Ալեհերը

March 13, 2024

Դէմքին վրայ կնճիռներ
Ծալքերուն մէջ յիշատակ
Ու ամէն գիծ` պատմութիւն,
Բիւրաւոր արեւածագ

Ճամբուն երկար, աս դէնին
Խրամատ, փոսեր, փուշեր
Ու կարմիր գորգ եւ վարդեր
Հին կեանքի մը ծուէններ

Սեւ մազերը հնազանդ
Սլաքներու հարուածին
Ստուարը ճամբուն թափած,
Ճերմակ` գանկամաշկին

Եւ այդ դէնին, անյայտին
Մութ ու խաւարի խորքէն
Յաղթած է ան անցեալին
Իր հեգնանքին ընդմէջէն։

Թէ քամիներն անդադար
Ծեծեն դէմքը սրբալոյս
Եւ իր դիմաց բարձրանան
Ցունամիներ խելակորոյս

Բաց կուրծքը վահան որպէս
Դէմ դրած անոնց բոլոր
Զուարթ երգը շուրթերուն`
Դէմքին ժպիտ, հոգին անդորր

Ու նախանձով, ակնածանքով
Թէ հարցնեն աչքեր «Ինչպէ՞ս»
Կ’անգիտանան, թէ վանդակուած
Մատղաշ սիրտ մ’ունի անտես։

Քրիստ Խրոյեան

12 Մարտ 2024