Սիրոյ Տաղ

February 12, 2024

Սիրոյ համար պէտք չեն տօներ
Տօն է սէրն ամէնօրեայ
Խօսքեր պէտք չեն սիրելու համար
Աչքերը լեզու են հազարամեայ։
Վարդեր, զարդեր, գեղօններ
Զուր են նուէրներն ընծայ
Թէ երկնքի տակ աստղազարդ
Մարդու հոգին չցնծայ։
Սին են խոստումներ հնչուն
Սէրը ուխտ է, նուիրում
Հիւծած կուրծքի տակ անգամ
Կոտրած սրտի տաք անկիւն։
Խլացնող ժխորի մէջ
Հնչող քաղցր մեղեդի
Աւերակներու կոյտի տակ
Ծաղկուն ածու եդեմի։
Սէրն իմ նաւ մ’է ծփուն
Կոհակները անտեսող
Հորիզոնին միշտ հեռուն
Երազ մ’ունի սպասող։
Իսկ դուք գիտէ՞ք, երբ մարդիկ
Միշտ լաւ օր մը կը սպասեն
Անոնց հոգին կը տանջուի
Քաղցր սիրոյ պակասէն։

Պէյրութ, 12 Փետրուար 2024

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x