Ռատիօ լսող կա՞յ (2)

November 18, 2023

Մայրիի երկրին տուներուն համար, ինչպէս նստասենեակի մը բազմոցը, կամ ննջասենեակի մը անկողինը, համարեա՛ նոյնքան ալ ինքնաշարժը անհրաժեշտութիւն մըն է տնեցիներուն՝ բարեկեցիկ կեանք մը ապրելու համար: Զաւակ մը դպրոց հասցնելը, քիլոմեթրեր հեռու գտնուող գործատեղի մը յաճախելը, լեռան մէկ ծերպին վրայ հարազատի մը այցելութիւն տալը, տան պիտոյքներու ապահովումը եւ նոյնիսկ շաբաթավերջին գիւղ, ծով, կամ մարդոցմէ հեռու տեղ մը դիմելը՝ սեփական ինքնաշարժ ունենալու կարեւորութիւնը կը շեշտէ:

Եթէ պահ մը բարձր շէնքի պատշգամէ մը, կամ լեռնային շրջանէ մը դէմդ բացուող Պէյրութի մայրուղին դիտես, այնտեղ վայրկեաններու ընթացքին, մէկ կէտի մը վրայ սեւեռելով, պիտի նկատես որ հարիւրաւոր ինքնաշարժեր կ’անցնին հոնկէ՝ լոյսի կտորներ կը սուրան ու կ’երթան:

Մէկը կը շտապէ իր գործին, միւսը անկէ արձակուրդ առած՝ կը զբօսնու: Ամուսինը կ’երթայ տուն՝ իր կինը տեսնելու համար, ուրիշ մը՝ «բաւարարուած» անորմէ, հակառակ ուղղութեամբ կը քշէ: Մէկը ապրանք կ’առաքէ, միւսը իր հարազատ մայրը բժշկական քննութեան կը տանի, եւ ուրիշ մըն ալ ի՛նք իսկ չի գիտեր ուր կ’երթայ, բայց կ’երթայ ու կ’երթայ…

Եւ այսպէս, ինքնաշարժները կ’անցնին Պէյրութի մայրուղիէն, իւրաքանչիւրին մէջ ամէն ոք իր պատմութիւնը ունենալով:

Սեփական տարածք մըն է ինքնաշարժը, ուր կը կարծես մինակ ես եւ ազատ՝ մինչեւ քովէդ անցնող ինքնաշարժի մը ուղեւորներէն մէկուն ինքնաշարժէդ ներս նայիլը… Հայր մը ետեւ դարձած զաւակը կ’ազդարարէ, ամոլի մը երկու բաղադրիչները իրարու հետ կը վիճին, ուրիշ մը ուացափի ձայնագրութիւն կը ղրկէ մէկուն:

Ոմանք, առանց իսկ անդրադառնալու, օրուան ընթացքին ժամեր կ’անցընեն անոր մէջ նստելով: Եւ օր մը եթէ պատահի եւ գումարեն իրենց անցուցած ժամերն ու վայրկեանները այնտեղ, թերեւս նկատեն, որ իրենց կեանքէն ամիսներ հոն ապրած են…

Ինքնաշարժի մէջ յաճախ ուղեւորի աթոռը զբաղեցուցած եմ երկար տարիներ: Հոն, ուրկէ կու գամ, ինքնաշարժները «արժէք» ունին…

Անոնցմէ ամենահիներն իսկ ի՜նչ գիներով կը վաճառուին, եւ գրեթէ անկարելի կը դառնայ սղաճին հետ մէկտեղ, անոնց մէջէն սեփականդ ունենալը:

Վառելանիւթի լինել-չլինելութեան նիւթը չընեմ, բայց չկարծէք օթօներն այնտեղ ջուրով կ’աշխատին…

Իսկ Պէյրութի մէջ, իրավիճակը բաղդատաբար աւելի մեղմ է…

Եւ որովհետեւ անձնական ինքնաշարժ ձեռք ձգելը յարաբերաբար դիւրութիւններ ունի, խճողումն ու օձի խաղերը բնական երեւոյթներ կը դառնան երկրին մէջ. համբերութիւնը ամէնուրեք մարդկային արժանիք մըն է, բայց այդ խճողումներուն մէջ յաւելեալ արժէք մը կը ստանայ ու միշտ ալ կը փնտռուի:

Բայց կեդրոնանամ այն բաժնին վրայ, որուն համար սկսանք այս գրութիւնը…

Ռատիօն…

Այդ խճողումներուն, երթեւեկութեան ժամանակ՝ կարմիր լոյսին դէմ կեցած, կամ կանաչ լոյսին քովէն անցնելով, առաւօտեան սուրճին կամ սիկարէթին հետ, հարազատ մը հասցուցած ժամանակ, գործի ճամբուն վրայ՝ առաջին յաճախորդին չհանդիպած, աշխարհին երբեմն ալ «բարի լոյս» իսկ չըսած, լիբանանցիք ռատիոյի ալիքի մը վրայ են:

Անոնք տարածաշրջանի մէկ լուրը կ’ունկնդրեն, նոր սփռուած երգ մը կը լսեն, կամ երբեմնի յիշատակներ կ’արթնցնեն հին երգով մը, ոմանք առաւօտեան ծրագիրի մը կը հետեւին, սակայն… ոմանք ունին ռատիոյէն անդին իրենց յատուկ երգացանկը, եւ ոմանք ալ կը նախընտրեն ռատիօն անջատուած պահել…

Բայց որքան ալ տարբեր ըլլան պարագաները, անհերքելի իրականութիւնն այն է, որ ռատիօն անքակտելի մէկ բաժինն է ինքնաշարժներէ ներս կեանք ունեցող լիբանանցիին առօրեային մէջ:

Սակայն «հովը միշտ չէ որ նաւերուն քմահաճոյքին ենթակայ է»…

Սակայն որքան ուզած եմ երբեմն ցածցնել ռատիոյին ձայնը, կամ անջատել զայն, երբ փողոցաբարոյ երգերը ականջիս թմբուկները հարած են: Այն երգերը, որոնց բառերը հազիւ թէ տասի կը հասնին, քանիցս վայրկեաններու երկարութեամբ կը կրկնուին եւ նոյն զի՛լ եղանակը կը լեցնէ երգի մնացեալ բաժինը… Ե՜ւ… առտու կանո՜ւխ…

Շրջապատէ ազդուած, օր մըն ալ ես ինքզինքս ճամբան գտայ ականջակալները դրած, «94.7 MHz» ալիքին վրայ, յայտագիրի մը ականջ տուած:

Է՜հ, բան մը եթէ հրամցնեն` միշտ ալ «ոչ» ըսողը չենք…

Ներկայացնողը գաւաթներու գոյներուն եւ անոնց մեր ներաշխարհին հետ կապին մասին տեղեկութիւններ կը հաղորդէր: Երկար ժամանակ, մինչ իմ երթալիք տեղը հասնիլը լսեցի նոյն ռատիոկայանը, սակայն անդրադարձայ, որ հարցազրոյցը մը սկսած է եւ զրուցակիցը շռայլօրէն Ա. դէմքի եզակին կը գործածէր. բաւարարուած էի: Անջատեցի…

Եթէ խօսքն ու լեզուն ձերն է, ականջները իմս են…

***

Շաբաթավերջին դուրս եկած էի ընկերոջ մը հետ: Վերադարձի ճամբուն վրայ, որովհետեւ իրիկուն է, ռատիոյի բոլոր յայտագիրները գրեթէ վերջ գտած կ’ըլլան, եւ երգերը կը շարունակեն «պարապները լեցնել»՝ մինչ նոր օրուան աւետումը:

Ինքնաշարժին մէջ ցած ձայնը, որ հազիւ կը լսուէր, ծանօթ մեղեդի մըն էր. յատուկ ջերմութիւն մը հաղորդող երաժշտութիւն մը: Բարձրացուցի ժապաւէնին ձայնը ու փորձեցի յիշել երգին բառերը՝ նախքան երգիչին գեղգեղելը: Երգը գիտցայ, բայց դժուարացայ առաջին համարին բառերը մտաբերել, սակայն մէյ մը որ կրկներգին հասանք, ես եւ Յարութը՝ երգիչը, միասին կ’երգէինք իր երգը.-

«Երբ անուշ ձայնդ միտքս է գալիս՝

Հոգիս խռովում, սիրտս է լալիս»…

Անշեղ ուղղութեամբ դէպի անցեալ գացի այս երգով:

Յիշեցի երբեմնի Նոր գիւղը, Տիգրանեանի լուսաւոր պարտէզը, խուռներամ բազմութիւնը, տաքուկ պանիր-հացը, որ մայրս թաշկինակի մը մէջ դնելով՝ ինծի կու տար, որպէսզի վրաս ու ձեռքերս չաղտոտեմ: Մինչ ես՝ ոտաբոպիկ, գուլպաներով, եկած էի քանի մը քայլ անդին գտնուող խաղավայրէն քիչ մը դադար եւ քիչ մըն ալ դրամ առնելու համար, որովհետեւ դեռ շատ խաղեր պէտք էր փորձէի այնտեղ ու կարճ ժամանակը լիովին պէտք էր օգտագործել…

Այս բոլորին զուգահեռ եւ յետնամասի վրայ էր, որ կը հնչէր Յարութին երգերը: Չեմ յիշեր օր մը, որ նստեր այդ երգերը սորվեր եմ, բայց շատ եղած են այն օրերը, երբ անդրադարձած եմ որ իր այս մէկ երգը գիտեմ…

Այդ բոլորը կը կատարուէին ենթագիտակցութեան մէջ ու պէտք եղած ատեն կ’անցնէին գիտակցութեան…

Այսպէս, այդ պարտէզէն ներս կը լսէինք Փամպուքճեանի եւ իր սերնդակիցներու երգերը եւ կրաւորական կերպով կը սորվէինք անոնց բառերը եւ այդ տեղւոյն ներկայութեան, վայրին, ներկայի յիշատակին անբաժանելի մէկ մասը կը դառնային անոնք:

Եւ ուր ալ գտնուելու ըլլանք, այն երգերը, որոնք կապուած են մեր կեանքէն որոշ ժամանակաշրջանի մը ու վայրի մը հետ՝ կը յիշուին. եւ մենք կը վերապրինք այդ տարիներով մոռցուած կարծեցեալ պահերը, ու մեր հոգիները կը թարմանան, կը ջերմանան:

Քանի դեռ հոս եմ, տակաւին հաճոյքով կը լսեմ «Հոս՝ «Վանայ ձայն»-ն է»-ն, եւ «Virgin Radio Lebanon. Home of the stars»-ը այս կամ այն ինքնաշարժէն:

Ուրեմն…

Ռատիօ լսող կայ եղեր:

Ես ալ անոնցմէ մէկը ի վերջոյ…

Պէյրութ, 17 Նոյեմբեր 2023

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x