Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (21)
June 3, 2026
ԴԱՍՊԱՍԱՍԻՒՆ, գ., Դուռը կանգուն պահող սիւն // Սիւն, որուն ծխնիներով կ’ամրանայ դարպասդուռը: Անգամ մը, սպիտակ դարպասասիւնի մօտ, գայթեցաւ զամբիկը, ու քիչ մնաց որ գետին նետէր զինք (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 340):
ԴԱՏԱԿԱԶՄ, եր, գ., Այս կամ այն ասպարէզի մէջ մեծ ներդրում ունեցած անձերէ կազմուած խումբ, որ կ’որոշէ պարգեւի արժանի անհատները // Տարբեր մրցոյթներուն մրցանակներու շնորհումը որոշող մասնագէտներու յանձնաժղով, ժիւրի: Մէրքէլ պիտի ստանձնէ «Մարդասիրութեան համար» մրցանակի դատակազմի նախագահութիւնը (Նոր Մարմարա, 08 Յուլիս 2022, Ուրբաթ):
ԴԱՐԱԴԱՐՁԻԿ, ած., 1. Նոր դարի մեկնարկը ցոյց տուող օր կամ տարի: 2. փխբ. Նոր շրջանի մը սկիզբը համարուող պատմական անցք կամ գիտական նուաճում։ 2. փխբ. Նոր ժամանակաշրջանի՝ նոր ուղղութեան սկիզբ դնող։ Ի վերջոյ պոլսական միջավայրի ծնունդ էր աշխարհաբարի քերականութեան հայրը՝ հայր Արսէն Այտընեան, որ 1866-ին հրատարակեց իր «Քննական քերականութիւն աշխարհաբար լեզուի» դարադարձիկ դասագիրքը… (Յ. Չոլաքեան, ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ… ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ…(1):
ԴԱՓՆԵՁԷԹ, գ., Դափնիի ծառի տերեւներուն մշակութեամբ պատրաստուած ձէթ։ 1925-ին դափնեձէթի ընդհանուր արտադրութիւնը եղած է 12 հազար հոխա, որ բերած է 650 օսմ. ոսկի եկամուտ (Յ. Չոլաքեան, ԴԱՓՆԻ… ԿԱՍԼԻ):
ԴԵՂԱԳՈՐԾԱՐԱՆ, գ., Դեղ արդիւնաբերող գործարան //Դեղերու գործարան։ Երբ ես միացայ, մասնագիտութեան դաշտը նաեւ կ’ընդգրկէր, մանաւանդ կ’ընդգրկէր մաքուր միջավայրերը՝ հիւանդանոց, դեղագործարան, գիտական աշխատանոցներ եւ մասամբ նորին (Վրէժ-Արմէն, Ոստայն 16 – Ճարտարապետի մը ծոցատետ րէն, Մոնթրէալ, 2021, էջ 88)։
ԴԵՂՆՈՐԱԿ-ԿԱՐՄԻՐ, ած., Կարմիր, որ դեղին գոյնի երանգ ունի, դեղինին զարնող կարմիր //Դեղին որակներ ունեցող՝ դեղնին տուող կարմիր՝ կարմրաւուն։ Տախտակամածը ծածկուած էր դեղոնրակ-կարմիր սղոցուքներով, որոնք, կոխկրտուելով, տեղ տեղ վերածուեր էին ցեխի […] (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 307):
ԴԵՐԱՎԿԱՅ, գ., Վկայելու կարելիութիւնը թէականացնող անձ// վկան փոխարինող (անձ)։ Վերապրողները, որպէս դերավկաներ, անոնց տեղը կը խօսին, լիազօրուած փոխանորդութեամբ. կը վկայեն պակսող վկայութեան մը մասին (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 116)։
ԴԵՐ-ՊԱՐՈՆ, գ., [նախընտրաբար՝ դերպարոն] Անգլիոյ մէջ ազնուական խաւի ստորին մակարդակի իշախանական կոչում կամ այդ կոչումը ունեցող անձ 1. Միջին ազնուականական տիտղոս Անգլիոյ մէջ։ 2. Այդ տիտղոսը կրող անձ։ Լաւ են բոլոր ճշմարտազանցութիւնները, երբ տեղին գործածուին, -յարեց Դեր-Պարոնը (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 64):
ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼԻ, ած., Այն ինչին դէմ կարելի է դնել՝ ընդդիմանալ՝ տոկալ։ Դիմագրաւելի նոր կացութիւններու մէջ՝ անիկա «ամէն րոպէ լուծելի, բազմաթիւ անծանօթներով, բարդ հաւասարում է» պիտի ըսէիք երբեմն (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 24)։
ԴԻՄԱԴՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Ճնշումի մը դիմադրելուն, յարձակումէ մը պաշտպանելուն յատուկ ըլլալը, հոս՝ մարմինի մանրէներէն պաշտպանուելու ունակութիւն // Հիւանդութեան կամ վարակի դէմ օրկանիզմի պայքարելու կարողութիւն: Պաշտպանութեան երաշխիքը դիմադրականութեան մակարդակն է, որ պէտք է բաւարար ըլլայ հիւանդութենէ զերծ մնալու համար (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):
ԴԻՄԱՌԴԻՄՈՒԹԻՒՆ, գ., Մէկու մը կամ երեւոյթի մը ճիշդ դիմացը ըլլալը, երես առ երես ըլլալը, հոս՝ անխուսափելի ըլլալը: Բայց այդ «կապ»ը երեւան չի գար մահուամբ, սուգի արարողութիւններով, անհատական մահուան հետ դիմառդիմութեամբ. երեւան կու գայ այն ծայրագոյն պահուն, ուր սուգը արգիլուած է (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 147)։
ԴԻՊԱՇԱՐ, գ., Պատմողական ստեղծագործութեան մէջ տեղի ունեցող դէպքերու յաջորդական շղթան: Դիպաշարի նմուշ մը.- «Էկոն Թիչիի եօթներորդ ճամբորդութիւնը», որ հիմնուած է լեհ Սթանիսլաւ Լեմի (1921-2006) նոյնանուն պատմուածքին վրայ (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 3):
ԴԻՒԱՀԱՆԵԼ, բ., չբ. սնոտ., Մարդու հոգիին տիրացած չար ոգին՝ սատանան հալածել, հոգին չարի իշխանութենէն ազատել՝ փրկել։ Սուտակը ունէր դիւահանող յատկութիւն, իսկ ջրգողիկը գունաթափ կ’ընէր լուսինը (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 222):