Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (12)
May 10, 2026
ԱՐՄԷՆՈՅԻՏ, գ., Արիական ցեղէն ծագած, անոր ճիւղերէն մէկը նկատուող աւելի պզտիկ ցեղ, այդ ցեղի անդամ//կովկասանման ցեղի մէջ մտնող մարդաբանական ենթատիպին (հիմնական ներկայացուցիչներն են հայերը) պատկանող անձ: Կարեկցանքի պէս բան մը զգաց արմէնոյիտին դէմքին կա նոնաւոր գիծերը, վառվռուն սեւ աչքերը, կիսով սպիտակացած գանգրահեր մազերը, մկանոտ թեւերը դիտելով (Բագ., 2010, 1, էջ 31):
ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԻՏՈՒՀԻ, գ., Կին ստեղծագործող՝ արուեստագէտ //Կին արուեստագետ: Առաջինը՝ «Ինքն իր պատկերը…» Կարոլ Ֆէկէտէ անունով լուսանկարիչ արուեստագիտուհիի մը պատկերներէն մեկնելով՝ կը հանդիպի Մորիս Բլանշոյի 1955ի «Գրական տարածքը» գիրքին մէջ որպէս յաւելուած հրամցուած պատկերի եւ «պատկերակայութեան» շուրջ մտորումներուն… (Մ.Ն., 2015, էջ 11)։
ԱՐՏԱԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ, ած., Խորհրդարանի կազմին մէջ չընդգրուած քաղաքական ուժ՝ կուսակցութիւն: Իրողական անշահաբեր «բազմաձայնութեան» դիմաց, ըստ բաւականին միաձայն են խորհրդարանական ընդդիմադիրները եւ Հայաստանի ու հայութեան էական շահերը տեսնելու, անոնց հետամուտ ըլլալու համամիտ եղող կարգ մը արտախորհրդարանական խմբաւորումները, սակայն այս բեմին վրայ եւս կայ վերոյիշեալ բազմաձայնութեան արձագանգը (Ազդակ, 1 Հոկ տեմբեր 2021, էջ 5):
ԱՐՏԱՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ, ած., Պետութեան մը սահմանէն ներս, սակայն անոր իշխանութեան չենթարկուող մաս՝ տարածք // Որեւէ պետութեան մեջ այդ պետութեան իրաւականօրէն չպատկանող տարածք: Միջանցքը արտատարածքային իմաստ ունի. այսինքն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ առանձին հատուած, որուն վերահսկողութիւնը անպայման հայկական չէ (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):
ԱՐՑԱԽԱՀԱՅ, ած., Արցախ ծնած կամ արցախցի ծնողներ ունեցող հայ: Ի մտի ունենալով արցախահայ ընտանիքներուն զանազան պէտքերը՝ ՀՕՄ-ը յաջողութեամբ իրականացուց «Թիկունք կանգնինք արցախահայ ընտանիքին» բարեսիրական ծրագիրը… (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 6):
ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆ, գ., Արցախ ծնած՝ ապրող կամ արցախցի ծնողներ ունեցող բոլոր հայերը միասին //Արցախ ապրող հայութիւնը: Արցախի հարցը լուծուած չէ, քանի տակաւին յստակացած չէ Արցախի կարգավիճակի հարցը եւ քանի տակաւին արցախահայութեան անվտանգութիւնը լրջագոյն սպառնալիքի տակ է ամէն օր եւ ամէն ժամ», ըսած է Սերժ Սարգսեան (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 7):
ԱՐՑԱԽԵԱՆ, ած., Արցախին յատուկ, անոր վերաբերող //Արցախի վերաբերող, առնչուող: Ինչպէս նաեւ կողքին ենք բոլոր անոնց, որոնք արցախեան 44-օրեայ պատերազմին պատճառով կորսնցուցին իրենց սիրելի զաւակը, հայրը, ամուսինը, զոհաբերեցին իրենց առողջութիւնը, լքեցին իրենց պապենական տունն ու հողը եւ տակաւին կը դիմագրաւեն պատերազմի պատճառով ի րենց առաջ դրուած բազմազան խոչընդոտներ (Ազդակ, 1 Հոկտեմ բեր 2021, էջ 3):
ԱՐՔԱՅԱԲԱՂՁ, ած., փխբ. Սրտի խորքէն բխող՝ անդրդրուելի՝ անտեղիտալի կարօտ՝ իղձ //1. Թարգաւորական իշխանութեան հանդէպ բաղձանք՝ կարօտ: 2. փխբ. Անդիմադրելի իղձ՝ երազանք: Եւրոպայի մէկ մռայլ ոստայնը ինկած օրերէն ի վեր, Վարուժան արքայաբաղձ կարօտ մը ունէր Մեծն Տիգրանի մասին դիւցազներգութիւն մը գրելու (Վեհանոյշ Թէքեան, Իբրեւ Որդի եւ Նախահայր):
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆԱՆԱԼ, բ., Փորձով ձեռք ձգուած եւ սերունդէ սերունդ անցած արժէքներու եւ սովորութիւններու վրայ հիմնուած ընկերութիւն դառնալ // Աւանդական դառնալ: Նոր մօտեցում ու դրսեւորում ցուցաբերեց սփիւռքահայ աւանդականացած իրականութեան (Բագին, 2010, 1, էջ 82):
ԱՒԵՐԱԿԵԱԼ, ած., 1. Տապալած՝ կործանած, աւերակ դարձած: 2. փխբ. Հոգիով ամայացած, ապրելու իմաստը կորսնցուցած // Աւերակուած, աւերակ դարձած: Բանասիրութիւնը ասիկա չի կրնար ընել. անիկա միայն բնիկի կերպար մը կ’արտադրէ, եւ այն կերպարը աւերակեալ կոթող մըն է, համր գերեզման մը վաղեմի մշակոյթին. ան երբեք ի վիճակի չէ աղէտը համարկելու իր լեզուին մէջ (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 185)։
ԱՖՂԱՆԱԿԱՆ, ած., Աֆղանիստանի եւ աֆղաններուն յատուկ՝ վերաբերող //Աֆղանստանի կամ աֆղաններին վերաբերող: Միւս կողմէ, նախարարութիւնը նշեց. «Պիտի մասնակցինք Մոսկուայի մէջ Աֆղանիստանի շուրջ ժողովին եւ աֆղանական հարցին մէջ ազդու դերակատարութիւն ունինք կատարելիք» (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 8):