Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (45)

September 7, 2026

ՄԱՄՌԱԹՈՅՐ, ած., Մամուռի գոյն ունեցող // Մամուռի գույ նով, մամռագույն։ Հագած էր կինամոնագոյն թեզնիքներով՝ մամռաթոյր պզտիկ լօդիկ մը թավիշէ… (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 122):

ՄԱՆՐԱՏԻՊ, ած., Առարկայի մը իրական՝ բնական չափէն  աւելի պզտիկ շինուած (նմուշ)։ Հանդիսութիւնը իսկապէս որ շքեղ էր եւ…. կարելի էր մինչեւ իսկ գոհունակութիւն արտայայտել երգ ու պարին…. նաեւ մանրատիպ սաւառնակներու միջոցով երկինքին մէջ ցուցադրուող լուսաւոր պատկերներուն նկատմամբ (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):

ՄԱՇԵՑՈՒՄ, գ., Հիւծելը, որեւէ մէկու ունեցած ուժը՝ զօրութիւնը սպառելը, անոնց հատնիլը //Մաշեցնելը, քայքայելը։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաստատեց. ….«Մենք չենք ուզեր մեր հիւլէական ծրագիրին շուրջ մաշեցման բանակցութիւններու մէջ ժամանակ կորսնցնել» (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 8): 

ՄԱՏՐԻՏԵԱՆ, ած., Մատրիտ քաղաքին առնչուող, անոր  պատկանող, զայն ներկայացնող։ Ֆրանսացի Թոմաս Լեմար նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (22-րդ), մինչ Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ Լուիս Սուարեզ՝ մատրիտեան կազմին երկրորդ կոլը (44-րդ) (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 7):

ՄԱՐԴԿԱՅՆԱՊԱՇՏԱԿԱՆ, ած., Մարդու, անոր բանականութեան եւ ի ծնէ ունեցած շնորհքներուն՝ ճարտարութեան պաշտամունքին վերաբերող, այդ տեսակէտին յատուկ // մարդկայնապաշտութեան յատուկ՝ բնորոշ, հումանիստական։ Ֆուկոյի հնախօսութիւնը, ուրեմն, կը փորձէ նախապատրաստել այսպիսով ճշգրտօրէն որոշադրւած յետարդիական մտա ծողութեան դաշտ մը…. կազմալուծելով մարդկայնապաշտական զանազան կեցուածքներ (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 89)։

ՄԱՐԴՈՒԺ, գ., Աշխատելու՝ ստեղծելու եւ արտադրելու ատակ մարդոց ամբողջական թիւը: Նոր որակի հայութեան մը երազը շօշափելի կը դառնար այստեղ հաւաքուած մարդուժով ու քաղաքին ընձեռած կարելիութիւններով (Բագ., թիւ 3 2020, էջ 1)։

ՄԱՐԶԱՀԱՄԱԼԻՐ, գ., Գլխաւորապէս մարզական խաղերու  համար շինուած եւ մէկ ամբողջութիւն կազմող զանազան շէնքերու  խումբ, մարզապալատ։ Վաղը՝ կիրակի, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, ժամը 17:45-ին, Պիպլոս հիւրը կ’ըլլայ Հուփսին (Ազդակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 7):

ՄԱՐԶԱՇԱՊԻԿ, գ., Մարզանք ընելու, մասնաւորապէս մարզական խաղերու ժամանակ խաղցողներուն հագած շապիկը: Արքայական ակումբին հետ ան դաշտ պիտի ներկայանայ՝ կրելով թիւ 25 մարզաշապիկը (Ազդակ, 9  Սեպտեմբեր 2021, էջ 7):

ՄԱՐԶԱՇԽԱՐՀ, գ., Մարզական զանազան անցուդարձեր, անոնց մասին լուրեր: Մարզաշխարհ [օրաթերթի առանձին բաժինի խորագիր]  (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 7):

ՄԱՐԶԱՍՈՒՍԵՐ, գ., Սուսերամարտի մրցումներու համար  մարզուելու եւ մրցումներու ժամանակ գործածուող մասնաւոր սուսեր։ –Ի՞նչ կը փնտռես,–հարցուց Դքսուհին։ –Քու մարզասուսերիդ ծայրակաշին, զոր կորսնցուցեր ես (Օսգար Ուայլդ,  Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 338):

ՄԱՐՏԱՐՈՒԵՍՏ, գ., Ասիայէն ծագած եւ տարածուած մարզանքի զանազան ձեւեր, որոնք մեծ կարեւորութիւն կու տան  անձնապաշտպանութեան եւ մարզուողի հոգեւոր  ներդաշնակութեան։ «Կարօ Քեպապճեան տիտղոսակիր հայ է, սրտաբեկ հայ է,  մարտարուեստի Մեծ վարպետ է, մեծ մարդասէր է», հաստատած է նախարար Լուսինէ Ղարախանեան (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):

ՄԱՔՐԱՊԱՇՏ, ած., 1. Մաքրութիւնը ամենավերին արժէք եւ  նպատակ համարող: 2. Իր սեփականը անխաթար պահելու միտումով ուրիշ ազգ մը, անոր մշակոյթը ջնջելու ձգտող: Ի՞նչ հարկ խօսելու մաքրապաշտ կամքէն որ կը միտի բնաջնջել բնիկն ու օտարը, անբուժելի ախտն ու արմատական տարբերը (Բագ, թիւ 2- 3 2021, էջ 30)։

ՄԵԽԱԿԱՁԵՒ, ած., Մեխակ ծաղիկի պէս ծոպաւոր փունջի ձեւ ունեցող։ Ահաւասիկ, գունատիլ սկսած պաստառին վրայէն կը ժպտէր Լէյտի Էլի զապեթ Տէվըրուն, շղարշէ կնգուղով, մարգարտահուռ կրծազգես տով ու մեխակաձեւ վերջաւորութեամբ թեզանիքներով (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 234):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x