Խորհուրդը Նոր տարուան՝ ընտանեկան սեղանին շուրջ

January 18, 2023
Family Gathering, oil painting, by Eugenio Zampighi

Պէյրութ, 15 Յունուար 2022

Սկսելու համար

Ներեցէք եթէ կարկինիս երկու ոտքերը չուզեցի լայն բանալ եւ այս անգամ նեղ պահել, որովհետեւ ի վերջոյ յաճախ յանգած ու կառչած եմ նեղ շրջանակին։

 Աւելի քան երկու շաբաթ է որ երկրագունդն արեգակնային դրութեան մէջ սկսած է իր 365-օրեայ ճանապարհորդութիւնը։ Անցնող օրերը տօնական էին. հաւաքոյթներ ամէնուր, պար, խնճոյք եւ ճաշկերոյթներ։ Նոր տարին կրկին կը դիմաւորուէր ցնծութեամբ։

Մարդկութիւնը, – միշտ զինուած յոյսով, – կը սպասէ տակաւին լաւ օրերը, որոնք պիտի գան ու լուսաւորեն համատարած խաւարը՝ երկրին պատկերը քիչ մը աւելի մօտեցնելով խոստացեալ երկինքին։

Մոպայլ հեռախօսովս կը նաւարկէի համացանցին այսեւայն հարթակները, ուր մարդիկ պատառիկներ դրած էին իրենց երեկոներէն։ Ոմանց մօտ իսկապէս ճոխ մթնոլորտ կը տիրէր, ուրիշներ կարծես միայն նկարի ու վիտէոյի համար ժպիտ մը վարձու առած էին, որպէսզի անմասն չմնային զանգուածին առած ընթացքէն, ուրիշներու մօտ ալ Նոր տարին սովորական օրուան նման էր՝ անոնք այդ օրուան հետ կապուած բան չէին հրապարակեր: Առանձնայատկանալու փո՞րձ մըն էր այս մէկը, թէ՞ իրապէս բան չէր ըսեր այդ օրը իրենց համար, կամ կը պատկանին այն սակաւաթիւ խմբակին, որուն անհատները կը սիրեն ունենալ իրենց գաղտնի ու համեստ անձնական կեանքը եւ չցուցադրել անոր մանրամասնութիւնները հոս ու հոն։

Սթօրիներուս մէջ ճաշարաններու եւ մեծ ու շքեղ սրահներու ստուար թիւը կը գրաւէ ուշադրութիւնս։

Մարդիկ յաճախ տունէն դուրս նախընտրած են նշել Նոր տարին։ Թերեւս այն տրամաբանութեամբ, որ Ամանորի նախօրեակին տրամադրութիւն չկար այդքան ջանք ու ժամանակ յատկացնելու պատրաստութեան համար։ Ծախսը՞, համարեա՛ նոյնն է, ներկայ եղող մարդիկն ալ նոյնն են, միայն վայրն է տարբեր։ Նո՞յնն էր բայց մթնոլորտը:

Պահ մը կեցայ, անցեալն ու ներկան համոզումներովս խառնելով զգացի, որ Նոր տարուան խորհուրդը չէի կրնար գտնել ճաշարաններու մէջ ու երգահանդէսներու, համերգներու կամ հանրային ելոյթներու ընթացքին։ Ազատութեան սահմանները աւելի յստակ են այնտեղ, եւ ընկերութիւնը կը կաշկանդէ անհատը։ Այնտեղ միջավայրը ժլատ է քեզի առանձնանալու եւ մտքով թափառելու պահեր պարգեւելու։ Իր ճոխութեամբ, արդուզարդով, պէս-պէս գոյներով ու ցուցադրութիւններով շատ բան չի տարբերիր տարուան այլ օրերէն, ուր եւս կարելի է գտնել նման երեւոյթներ։ Որքան ալ հնչեն ամանորեայ երգեր, ու գայ լաւ ձեւով ծպտուած Կաղանդ պապա մը նոյնիսկ, այդ բոլորը կը մնան շինծու, մտադրուած, կանխորոշուած, ձեւուած ու կարուած ուրիշի մը կողմէ։

Ներքին բաւարարութիւն չեն զգացներ այդ բոլորը, – գոնէ արեւելքցիիս համար։

Խորհուրդը Նոր տարուան ես կրնամ զգալ միայն ընտանեկան սեղանին շուրջ, նոյնիսկ եթէ վրան ծայրէ ծայր չէ լեցուած ուտեստեղէնով ու շուրջը մարդոցմով, նոյնիսկ եթէ ընտանիքի նոյն անդամներով, հանապազօրեայ նոյն հացը սեղանին դրած, բայց տարբեր, բոլորովին տարբեր զգացում մը կրած հոգւոյն մէջ այդ գիշեր։ Այնտեղ, ուր կայ մէկզմէկու ուրախացնելու մարմաջ մը, նոր էջ մը բանալու բուռն փափաք մը եւ ցաւոտ անցեալը այդ գիշեր գիրկընդխառնումներով մոռնալու փորձ մը։

Եւ ի՜նչ բախտաւորութիւն, եթէ այնտեղ են մեծն ու պզտիկը, երիտասարդն ու պատանին, չափահասն ու երեխան, իր առաջին թոթովանքներով մանուկը եւ ամբողջ անցեալ մը իր ուսին ու յիշողութեան մէջ կրող ծերունին։

Իւրաքանչիւրը սեղանին շուրջ եռեակ ու քառեակ կազմած, կը խօսին տարբեր նիւթեր, երբեմն բոլորը միասին կը լսեն մէկուն խօսքը, պնակներ կը փոխանցեն իրարու, գաւաթներ կը զարնեն իրարու, մէջընդմէջ լուսանկարներ կ’առնեն` հիներուն վրայ աւելցնելով այս տարուան նկարները։

Այնտեղ ժպիտները աւելի ջերմ են, արտայայտութիւնները աւելի անկեղծ, հակազդեցութիւնները ա՛լ աւելի ինքնաբուխ։

Սակայն յանկարծ կը պատահի որ զգաս, որ աթոռները լեցուն են, բայց տեղեր կան պարապ, բայց կը դժուարանաս այդ պարապութեան ճշգրիտ տեղը որոշելու. նե՞րսդ է այդ մէկը, թէ՞ շուրջդ։

Կը յիշես զանոնք մէկ առ մէկ, անոնց ներկայութեան բերած առաւելութիւնները. ոմանք հեռու են, ոմանք ա՛լ չկան. կան, բայց իւրաքանչիւրիս յիշողութեան մէջ ձգած իրենց պատկերով։ Առեղծուածային ժպիտ մը կը գծուի դէմքիդ ինքնաբերաբար ու երեկոն կը շարունակուի։

Վերջերս աւելցած է վիտէօ կապերու մշակոյթը։ Քանի մը ժամ առաջ, կամ քանի մը ժամ վերջ այս կամ այն երկրին մէջ ապրող նոր տարուան աւելի շուտ կամ ուշ հասնող հարազատներ, անցեալի օրերը յիշելով կը շնորհաւորեն եւ դարձեալ ներկայ ըլլալու ափսոսանքը կ’ապրին։ Բայց անցեալն այլեւս ներկայի մէջ տեղ չունի, անցեալն անց-եալ է, եւ միակ բանը, որ կրնայ տեղ գտնել անկէ` երկշաբաթեայ խտացեալ այցելութիւն մըն է, ուր կարելի է ամէն ինչ ալ ընել, ժամանակով ետ երթալ, բայց ի վերջոյ իւրաքանչիւրը կը դառնայ իր երկիրը, իր գործին, իր կեանքին, իր որոշած կեանքին, որ ի գին ամէն ինչի որոշեց ապրիլ։

Բայց որքան ալ պայմանները պարտադրեն ու մենք համակերպինք անոնց ու գոյատեւենք, կը մնայ մեր մտքին մէջ իւրաքանչիւր երեւոյթի ու ընթացքի մը մեր նախասիրած ձեւը, որ տարիներու թաւալումով չի կորսնցներ իր արժէքը, եւ անոր կորուստը ներկային մէջ զայն անցեալին մէջ աւելի քաղցր կը դարձնէ։

Ու որքան ալ այս խելագար երկրագունդը անվերջ սրընթայ իր այս ուղիին վրայ, զարգացնելով ռոպոթներ, տեսալսողական համակարգեր ու արհեստական բանականութիւն եւ տայ քեզի աշխարհը ափիդ մէջ դնելու հնարաւորութիւն, մարդկային անմիջական կապն ու շփումը կը մնայ ամենավեհը, ամէնէն անկեղծն ու շօշափելին` իրականը, – գոնէ ինծի համար։

 

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x