Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ

Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ

July 16, 2026

ԾՈՎԱՇԱՐԺ, գ., Երկրաշարժի պատճառով առաջացած վիթխարի ալիք // Օվկիանոսային հսկայ ալիք, որ կը յառաջանայ  ստորջրեայ երկրաշարժի պատճառով, ցունամի: Քաղաքացիները նախազգուշացուած են հաւանական ծովաշարժի մասին. արձանագրուած է 92 յետցնցում (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 8):

July 11, 2026

ԾԱԾԿԱՂՕԹՔ, գ., Գաղտնաբար՝ ցած ձայնով ըսուած սրտի խօսք // Ծածուկ՝ մտքով ըսուած աղօթք: Կան քերթողներ, որոնք վարարուն թախիծով մը իրենց ծածկաղօթքը կը մրմնջեն, եւ բարութեան քնքշութեան գեղեցկութեան դուռ մը կը բանան մարդկութեան համար (Վեհանոյշ Թէքեան, Իբրեւ Որդի եւ Նախահայր):

July 8, 2026

ԽՆԴՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Հաւանութիւն վայելող համոզումի  մը քննելի ըլլալը, անքննելին քննելը: Եւ ամէն պարագայի՝ աստուածային նմանութեան եւ պատկերի ամբողջ խնդրականութիւնը պիտի վերարծարծուի «Պատկեր,  պատում, պատմութիւն» շարքին յաջորդ հատորներէն մէկուն մէջ (Մ.Ն., 2015, էջ 15)։

July 4, 2026

ԼՈՒՍԱԿՐՈՒԹԻՒՆ, գ., Էութիւն՝ հոգի, որ շաղուած, պատուած է լոյսով // Պայծառութեամբ օժտուած ըլլալը: Վարուժանի քերթողութեան շեղբը կ'իջնէր, իր բառերով «պաղպաջուն, մերկ ու արու» պատեանէն դուրս քաշուած սուրի շողարձակութեամբ, եւ մեծ սիրոյ խոստովանանքի նման՝ յաւիտենական լուսակրութեամբ:

July 1, 2026

ԼԻԱՔԻՍՏ, ած., Հասունացած ցորենի հասկի լեցուն գլխիկի  նման // Քիստերով՝ հասկերով, բեղուն: Անսպառ են Վարուժանի արուեստի զգլխիչ ոլորտները, հայ լեզուի շքեղ գանձարանը ձեռքերուն մէջ եւ յաւերժութեան հունտերով լիաքիստ իր անդաստանը (Վեհանոյշ Թէքեան, Իբրեւ Որդի եւ Նախահայր):

June 28, 2026

ԻՐԱՒԱԴՐՈՅԹ, գ., Այս կամ այն բանը ընդունելու կամ մերժելու օրինական անառարկելի հիմք // իրաւական՝ իրաւունքի դրոյթ։ Անվաւեր հռչակուելու բոլոր իրաւադրոյթները կ'ամփոփեն թէ Ալեքսանդրոպոլի, թէ Կարսի եւ թէ զայն նախորդած Մոսկուայի դաշնագիրները (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):

June 26, 2026

ԻՆՔՆԱՀՆԱՐՈՒՄ, գ., Ինքզինք՝ ինքն իր էութիւնը գիտակցիլը, զայն ստեղծելը // ինքն իրեն գիտակցիլը: Վերլուծաբանը սա հարցադրումը կատարած է. ինչպէ՞ս կը բանի ազգայնական խօսոյթը, եւ ազգայնական ամէն խօսոյթէ առաջ՝ ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենայ ազգի մը ինքնահնարումը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 181)։

June 22, 2026

ԻՄԱՑԱԿԱՐԳԱՅԻՆ, ած., Աշխարհիկ երեւոյթներու, մարդու  կեանքին՝ էութեան՝ նապատակներուն մեկնաբանութեան ամբողջական եղանակին վերաբերող, անոր յատուկ //Իմացակարգին՝  իմացաբանութեն յատուկ՝ բնորոշ: Անգամ մը եւս, գործ ունինք բարդ հանգոյցի մը հետ ու,  արդարեւ, վերը գործածուած իմացակարգային շրջանները աւելի ճշգրիտ սահմանումի կը կարօտին (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 96)։

June 17, 2026

ԹՐՔԱՑԵՂ, ած., Թրքական ցեղին, այդ ցեղերէն մէկուն պատկանող // Թրքական լեզուաընտանիքին՝ ցեղախումբերուն՝ ժողովուրդներին պատկանող: Խօսքը Թուրքիա-Նախիջեւան-Զանգեզուր-Ազրպէյճան եւ անկէ՝ թրքացեղ, թրքախօս ժողովուրդներու ցամաքային գերիշխան կամուրջի մասին է (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):

June 14, 2026

ԹԵՔՆԱԲԱՆԱԿԱՆ, ած., Ճարտարագիտութեան յատուկ, այդ  մասնագիտութեան վերաբերող։ Միշտ զանգուածային, հականեխիչ եղեռնական ձեռնարկներ կան, նոյնին կրկնորդները, ֆոսֆորով, անօդաչուներով, հրասայլերով, թեքնաբանական բոլոր կարելի եւ անկարելի սարքերով, հարուածող ինչ որ կը նկատուէր, դեռ երէկ, անառիկ (Բագ, թիւ 2-3  2021, էջ 30)։

June 10, 2026

ԶԳԱՑԱՊԱՇՏ, ած., Զգացումներու թելադրանքով շարժող՝ որոշումներ ընդունող, զգացումներուն աւելի մեծ արժէք տուող: Զգացապաշտ յեղափոխականը վերածուած էր հեռատես եւ գործնապաշտ ֆետայիի մը, որ հակառակ գերագոյն զոհողութեան իր անառար կելի պատրաստակամութեանը՝ կը մերժէր շատ յաճախ ի զուր նահատակութեան տանող ցարդ գործադրուող վարքագիծը (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):

June 7, 2026

ԵՐԱԽՏԱՇԱՏ, ած., Մեծապէս օգտակար՝ նպաստաւոր, առատ՝ ճոխ արդիւնք տուող // Շատ երախտիքներ ունեցող, բազում  երախտիքներով: Կը սպասուի, որ սկսուած երախտաշատ գործը շարունակուի եւ Ջիւանին իր ամբողջական հասակով մատչելի ըլլայ մեր ժողովուրդի զանգուածներուն (Բագին, 2010, 1), էջ 69:

June 5, 2026

ԵԶՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Գիտութեան կամ արուեստի այս կամ այն ասպարէզին միայն յատուկ եզրերու (գիտական բառերու) ամբողջութիւնը: Խնդիրը պայմանագիրը անօրինական նկատելու հրամայականին վրայ կը կեդրոնանայ. իսկ եզրաբանութիւնը կարեւոր է այս պարագային:

June 3, 2026

ԴԱՍՊԱՍԱՍԻՒՆ, գ., Դուռը կանգուն պահող սիւն // Սիւն, որուն ծխնիներով կ'ամրանայ դարպասդուռը: Անգամ մը, սպիտակ դարպասասիւնի մօտ, գայթեցաւ զամբիկը, ու քիչ մնաց որ գետին նետէր զինք (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 340):

June 1, 2026

ԳՈՒՄԱԿԱՅԻՆ, ած., Տեղափոխելուն՝ փոխադրելուն վերաբերող, անոր ընթացքին յատկանշական //Փոխադրելուն վերաբերող, յատկանշական: Ան նշեց, որ հատուցման քարտը պիտի հրապարակուի գումակային աշխատանքը աւարտելէ ետք (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):

May 29, 2026

ԳՈՅԱՑԱՓՈԽԵԼ, բ., Երեւոյթի մը էական՝ անկապտելի յատկանիշները այլափոխել // Գոյութիւնը՝ գոյավիճակը փոխել: Անիկա ունի զօրութիւնը գոյացափոխելու «աւերածութեան լեզու»-ն, որ աղէտէն մոխրացած մնացորդն է (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 185)։

May 25, 2026

ԳԻՆԵԴԵՂԻՆ, ած., Ճերմակ գինիին յատուկ ոսկեգոյնի երանգը ունեցող։ Կը պատահէր յաճախ, որ ամբողջ օր մը անցընէր իրենց տուփիկներուն մէջ դասաւորելով ու վերադասաւորելով իր հաւաքած այլազան քարերը՝ [...] վարդակարմիր ու գինեդեղին տպազիոնները [...] (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 221):

May 20, 2026

ԲՈՒՐԱՀԱՆԴԷՍ, գ., բնստ., Փխբ. Զանազան ախորժելի հոտերով լեցուն տօն, հոս՝ հոգիի խորքէն բխող անարատ՝ գինովցնող ձայն // Անուշաբոյր՝ ճոխ հանդէս, անոր արբեցնող հնչիւնները:  Բոյրը Աստուծոյ, որ ձայնն էր հոգիին, օր մը օրանց չէ՞ր առած, չէ՞ր լսած իր աղօթքներուն բուրահանդէսին մեղեդիները, որ խնկարկած էր երջանիկ օր մը (Բագ., 2010, 1, էջ 11):

May 17, 2026

ԲԻՒՐԱՍԱՊԱՏ, ած., փխբ. Բազմաթիւ բարձրութիւններ՝ սապատի պէս դուրս ցցուած կատարներ ունեցող // Բազմաթիւ գագաթներ ունեցող: ...էգը իր կողքին էր տակաւին, ծովահայեաց բիւրասապատ ժայռաբլուրի է՛ն վտանգաւոր կէտին վրայ (Բագ., 2010, 1, էջ 3):

May 15, 2026

ԲԱՐՈՅԱՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ, ած., Բարոյական վարքուբարքի՝ արժէքներու եւ հոգեկան առողջութեան ու կայունութեան վերաբերող: Քննարկուեցան երկրի ապահովութեան, շրջանային մարտահրաւէրները դիմակայելու, երկրին մէջ առկայ լարուած բարոյահոգեբանական մթնոլորտը կարգաւորելու, սփիւռքի ներուժը արդիւնաւէտօրէն օգտագործելուն առնչուող հարցեր (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):

May 13, 2026

ԲԱԶՄԱՍԱՐԻՔ, ած., Բազմաթիւ կապեր, հոս՝ նմանութիւններ եւ առնչութիւններ, ունեցող // Բազում սարիքներ՝ կապեր ունեցող, բազմաշար: Կոմիտաս վարդապետ ո՛չ մէկ երգ է հեղինակած,  բայց ստեղծած է հայ երգին պատկերը, դիտելով անոր ոճը բազմասարիք փոփոխակներու մէջէն ու հասնելով իր համերգներուն սէնֆոնիք ճարտարապետութեան (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 11):

May 10, 2026

ԱՐՔԱՅԱԲԱՂՁ, Սրտի խորքէն բխող՝ անդրդրուելի՝ անտեղիտալի կարօտ՝ իղձ //1. Թարգաւորական իշխանութեան հանդէպ բաղձանք՝ կարօտ: 2. Անդիմադրելի իղձ՝ երազանք: Եւրոպայի մէկ մռայլ ոստայնը ինկած օրերէն ի վեր, Վարուժան արքայաբաղձ կարօտ մը ունէր Մեծն Տիգրանի մասին դիւցազներգութիւն մը գրելու (Վեհանոյշ Թէքեան, Իբրեւ Որդի եւ Նախահայր):

May 8, 2026

ԱՐԾԻՒԱՆԱԼ, չբ., փխբ., բնստ., Աներկիւղ՝ անվեհեր ըլլալ, արծիւի պէս ազատ ըլլալ //Արծիւ՝ քաջ՝ անվախ դառնալ, խիզախանալ։ ... Կը ներքաշուի ծուծին մէջը իր հողին/ կը լիանայ կ'արծիւանայ/ ուր յաջորդ օր/ ժայռէ փրթած բեկորի պէս/ նոյն դարպասը կը բանայ... (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016-2021),  Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 29))։

May 6, 2026

ԱՐԵՒԵԼԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ, գ., Եւրոպական արուեստի գործերու մէջ արեւելեան կենցաղի, բարքերու նկարագրութիւն//Եւրոպական մշակոյթի մեջ Արեւելքի երկիրներու արուեստին բնորոշ ոճաւորում: Այս բոլորին մէջ տակաւին կարելի է ընդնշմարել թէ ինչպէս հին արեւելասիրութիւնը դերակատար կը մնայ. ան այսօր կու գայ զգեստաւորուած ժամանակակից նորոյթի....

May 2, 2026

ԱՍՏՂԱԿԱՅԼԱԿ, Աստղերէ՝ լուսաւոր աղբիւրներէ հոսող՝ կաթող, վերերկրային, աստղածոր: Անոնք կեանքէն մեծ են։ Մարդկութեան եւ իրենց ժողովուրդին համար չեն տատամսիր հաշիւ պահանջելէ բոլոր աստուածներէն եւ սատանաներէն։ Անոնք հանճարներ են, որոնք աստղակայլակ իրենց խօսքը կ'ըսեն եւ իրենց հմայքին տակ կը պահեն դարե՛րը:

April 30, 2026

ԱՌՈՒԱԿՈՒՄ, գ., Համակարգչային ցանցով տեղեկութիւններու (ձայնագրութիւններու եւ տեսանիւթերու) անընդհատական  փոխանցում՝ հոսում (streaming)//Ցանցային եղանակով տեղեկութիւնների հաղորդում: Փորձեր կան նաեւ անցեալի յաջող բեմադրութիւններ յարմարեցնելու առցանց ցուցադրութեան: Այդ կը կոչուի առուակում (հոսք)):

April 27, 2026

ԱՇԽԱՐՀԻԿԱՆԱԼ, չբ., Աշխարհի՝ նիւթականի մէջ մարմին առնել, մարմնանալ, մարդանալ // Իրական՝ նիւթական դառնալ: Հարիւրաւոր էջերու երկայնքին՝ Օշական ուրեմն այդտեղ կը գրէ վիպագիրի ծնունդին Աւետումը, որպէս աշխարհիկացած Մեսիայ կամ Դերաքրիստոս (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 165):

April 25, 2026

ԱՆՊԵՂ, ած., Հողը, հոս՝ նիւթը, որ տակաւին չէ հետազօտուած, չէ քրքրուած՝ ուսումնասիրելու նպատակով //1. Չպեղուած։ 2.  փխբ. Չբացայայտուած, անյայտ։ Իրմէ առաջ՝ Քաֆքա կամ Ռիլքէ նոյն փորձառութեան մասի խօսած էին, անպեղ անջրպետի մը առաջին այցելուներն էին (Մ.Ն., 2015, էջ 25)։

April 21, 2026

ԱՆՇՐՋԱՐԿ, ած., Առարկան՝ առանց իր բնական միջավայրին կամ պատմական հանգամանքներուն //Առարկան ինքնին:  Անշրջարկ, անշրջանակ, անաշխարհ, անմարդաբնակ լուսանկարներ են ուրեմն, թատերական կազմակերպութիւն մը, խորութիւնը ջնջելու, երրորդ տարածութիւնը (երրորդ չափումը) մոռնալու միտումնաւոր ձգտումը, նկարին եւ առարկային մակերեսները իրարու հաւասարեցնող աշխատանք մը (Մ.Ն., 2015, էջ 36)։

April 19, 2026

ԱՆԻՆՔՆ, ած., Ինքն իր անձը՝ սեփականը չունեցող (հոս. իշխանութիւնը՝ տէրութիւնը կորսնցուցած) // Ինքնութիւնը՝ էութիւնը՝ անհատականութիւնը կորսնցուցած։ Անոր բանտարկումը Անյուշ բերդին մէջ, ինչպէս սպարապետ Վասակի մորթին խոտով լեցնելը կը նշեն գահակալին հիւծումը, պարապ, անինքն գոյութիւնը, օտար հողի վրայ (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 34)։

April 17, 2026

ԱՆԴՐԱԿԵՐՊԵԼ, բ., Եղելութիւն մը ձեւափոխել՝ անոր լեզուական տարազ մը տալով //Արտապատկերել: «Իրողութիւն» մը լեզուական հաստատում մըն է, զուտ լեզուական երեւոյթ մը։ Տեսակ մը բարբառում (utterance) մըն է, որուն նպատակն է դէպք մը անդրակերպել գիտութեան առարկայի մը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 173)։

April 15, 2026

ԱՆԲՈՒԺԵԼԻՕՐԷՆ, մկբ., Բուժում՝ դարման չունեցողի պէս // Անբուժելի ձեւով, չբուժուող: Քսաներորդ դարու վերջին, Թոմի հայրը կը համաձայնի զաւկին անբուժելիօրէն հիւանդ մարմինը սառեցնել մինչեւ բուժման մը գիւտը (Բագ., թիւ 4, 2020,էջ 68)։

April 13, 2026

Գիրքին հիմնական նպատակը արեւմտահայերէնի նորաբանութիւնները հաւաքել, դասակարգել եւ բացատրելն է, նպաստելով լեզուի շարունակական զարգացումին եւ փաստագրութեան։