Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (20)
June 1, 2026
ԳՈՐԾՆԱԿԱՆԱՑՈՒՄ, գ., Վերացական մտքի մը՝ գաղափարի մը իրական դառնալը՝ մարմնաւորուիլը, իրականացում, իրագործում //Մտայղացման կենսագործում: Յոյն ժողովուրդը օսմանեան տիրակալութեան դէմ ընբոստացաւ 1821-ին, եւ ինը տարի ետք ներկայ Յունաստանի հարաւային մասով եւ Եգէական ծովու որոշ կղզիներով հիմը դրուեցաւ արդի ժամանակներու յունական պետականութեան՝ իբրեւ ազգ-պետութեան գաղափարին առաջին գործնականացում (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3):
ԳՈՐԾՆԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ, գ., Խնդիր մը լուծելու արդիւնաւէտ եւ կիրառելի եղանակը վերացական ու տեսական եղանակներէն գերադասելի համարելը //Գործնապաշտ ըլլալը: Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Աֆղանական Թալեպան շարժումը գործնապաշտութիւն ցուցաբերեց, եւ պէտք է զայն դատել անոր գործերով՝ նկատի ունենալով, որ ան Աֆղանիստանի մէջ միակ իշխողն է» (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 1):
ԳՈՐԾՈՐՈՆՈՒՄ, գ., Գործ՝ աշխատանք՝ ապրուստի միջոց փնտռելը // Գործի՝ աշխատանքի որոնում։ Ձեռնարկեցի գործորոնման արշաւիս (Վրէժ-Արմէն, Ոստայն 16 – Ճարտարապետի մը ծոցատետրէն, Մոնթրէալ, 2021, էջ 10)։
ԳՈՐԾՕՆՈՒԹԻՒՆ, ած., Օգտաբեր ազդեցութիւն ունենալը, արդիւնաւոր գործօն ըլլալը //Արդիւնաւէտութիւն: Հայ-իսլամական միջգործօնային պատմութեան պարագային, գործօնութիւն կը նշանակէ վերբերել իսլամական աշխարհներու մէջ եւ ժողովուրդներու հետ հայոց պատմական փորձառութիւնը եւ անցեալի փորձառութեանց հիման վրայ հասկնալ ներկայի խնդիրները (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):
ԳՈՒՄԱԿԱՅԻՆ, ած., Տեղափոխելուն՝ փոխադրելուն վերաբերող, անոր ընթացքին յատկանշական //Փոխադրելուն վերաբերող, յատկանշական: Ան նշեց, որ հատուցման քարտը պիտի հրապարակուի գումակային աշխատանքը աւարտելէ ետք (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):
ԳՐԱԴԱՏՈՂ, գ., Գրական գործի մը առաւելութիւնները եւ թերութիւնները քննող՝ վերլուծող //Քննադատ, գրաքննադատ։ Շատեր կը կարծեն կամ նոյնիսկ աներկիւղ համոզումը ունին այն մասին, թէ հայ գրողներու շուրջ հայերէնով գրադատողին գործը նարկիզներու ածու մը ջրելն է, ըլլան ատոնք բեղմնափոշիով յորդուն ու հոտաւէտ թէ անբոյր ու անօգուտ բոյսեր, ըլլան հեզ թէ կոկոզավիզ, քանի որ դժուար է գտնել գրող առանց այդ օրհնեալ նարկիզին (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 56)։
ԳՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼ, բ., Պատմութեան մը գրական յատկանիշներ տալ, զայն գեղարուեստական դարձնել։ Երկու էջնոց յառաջաբանէ մը զատ, ծայրէ ծայր Թորոյեանն է պատմողը, Եսայեան գրի առնողը, գրականացնողը, եւ վերջաւորութեան անոր տակ իր անունը դնողը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 218)։
ԳՐԵԼՈՒԹԻՒՆ, գ., Գրելը՝ շարադրելը՝ հեղինակելը //Ստեղծագործելու ունակություն: Լրագրութեան եւ գրելութեան (այո՛, գրելութիւնը, որպէս գրելու կարելիութիւն) միջեւ կարմիր թելեր կան, որոնք ճանապարհ կը բանան դէպի նոր բացատներ (Բագ, թիւ 3 2020, էջ 49)։
ԳՐՉԱՎՐԷՊ, գ., Գրչի՝ գրութեան սխալ, հոս՝ միտումնաւոր կատարուած, նպատակ մը հետապնդող // Գրային վրիպակ։ Բայց հարցը հոս վէպի մտահոգութիւնն է ու անոր մէջ երեւցող վրէպը, ինչպէս կ’ըսէ Նշանեան, որովհետեւ Որբունիի վէպը գրչավրէպներ ու ժամանակավրէպներ կը շարէ վրայէ վրայ, որոնք բանալիներ են, կը մատնանշեն ընդհանուր խանգարում մը, որ կու գայ ժամանակի խանգարումով (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 229)։
ԴԱԴՐԵՑՈՒՄ, գ., Աշխատանքը կամ ընկերութեան մը գործունէութիւնը ընդհատելը կամ այն բռնի կասեցնելը: Շաբաթ, 4 սեպտեմբեր 2021-ին, տասը տարուան դադրեցումէ ետք, արտերկրի թռիչքներու վերականգնումով բանիլ սկսաւ Հալէպի միջազգային օդակայանը… (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 4):
ԴԱՄԱՍԿԱՀԱՅ, գ., Դամասկոս քաղաքը ծնած կամ հոն ապրող հայ: Շիրանեանները եղած են ազգասէր եւ բարերար անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց նպաստը բերած են ընդհանրապէս դամասկահայ կեանքի կազմակերպման եւ աշխատանք տարած են գործող միութիւններու ու եկեղեցւոյ շուրջ հայութեան համախմբուած մնալուն ի խնդիր (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3):