June 10, 2026

ԵՐԿՐԱՊԱՏԿԵՐ, գ., Գետնի վրայ մասնաւոր քարեր շարելով կամ երկիրի կեղեւէն մաս մը հանելով ստեղծուած խոշոր պատկեր՝  խորհրդանիշ՝ նուազագոյնը չորս մեթր երկարութեամբ // Գետնի՝  երկրի վրայ կատարուած նախշ կամ երկրաչափական խոշոր պատկեր, որ տեսանելի է միայն թռչունի թռիչքի բարձրութենէն:  …յաջորդ գործս պէտք էր որ ըլլար լայն պատմագրական աշխատութիւն մը, որ կը սկսէր եւ կը հիմնուէր գերազանցապէս միջգործօնային այն փաստուած նախատիպարներուն… վրայ,  որոնց համադրումը միակ գործի մէջ անպայմանօրէն պիտի ստեղ ծէր ցարդ անծանօթ «երկրապատկեր» (geoglyph) մը հայոց պատ մութեան՝ իսլամական աշխարհներու մէջ (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):

ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆԱՆԱԼ, բ., Երկրորդական ըլլալ՝ դառնալ,  նախկին արժէքը՝ իմաստը՝ կշիռը կորսնցնել //Ոչ առաջնային, ոչ հիմնական: Իրողապէս երկրորդականացած -երկրորդականացուած է Սփիւռքը, որուն գոյութիւնը լոկ ինք նանպատակ ներկայութիւն չէ, այլ անոր սիրտը կը բաբախէ հայրենիքի իրաքանչիւր վերիվայրումին համահունչ (Ասպարէզ, 5 Յունիս 2021, էջ 19):

ԵՐՐԱԲԱՌ, ած., Երեք բառերէ կազմուած, երեք բառերով արտահայտուած: Վերջապէս, 2015-ի Միւռոնօրհնէքին Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ճշդուեցաւ մեր յառաջիկայ 100-ամեակը ապահովող երրաբառ նշանաբանը՝ «Յիշել, յիշեցնել ու պահանջել»… (Զարթօնք, Կիրակի, 10.07. 2022)

ԵՒՐԱՍԻԱԿԱՆ, ած., Եւրոպական եւ Ասիական մայրցամաքները միասին իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: «Կ’ակնկալեմ, որ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ ստեղծագործական, կառուցողական մթնոլորտի մէջ, պիտի տրուի մեկնարկը նոր նախա ձեռնութիւններու… ինչպէս նաեւ եւրասիական տարածքին մէջ համարկումի գործընթացներու յառաջխաղացման», աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահը… (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 8):

ԵՒՐԱՏԼԱՆՏԵԱՆ, ած., Հիւսիսային Ամերիկային, Եւրոպային (ՕԹԱՆ-ին) վերաբերող, անոնց յատուկ: Օսթին… «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են օգնելու Վրաստանին անոր պաշտպանունակութեան ամրապնդման եւ եւրատլանտեան համարկման աջակցելու գործին մէջ…» (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):

ԵՒՐՈԱՄԵՐԻԿԵԱՆ, ած., Թէ՛ Եւրոպային, թէ՛ Ամերիկային  հաւասար չափով վերաբերող, երկուքին ալ յատուկ։ Դժբախտաբար, սակայն, անոնք եւրոամերիկեան տագնապներու ակնոցին ետեւէն կատարուած վերլուծումները գրեթէ հում-հում կը տարատնկեն հայկական աշխարհ (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 56)։

ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԵԱՆ, ած., Զանգեզուրի շրջանին վերաբերող, անոր վերագրուող՝ Սիւնիքին վերաբերող: Ազրպէյճանական տրամաբանութեամբ միջանցք-միջանցքի դիմաց բանաձեւը գործի լծելու խնդիր է՝ Զանգեզուրեան միջանցքը Լաչինի միջանցքին դիմաց (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):

ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՏԻՊ, ած., Արտաքին ընկալելի ձեւ՝ կերպարանք չունեցող, անկերպարան, անձեւ // զանգուածի տեսք՝ ձեւ՝ չափ  ունեցող, զանգուածանման։ Շրջումին մէջ Պըլտեան կը գրէ՝ «…յիշողութեան կեդրոնին, աւելի մտաբերումին քան յիշողութեան, գոյութիւն ունի մահուան կտրուածքը եւ երբ որ կը յիշէր խորքին մէջ ո՛չ թէ բան մը, ո՛չ թէ իրողութիւն մը, այլ զանգուածատիպ ամբողջ մը,  լեռնակուտակ դիակներու կամ զգայութեանց շեղջակոյտ մը, ուրիշ բան չէր ըներ եթէ ոչ դիմել պատկերին, վիպասանութեան, դիւային ուժերուն, որոնք կը բնակէին մէջը…» (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 224)։

ԶԳԱՑԱԿԱՆՕՐԷՆ, մկբ., Զգացումով՝ սրտի խռովքով՝ ցաւով (ըսել՝ արտայայտել)։ …. Աւետիք Իսահակեանի աւելի քան հարիւրամեայ տողը դեռ ատակ է զգացականօրէն նկարագրելու այն «ոգու սով»-ը, որ վրայ կը հասնի ամէն ինչի մասին կուրծք ծեծուելէ եւ ամէն ինչ նիւթապէս թէ բարոյապէս ծախու դրուելէ ետք…. (Բագ,  թիւ 2-3 2021, էջ 43)։

ԶԳԱՑԱՊԱՇՏ, ած., Զգացումներու թելադրանքով շարժող՝ որոշումներ ընդունող, զգացումներուն աւելի մեծ արժէք տուող: Զգացապաշտ յեղափոխականը վերածուած էր հեռատես եւ գործնապաշտ ֆետայիի մը, որ հակառակ գերագոյն զոհողութեան իր անառար կելի պատրաստակամութեանը՝ կը մերժէր շատ յաճախ ի զուր նահատակութեան տանող ցարդ գործադրուող վարքագիծը (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x