Օդին մէջ, օդանաւին հետ՝ գետնին Վրայ, օդակայանէն ներս (1)

January 31, 2023
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի

30 Յունուար 2023

Պէյրութ

– Տե՜ս, օդանա՜ւ։

Ցուցամատով սաւառնող այդ վիթխարի փոխադրամիջոցը ցոյց տալով պիտի ըսէր փոքրիկը` զայն տեսնելու եւ անոր սուլոցը լսելու պարագային։ Պիտի դիտէր զայն մինչեւ անոր անհետանալը կամ հեռանալը ու ետքը դառնար իր ըրածին։

Պատանեկութիւնը յաճախ կը դառնայ երեւոյթներ յայտնաբերելու ու անոնց ծանօթանալու աշխարհը, իսկ երիտասարդութիւնը` ներշնչուելու, ստեղծագործելու, եւ երկու շրջաններուն ալ մարդս կը հիանայ տարբեր ձեւերով։

Հիմա որ գրելով մտքիս մէջ կը պատկերացնեմ օդին մէջ սաւառնող այն օդանաւը, կը մտածեմ` արդեօք մարդը պիտի կրնա՞ր յղանալ «օդանաւ»-ի մը գաղափարը եւ մտածէր զայն ստեղծելու մասին, եթէ չըլլային թռչունները՝ արծիւը, ագռաւը, աղաւնին, բազէն կամ թռչող այն բոլոր կենդանիները։ Ան պիտի դիտէր զանոնք եւ մտածէր երկինքը որպէս փոխադրութեան հնարաւոր միջոց օգտագործելու կարելիութեան մասին, երազէր թռչիլ անոնց պէս։ Եւ եթէ թռչունները կարելի չէր հեծնել ձիու նման, հնարել սարք մը, որ կրնար կատարել այդ դերը։ Հապա՞ թռող միջատները. չեմ կարծեր։ Անոնք այնքան ալ գրաւիչ չեն ու հազիւ թէ կրնան ներշնչանքի աղբիւր ըլլալ։ Ո՞վ պիտի ուզէր անոնց պէս թռչիլ, թառիլ ու թփռտալ:

Եւ ինչպէ՞ս թէ թռչունէն չէ ներշնչուած մարդը. օդանաւն ինչո՞ւ պոչ եւ թեւեր ունի, ինչո՞ւ այլանդակուած մէկ այլ ձեւով չէ շինուած այդ մէկը։ Ուրեմն պարզ է. բարենիշը կը տրուի բնութեան։ Հայերէնը նոյնիսկ ապերախտ չէ գտնուած եւ թռչելու գաղափարը շնորհած է թռչունին ու այդ արարքը բնորոշող բառը կազմած անկէ։ Իսկ եթէ «հա՞ւը հաւկիթէն առաջ, թէ՞ հաւկիթը հաւէն առաջ» հարցադրումը խնդրայառոյց է գիտութեան համար, ապա կասկած չկայ հայերէնի պարագային, որ «թռչուն» գոյականը «թռչիլ» բայէն յառաջ եկած է։

Բնութիւնը միշտ յաջողած է մարդս ներշնչել. ծովն իր խորութեամբ ու առատութեամբ, երկինքն իր մաքրութեամբ ու անսահմանութեամբ, հորիզոնն իր անհասանելիութեամբ, տարին իր եղանակներով, արեւը, անձրեւը, սարը, ձորը, ծառը, ժայռը, բոլո՜րն ալ, եթէ պահ մը կենանք ու խորհինք, պիտի տեսնենք թէ ինչ դասեր կրնան տալ մեզի։ Անոնցմով մենք կ’ըլլանք գեղեցկութեան աւելի ծանօթ ու ճշմարտութեան աւելի իրազեկ։ Որքան զուգահեռներ պիտի գտնենք, եթէ պահ մը բաղդատելու ըլլանք բնութեան տարրերը մարդուս հետ։

Բայց այսօր, ո՛չ։ Այսօր վերադառնամ օդանաւին եւ մասնաւորաբար` օդակայանին, որ սովորաբար կը գոյանայ երկրի մը մեծագոյն քաղաքներուն մէջ կամ անոնց շատ մօտիկ եւ ուր վայրէջք կը կատարեն աշխարհի չորս կողմէն եկող մեծ թիւով օդանաւներ` իրենց հետ բերելով զբօսաշրջիկներ, որոնք կու գան տուեալ երկիրը պտոյտի, այլ մարդիկ` իրենց հարազատները տեսնելու, ուրիշներ ալ տարբեր պատճառներով,- Աստուած գիտէ։ Ես խօսիմ իմ մասիս, կամ թերեւս քու ներսիդիէդ բաժինի մը մասին, սիրելի ընթերցող։

Քաղաքը, ուրկէ կու գամ, ունի օդակայան մը։ Այո՛, չունի շքեղութիւնը եւրոպական այլ օդակայաններու, չունի տարածութիւնը Արաբական ծոցի երկիրներու օդակայաններուն, բայց մերն է, մեր ունեցածը։

Հոն էր, ուր կրնայինք կապ պահել աշխարհի այլ երկիրներու հետ, ճամբել հարազատ մը եւ դիմաւորել ուրիշ մը, թափել արցունքի երկու տեսակները` եթէ պահը շատ յուզիչ դառնար։ Անոր սրահին տարածութիւնը հազիւ թէ հասնէր ֆութպոլի դաշտի մը չափին։ Եւ իսկապէս, արդար պիտի ըլլայ այդ նմանութիւնը կատարելը նոյնիսկ այն իմաստով, որ եթէ ֆութպոլի դաշտը ունէր իր դարպասները, հոս՝ սրահին մէջ բառացիօրէն կային այդ դարպասները` այն երկու մեծ դռները, որոնցմէ մէկը ուղեւորուողներու դարպասն էր, իսկ միւսը` ժամանողներունը։

Կը յիշեմ, թէ ինչպէս պզտիկ մարմինովս կը վազվզէի այդ սրահին մէջ, մինչեւ այս կամ այն կողմէ գացող կամ եկող հարազատի մը ճամբելը կամ հասնիլը` մերթ ընդ մերթ անոր երկաթեայ ճերմակ աթոռներուն վրայ նստելով ու դիտելով այն մարդը, որ իր մեծ ու լայն սրբիչով կը մաքրէր ու կը փայլեցնէր գետինը. հաճոյք կը պատճառէր ինծի այդ մէկը։

Այնտեղ, այդ սրահին մէջ, հիանալու բաներ շատ չկային։ Աղքատիկ էր` չոր ու ցամաք, հազիւ թէ դուրսի աշխարհէն զայն զանազանողը այն մեծ երկու պաստառներն ըլլային, որոնցմէ մէկուն դիմաց կը սիրէի կենալ եւ նայիլ, թէ ո՛ր քաղաքներէ թռիչքներ պիտի հասնէին, թէ երբ պիտի գան անոնք, յետոյ միւս կողմը վազելով, կ’երթայի ու անոնց մեկնումի ժամը կը կարդայի։ Փոքրիկ երեխայիս մէկ այլ քաշողականութիւն ունեցող բանն ալ այնտեղի պզտիկ, ապակեպատ կրպակն էր, որ դուրսը չգտնուած շոքոլաներ ու չիփսեր կը ծախէր, մէյ մըն ալ այն ապակեայ դուռը, որ մուտքին էր: Ամէն երթալուս կը փորձէի չափել, թէ ճիշդ ո՛ր սալաքարին վրայ կենալով էր որ անոր զգայակները հրահանգ կ’ուղարկէին, որպէսզի բացուէին անոր երկու փեղկերը:

Պզտիկ էի. մանուկ եւ պատանի տարիքիս եղած եմ հոն, հազիւ թէ Սուրիոյ քանի մը շրջան ցամաքով այցելած, բայց այդ օդակայանի դարպասներու ետին գտնուող աշխարհին միշտ անծանօթ մնացած, արտաքին աշխարհէն կտրուած։ Այնտեղ բնաւ չեմ գացած դարպասներու ետին անցնելու համար, այլ ճամբելու հարազատ մը, որ կ’երթայ անոնցմէ մէկէն, կամ սպասելու, որ ուրիշ մը գայ միւսէն` միշտ մնալով դիտորդի դիրքին վրայ։

Եւ օր մըն ալ անձնական այս պայմաններուն զօրակցեցան արտաքին պայմանները` ալ աւելի բարդացնելով օդակայաններու եւ օդանաւ նստելու հետ իմ յարաբերութիւնը, եւ քիչ-քիչ ետ հրելով զիս ու իրականութեան մօտեցող իմ երազներս…

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x