Կաթնապուրը մեր սովորութիւններուն մէջ (1)

June 7, 2023

Պէյրութ, 1 Յունիս 2023

Ճաշերը, ուտելիքները, սննդեղէնը չեն եղած պարզապէս շնչող էակներու անօթութիւնը կամ ծարաւը յագեցնելու համար։ Անոնց շուրջ կը դառնայ ամբողջ աշխարհ մը։ Անոնք իրենց տեսքով, բոյրով, իրենց պատրաստութեան ընթացակարգով մաս կազմած են մեր առօրեային ու տեղ գտած մեր յիշողութեան ու հոգիին մէջ։

Որքան շատ են այդ պահերը երբ ուտելիքի մը բոյրը շնչելով կամ անոր համը առնելով անցած ենք անցեալ, մտքով ու պատկերացումով թռչած ու հասած՝ մէկու մը տունը, նստած՝ անոր սեղանին շուրջ եւ զգացած՝ այնտեղ երբեմնի տիրող մթնոլորտը այդ մէկ իսկ պատառով, որ կրցած էր հանգոյցը քակել տարիներով մոռցուած կարծեցեալ յիշողութիւններու։

«Մօրս պատրաստած չէօրէկը յիշեցուց այս մէկը», «Հօրս հետ կ’երթայինք ասկէ գնելու», «Այսինչ ճա՞շն է ձեր պատրաստածը։ Կարծես մեծմօրս տունը կը բուրէ այստեղ». ասոնք արտայայտութիւններ են, զորս իւրաքանչիւրս գոնէ մէկ անգամ գործածած ենք այս կամ այն առիթով տեղ մը գտնուելով։

Ճաշը պատրաստելու ձեւը, գործածուած համեմներն ու սարքերը, բոյրը, համն ու տեսքը բոլորն ալ կրնան ժամանակի մեքենայի մը դերը խաղալ, անդենական անցած հոգիներու անգամ մը եւս կենդանութիւն տալ եւ յիշատակներ թարմացնել։

Եւ այդ պարզութիւններուն մէջ է մանրամասնութիւնները հետաքրքրական եւ իմաստալից, յուզող եւ շոյանքի զգացում մը տուող։

Իւրօրինակ մշակոյթներէն մէկը մեր տան մէջ կաթնապուրի պատրաստութիւնն էր։

Մեր տան մէջ կաթնապուր եփելը կը սկսէր որոշումով մը, եւ այդ տրուած որոշումէն ետք, անմիջապէս չէ որ կրնայինք եփել: Պէտք էր սպասել թարմ ու հեղուկ կաթը, որ յաճախ կը նախընտրուէր անոր համար. իսկ այդ ուրկէ՞ կու գար։

Պատմեմ։

Հայրս բանջարեղէններու, պտուղներու եւ ընդհանրապէս սննդամթերքի ընտրութեան, տեսակի ու որակի բծախնդիր մարդ է։ Խոփ-խոշոր շուկային մէջ, հոս ու հոն ծախուող ամէն տեսակի սննդամթերք քանի մը տասնեակ վաճառական ունէր, այսինքն թերեւս այդ շուկային մէջ տասնհինգ հոգի լոլիկ կը ծախէր, քսան հոգի՝ գետնախնձոր եւ այսպէս: Իւրաքանչիւր պտուղ կամ բանջարեղէն իրեն համար իր մարդը ունէր։ Լոլիկը Հասանէն, գետնախնձորը՝ Ահմատէն, Սոխը՝ Մհամատէն, եւ այսպէս…

Անոնք ալ՝ այդ մարդիկ, քաջ գիտակցելով իր ճաշակին, կ’ուղղէին զինք այն ապրանքին, զոր կ’ենթադրէին որ գոհացում կու տար իր պահանջքներուն, եւ եթէ գիտէին, որ այդ օր չկայ հօրս «փնտռած որակը», պարզապէս կ’ըսէին «այսօր քեզի համար ապրանք չունիմ»։

Փողոցը կառքի վրայ դրուած բաց ուտելիքներէն յաճախ հեռու կը պահէր մեզ, եւ այնպէս մէկ կ’արգիլէր, կարծէք այդ կառքը վարողին հրամցուցածը ուղղակի թոյն էր։ Մի՛շտ շեշտակի կը խօսէր. «Ձեռքդ չնետես», «մարդուն քովի ջուրէն՝ այդ աղտոտ շիշէն, չըլլայ որ խմես: Հազար հոգի ծծած կ’ըլլայ», «Տունը քեզի նոյնէն կը պատրաստեմ այս գիշեր: Աստուած գիտէ այդ պանիրը ուրկէ բերեր է», «Չտեսա՞ր ինչպէս կը պատրաստէր, ձեռքը ուրտեղները դրաւ մինչեւ պատրաստեց ատ սանտուիչը»…

Պէտք էր խօսիլ այս բոլորին մասին, որովհետեւ զարտուղի պարագաներէն մէկը հօրս ընտրած կաթնապուրի հեղուկ կաթի աղբիւրն էր` երեկոյեան, ժամը 5։00-էն ետք, հեծանիւով մեր թաղը եկող այն ծերուկ մարդը։

Մեր առօրեային եւ ընդհանրապէս մեր կեանքին մէջ որոշ բաներ կան, որոնց էութեան պատճառը մենք իսկ չենք գիտեր, սակայն կան, հոն են: Օրինակ ինչո՞ւ այսինչ ապրանքը միշտ սենեակին այդինչ տեղը դրուած կ’ըլլայ, հակառակ անոր որ տրամաբանականօրէն աւելի յարմար տեղեր կրնայ ունենալ նոյն այդ սենեակին մէջ, բայց քուկդ է եւ դուն այդպէս վարժուեր ես, միշտ այդ մէկը հոն կ’ուզես տեսնել: Եւ երբ գայ մէկը եւ տեղը փոխէ անոր, կարծես էութենէդ բաժին մը շարժած կ’ըլլայ: Այս կաթնավաճառին հարցին էութիւնը հօրս պարագային շատ տարբեր չէր:

Յամրընթաց, կամաց-կամաց իր հեծիկի փեթալները դարձնող այն մարդը ուշի-ուշով կը նայէր թաղի պատշգամներուն` յուսալով, որ հոնկէ մէկը նշան կ’ընէ, իր ետեւի բեռը կը թեթեւցնէ ու գրպանը կը լեցնէ։ Բեռը՝ կերպընկալէ շինուած մեծ կապոյտ տակառ մըն էր, որ միշտ լեցուած էր այդ թարմ հեղուկով՝ կապուած հեծանիւի յետնամասին:

«Հալի՜պ», կը կանչէր ան` ամէն անգամ որ իր հեծիկի փեթալները 4-5 շրջան կ’ընէին ու գլուխը կը պտտցնէր աջ ու ձախ, ճիշդ այդ բնութեան մէջ թփռտացող թռչունին պէս:

Հայրս նշան կ’ընէր, եւ մարդը հեծիկին արգելակը կը սեղմէր՝ դէպի մեր դրան մուտքը թեքուելով: Կը մօտենար մայթին ծայրին, սակայն չէր բարձրանար, որովհետեւ դժուար էր այդ բեռը վերցնել ու անգամ մըն ալ իջեցնել:

Հայրս կ’երեւի շէնքին դրան դիմաց. երկու տոպրակ թարմ կաթ այն կողմէն կը տրուէր, քանի մը տասնեակ սուրիական լիրա այս կողմէն կը վճառուէր, փոխանակումը կ’ըլլար եւ հայրս տուն կ’ելլէր:

Հայրս, որ աղբահաւաքին ամսական գանձելիք գումարը ճիփ-ճիշդ նոյնը կը դնէր, որպէսզի չստիպուէր անորմէ մանրուք առնելու (կարծես ի՛ր իսկ վճարած թղթադրամներն ու մետաղադրամները գիտէ քանի՛, եւ ո՛ր մարդոց ձեռքը անցած է), ինչպէ՞ս կրնար այս մարդուն բերած կաթին տեսակին ու որակին կոյր վստահութեամբ վերաբերիլ: Ի՞նչ գիտէր այդ տակառը պարապ եղած ատեն ո՛ւր դրուած է, ինչպէ՞ս լուացուած է: Հապա՞ մէջի կաթը, ուրկէ՞ առնուած է, ինչպէ՞ս պահուած է: Գիտէ՞ր թէ մարդը այդ ամբողջ կաթը մեծ տակառին մէջ փոխանցելու համար ի՛նչ թաս գործածած էր: Հաւանաբար ո՛չ, վստահաբար ո՛չ…

Միշտ չէ որ մեր բանականութեան կը վստահինք, շատ անգամ օրերու փորձառութեան, համոզումներու, փորձուածին ու գիտցուածին…

Խոստովանիմ, ես ալ տարբեր չեմ: Ունիմ նման համոզումներ:

Գիտեմ, դուն ալ ունիս, բոլորս ալ ունինք, բայց մամաս պիտի նախընտէր ըսել «Արիւն է: Կը քաշէ իշթէ…»:

Հայրս տոպրակը շալկելով վեր կ’ելլէր, իսկ մայրս կաթսան կը պատրաստէր կաթը եռացնելու համար, մինչ մարդը՝ այդ ծերունին կը հաւաքէր իր ապրանքը ու կրկին գարշապարը հեծանիւին փեթալներուն սեղմելով կը կրկնէր իր յանկերգը. «Հալի՜պ»:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x