«Միսը Ձեզի, Ոսկորը Ինծի» (1)

February 20, 2024
Դպրոցի մուտքի ցուցանակը (2017), նկարը` Ֆոթo Վենիւսի

Լսողն ու ընթերցողը պիտի ըսեն «Ինչքան սէր կայ պահուած այս խօսքին ետին». մարդ զիջի իր բաժին միսը ու բաւարարուի ոսկորով եւ իր խօսակիցին տայ իր բաժին միսը` արժէքաւորը։ Ի՜նչ վեհանձնութիւն։

Ճի՛շդ է։ Այսօր ոսկորով բաւարարուողներ գրեթէ չկան: Նման անձնուրաց մըն ալ միջավայրի մէջ յայտնուելու պարագային, շրջապատի մարդիկ զարմանքով կը դիտեն զինք ու հարց կու տան իրար. «Ասոր վերնատունը բան մը ունի՞ մը»։ Կը զարմանան, որովհետեւ արտասովոր երեւոյթ է։ Ծանօթ բան մը ըլլար` զարմանքն ինչո՞ւ, սովորականը եսասիրական տարբերակն է…

Բայց միս ու ոսկոր երբ ըսեմ, դուք շուտով աթոռ, սեղան, պնակ, դանակ ու պատառաքաղ մի պատկերացնէք։ Միշտ չէ որ խօսքը կաթսային կամ տապակին մէջ եփած այդ զանգուածին մասին է։

Այս խօսքը պատմութիւն ունի եւ առիթ, անցեալ ունի եւ յիշատակ:

***

Ազգային Հայկազեան Վարժարանի «մանչերու» բաժինը պիտի փակուէր, եւ անոր աշակերտութիւնը պիտի միանար «աղջկանց» բաժնի սաներուն։ Դպրոցի բաժիններու անունները տարիներու թաւալումով այդպէս մնացեր էին, սակայն իմ օրերուս երկու բաժիններու մէջ ալ երկսեռ աշակերտութիւնը ներկայ էր։

Հազիւ թէ մէկ տարուան յաճախորդ էի «մանչերու» բաժնի առաջին յարկի մէկ դասարանի գրասեղաններուն, երբ այս որոշումը տրուեցաւ։

Ազգ. Հայկազեան Վարժարան Մանչերու բաժին (2017), նկարը` ֆոթօ Վենիւսի

Այդ դպրոցի քարերն ու պատերը շատ լաւ կը յիշեմ: Անոնք մտքիս մէջ տեղ գտած են, յիշողութեանս մէջ՝ ամրապնդուած, սակայն մեծ տեղ չեն գրաւեր հոգիիս մէջ, զգացական յիշատակներ չեմ կազմած այնտեղ: Պատճառը թերեւս այն էր, որ մանկապարտէզի ծաղկազարդ պատերէն ու պատկերազարդ գիրքերէն շուտով եկած էինք այս նախակրթարանի մռայլ պատերուն տակ եւ անոր բազմատեսակ ու նոր դասանիւթերուն գիրկը:

Կաւ ու փիք-փիք չկային այլեւս, «Անին ու Արա»-ն խոր քուն մտան, եւ ոչ ոք գիտցաւ, թէ «Պետիկն ու գայլ»-ը ինչ ճակատագիր ունեցան:

Ազգային Հայկազեան Վարժարանի մանչերու բաժնի դպրոցը միայն ցուրտ օրերով կը յիշեմ: Չեմ յիշեր արեւոտ օր մը այնտեղ տեսած: Թերեւս պատճառն այն է, որ արեւը հազիւ թէ թափանցէր մեր դասարանէն ներս։

Լայն ըլլալէ աւելի երկար էր այդ դասարանը, որուն մուտքին, ինչպէս բոլոր մեր դպրոցներու դասարանները, ամպիոնն էր եւ ուսուցիչին քառանկիւն սեղանը: Աջին՝ երեք շարքեր, իւրաքանչիւրը չորս կամ հինգ գրասեղաններէ կազմուած եւ անոնց ետեւ անցք մը, ուր կարելի էր տեղաւորել գրասեղաններու եւս երկու շարք, սակայն անցքը կը մնար պարապ, որպէս ապահովական հեռաւորութիւն դասարանին կուրծքը դրուած կրակարանէն: Դասարանը ջերմացնող այդ օճախին աջի ու ձախի պատերուն ամրացուած էին փայտեայ կտորի մը վրայ մետաղեայ կախիչները, ուրկէ կը կախուէին մեր վերարկուներն ու վզկապերը այդ օրերուն:

Վերի յարկերը աւելի բարձր դասարաններն էին եւ մեզ անոնցմէ կը բաժնէր, որպէս սահմանագիծ, «մէկուկէսերորդ յարկ»-ին վրայ գտնուող տնօրէնութեան սենեակը: Հոն, ուր այդ սրճագոյն դուռէն ներս, իր սեղանի ետին, նստած կ’ըլլար դպրոցի տեղական հեռաձայնը կամ պետական թուղթ մը ձեռքին՝ դէմքին վրայ յաճախ յանդիմանական գիծեր եւ ակնոցներու ետին աչքերուն մէջ մի՛շտ բոցկլտող կայծերով օրիորդ Սիլվա Ճապաղջուրեանը, որուն հանդէպ հայրս միշտ յարգալից մօտեցում եւ բարեացակամ վերաբերմունք ունէր:

Դպրոցի պատկերը ամբողջացնելու համար, ըսեմ, որ ան ունէր համարեա՛ մեծ բակ մը, որուն աջ թեւին որոշ բարձրութեան մը վրայ ամրացուած էր պասքեթպոլի կողով մը, իսկ անոր իրանը ամբողջութեամբ կը կազմէր ֆութպոլի խճաքարեայ դաշտ մը՝ բակին ասդին ու անդին դրուած դարպասներուն պատճառով: Դպրոցը ունէր նաեւ իր սրահը, որուն մուտքի դուռը բակէն էր: Քանի մը աստիճան վար գտնուող այդ դահլիճէն ներս յաճախ ձեռնարկներ տեղի կ’ունենային, տօներ կը նշուէին:

***

Ծնողներս, իմ թէ եղբօրս պարագային, այնքան ալ տեւական ներկայութիւն մը չէին դպրոցէն ներս, բացի բացառիկ առիթներէ, օրինակ երբ վերամուտ էր, Կաղանդ էր, կամ ալ դպրոցական մասնավճառ մը տալու էին: Մենք ալ ո՛չ «բացառիկ» աշակերտներ էինք, ոչ ալ խնդրայարոյց խառնակիչ մարդիկ: Հանապազօրեայ տիպար դպրոցականի մը յաճախում մըն էր մեր ըրածը: Յաւելեալ առիթներ չկային ծնողք դպրոց կանչելու:

                                         Դպրոցի կառոյցը ներկայիս (2024)

Ծնողական ժողովները նոյնիսկ առիթ չէին հանդիսանար ծնողքիս դպրոց գալուն: Կրնամ ըսել չէ պատահած վեցամեայ ծնողական ժողովներէն մէկուն բռնեմ մօրս կամ հօրս ձեռքը, շրջինք դասարանէ դասարան եւ այնտեղ գտնուող ուսուցիչներուն հարց տանք իմ աշխատանքիս, կամ վարք ու բարքիս մասին: Ծնողքս մերթ ընդ մերթ կը լիազօրագրէր սակայն մօրքուրս այս ժողովներուն եւ իրենք կը բացակայէին, որովհետեւ «Գիտէին: Յստակ էր, թէ ինչ պիտի ըսէին ուսուցիչները»:

Իրաւ ալ: Շատ բան չունէին ըսելիք այդ ուսուցիչները: Ամէն տարուան իրենց ըսածը պիտի ըլլար հետեւեալներէն մէկը կամ աւելին.- «քիչ մը անուշադիր է», «քիչ մը աշխատանքով աւելի լաւ կ’ըլլայ», «երբեմն կը շատախօսէ», «այդ օրը իր տեղը փոխեցի», «կ’աճապարէ քննութեան թուղթը յանձնելու», «կեդրոնացումը բակ իջնելու վրայ է միշտ»:

Ասոնք արդէն նոյն այդ խօսքերն ու մտահոգութիւններն են, որոնք դարձած են բառերը հօրս առաւօտեան ամէնօրեայ քայլերգին, որ կը սկսի իմ հագուած ժամանակ, կ’երկարի որքան որ տուն մնամ եւ այնտեղ օթոքարը սպասեմ եւ կ’աւարտի, երբ փողոցի դռան միւս կողմը անցնիմ:

Բայց պապաս՝ տունէն անդին, ունէր կրթելու փիլիսոփայութիւն մը, որ կը թուէր կատարեալ վստահութենէ բխած ըլլալ…


Վերամուտի առաջին օրը, երբ ես պահարանի ամէնէն նոր հագուստս հագած բերրի տարեշրջան մը ունենալու տեսլական մը ունիմ, ան կը բռնէ ձեռքէս ու կը քալէ հետս մինչեւ դպրոց: Դպրոց հասնելով, կ’այցելենք սենեակը օրիորդ Սիլվային, որ սիրալիր ժպիտով մը կը դիմաւորէ մեզ, եւ իրեն հետ առօրեայ, սովորական երկխօսութիւն մը ունենալէ ետք, հայրս կը յանձնէ զիս դպրոցի ուսուցչութեան կազմին ըսելով. «Օրիորդ Սիլվա, անգամ մը եւս ապսպրելու պէտք չկայ, անցեալ տարուան պէս՝ «Միսը ձեզի՛, ոսկորը ինծի» »:

Եւ «մատաղ»-ս այն օրէն կը սկսի առնել իր Գողգոթայի առաջին քայլերը…

Պէյրութ, 17 Փետրուար 2024

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x