Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (15)
May 17, 2026
ԲԱՑ-ՕՁԻՔ, [նախընտրելի գրութիւնն է ԲԱՑՕՁԻՔ] գ., Կիներու հագուստի օձիքը կարելու ձեւ, որ վիզը եւ լանջքը բաց կը ձգէ, լանջաբաց // Կանանց զգեստի օձիքի տեսակ՝ խոր ու լայն կտրուածքով, որ բաց կը պահէ պարանոցն ու կուրծքը, տեքոլթէ: Բայց ես շատ լա՛ւ կը յիշեմ զինք Վիեննայէն, երեսուն տարի առաջուց, ու գիտեմ մանաւանդ՝ թէ ինչ բաց-օձիք բան էր ինք (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 291):
ԲԵՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆ, գ., Շարժապատկերի դիպաշարի ընդհանուր ուրուագիծը, երկխօսութիւնները (scenario) // Դիպաշար (Նոր ոճով շարադրուած փիես): Միջնորդուած երկխօսութիւնը կ’ենթադրէ նոր ձեւի բեմագրութիւն, նոր ձեւի թատերագրութիւն (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 3):
ԲԵՄԱԴՐՈՒՄ, Թատերական ստեղծագործութիւն մը բեմադրելը // Գրական ստեղծագործութեան բեմադրութիւնը: Դժգոհ է որովհետեւ բեմադրումը ուզածին պէս չէ կրցած կատարել (Մ.Ն., 2015, էջ 39):
ԲԵՄԱԿԱՆ-ՑՈՒՑԱԴՐԱԿԱՆ, ած., փխբ. Ոչ սրտէն՝ համօզումներէն բխող, արհեստական // Բեմադրութեան՝ բեմի վրայ ցուցադրելու համար նախատեսուած: 2. փխբ. Կեղծ, ոչ բնական: Բեմադրիչներ կը թելադրեն, որ խաղարկութիւնը ըլլայ պարկեշտ, ոչ յաւակնոտ եւ բնականապաշտ: Ոչ բեմական-ցուցադրական (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 3):
ԲԵՐԱՆԱԽՈՌՈՉԱՅԻՆ, ած., Բերանի խոռոչին հետ կապուած, անոր վերաբերող //բերանախոռոչին յատուկ՝ բնորոշ, բերանախոռոչի: Եւ բերանախոռոչային նման արտադրութիւններ մեզ կուշտ ու կուռ խնդացուցին (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016-2021), Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 67)):
ԲԵՐՈՒՅԱԿԱՆ, ած. [սխալագրութիւն է, պէտք է ըլլայ ԲԵՐՈՒԱԿԱՆ] Բերուին յատուկ, այդ երկիրին համար յատկանշական // Բերուին յատուկ՝ բնորոշ, Բերուի: Ունէր նաեւ բերույական խեցանօթներ, որոնք կրնային հանել սուր ճիչը թռչուններու […]: (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 219)
ԲԺՇԿԱԿԱՆԱՑՈՒՄ, գ., Բացառապէս բժշկութէան սեփականութիւնը դարձնելը // Բժշկականացնելը, բժշկական՝ միայն բժիշկներուն վերաբերող դարձնելը: Մահուան բժշկականացումին վերաբերեալ՝ Ֆուկոն կը մէջբերէ պէտք եղած փաստաթուղթերը, բայց չի բացատրեր զայն լիովին, չի բացատրեր թէ ինչպէ՛ս բժշկագիտութիւնը (եւ ոչ թէ, ըսենք, վիճակագրութիւնը) տէր դարձաւ մահուան, ձեռք առաւ մահուան մասին գիտութիւնը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 134):
ԲԻՒՐԱՍԱՊԱՏ, ած., փխբ. Բազմաթիւ բարձրութիւններ՝ սապատի պէս դուրս ցցուած կատարներ ունեցող // Բազմաթիւ գագաթներ ունեցող: …էգը իր կողքին էր տակաւին, ծովահայեաց բիւրասապատ ժայռաբլուրի է՛ն վտանգաւոր կէտին վրայ (Բագ., 2010, 1, էջ 3):
ԲՆԱԿԱՆԱՊԱՇՏ, ած., Բնականը, հոս՝ անկեղծը՝ հարազատը արուեստականէն՝ շինծուէն վեր դասող //բնականը գերադասող: Բեմադրիչներ կը թելադրեն, որ խաղարկութիւնը ըլլայ պարկեշտ, ոչ յաւակնոտ եւ բնականապաշտ (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 3):
ԲՆԱՆԻՒԹ, գ., Բուն՝ հիմնական բովանդակութիւն, հոս՝ կրօնի պատմութիւն, որուն աղբիւրը Աստուածաշունչն է //բուն` հիմնական նիւթ: Կրօնական բնանիւթեր են, կրօնական շունչով գծուած են, բայց սրբութիւն չկայ իրենց մէջ, սրբանկարի (իքոնի) իմաստով (Մ.Ն., 2015, էջ 46):
ԲՆԱՋՆՋԱԿԱՆ, ած., Ամբողջապէս՝ հիմնովին՝ բունէն կործանելուն՝ անհետացնելուն յատուկ, այդ արարքին վերաբերող //բնաջնջումին յատուկ` բնորոշ, հիմքէն իսպառ ջնջող: Բնաջնջական կամեցողութիւնը չի կրնար արխիւներ ունենալ, եթէ ճիշդ է որ այդ կամեցողութիւնը ըստ էութեան հիմնուած է արխիւի ոչնչացումին վրայ: (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 146):