խնդրեց աջ կողմը տեղ մը կենալ. ինք արդէն հասած էր իր իջնելիք տեղը: Դուռը բացաւ, իջաւ սերվիսէն, արժեգինը վճարեց ու դուռը չգոցած տաշտ մը ձէթ թափեց ճարճատող կրակին վրայ. «Կեցի՛ր նայինք, դեռ ետեւը նստող տղան իր կարծիքը չյայտնեց: Չգիտցանք, թէ ո՛ր կողմէն է ինք»:

Ետեւը նստող տղուն արիւնն արդէն խուժած էր գլուխը: Հիմա արդէն ո՛չ միայն մինակն էր, այլ անմիջական եւ անխուսափելի երկխօսութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուէր:

Այս սերվիսը ես ելած էի մէկ նպատակով՝ Ժտէյտէէն Անթիլիաս հասնելու համար, բայց հիմա այս ճանապարհորդութիւնը միայն իմ նպատակներուս չէ որ կը ծառայէ:

Ճամբան տակաւին կէսն է՝ Զալքա ենք, նիւթն ալ կիսատ՝ ինքնութեանս քով:

Կրկին անգամ վարորդը ինք եղաւ յանձնառուն եւ սկսաւ խօսիլ.-

-Չեմ գիտեր ինչ տեսակի հոսանքի կը հետեւիս: Բառ մըն ալ չխօսեցար որ գիտնայինք այդ մէկը:

-Եթէ ըսեմ, պիտի չհաւնիս: (լիբանանեան արաբերէնով)

-Նարնջագոյններէն ես դուն ալ, հը՞:

-Ո՛չ, սուրիացի: Եղաւ արդէն աւելի քան երկու տարի, որ այստեղ կ’ապրիմ:

Քար լռութիւն, խաղաղութիւն ամենեսցու…

-Ի վերջոյ բոլոր մատներդ նոյնը չեն: Ես քեզի լաւ չեմ ճանչնար: Այո՛, սուրիացի ես, բայց կրնաս լաւ մարդ ըլլալ. այդպէս ալ կ’երեւիս: Խաչով մարդիկ մեր գլխու վրայ տեղ ունին: Մենք միշտ ալ ծաղկեցուցած ենք ուր որ գացած ենք:

Նոյն սերվիսին մէջն եմ. ինքնաշարժը նոյնն է, եւ վարորդը՝ նոյնը: Նոյն այն վարորդը, որ վայրկեաններ առաջ, երբ երեք հոգիով էինք, «ամենալաւ սուրիացիին» հասցէին ինչ-ինչ հայհոյանքներ կը հասցնէր:

Տեսակով առաջինը չէր այս մարդը: Միշտ ալ հանդիպած եմ այս տեսակի մարդու: Հաւատացէք, հանդիպած եմ Սուրիոյ մէջ անգամ, երբ այնտեղ որոշ հոսանքի ենթակայ մարդիկ կը կղզիանային, կը խմբաւորուէին ու վեր կը դասէին իրենք զիրենք իրենց միջավայրի մարդոցմէ: Ձե՞ւը տարբեր է այստեղ, անուննե՞րը փոխուեր են: Հոգ չէ. ի վերջոյ մարդու նոյն տեսակն է, որուն դէմ յանդիման կը գտնուինք:

Այդ տեսակի մարդոց բերնէն ելած խօսքը յաճախ իրենց մասին է, քան՝ իմ, մեր, բոլորին: Նման նիւթերու շուրջ իրենց բառերը խօսքէ աւելի աղմուկ են, ռատիոյի խշռտոց: Ուստի չեմ վիճիր, չեմ հակաճառեր, գլուխս կը շարժեմ Զալքայէն մինչեւ «Անթիլիաս» իմ հասնիլը:

Երբ արդէն Ժալ ըլ տիպ էինք, ինքնաշարժին մէջ միակ ձայն հանողը անոր մեծկեկ շարժակն էր, որ դրուած էր յառաջամասի փեղկին տակ: Մարդը ա՛լ չխօսեցաւ ամօթի եւ քիչ մըն ալ հաւանաբար զզուանքի զգացումէ մղուած: Հասնելիք տեղս հասայ, գումարը վճարեցի ու բարի օր մաղթեցի անոր:

Հաւատացէ՛ք, ոչ մէկ տեսակի ոխ կամ ատելութեան զգացում ունէի անոր հանդէպ ուղեւորութեան սկիզբէն, ընթացքին, ու հիմա ալ: Պարզապէս կը հասկնամ զինք: Կը հասկնամ, որ ինք ալ զոհն է ու խաղաքարը մեծ խաղի մը, ինք ալ ուրիշի նման կուլ տուած է նախապաշարումներու կոյտ մը`հաւաքելով ամբողջ հաւաքականութիւն ու ժողովուրդ մը եւ անոնց ետեւ դնելով «անգամ զերօ…»:

Իջայ սերվիսէն, ձեռքս բռնած Սեվըն ափի շիշն ալ եղածին պէս՝ իր կափարիչով, որուն տակ գրուած էր «աւելի լաւ բախտ ունենաս », աղբի կողովը թափեցի. այսօր ալ բան մը չշահեցայ անկէ:

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x