Ներաշխարհը Հոգեվարքի Օրերուն

September 26, 2023
AFP - Getty images

Սահմաններու մասին կը մտածեմ. կը փորձեմ գծել ու ճշդել, բայց չեմ կրնար: Կը փորձեմ սահմանել, կաղապարել, պակսեցնել ու կասեցնել այս կամ այն բանը, կը փորձեմ չափաւորել շատ մը բաներ, կամ վերջ տալ անոնց. կը դժուարանամ: Սահմանները գիտնալու, ճանչնալու եւ ընդունելու ունակութիւնը կորսնցուցած եմ:

Կը փորձեմ կեդրոնանալ լաւ բաներու վրայ, կը փորձեմ չտարուիլ միտքը պղտորող բաներով. իսկո՛յն կը ձախողիմ անոր մէջ ալ՝ չեմ յաջողիր:

Սահմաններ չճանչնալ…

Պատերազմ հոտող դրութիւն…

Մարդիկ երկրագունդի ցամաքամասերը փռած են թուղթի մը վրայ, կոչած են զայն «քարտէզ» ու շարունակ կը փորձեն խծբծել այդ թուղթի կտորը: Եւ իւրաքանչիւր «խծ»-ի ու իւրաքանչիր «բծ»-ի տեղ մը պատերազմ կը յարուցուի, տարածաշրջանի մը մէջ խռովայոյզ մթնոլորտ կը ստեղծուի: Զոհեր կ’արձանագրուին, կողմերը վնասներ կը կրեն:

Մոպայլիս պաստառը դարձած է պատուհան մը, ուրկէ միայն պատերազմն ու անոր հետեւանքները կ’երեւին: Հոնկէ արեան հոտ կու գայ, աչքէ անվրէպ՝ աղի արցունք կը հոսի, կը ցնցէ հոգին: Հոնկէ բարձրացող սրտակեղեք աղաղակներ կը հարեն մարդկային թմբուկն ականջի ու կը փորձեն արթուն պահել խիղճը ներսիդին:

Կը տողանցեն լուսանկարներ տեղահանումներու, ամայացած քաղաքի մը փողոցներու, թափառական ծերունիներու եւ մանուկներու: Մուխ ու ծուխ կը բարձրանայ քաղաքին մէկ կողմէն, ռմբակոծումի պայթիւնները կ’արձագանգեն շրջանէ շրջան: Մէկ այլ կողմէ նկուղի մէջ նորածիններ իրենց առաջին ճիչը կ’արձակեն, ահազանգը կը լսուի քաղաքի չորս դին, սարսուռը կը պատէ հոգին: Հոգին, որ չարչրկուած է ամիսներ շարունակ տեւած շրջափակումէ մը: Հոգին, որ կը սպառի, կը մնայ մարմնին մէջ՝ անջատուած անկէ: Կը ծանրաբեռնուին սիրտն ու հոգին, կը սպառին միտքն ու ջիղերը, կորուստի կը մատնուի բանականութիւնը, եւ աչքերը բաց ու թաց՝ անքունութենէ եւ ցաւէ տառապած, կը շարունակեն դրսեւորել մարդու ցաւը, վիշտը, յուսախաբութիւնը: Ինքնավստահութիւնը կը խախտի, եւ մարդն իր սեփական կարողութիւններէն կը կասկածի…

Ինսթակրամս, ֆէյսպուքս, նոյնիսկ ուացափի իմ հաղորդագրութիւնները դարձած են արցախեան լրահոս մը: Սթօրիները արագ-արագ կը դառնան, հրապարակումները ետեւ-ետեւի կը շարուին. դատապարտումներ, կոչեր, ցոյցեր ու բողոքներ, եւ այդ բոլորէն աւելի՝ խելք բաժնել…

Կարծիքներու եւ երկուութեան բախում մը կայ համատարած. ծայրայեղութիւններու հեղեղ մը: Միջազգային կազմակերպութիւններու խլացնող լռութիւն մը կը տիրէ, անտարբեր կեցուածքներ կ’որդեգրուին հայրենիքէն ներս ու դուրս, երբեմն նոյնիսկ կատաղի թշնամական վերաբերմունք՝ հայրենակիցի նկատմամբ. գոռում-գոչում, ծեծ ու հրմշտուկ, հայհոյանք ու պարսաւանք…

Զոհի շապիկը հագնելու եւ մեղաւորի շապիկը հագցնելու անսահման կիրք մը կայ մարդոց մօտ: Անոնք կը հաւաքուին ամէն ինչի շուրջ, բացի հիմնական պահանջքէն՝ Արցախի ժողովուրդին կամքը ներկայացնող արժանիքներէն:

Արտերկրի մէջ արարող եւ բոլորին կողմէ ստեղծագործող ու շէնցնող նկատուած հայը չկրցաւ իր փոքրիկ տունն իսկ պահել, պահպանել: Կրցաւ ամէնուրեք Սարոյեանի «Նոր Հայաստաններ»-ը շինել, բայց չկրցաւ հաւաքուիլ ու բռունցք դառնալ մէ՛կ Հայաստանի հովանիին տակ… «Էլուն ճրա՛գ, տիրուն կրա՛կ»…

Կը նայիմ հրապարակներու մէջ ներկայ բազմութեան ու կը զարմանամ…

Շատերու կողմէ «իշխանութեան ու ընդդիմադիրներու» միջեւ յայտնուած ու սեպուած հակամարտութենէն անդին կը փնտռեմ ժողովուրդը…

Ժողովուրդը…

Ո՞ւր է ժողովուրդը այս բոլորին մէջ: Ո՞ւր է խօսքն անոր: Ունի՞ խօսք, ընելիք ունի՞: Ինչի՞ կը սպասէ, զո՞վ կը սպասէ: Ո՞ւր պիտի ըսէ ու ընէ զանոնք եւ ե՞րբ… եթէ ոչ այսօր…

Իսկ հոս, հայրենիքէն հեռու, այս ամբողջ թոհուբոհէն անդին՝ զիրար հակադրող զեկոյցներու, արագ տարածուող կեղծ լուրերու, պայծառ մտքերու փոխարէն բղաւիւններու, պարտուողական տրամադրութեան ու ողբը ապրելու մտադրութեան ներկայութիւններուն ներքոյ, մարդու հոգեկանը հաւասարակշռուած պահելը վերահսկողութենէ դուրս կը մնայ:

Արցախէն կը հասնին հոգեցունց պատկերներ, որոնք կը դառնան փուշ, կը խրուին մարդուս կոկորդին մէջ ու լռել կու տան, ցաւը պատկերացնել ու ապրիլ կը պարտադրեն, սակայն երեւակայութիւնը կը մնայ նեղ, ու իրականութիւնը կ’ըլլայ աւելին…

Այդ իրականութիւնը միայն զայն ապրողն ու ճաշակող կը գիտնայ:

Կ’ուզես խուսափի՞լ անոնցմէ, չդիտե՞լ զանոնք, չնայի՞լ անոնց: Կը հալածեն քեզ այդ հեկեկանքներն ու պատկերները ամէնուրեք… Այնտեղ, ուր հարիւրաւոր մարդիկ իրենց հարազատները հողին կը յանձնեն, եւ յետոյ… հողը կը յանձնեն…

Անոնք յիշատակներու հոյլ մը ունէին հողին յանձնուող այդ հարազատին հետ: Յանձնուող հողին հետ յիշատակնե՞ր… ոչ միայն իրե՛նք, այլ տարիներու վրայ երկարող սերունդներ ունէին այդ մէկը՝ ասդի աշխարհի եւ անդի…

Իսկ այս բոլորին մեղաւորը ո՛չ հիւսիսի, ո՛չ հարաւի, ո՛չ արեւելքի եւ ոչ ալ արեւմուտքի մէջ պէտք է փնտռել, այլ՝ մեր իւրաքանչիւրի…

Մենք, որ այդ հողը դարձուցինք լոկ զբօսավայր մը, հեռուէն հպարտացանք անոր հրաշք բնութեամբ, գովերգեցինք իր անցեալն ու հերոսները՝ առանց ապրելու անոր ներկային մէջ:

***

21-րդ դարն է, ուր իր տան ննջասենեակը նստած անհատ մը կրնայ ամբողջ աշխարհին իր ձայնը հասցնել, բայց չէ՞ հասած տակաւին աղաղակը ինը ամիսներ շարունակ շրջափակման մէջ մնացող 120,000 հոգիներու: Բեմերէ, ատեաններէ ու հարթակներէ կը ծամծմուի «Մարդկային իրաւունքներ» յանկերգը: Մարդկային չե՞ն իրաւունքները բազմահազար այն մանուկներուն, որոնց համար չոր հացը դարձած է աչք շլացնող կարկանդակ մը, եւ տարեդարձի կարկանդակը՝ կրաղիւս շաղախ…

Մարդկային իրաւունք չէ՞ ծերունիին արժանապատիւ կեանքը: Այն ծերունին, որ կորաքամակ՝ կը կենայ հացի հերթերու, կ’ապաստանի նկուղներու մէջ եւ պանդուխտ վիճակի կը կրէ իր հատուկենտ պիտոյքները, կը նստի ճամբու եզրին, մէջտեղը, հոս ու հոն եւ ի վերջոյ կը հեռանայ իր սեփական տունէն փրկելով իր կեանքին վերջին տարիները…

«Մարդկային իրաւունքներ»-ը սին գաղափարախօսութիւն մըն է եւ լոկ խաղաքարտ մը միջազգային չընտանիքին կողմէ ստեղծուած։ Ո՛չ ձեւուած է այդ, եւ ոչ ալ չափուած. կը լայննայ եւ կը նեղնայ ըստ պայմաններուն, կողմերուն եւ անոնց շահերուն։

Ու ժողովուրդները կը տուժեն…

Տակաւին կը տուժեն…

Եւ իրաւունքը տակաւի՛ն պահուած կը մնայ ուժին պնդօրէն սեղմուած բռունցքին մէջ։

                                                                                                                                      Պէյրութ, 25 Սեպտեմբեր 2023

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x