Այդքան ալ տարբեր չենք…

November 28, 2023

Կեանքին մէջ լեռներ բարձրանալու, գագաթներ նուաճելու եւ առասպելներ հիւսելու կողքին, նոյն քան ու չափ կարեւոր է ուղեղը ազատ ձգելը, պարապ մնալը, մերթ ընդ մերթ ոչինչով զբաղիլը։ Պարզապէս տեղ մը պառկիլ ու առաստաղին նայիլ, կամ նստիլ ու տեսադաշտիդ մէջ ինչ որ կայ դիտել, մտքով թափառիլ…

Ուղեղը յայնժամ պէտք չունի մէկու մը սատարին, ինքնըստինքեան իր թռիչքը կը կատարէ, եւ այդպիսով ակնկալածէդ աւելի հեռուն ու բարձր կրնայ երթալ եւ քեզ ու երազներդ իրեն հետը տանիլ, ուստի ականջ պէտք է տալ անոր, ժամանակ տրամադրել…

***

Երկու օր անընդհատ պիտի անձրեւէր Պէյրութի մէջ` երէկ եւ այսօր։

Հոստեղի ծովեզերային անձրեւն ալ, – ինչ ըսեմ, – կարծես լոգարանի ծորակը բացիր մինչեւ վերջ ու չար բախտէն կտրուեցաւ, տեղէն ելաւ՝ ջուրի հոսանքը առատօրէն սկսաւ վազել եւ եկուր ալ դադրի…

Այստեղ ալ երկինքը այդպէս կ’ըլլայ, մանաւա՛նդ երբ ամպերը խելքերնին-միտքերնին դնեն, որ քաղաքը պիտի ոռոգեն: Կաթիլ առ կաթիլ երկինքէն իջնող այդ անձրեւը ժամանակաւոր լիճերու կը վերածուի երկրին վրայ, քանզի այն ինչ որ կ’արձակուի երկինքէն՝ արձակուած պիտի ըլլայ նաեւ երկրի վրայ…

Սուրացող օթօները այդ ջուրերով կ’օրհնեն չորս դին եւ դուն ո՛չ կրնաս քալել, ոչ ալ դիւրութեամբ՝ ապաստան գտնել:

Հովը կու գայ վատթարացնելու իրավիճակը. Հովանոց վերցնելն անգամ աւելորդ է այս պարագային: Վերէն բռնես՝ անձրեւը դիմացէդ կու գայ, դիմացդ բռնես՝ ետեւէդ կու գայ: Կաթիլները տարբեր անկիւնով մը կու գան սուլացող քամիին պատճառով։

Այս բոլորին առաջքը առնելով` ամենալաւը տուն եւ այս բոլորէն հեռու մնալն էր…

Արեւի շողերը ամէ՛ն առտու սենեակէս ներս այցելուներ են, որպէս բնական զարթուցիչ։ Այսօր սակայն չկար արեւը. ես ալ, բնականաբար, աւելի երկար քնացայ։ Առտու կանուխ մասնաւոր ընելիք մը չունիմ, շաբաթը նոր սկսաւ, եւ ժամեր առաջ ընկերովի խմած քոնեակն ալ տակաւին կը շրջի արեանս մէջ, մարմնին հոս ու հոն:

Արթնցայ, աչք մը նետեցի մօպայլիս, պատասխանեցի մէկուն, խօսեցայ միւսին հետ, յետոյ ոչինչ ըրի։ Ուղղակի ՈՉԻՆԻՉ ըրի: Գիրք ու մօպայլ կողմ դրած՝ պառկած մնացի բաց աչքերով:

Մօտաւոր 20 վայրկեան ոչինչ ընելէ ետք, ելայ լուացուելու։

Լոյսը վառեցի, մէյ մը դէմքիս նայեցայ հայելիէն, մէյ մը լուացող ձեռքերուս՝ ուղղակի…

Դարձուցի ձեռքս միւս կողմ, քննեցի ափս, մատներս, փորձարկեցի անոնց ճկունութիւնն ու նուրբ շարժումները. կը թափառէի մտածումներով…

Ո՞վ է, ի՛նչ է այս մարդ կոչեցեալը, որ աշխարհի ամէնէն զազարգացած արարածը կը նկատուի։ Որքանո՞վ տարբեր եմ ես հիմա իմ նախահայրերէս եւ ընդհանրապէս որո՞նք էին անոնք, ինչպիսի՞ ինքնութեան, բնաւորութեան եւ կարողութեան տէր մարդիկ էին։

Երկու ականջ, երկու աչք, երկու ձեռք, երկու ոտք, բերան մը՝ ատամներով զինուած, քիթ մը՝ ռունգերով, սեռային անդամ մը եւ պորտ մը՝ ճիշդ մարմնին կեդրոնը: Իտէալակա՞ն է արդեօք մարմնային այս կազմուածքը եւ իւրաքանչիւր վերջոյթ եւ օրկան դրուա՞ծ է իր ճիշդ տեղը, կամ աւելի լաւ պիտի ըլլար կարգ մը փոփոխութիւններ կատարել եւ քիչ մը յաւելեալ բնաշրջումներ տեղի ունենար անցնող ժամանակաշրջանին:

Ամէն առտու այս մարդը կ’արթննայ, կը լուացուի, կը մաքրուի, իր անձնական ներկայութեան մասին հոգ կը տանի: Յարաբերութեան մէջ կը մտնէ այլ մարդոց հետ, որոնք իրենք եւս նո՛յն արարողութիւնները կ’ունենան ամէն առաւօտ:

Ընկերութեան մէջ, մարդը հազարաւոր ձեւերով այս կամ այն մարդուն նշան կու տայ, իր ըսելիքը կը հասցնէ, հաղորդագրութիւն մը կը փոխանցէ։ Ան կը ժպտայ, յօնք կը պռստէ, կը ծիծաղի, երես կը ծռէ, կու լայ, աչք կը քթթէ, հաւանութիւնն ու մերժումը կը յայտնէ դէմքի ամենաճղճիմ շարժումներով եւ աւելին…

Բայց հիմա որ դէմքս կը լուամ եւ ակռաներս կը խոզանակեմ, կը մտածեմ` արդեօ՞ք կան արարածներ՝ շնչող էակներ, որոնք նոյնքան կարեւորութիւն կու տան իրենց մարմնի մաքրութեան, ներկայութեան։

Չեմ վարանիր եւ ուղեղս աւելի չեմ յոգնեցներ. Կը ցամքուիմ, անձեռոցս կը կախեմ, անգամ մը եւս պահ մը հայելիին կը նայիմ ու դուրս կու գամ բաղնիքէն։

Կ’առնեմ լիցքաւորիչին միացուած մօպայլս, – որ միշտ չարճի պակասէ կը տառապի, – եւ կը մտնեմ «Չաթ Ճի-Փի-Թի»` մերօրեայ հանրագիտարանը…

Շատեր կ’ըսեն, թէ սխալներ յաճախ կրնան ըլլալ անոր պատասխաններուն մէջ, բայց ոեւէ մէկը չի կրնար ժխտել անոր օգտաւէտութիւնը արագութեան, բազմազանութեան եւ երկկողմանի հաղորդակցութեան գետնի վրայ…

Եթէ մէկն ալ կը կասկածի անոր սխալականութենէն, քիչ մը աւելի թող յոգնի, պրպտէ, հաստատէ։

«Չաթ Ճի-Փի-Թի»-ին հարց տուի, թէ ի՛նչ օրինակներ կան կենդանիներու, որոնք հոգ կը տանին իրենց անձնական մաքրութեան։

Մարդը` Չաթ-Ճի-Փիթին, առանց նազ ընելու, պատասխանը ուշացնելու՝ տեղւոյն եւ իսկոյն մանրամասնօրէն բացատրեց պէտք եղածը։

Գրուածէն որոշ բաժին մը գիտէի՝ տեսնողի աչքով: Տեսած էի փողոցը, մէկու մը տունը, կամ վիտէոյէ մը գոնէ: Ինչպէս օրինակ կատուն, որ իր մուշտակը կը լզուըրտէ՝ հեռացնելով հոն կախուած միջատներըն ու աղտերը. իսկ շունը, ոչ նախորդին չափ բծախնդիր՝ ինք ալ կը փարի լզուըրտելու եւ քերելու իր մարմինը: Փիղերը, դէմքի դիմաց տրուած երկար պատիճը օգտագործելով, աղտերն ու կեղտերը կը փչեն մարմնէն հեռու կամ կը փրցնեն զանոնք:

Քիչ մը աւելի միամիտ ըլլալով մէկտեղ, թռչուններն իսկ իրենց կոկիկութեամբ հետաքրքրուած են, ըստ երեւոյթին: Անոնք իրենց կտուցներով կը շտկեն ու կը կոկեն իրենց փետուրները՝ պահելով անոնց ամբողջականութիւնն ու որակը:

Կապիկներու, մեղուներու ու մրջիւններու պարագան արաբական բաղնիքը յիշեցուց զիս: Հոն, ուր մէկը միւսին կռնակը քեսէ կ’ընէ, մարձում կը կատարէ, մէկզմէկու մազ ու մօրուք կը կոկէ: Թերեւս այս ալ յաւելեալ մէկ փաստ է, որ բնութեան մէկ բաժինն ենք, կամ… կապիկի ժառանգորդները…

Այս կենդանի էակները խմբակներ կազմելով, իրար մաշկի ու կաշիի վրայ կախուած աղտերը, միջատներն ու մեռած մորթը կը մաքրեն, եւ այս մէկը պատճառ կը դառնայ, որ յատուկ եւ սերտ կապեր ստեղծեն միմեանց հետ:

Եւ ես կը կարծէի, որ աղտերը մարմնէն կ’ելլեն չոր ու ցամաք միջոցներով՝ փրցնելով, կամ ջուրով՝ լուացուելով, կամ ալ, շատ-շատ… ջուրը քաշելով տեղ մը… որովհետեւ անոնք տեղւոյն յաւելեալ օգուտ մը չունին, այլ անգամ վնասակար են:

Բայց այդպէս չէ եղեր… Գետաձիերը իրենց «ընելիքը» ըրած ատեն, պոչը աջ ու ձախ կը շարժեն՝ կղանքը տարածելու համար: Այս ձեւով անոնք կը ճշդորոշեն իրենց սեփական տարածքը, կամ կրնան նոյնիսկ զովազնել իրենց մաշկը տաք օրերուն…

Քի՜չ մը տարօրինակ էր այս մէկը, բայց եթէ կրնայ սահմանագիծ (քիչ մը հաստ գիծ) հանդիսանալ իր եւ այլ ԿԵՆԴԱՆԻ ԱՐԱՐԱԾՆԵՐՈՒ միջեւ, համաձայն եմ՝ կղանքով անգամ…

Սակայն մաքրութեան ամէնէն հետաքրքրական եւ հնարամիտ ձեւերէն մէկը գտած է Ագռաւը: Այս թռչունը, որուն ներկայութիւնը յաճախ հաճելի չէ մարդոցս համար, մրջիւն մը գետնէն առնելով իր կտուցի միջոցաւ՝ կը շփէ իր մարմնին հոսուհոն:

Մրջիւններն իրենց որովայնին մէջ կ’արտադրեն մրջնական թթուն՝ formic acid-ը եւ թթուն այնտեղ կը մնայ գեղձի մը մէջ՝ որպէս պահեստ: Այդ նիւթը որպէս պաշտպանութեան մէկ մեքանիզմ կը ծառայէ մրջիւններուն համար, կ’արձակուի գիշատիչներ յայտնուելու պարագային, որովհետեւ այդ թունաւոր է այլ միջատներու համար: Ագռաւն ալ այս առաւելութիւնը օգտագործելով, կը վերցնէ մրջիւնը գետնէն, կը շփէ մարմնին եւ վերջինս կ’արձակէ թթուն՝ «հականեխելով» ագռաւը այլ միջատներէ եւ ֆիզիքական աղտերէ…

Ցանկը կ’երկարի, մաքրութեան ձեւերը կը տարբերին, աստիճաններն ու կշռոյթը անոնց կը տարուբերին, սակայն բոլորն ալ ձեւով մը կը միանան այն գաղափարին շուրջ, որ նեխիլն ու հոտիլը ողջին եւ գործունեային վայել չեն…

***

Մօպայլէս անդին՝ դուրսը, ամպերը իրարմէ բաժնուած էին արդէն, երկինքը որպէս երաշխաւոր, ժամանակաւոր «ջրադադար» մը ստորագրել տուած էր կողմերու միջեւ, իսկ արեւը՝ առիթը օգտագործելով, ամպերու միջեւ բացութիւններ գտնելով, իր շողերը արձակած էր քաղաքին վրայ եւ սենեակէս ներս: Հիմա կարելի էր յարաբերաբար ապահով կերպով դուրս գալ տունէն:

Օդը պաշտօնապէս տակաւին չէ պաղած, ամառնային-ձմեռնային հագուստներուն տեղերը տակաւին չեմ փոխած, ուստի աթոռը դրի, վերի պահարանէն անթեւ ժիլէս քաշեցի, որպէսզի գլխարկաւոր գազակի մը հետ հագուէի աս օդին: Եութիուպը բացի, վերջերս այնտեղ յարակրկնութեան վրայ դրուած Զազի երգը անգամ մը եւս դրի եւ սկսայ պատրաստուիլ նոր օրուան, նոր շաբթուան…

Պատրաստուած ատեն կը մտածէի, որ ֆիզիքական մաքրութեան ձեւերը մեզի փոխանցած ու սորվեցուցած են, տրուած են անոնք, սակայն մեզի պարտք կը մնայ գտնել հոգին մաքրելու մե՛ր ձեւերը եւ յաճախ հոգ տանիլ ա՛յդ մաքրութեան նաեւ, չվնասելու համար ե՛ւ մեր անձը, ե՛ւ մեր շրջապատը՝ ապրելու համար որակեալ կեանք մը:

Մաքուր, կոկիկ եւ անուշաբոյր հագուստներս հագուեցայ եւ դուրս եկայ տունէն, իջայ վար, շէնքին դռան դիմաց պահ մը կեցայ, չորս դի դիտեցի մարդիկ ինչ կ’ընէին, յետոյ կողմս նայեցայ՝ կատու մը նստած ինքզինք կը լզուըրտէր, եւ ես բարեւս տուի, անցայ՝ գնացի…

 

Պէյրութ, 27 Նոյեմբեր 2023

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x