Կաթնապուրը Մեր Սովորութիւններուն Մէջ (2)

August 14, 2023

Պէյրութ, 13 Օգոստոս 2023

Կար ժամանակ, երբ արեւելեան աւանդական ընտանիքը, իր բոլոր անդամներով, մէկ տան առաստաղին տակ կ’ապրէր եւ յետմիջօրէին, սովորական օրերուն, անոնք բոլորն ալ տունը կ’ըլլային: Այնտեղ եղբայրներու եւ քոյրերու միջեւ բախումը խիստ հաւանական էր, եւ յետբախումի հաշտութեան կնքումը՝ անխուսափելի: Ատենօք, ընտանիքի անդամները աւելի ժամանակ կը տրամադրէին իրարու, քան հիմա երբ առձեռն հեռաձայնով այլաշխարհի մը մէջ ըլլալու հաւանականութիւնը կայ միշտ։ Նոյն սենեակի մէջ ըլլալով, անդամները յաճախ միասին չեն, իւրաքանչիւրն ունի իր աշխարհը՝ կղզիացած, մեկուսացուած:

Այդ օրերուն ընտանեօք «խոհանոց մտնելու» սովորութիւն ունէինք` հայր ու մայր զիրար օգնելով, զաւակներն ալ զիրենք խանգարելով։

Ճաշեր պատրաստուած ժամանակ հետաքրքրութենէ եւ անհամբերութենէ մղուած, տեղս միշտ ալ խոհանոցը եղած էր։ Գիրք մըն ալ հետս կը բերէի այնտեղ, որպէսզի չըսուի թէ դաս չեմ ըներ։ Ոտքի մը հասակը ունենալով, միշտ «ոտքերու մէջ կը մնայի»: Անոր համար ալ այդ խոհանոցին մէջ երբ երթեւեկելու ըլլայի, ինծի կ’ըսէին «Ելիր ոտքերուս տակէն»: Բայց ես այնտեղ «օգնելու» համար եկած էի: Այդ մասին ալ հարց կու տայի եւ օգնութիւն կ’առաջարկէի: «Պապայիդ ձեռքէն առ քիչիկ այդ հարիչը» կ’ըլլար մօրս պատասխանը:

Կաթնապուրին հիմնական բաղադրիչները կարելի է ըսել բրինձն ու կաթն են, շաքարը՝ անհրաժեշտ, իսկ վանիլն ու ծաղիկի ջուրը՝ երկրորդական, ըստ նախընտրութեան: Պատրաստութեան ընթացքին, հիմնական այս բաղադրիչներէն բրինձը, որպէսզի կաթսային յատակը չփակի, պէտք էր կաթը անընդհատ խառնել՝ մինչեւ անոր եռալն ու եփիլը: Մենք ալ, փառք Աստուծոյ, եթէ նման բան մը պատրաստելու ըլլանք, միշտ ամենամեծ կաթսան կ’իջեցնենք, եւ եկուր ալ այդքան կաթ եռայ եւ այդ բրինձը եփի…

Հօրս ձեռքէն կ’առնեմ հարիչը, եւ կը սկսիմ ժամացոյցի սլաքներու ուղղութեամբ դարձնել կլո՜ր-կլո՜ր, նոյն յաճախականութիւնը պահելով: Յետոյ դասերէս կը յիշեմ, որ շարժումը տաքութիւն կը ստեղծէ, տաքութեամբ ալ կաթը աւելի արագ կը հասնի իր եռալու ջերմաստիճանին: Ու կը սկսիմ արագցնել այդ շրջանները, զգոյշ ըլլալով որ կաթը կաթսայէն դուրս չթափի:

Չլը՛փ, այդքան ալ ուշադիր չէի…

Փուռը կ’օրհնեմ կաթսայի կաթէն կաթիլներ սրսկելով:

«Ծօ կամա՜ց-կամա՜ց» մայրս մէյ մը կը դառնայ ու կրկին կը շարունակէ իր գործը:

Ձանձրոյթի զգացումը քիչ-քիչ կը սկսի ներս մտնել ներսիդիիս պատուհանէն: Կը փորձեմ պայքարիլ՝ «լաւ զաւակ մը ըլլալու համար», կը սկսիմ սլաքներու հակառակ ուղղութեամբ խառնել, մէկ, երկու, երեք ու քանի մը շրջան կ’ընեմ հարիչով, եւ…

Բաւ է՝ բաւարար է:

Վերադարձ՝ ուրկէ որ կու գայինք, նոյն այդ խառնակիչի ու խանգարողի դերին, որ ստանձնած էի այս յայտագիրի սկիզբէն իվեր: Այդ դերը որ միշտ ալ յաջողութեամբ կը ստանձնէի ու կը կատարէի: Դեր էր այդ մէկը, բայց ես դերասան չէի, ես էի՝ ինչպէս որ էի…

«Պա՛պ, մէկ հատ ձեռքէս կ’առնե՞ս սա հարիչը»:

Այդ «մէկ հատ»-ը պիտի տեւէր մինչեւ այդ կաթսայի երեսին պղպջակներ երեւալն ու աւելին:

Սի՞րտ մը ունէի ես, իմ պարտականութիւնս այդ չէր. իմս պնակները հատ-հատ սպառելն էր:

Պնակները մէկ-մէկ կը շարուէին, եւ որովհետեւ 6,10 կամ 12 պնակ բաւարար չէր կաթսայի ամբողջ պարունակութիւնը լեցնելու համար, պնակի 4-5 տեսակ (սերի) կը շարուէր եւ մէկ-մէկ կը լեցուէր կաթնապուրով, եւ որպէսզի համաչափ ու միատեսակ ըլլայ բրինձի քանակը, իւրաքանչիւր պնակ լեցուելու, կաթսան պէտք էր մէյ մը խառնել, որ բրինձը չմէտկտեղուի: Կաթնապուրով լեցուն պնակները կը դրուէին սառնարանին մէջ՝ յաջորդ օրէն իսկ գործածութեան պատրաստ:

Յաջորդ օրը հաւանաբար դպրոցական օր մըն էր աշակերտիս համար: Բնաւորութեամբ շուտ արթնցնող մըն էի: Ըստ մամայիս, «առաջին ձայնէն ելլող մը»: Բաւարար էր ըսել «Քրիստ», եւ ես աչքերս կը բանայի: Օթոքարին ժամանելէն քսան վայրկեան առաջ կ’արթննայինք, եւ անոր ժամանումէն հինգ վայրկեան առաջ կ’իջնէինք փողոց: Կարելի՞ էր այդ տունին մէջ օթոքարը հասնէր դռան դիմաց եւ մենք տակաւին տունն ենք. բացարձակապէ՛ս ոչ: «Դուն սպասէ, ինք թող չսպասէ» կը կրկնէր պապաս: Ուրեմն, թուաբանական պզտիկ գումարումով մը, քսան նուազ հինգ՝ տասնհինգ վայրկեան: Այդքան ժամանակ ունէինք տան մէջ անցընելիք:

Յոռեգոյն պարագային, հինգ վայրկեան էր պատրաստուիլս (հիմա կարծեմ երկու-երեքի իջաւ այդ մէկը): Կը մնար տասը վայրկեան: Այդ տասը վայրկեանին մէջ կարելի էր «Թոմ անտ ճերի» մը դիտել, օր մը առաջուան ֆութպոլի արդիւնքներուն նայիլ, դաս մը վերաքաղ ընել, ծանր քունով եղբօրդ անգամ մը եւս արթնցնել, կամ… կաթնապուր ուտել…

Քունը կոպերէս հեռանալով, եւ քիչ-քիչ գիտակցութիւնս արթննալով կ’անդրադառնայի, որ օր մը առաջ կաթնապուր պատրաստած էինք: Կօշիկներս՝ վերջին հագուելիքներս կ’անցնէի ոտքիս, կը կապէի անոնց զոյգ կապերը եւ կ’ուղղուէի խոհանոց ու կը բանայի սառնարանին դուռը:

Հոն են: Գրաւած սառնարանի առաջին յարկը ամբողջութեամբ, եւ համարեա՜ երկրորդ յարկի կէսը: Սառնարանին լոյսը կը լուսաւորէ անոնց երեսը, որ ճմռթկած է եւ թանձրացած: Կ’ընտրեմ անոնցմէ մէկը, որուն տեսքը աչքիս գոհացում կու տայ, կը հեռացնեմ զայն իր նմանակիցներէն եւ առատօրէն կը ցանեմ վրան կասիայի փոշին:

Կաթնապուր սիրող մը, կամ կաթնապուրի պատրաստութեան արարողութեան ծանօթ մը կրնայ հասկնալ այս բոլորը եւ համաձայնիլ անոնց իրաւացիութեան: Ինչպէս բարեկամներէս մէկուն հայրը ըսաւ. «Կաթնապուրը թագաւորներուն քաղցրաւենիքն է», եւ երբ պատմեցի իրեն մեր տան մէջ կաթնապուրի այս պատմութիւնը եւ անոր մասին իմ պատկերացումները, ժպիտը լայնօրէն երեւցաւ դէմքին, բարձրաձայն խնդաց եւ ափը լայնօրէն բացաւ որպէսզի հարուածէ ափիս՝ կատարելապէս իր համաձայն ըլլալը յայտնելով:

Սխա՞լ էր ան. ո՛չ, իսկապէս թագաւորական է այդ մէկը:

Խունկ ու մոմ կաթնապուրը հնարողի յիշատակին, ձեռքերը դալար զայն պատրաստողին, մեզի ալ հազար անուշ…

 

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x