Երեւոյթ մը անցեալէն՝ ինթրնէթ քաֆէն (1)

January 20, 2024

Lord of The Rings կը խաղայի…

*

Անցեալի ինթրնէթ քաֆէներուն մէջ խճողում ստեղծող վիտէօ խաղերէն մէկը։ Այդ քաֆէները, որոնք այսօր գրեթէ չկան, կամ նոր ձեւ ստացած են: Տեսալսողական համակարգի զարգացման բերումով, անոնք այսօր օժտուած են աւելի որակեալ խաղերով, որոնք թիւով այնքան ալ քիչ չեն, սակայն անցեալի նոյնքան հետեւորդները չունին։

Ինթրնէթ քաֆէ՜…

Ո՜հ, այն վայրը, որուն համար մէկը փախուստ կու տար տունէն եւ կը հասնէր հոն` ներսը բարձրացող ու պատող սիկարէթներու մուխէն ու գոլորշիներէն անցնելով` կը հասնէր համակարգիչի մը առջեւ եւ կը գրաւէր անոր դիմաց դրուած աթոռը բացագանչելով. «Թիւ 7 քոմփիութըրը կը հաճի՞ք բանալ, պարոն»…

Counter-strike, GTA Vice city, Generals, Red Alert, IGI եւ ի՜նչ խաղեր կային այդ համակարգիչներուն մէջ։ Սակայն միայն այդ խաղերուն համար չէ որ մարդիկ քաֆէ կը դիմէին: Շատերու առաջին դիմատետրեան փորձառութիւնը եղաւ ան, ուրիշներու տարիներու Էմ-Էս-Էն-ի պատուհանը դարձաւ եւ այդ քաֆէներու միջոցաւ մարդիկ մաս կազմեցին համացանցի աշխարհին, որովհետեւ տունը համակարգիչ կամ բաւականաչափ արագ համացանցի գիծ չունէին: Երբ շատ մը տուներէ ներս համակարգիչը տակաւին ներկայութիւն չէր, այդ քաֆէները ամբողջ շաբթուան ընթացքին կը համախմբէին երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ եւ կը դառնային հաւաքատեղի, մշակոյթի մէկ տեսակ։

Երկինքէն իջած օրէքներու նման` օր եւ ժամ կը ճշդուէին համակարգչային այդ խաղերուն համար։

«Շաբաթ օր մեր counter-ի օրն է։ Չենք կրնար երթալ ձեզի հետ. խօսք տուած ենք տղոց»։

«Հինգշաբթի, ժամը 6-ին, Generals պիտի խաղան տղաքը. կը միանա՞ք»։

«Կէս ժամ», «մէկ սըրվըր», «մէկ ժամ», «բաց եւ ազատ»… այսպէս կը ճշդորոշուէին այդ համակարգիչները օգտագործելու գիները՝ ժամականով, իսկ սըրվըր ըսուածը Քաունթրի մէկ խաղն է՝ 40 վայրկեան:

Հայհոյախառն այպանանքի եւ սպառնագին մեղադրանքի հեղեղ մը կը տիրէր մարտնչող կողմերու միջեւ, որոնք ընդհանրապէս երկու շարք կազմած` դէմ-դիմաց կը խաղային եւ իրենց ետեւ կ’ունենային դիտորդներ։ Այդ դիտորդները, որպէս փոխանորդ, երբեմն խաղցողներուն տեղն ալ կ’առնէին` մինչ անոր մէկ ընելիքը վերջացնելը, որովհետեւ համակարգիչներուն վրայ ուտել-խմելը միշտ չէ որ թոյլատրելի էր:

Այս մարդիկը, որոնք ընդհանրապէս իրենց մօտ դժգոհութեան մակարդակը գոհունակութենէն աւելին էր, տարիներու ընթացքին ինթրնէթ քաֆէներ յաճախելով շաբաթական հերթականութեամբ, անգիր սորված էին այնտեղ օգտագործուող բառապաշարը`կիրարկելի հասկացութիւնները եւ բազմազան ու տեսակաւոր հայհոյանքները։ Օրինակի համար, Քաունթըրի մէջ եթէ ոչխարի նման քեզ մէկը դանակով սպաննէ, այդ արարքը կ’ըլլայ «խարուֆ», հայերէնով՝ ոչխար: Եւ մէյ մը որ խաղցողները գիտցան դանակով սպաննուեցար, ամբողջ քաֆէն ի պատիւ քեզի պահ մը կը մայէ՝ «Մէ՜ը» մը բղաւելով…, կամ օրինակ եթէ նստած տեղդ դիրք բռնած ես որպէս դիպուկահար մէկ ալ նռնակ մը հասնի յետոյքիդ տակ ու քեզ յօշոտէ, ապա այդ մէկը կ’ըլլայ «Հաֆֆուտ», այսինքն շորիկ, որովհետեւ այդպիսով նռնակին վրայ նստած եղար ու տակդ պայթեցաւ. շորիկի նման հագուեցար այդ մէկը:

Խաղերը շատ էին, բայց օգտագործուած բառերը աւելի, եւ այդ բառերու միտքը յղացողները միշտ ալ կը մնային անյայտ զինուորներ, որոնք բազմալեզու հայհոյանքներ արձակելու ատակ մարդիկ էին, եւ այնքա՜ն ստեղծարար ոգիով ու պատկերաւոր ոճով…

***

Մարդիկը միացնող բաները, համախմբելու այդ իրենց դերակատարութեան առումով, միշտ ալ հետաքրքրութիւնս շարժած են. ջուրը, հացը, երգը, պարը, ֆութպոլը, թատրոնը եւ ուրիշ շատ մը բաներ:

Բոլորովին անծանօթ անցորդի մը հետ ճամբան եթէ պահ մը կենաս ու տրամադիր ըլլաս զրոյցի մը,- թէեւ գործնականօրէն ապուշութիւն կրնայ թուիլ այս մէկը,- պիտի տեսնես թէ որքան նման ու տարբեր էք իրարմէ. նոյն երգը կրնայ ձեզի համար նշանակութիւն ունենալ՝ տարբեր յիշատակներ արթնցնել, ֆութպոլի մէկ խումբին խաղին համար երկուքդ ալ շաբաթավերջին ձեր ժամերը կրնաք յատկացնել, կամ խաղցողի մը նշանակած կոլը նոյն հրճուանքով յիշել, այս կամ այն դերասանին կամ ժապաւէնին մասին միաձայն կամ տարբեր կարծիք ունենալ…

Չես գիտեր. օր մըն ալ կրնայ քեզի համար շատ յարմար ընկեր մը, կամ սէր մը որպէս անցորդ կողքէդ երթալ եւ դուն չիմանաս թէ որքանով նման կամ յարմար է քեզի:

Ինթրնէթ քաֆէն սակայն, այդ անծանօթ մարդիկը համախմբող վայրերէն մէկն էր, որ այսօր համարեա՛ չկայ:

Կա՛ն սակայն այդ մարդիկը, որոնց հետ մեր առաջին հանդիպումը ինթրնէթ քաֆէին մէջ եղաւ եւ անոր մշակոյթի արձանագրած անկման հետ ալ խզուեցան կապերը…

– Աս տղուն դուն ուրկէ՞ գիտես: Ինք ուրիշ դպրոցէ է:

– Միասին ինթրնէթ քաֆէ կ’երթայինք…

Պէյրութ, 19 Յունուար 2024

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x