Պայմանական

January 30, 2024

Թէ ծնէիր բնութենէն` առանց հօր ու մօր
Ապրէիր կեանքն ազատ, տկլոր
Գոյն, կրօնք, հայրենիք չունենայիր
Ըսէ ինծի, յայնժամ ո՛վ պիտի ըլլայիր։

Թէ չդնէին ուսդ պայուսակ
Դպրոցի ճամբան չերթայիր գլխահակ
Եւ աշխարհն ինքդ յայտնաբերէիր
Ըսէ ինծի, յայնժամ ո՛վ պիտի ըլլայիր։

Թէ չկոտրուէր սիրտդ միակ
Տեսնէիր լեցուն ամէն դատարկ
Փակ աչքերով մի՛շտ տեսնէիր,
Ըսէ ինծի, յայնժամ ո՛վ պիտի ըլլայիր:

Թէ ապրէիր մինակ` չունենայիր ընկերներ
Մարդիկ չստիպէին քեզ ունենալ վառ երազներ
Ինքդ մեծամասնութեան օրէնքին չնուիրէիր,
Ըսէ ինծի, յայնժամ ո՛վ պիտի ըլլայիր։

Թէ տային քեզի այն ինչ ուզէիր
Զրկանքի զգացում հեղ մ’իսկ չապրէիր
Հոգիիդ խորքը խռովք չունենայիր,
Ըսէ ինծի, յայնժամ ո՛վ պիտի ըլլայիր:

Թէ չտեսնէիր կեանքի դժբախտութիւններ`
Պատերազմ, նեղութիւն, սուգ, արհաւիրքներ
Ծնէիր աշխարհի խաղաղ մէկ անկիւն
Ըսէ ինծի, յայնժամ ո՛վ պիտի ըլլայիր։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x