Երեկոն` Ալեֆով

March 2, 2024

Երկար ճամբորդութիւն մը չէ Պէյրութէն Թապարժա` յատկապէս հոն, ուր բլրակի մը լայնքին կանգնած է աւելի քան վեց տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող Քազինօ Տիւ Լիպանը։ Միջերկրականը իր փէշերուն, բանուկ Ժիւնին իր Քասլիքով դէմը փռուած, հեռուէն կը նայի Պէյրութ քաղաքին ու անոր նաւահանգիստին։ Հաւաքատեղի մըն է, ուր Լիբանանէն ու անորմէ դուրս մարդիկ ի մի կու գան «չար» ու «բարի» նպատակներով։

Հոն, ուր մէկը պայքար կը մղէ կանաչին դիմաց` սեւի ու կարմիրի միջեւ։
Դրամ կը մսխէ մերթ ճարպիկութեան եւ մերթ բախտին վստահելով։ Կամքը սանձելու եւ արձակելու փորձեր կ’ընէ ան եւ իր մարմնին մէջ հորմոններու ալեկոծումներ տեղի կ’ունենան։ Այնտեղ պինդ ջիղերը կը սաստեն սիրտը եւ անոնցմէ թոյլերը վերահսկողութենէ դուրս կը բերեն զայն եւ կը դարձնեն ահագնաբաբախ։ Արիւնը կը խուժէ գլուխը, մարմինը քրտինք կ’արտածորէ, բիբերը կը լայննան եւ կանխատեսելի կատաղութեան մը սկիզբ կը տրուի։

Բայց այդ հսկայ կառոյցին երկայնքին միօրինակութիւնը չէ տիրողը։ Դուրսը յարաբերաբար մարդոց հոգիները աւելի խաղաղ «կը թուին»։ Քաղքենիական սրահներու մէջ դասական եւ ժողովրդական երաժշտութիւններ կը հնչեն, կենացներ կը խմուին, մարդիկ իրարու կը հանդիպին, կը ծանօթանան։

Քազինոյի սրահներու բեմերուն վրայ է, որ երկրի ամենափայլուն աստղերը կը բարձրանան, կը շողան։ Վաստակաւոր արուեստագէտներ քուլիսներէ դուրս կու գան, կ’անցնին լուսարձակներու տակ եւ իրենց տքնաջան աշխատանքի արգասիքը կը շօշափեն եւ անոր առընթեր կը ջերմացնեն մարդկային հոգին, կը կրթեն զայն ու կ’ողողեն բազմաբնոյթ զգացումներու հոյլով մը։

***

Մենք միշտ ալ պատրաստ ենք մեր ունկը երաժշտութեան ու ձայնին տրամադրելու. բնութեան մէջ երբ թռչուն մը գեղգեղէ, տան մէջ երբ դրացի ոտնաձայներ լսուին, կամ գիշերուան մութին մէջ օդով եկած մեղեդի մը երբ հասնի անոր։ Բոլորն ալ կախարդանքով կը գրաւեն զայն եւ կեդրոնացում կը պահանջեն ուղեղէն գոնէ երկվայրկեանի մը համար։

Ձայնը շարժում է. անկենդանութեան հորիզոնական գիծին մէջ ալիքներ բարձրացնող, եւ այդ ալիքներու վերիվայրումներով յոյզեր դրդող։

Կենդանութեան նշմար է. Փոթորկոտ ծովու մէջ կորուսեալին փրկութեան լաստը, որուն հետեւելով կրնայ խաղաղ ափ հասնիլ, փրկուիլ։

Այդ աւելին է, քան ինչ կը կարծենք որ գիտենք։ Վայրն է ու ժամանակը, շրջապատուած մարդիկն ու իրերը` կենդանին ու անկենդանը։

Այս անգամ գիտակցաբար ու հաւաքաբար սակայն ուզեցինք հետեւիլ բնութեան այդ կոչին։

***

Լիբանանեան բեմերէ տարիներու բացակայութենէ ետք, Ալեֆ Ապի Սաատ (Aleph Abi Saad) ելոյթ պիտի ունենար Քազինոյի մայր թատերասրահին մէջ. այն երաժիշտը, որ միջազգային բեմեր նուաճած եւ տարբեր ազգութիւններու մարդոց սիրտը գրաւած էր տարեկան իր համերգներով ու հրամցուցած արուեստով։

Լսած էի անոր կատարումներէն քանի մը հատը շաբաթավերջեան անթիւ մեր պտոյտներու ճամբաներուն վրայ։ Եւ շուրջի մարդիկ ու մանաւանդ հարազատ ընկերներս քաջ գիտեն, որ եթէ բան մը սիրեմ (կամ չսիրեմ) դժուար թէ չնշմարուի անոր հետքերը դէմքիս վրայ, իսկ Ալեֆի երաժշտութիւնը փակագիծերէ դուրս մնացած այդ խումբին կը պատկանի։

Համերգէն շաբաթներ առաջ ապահոված էինք մեր տոմսերը, որովհետեւ որքան ալ այստեղ մարդիկ փնթփնթան ու քրթմնջեն երկրի պայմաններէն, միշտ ալ կը տեսնես զիրենք ճաշարանի մը աթոռին, լեռան վրայ` դաշտագնացութեան մը նպատակով, կամ օրինակ`Ալեֆի ելոյթին։

Եւ խոստացեալ օրը, ինքնաշարժի բոլոր նստարանները գրաւելով, հինգ հոգիով ճամբայ ելանք դէպի Քազինօ։ Ես, Արան, Խաչիկը եւ իր ծնողքն էինք, որոնց ներկայութիւնը միշտ ալ հաճելի է`անկախ կատարուած ծրագրէն ու գտնուելիք վայրէն։

Շաբաթավերջ է. Ժիւնիի մայրուղին ձիւնապատ լեռներ բարձրանալու միտում ունեցող մարդոցմով լեցուն։

Խճողումը կը սաստկանայ ու կը թեթեւնայ ճամբու նեղ ու լայն ըլլալուն հետ միասին, եւ կատարելապէս կ’ոչնչանայ, երբ լեռներ տանող մայր ճամբաներու կողքով անցնինք։ Մեր կանուխ շարժելով եւ նախախնամական յաւելեալ բոլոր վայրկեանները օգտագործելով, հասանք այնտեղ համերգէն միայն տասը վայրկեաններ առաջ։

Առաջին անգամը չէ, որ այստեղ կու գայի։ Եղած եմ ասկէ առաջ քանիցս, բայց «Կրանտ Թէաթր»-ը նոր է որ պիտի տեսնեմ։

Երբ հասանք, բազմութիւնը արդէն հաւաքուած էր մուտքին եւ կոկիկ ներկակութիւն մը կը կազմէր պատկերը։

Զոյգեր, խմբակներ, ընտանիքներ ցիր ու ցան կերպով տարածուած էին սպասման սրահի երկայնքին եւ նիւթեր կը փոխանակէին, զրոյցներ կ’ընէին։ Երեք երիտասարդ կիներ կը դժուարանային իրենց մէկուն հեռաձայնի ոսպնեակին տեսադաշտին մէջ մնալու. անոնց ապարդիւն փորձերէն ետք, մօտեցայ եւ առաջարկեցի անձնապէս յաւերժութեան յանձնել ներկայի իրենց այդ պահը։ Չխկացուցի եւ կրկին անգամ միացայ խումբիս։

Ելոյթի ժամը հասած էր։ Պէտք էր մտնել եւ գտնել մեր տեղերը։

***

Ժամը ըլլալով հանդերձ, նստարանները պարապ կը մնային, բայց մենք արդէն կ’ուզէինք նստիլ եւ քիչ-քիչ մթնոլորտին պատրաստուիլ ։

Կարմիր պատերուն եւ աթոռներուն վրայ դեղին լոյսերը մշուշապատ կերպով բացուեր էին, կարծես անապատեան խորշակ մը փչած եւ անոր աւազները օդը բարձրացուցած էր։ Ռունգերու մէջ անգամ թրթռացումներ կային զգալի եւ տարբեր բուրմունք մը տիրական էր օդին մէջ։ Այս բոլորը զարմանք յառաջացուցին` մինչեւ բեմի փակ վարագոյրին վրայ համերգի խորագիրը կարդալը։

Dance of sands…

Աւազներու պարը։ Զուգադիպութիւն մը կամ դժբախտ պատահար մը չէր ուրեմն ներսի դրուածքը, այլ մթնոլորտին պատրաստելու եւ մարդկային զգայարանքները գերլարելու կանխամտածուած ծրագիր։

Կէս ժամ ուշացումէ ետք բացուեցան վիթխարի վարագոյրները, որուն ետին նուագախումբն իր նուագարաններով նստած էր արդէն։

Լոյսերը բացուեցան։

Հարուածային եւ արագընթաց երաժշտութեամբ թմբկահարը սկսաւ ժողովուրդին բազկերակը շօշափել։ Մարդը կանգ չառաւ բացագանչելէ եւ դէմը դրուած թմբուկները մէկզմէկ հարելէ, մինչեւ բոլորին տրամադրուած ըլլալը ստուգելը։

Յետոյ էր, որ բեմ բարձրացաւ Ալեֆ եւ ստանձնեց ղեկավարութիւնը բեմի վրայ կատարուելիք արուեստին։

Տակաւին չէր անցած իր երգացանկի առաջին երգին, երբ բարձրախօսը առաւ ու բեմահարթակի կեդրոնը գալով խօսքը ուղղեց ժողովուրդին. «Պատերազմի այս լարուած օրերուն, երբ համերգի մը ձեռնարկենք, երկուութեան մը կը մատնուինք։ Պէ՞տք է արդեօք այս մէկը ընել, թէ՞ պէտք չէ։ Բայց ես կ’ուզեմ ըսել, որ այսօրուան ելոյթը փորձ մըն է երաժշտութեամբ յաղթելու մեր վախին եւ մտահոգութիւններուն։ Գալիքին հանդէպ յոյսով լեցուելու եւ գօտեպնդուելու»։

Ծափողջոյններով, գոչումներով եւ սուլոցներով հակազդեց ժողովուրդը այս խօսքին` ի նշան իր հաւանութեան ու համաձայնութեան։ Երաժիշտը անցաւ իր դաշնամուրին առջեւ եւ միաշունչ ու անընդմէջ աւելի քան երկու ժամ կախարդեց ժողովուրդը իր նուագախումբին հետ միասին։

Հակառակ երգերու սովորական 3-4 վայրկեաննոց տեւողութեան, Ալեֆի գրեթէ բոլոր ստեղծագործութիւնները 7-8 վայրկեանէն պակաս չեն։ Այդ երգերուն ընթացքին, երբ դուն տարուած ես ունկնդրութեանդ հաճոյքով` Ալեֆ աստիճանաբար եւ գրեթէ անզգալի կերպով արեւելեանի, ճազի, լատինի, ֆլամենկոյի ու թանկոյի միջեւ կ’երթեւեկէ։

Եութիուպեան երգէ մը այդ անցումները զգալը թերեւս հաւանութիւնդ ստանայ, սակայն ուղիղ կերպով, սրահի անոր ականատեսն ու ունկնդիրը ըլլալը բոլորովին այլ հաճոյք է։

Չկային երգիչներ, բայց այդ գիշեր քանոնը կը խօսէր, նայը կը պատասխանէր, կիթառը յետնամասի վրայ կը շարունակէր իր երգը, հարուածային գործիքները շատ անգամ չէին զիջեր իրենց ռիթմէն, պուզուքը մէջընդմէջ ըսելիք մը կ’ունենար, ուտը կտորը կը տանէր դէպի արեւելք,  իսկ ջութակը միշտ ալ հոն էր տրաման աւելցնելու, եւ այդ բոլորին ներդաշնակութիւնն ամրագրելը դաշնակին էր վստահուած։

Այն գիշեր այդ նուագարնները բեմ բարձրացուցին ասդենականի եւ անդենականի պէս-պէս երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները։

Հոն էին լիբանանցի Ֆէյրուզը, եգիպտացիներ Ում քալթումն ու Լէյլա Մրատը, ալժերիացիներ Տահման Հարաշին եւ Ուարտա ալ Ճազաըիրիան, ֆրանսացի Էտիթ Փիաֆը, սպանացի Մանոլօ Էսքոպարը, ամերիկացի Ճասթըն Հըրուիցը եւ նոյնիսկ լիբանանահայ Ատիս Հարմանտեանը։ Եւ այդ բոլորին փոխնիփոխ ներկայութեամբ եւ երաժշտութեան մէկզմէկու անցումներով, Ալեֆ հանելուկի խաղեր կ’ընէր ժողովուրդին հետ, իսկ ժողովուրդը` հարիւրաւոր այդ նստարանները գրաւող հոծ բազմութիւնը, մասնակից էր այդ խաղին։

Երգին իսկութենէն կասկած ունեցողը քովինին հետ կը զրուցէր` զայն փարատելու համար, կռահողը` կը սկսէր, եւ ժողովուրդը կը միանար։
Մէկն իր հին բոյնը կը յիշէր, մէկն իր գիւղը, մէկն իր մանկութիւնն ու ընկերները, մէկն իր մօր դայլայլոցն ու հօր ծխախոտը։ Բոլորն ալ անցեալ մը կ’ապրէին ներկային հետ միասին։

Բեմին վրայ կատարուող նուագախաղին հետ ժողովուրդը մերթ կը յուզուէր եւ մերթ անորմէ հրճուած` ոտքի կանգնած կը պարէր։

Սրահը կեանքով լեցուն էր։

Եւ երբ Մուհամատ ապտուլ Ուահապի «Եա Մսաֆէր Ուահտաք» երգի երաժշտութիւնը հնչեցնելով ջութակահարն իր առաջին լարերն ածեց, Մարտիկը` Խաչիկին հայրը, իրեն դառնալով ըսաւ. «Սիրով Խաչիկ, քեզի հիմա 60 տարի ետեւ պիտի տանիմ»։

Հոն, երբ եւ ուր Խաչիկն իսկ չկար, կային Մարտիկը եւ իր սերնդակիցները, որոնք կ’ապրէին ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ տարբեր էր իր բարքերով ու սովորութիւններով, իր երգի ու երաժշտութեան ճաշակով։

Ալեֆ, 23 Փետրուարին, կրցաւ վայրի ու ժամանակի, հինի ու նորի կամուրջը հանդիսանալ Քազինոյի սրահին մէջ։

Պէյրութ, 1 Մարտ 2024

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x