Օգնութեան ձեռքեր՝ Պէյրութէն Հալէպ

February 14, 2023

Հայկազեան համալսարանի ուսանողներու մարդասիրական նախաձեռնութեան առիթով:

Պէյրութ, 10 Փետրուար 2023, երկրաշարժէն երեք օր ետք

Ոմանք իրենց գլուխը փաթթած էին, ուրիշներ` բաց պահած. կրօնքը ուղղութիւն է` վարդապետութիւն։ Բայց ի՞նչ է նպատակը անոր, եթէ ան չձգտի միացնելու մարդիկը, իրարու քով բերելու եւ ուղղելու զանոնք բարիին:

Ոմանց շուրթերէն կը հնչէր արաբերէնը, ուրիշներէ` անգլերէնը, շատերէն անգլիախառն արաբերէն մը, բայց նաեւ կը հնչէր հայերէնը. լեզուն հաղորդակցութեան միջոց մըն է, զիրար հասկնալու մէկ ձեւ, խօսք հասկցնելու ու միտք պարզելու գործիք մը։

Բայց կայ նաեւ մարդկայինի լեզուն, որ չունի ազգերու եւ պետութիւններու լեզուներու նման բառեր ու նախադասութիւններ, արտայայտութիւններ ու դարձուածքներ, այլ իսկոյն կը թարգմանուի ազնիւ գործերու եւ ազնուական վերաբերումներու։ Այդ մէկը կը բխի խղճի պարտքը տալու կամքէն, բարիք գործելու Աստուածահաճոյ ու բնատուր մղումէն։ Այդ լեզուով հաղորդակցողները բացատրութիւններ չեն տար, այլ կ’անցին գործի` նուիրումի լուսապսակը կրելով իրենց գլխուն վերեւ։

Այսօր այցելեցի Հայկազեան համալսարանի ուսանողական սրահը` այն փեթակը, որ տրամադրուած էր վերջերս պատահած երկրաշարժէն վնասուածներուն օգնութեան ձեռք մեկնելու աշխատանքին։ Պարզուած պատկերն այնտեղ` մարդկութեան հանդէպ մարդուս յոյսը կը նորոգէր։ Երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ, անկախ իրենց ազգային, կրօնական ու կուսակցական պատկանելիութենէն, միատեղ հաւաքուած էին Սուրիոյ աղէտեալ ժողովուրդին օգնութեան հասնելու։

Սենեակ մը ամբողջ, յատակէն մինչեւ առաստաղ, լեցուած էր պարէնով` տուփեղէն, ընդեղէն, հագուստեղէն, նաեւ ծածկոցներ ու վերմակներ։ Բաց ու դատարկ կը մնային ուրիշ սնտուկներ այլ սենեակի մը մէջ՝ նոր օժանդակութիւններու հասնելուն ակնկալիքով:

Ձեռքեր շատ էին այնտեղ. մէկը կը զատէր, միւսը կը լեցնէր, ուրիշ մը կը փակէր ու կը գրէր տուփին պարունակութիւնը անոր վրայ, ապա տուփը կը վերցուէր ու կը դրուէր ներս….ու կը կրկնուէր նոյնը՝ լեցնելով սենեակը…

Ոչ ոք պարտադրած էր այդ երիտասարդները աշխատանքի։

Ոչ ոք պարտադրած էր ուրիշը նուիրատուութիւն կատարելու։

Այդ նուիրատուները կազմակերպութիւններ չէին, պետութիւններ չէին, չէին նաեւ մեծահարուստներ. ժողովուրդէն էին անոնք. մարդիկ կ’ուզէին մասնակցիլ իրենց լումայով։

Շատեր իրենց հացը կիսած ու բերած էին, ոմանք ուղղակի մարքէթներէն գնած ու նուիրած էին։ Չունէի՞ն անձնական կեանք ու հոգեր, չունէի՞ն այլ գործեր, որոնց պէտք էր տրամադրէին այդ բոլոր ժամանակը։ Այո՛, բայց այդ բոլորը երկրորդական էին, երբ համացանցի վրայ ու տարբեր լրատուամիջոցներէ կը տեսնէին պատկերներ, ուր մարդիկ անօթի-ծարաւ, օրերով կը մնային փլատակներու տակ ու ոչ ոք լուր կ’ունենար անոնցմէ, եւ ուրիշներ, ելլելով անոնց տակէն` կորսնցուցած ամէն ինչ, չունէին այլեւս իրենց հագուածէն բացի այլ սեփականութիւն։

Ուսանողական այդ սրահին մէջ երկու օրէ ի վեր կ’աշխատէին այդ երիտասարդները։ Բոլորը խնդումերես` կը դիմաւորէին եկուորները, որոնց կարգին նաեւ ես։ Կարծես տարիներու ծանօթ ըլլայինք, կամ կանոնաւոր այցելու մը ըլլայի այնտեղ։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ իրիկուան ուշ ժամերը, առօրեայ հոգերով ծանրաբեռնուած այդ ուսանողները ներկայութիւն էին եւ առաքեալները այդ աշխատանքին։

Օրուան ու աշխատանքի աւարտին էր, երբ հասայ. անոնք արդէն կը պատրաստուէին մեկնելու, բայց տակաւին նուիրատուներ կու գային`մեծ ու պզտիկ տոպրակներով ու պայուսակներով: Բարեկամս ծանօթացուց այս աշխատանքը կազմակերպող անձին: Մօտեցայ անոր ու պարտք զգացի շնորհակալական եւ քաջալերական խօսք ուղղելու: Իսկ ինք, իմանալով, որ ընտանիքս Հալէպ կը մնայ, հարցուց անոնց որպիսութեան մասին: Յետոյ, ան դարձաւ իր բարեկամներուն եւ յաջորդ օրուան օրակարգին մասին խօսեցաւ`շեշտելով, որ կանուխ ժամերէն պէտք է գալ, ժողովուրդը տակաւին չեկած. «որքան հաւաքենք, այնքան լաւ»:

Մինչ շատերու համար անտարբերութիւնը կը մնայ որդեգրուելիք դիւրին կեցուածք մը, այս մարդիկ հոն կը գտնուէին յանձնառու ոգիով եւ կը կրէին մարդասիրական, անփոխադարձ աշխատանք մը տանելու գիտակից պատասխանատուութիւնը։

Լիբանանի Կարմիր խաչին հետ գործակցաբար, օժանդակութիւններու առաջին բաժինը շուտով կը ղրկուի երկրաշարժէն վնասուած Սուրիոյ աղէտեալ Հալէպ քաղաքը, սակայն աշխատանքը կը շարունակուի`երկրորդ բաժին մը պատրաստելու համար։

Ձեռք երկարող հոգիները աւելի խաղաղ էին այդ օր…

 

 

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x