Օդին մէջ, օդանաւին հետ՝ գետնին վրայ, օդակայանէն ներս (2)

March 8, 2023
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի

Պէյրութ,

28 Փետրուար 2023

Ծայր առաւ պատերազմը, քաղաքին մէջ սկսան սահմանափակումներ, պայթումներուն յաճախականութիւնը հետզհետէ աւելցաւ։ Պատերազմին մագիլները հասած էին Հալէպ քաղաք, ու ան արիւնլուայ կը գալարուէր անոնց մէջ։ Փոխադրամիջոցներու տարատեսակ արգելափակումներ եղան: Պարզ է՝ ճամբաները ապահով չէին։ Երկաթուղին դադրեցաւ եւ կայարանները դատարկուեցան, որովհետեւ հարիւրաւոր քիլոմեթրերու վրայ երկարող երկաթգիծերուն իւրաքանչիւր մեթրը կրնար դառնալ խափանարարութեան թիրախ, եւ մէկ ականը հերիք կրնար ըլլալ պատճառելու աղէտալի հետեւանքներ։

Ցամաքային ճամբաները փոխեցին իրենց աշխարհագրութիւնը. Հալէպէն մեկնող ինքնաշարժները այլեւս միջազգային ճամբաներէն չէ որ կ’ընթանային, այլ ներքին, կողմնակի, խորտուբորտ եւ աւազոտ ճամբաներէ, որոնք վտանգաւոր էին ու հետագային պատճառ պիտի դառնային մեծ թիւով մարդոց մահուան. Ի՜նչ ճակատագիր. պատերազմը ոչ միայն ուղղակի, այլ անուղղակի ձեւերով կրնար մահուան ուրուականը ղրկել անմեղ մարդոց հետքերով…

Արեւելքի ու հիւսիսի հետ կապը հետզհետէ կը խզուէր. կը մնային հարաւ ու արեւմուտք տանող ճամբաները։

Իսկ օդակայա՞նը։

Օդակայանը կը գտնուէր քաղաքի արեւելեան թեւին վրայ, ուր հանգրուանային պաշարում մը սկսած էր։

Որոշ ժամանակ մը, դէպի օդակայան ճամբան անապահով էր: Աւազակախումբեր կրնային յանկարծակի յայտնուիլ, յարձակիլ ու կողոպտել ինքնաշարժով երթեւեկող մարդիկը, սակայն օդակայանը կը գործէր ու թռիչքները տեղի կ’ունենային պետութեան հովանիին տակ։ Դարձեալ որոշ ժամանակ մը, օդակայանի ճամբուն վրայ զինեալներ կը կեցնէին ինքնաշարժերը եւ կը հարցաքննէին  մարդիկը, նեղութիւն եւ ոմանց երբեմն սարսափ պատճառելով։ Շատերու համար այդ ճանապարհորդութիւնը վերջինը պիտի ըլլար, ա՛լ պիտի չվերադառնային Հալէպ։ Այդ մարդիկը կ՛ուզեն ազատիլ այդ յիշողութենէն, բայց չեն կրնար ։ Դժուար է առաջին անգամ ըլլալով տեսնել արագահարուածներ եւ մահուան տարբեր գործիքներ շալկած սարսափազդու զինեալներ ու անտարբեր մնալ:

Հայաստան ճամբորդող օդանաւերով «Զուարթնոց» օդակայան հասած հալէպահայեր, օրին, տարբեր կայաններու ու թերթերու տրուած հարցազրոյցներուն ընթացքին կը պատմէին իրենց ապրածն ու տեսածը։ Անոնցմէ ոմանք մէկ կամ երկու շաբթուան համար կու գային, բայց այդ երկու շաբաթն այսօրուան մեր տոմարով կը հաշուէ աւելի քան տասը տարի։ Անվերադարձ հեռացան անոնք։

…Եւ այս ամբողջ թոհուբոհին մէջ սեւ շուկայ մըն ալ յառաջացաւ։

«Սեւ շուկայ»…

Մանկութենէս – երբ տակաւին քանի մը մատը բաւարար էր մեղքերս հաշուելու – կը լսէի այս արտայայտութիւնը։ Ու միշտ կը մտածէի, թէ ո՛ւր է այն։ Արդեօ՞ք Հալէպ՝ հին քաղաքի ներսի շուկային կողմերը։ Ինչո՞ւ «սեւ շուկայ» էր անունը։ Ամէն տեղ սեւ բանե՞ր կը ծախէին։ Պատերը սե՞ւ էին։

Կարծէք՝ մասամբ իրաւունք ունէր պատանիս, չէ՞։ Նամանաւանդ, եթէ փորձենք պահ մը այսօրուան մեր գիտցած սեւ շուկան պատկերաւոր դարձնել։

Տագնապներու եւ առիթներու շահագործման ասպարէզն է սեւ շուկան։ Այն ժամանակ, երբ մեծամասնութիւնը կ’ուզէ, որ վերջ տրուի տագնապի մը, կ’ըլլայ նաեւ խմբակ մը, որ տիւ ու գիշեր նոր արիւն կը ներարկէ տագնապի հրէշին եւ անոր գոյատեւման աղօթք կը բարձրացնէ՝ կարելի եղածին չափ յաւելեալ շահ կորզելու համար նեղ օրերէն:

Պատերազմի սեւ շուկաները շատ էին։ Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան ունէր իր իւրայատուկ տագնապը, իր առանձնայատկութիւնները եւ, հետեւաբար, իրեն յատուկ «սեւ շուկան»: Անոնցմէ մէկը կը վերաբերէր «դժուար դրամանիշ»ին. պատերազմի առաջին բոցերու բարձրանալուն հետ, երբ տնտեսական կայունութիւնը խախտեցաւ, տոլարի փոխարժէքը կը սկսէր հետզհետէ բարձրանալ`դուրս գալով իր հունէն եւ թփռտալով անկայունութեան կշռոյթին համապատասխան: Ընթացք կ՛առնէր բարդ եւ բազմաշերտ գործողութիւններու շղթայ մը, որուն մէջ մէկ կողմէն պարզ մարդիկ կը փորձէին պաշտպանել իրենց ունեցածին արժէքը, իսկ ուրիշներ, ընդհանրապէս՝ վերավաճառողներ, կ՛աշխատէին առաւելագոյն օգուտը քաղել կացութենէն:

Սեւ-շուկայական յարաբերութիւններ կը տիրէին նաեւ ճամբաներուն վրայ:

Հալէպի հայ գաղութէն արտահոսքի գլխաւոր երկու ուղղութիւնները – բուռն թէ դանդաղ ընթացքով – Հայաստանն ու Լիբանանն էին։

Ցամաքով կ’երթար հալէպցին Լիբանան: Քանի մը ժամուան ճանապարհորդութիւն էր այդ, եւ բոլորին կողմէ ընդունելի: Այդ օրերուն ո՛չ խոչընդոտներ կային, ոչ ալ մտավախութիւններ։

Հայաստանի պարագային սակայն, երբ թռիչքներու տոմսերը սկսան սղիլ, մշակուեցան Հայաստան ճամբորդելու ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ։

Այո՛, Սուրիա-Թուրքիա-Վրաստան-Հայաստան ճամբով շաբաթներո՜վ ինքնաշարժներ մեկնեցան Հալէպէն. մարդիկ օրուան մէջ 24 ժամ վարեցին իրենց ինքնաշարժները ու հասան Հայաստան։

Այդ ճամբան կ’անցնէր Ազէզէն` Հալէպի հիւսիսէն, յետոյ Քիլիսէն ու Տիգրանակերտէն, կը հասնէր մինչեւ Կարս եւ հուսկ`վրացական սահման։

Ամէն մարդ գիտէ՞ր այդ ճամբան:

Վստահ՝ ոչ։

Ուստի, իրենց ընտանեկան ինքնաշարժներով մեկնելու պատրաստ ընտանիքները առտու կանուխ կը հաւաքուէին ժամադրավայրը, հետեւելու համար այն հանրակառքերուն, որոնց վարորդները գիտէին ճամբան։ Այդ ուղղութիւնը տալու գիտութիւնը ձրի չէր տրուեր հետեւորդներուն։ Այդ վարորդները գումարներ կը գանձէին իրենց հետեւող բոլոր ինքնաշարժներէն։ Արաբները կ’ըսեն «Գըլ շի պի հա՛ըըօ».  այսինքն, ամէն ինչ իր գինը ունի: Է՜հ, եւ այդ ինչ քաղցր է պատերազմի օրերուն, երբ ո՛ւր ձեռքդ զարնես՝ վէրք է, ու կարելի է այդ մարդուն վէրքին վրայ սեղմելով զինք տանիլ ու բերել՝ քաշկռտել ըստ քմահաճոյքիդ:

Բայց եկէք մենք կեդրոնանանք օդակայանի ճամբու «սեւ շուկային» վրայ։

Օդակայանի ճամբուն վրայ կախուած վտանգը կու գար զինեալներէն. խնդրոյ առարկայ էր նոյնիսկ մարդոց  ֆիզիքական ապահովութիւնը: Հետեւաբար, վարորդին ճարպիկութիւնը իր անսակարկելի արժէքը պէտք է ունենար, պէտք է թուաբանականօրէն թարգմանուէր շուկային մէջ որպէս գին եւ հաստատուէր այնտեղ։ Բնական օրերու մէջ թաքսիի մը գանձածին եռապատիկն ու քառապատիկը կը գանձէին այդ վարորդները՝ թէ՛ իրենց, թէ՛ ուղեւորուողներուն կեանքը վտանգելով զանոնք «ապահով» օդակայան հասցնելու համար։

Բայց երկար չտեւեց այս շրջանը, երկար չտեւեց նաեւ օդակայանի գործունէութիւնը այս թոհուբոհին մէջ։

Օր մը, քաղաքացիներով լեցուն մարդատար օդանաւներէն մէկը արագահարուածի կրակոցի ենթարկուեցաւ. օդակայանը վերջնականապէս փակուեցաւ, եւ շրջափակման օղակը հետզհետէ սկսաւ նեղնալ, ճնշել, խեղդել…

Օդակայանն այլեւս փակած էր իր դռները։ Արտաքին աշխարհին հետ Հալէպ քաղաքի անմիջական կապը կտրուած էր. հիմա պէտք էր որոնել այլ ճամբաներ ու միջոցներ։ Քաղաքն այս հարուածով մղուած էր հարիւր տարի ետեւ՝ այն ժամանակները, երբ մարդը տակաւին երկինքը որպէս փոխադրութեան տարածամիջոց չէր կրնար օգտագործել։

Հիմա այլեւս եթէ ունէիր այլ երկիրներ անցնելու բախտաւորութիւնը՝ նուազագոյնը Լիբանանի ճամբով պէտք էր ըլլար…

Իսկ ես այսօր աւարտեմ այստեղ: Ի վերջոյ, աւելի ուշ պիտի գրեմ, թէ ինչու օդանաւին եւ օդակայանին նիւթը ըրի։

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x