Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (26)

June 14, 2026

ԹԵԹԵՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ, թեան, գ., Անլուրջ՝ մակերեսային  խօսք // Թեթեւ՝ զուարճալի խօսք՝ արտայայտություն։ Ներկաներէն երկուքը բնաւ չէր տեսած նախապէս. իսկ միւսներն էին…. Տիկին Ըրլինը՝ ինքզինք պարտադրել ջանացող ոչնչութիւն մը՝ զուարճալի թեթեւաբանութիւններով ու վենետիկեան կարմիր մազերով…. (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 289)

ԹԵՔՆԱԲԱՆԱԿԱՆ, ած., Ճարտարագիտութեան յատուկ, այդ  մասնագիտութեան վերաբերող։ Միշտ զանգուածային, հականեխիչ եղեռնական ձեռնարկներ կան, նոյնին կրկնորդները, ֆոսֆորով, անօդաչուներով, հրասայլերով, թեքնաբանական բոլոր կարելի եւ անկարելի սարքերով, հարուածող ինչ որ կը նկատուէր, դեռ երէկ, անառիկ (Բագ, թիւ 2-3  2021, էջ 30)։

ԹԵՔՆԻՔ, ած., գ., Մեքենական սարքերու վերաբերող, ճարտարագիտական: Ծրագիրը աշխատանք կը հայթայթէ առնուազն 10 դերասաններու, որոնցմէ չորսը մնջախաղով կը հարստացնեն ելոյթները, ինչպէս նաեւ՝ թատրոնի թեքնիք կազմին (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 6):

ԹԷԱԿԱՆԱՑՈՒՄ, գ., Երեւոյթ մը խնդրական՝ թէական՝ անստոյգ դարձնելը, գոյութիւն մը ուրիշէ մը կախուած դարձնելը // թէական՝ երկբայական՝ պայմանական դարձնելը՝ դառնալը։ «Իբ րեւ»-ը եւ թէականացումը ինքնաբերաբար դուռը բանալով՝ ներս կը հրաւիրեն 1995ի սահմանումը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 169)։

ԹԷՔԷԵԱՆԱԳԷՏ, ի, գ., Վահան Թէքէեանի կեանքը, ստեղծագործութիւնները քննող, գնահատող մասնագէտ //Հայ բանաստեղծ,  հրապարակախօս, հասարակական գործիչ Վ. Թէքէյանի ստեղծագործութիւնը և գործունէութիւնը ուսումնասիրող մասնագէտ։ Տիւնեայեան ներկաներուն փոխանցեց գիտաժողովին եօթներորդ մասնակիցին՝ թէքէեանագէտ և չօպանեանագէտ…. ամերիկաբնակ Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանի ողջոյնները գիտաժողովի մասնակիցներուն («Աղթամար» գրական, մշակութային, հասարակական, քաղաքական օրաթերթ, 2022թ., Սեպտեմբեր 28):

ԹԻԹԵՂԱՒԱՆ, գ., Թերթի պէս բարակ մետաղէ ծածկով հողաշէն խրճիթներ ունեցող աւան կամ թաղամաս: Եւ երկու տարի չանցած թիթեղաւան մը կայ հոն, որ շնչահեղձ կ’ընէ ճոխ թաղամասը (Բագին, 2010, 1, էջ 79):

ԹԻՐԱԽԱՅԻՆ, ած., Նպատակին հասնելուն նպաստող, անոր  ծառայող, դիպուկ: Հաւանաբար նոյնիսկ «առ ոչինչ» յայտարարելը իրաւական առումով այս պարագային թիրախային չէ (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):

ԹԻՐԱԽԱՒՈՐԵԼ, բ., Հարուածելու՝ քանդելու նպատակով  կարեւոր վայր մը, շինուածք մը իբրեւ թիրախ՝ նշանակէտ ընտրել //  Նպատակակէտ՝ թիրախ դարձնել: …. 2020 թուականի աշնան Լեռնային Ղարաբաղը ենթարկուեցաւ յարձակման… (որ) կ’ուղեկցուէր ազրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ միջազգային օրէնքի բազմաթիւ կոպիտ խախտումներով, որոնց շարքին՝ բնակչութիւնն ու կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառոյցները դիտաւորեալ թիրախաւորելով (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 7): 

ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄ, գ., Հարուածելու՝ քանդելու նպատակով  կարեւոր վայր մը, շինուածք մը իբրեւ թիրախ՝ նշանակէտ ընտրելը: …. ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու մեծամասնութեան մօտ սուրիական հարցին նկատմամբ ընդհանուր առմամբ միջազգային քաղաքական մթնոլորտի փոխուիլը եւ Սուրիոյ թշնամական թիրախաւորման նահանջը յստակ ու պարզ կերպով երեւցաւ (ՄԱԿ-ի) Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն ընթացքին….(Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):

ԹԽԱԴԵՂԻՆ, ած., Գոց՝ մութ դեղին // թուխ և դեղին, գորշադեղին։ Քիչ մը դեռ ցուրտ բայց բուրումնաւէտ օդը, թխադեղին ու կարմիր լոյսերը, որ կը փալփլէին անտառին մէջ…. կը դիւթէին զինք ու կը լեցնէին հոգին՝ հրաշալի զգացումով մը ազատութեան (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 330):

ԹՈՒԱՅԻՆ, ած., Ճարտարագիտութեան մէջ մէկ եւ զէրօ թիւերու զանազան յաջորդականութեամբ գիտելիք հաղորդելու եղանակին յատուկ: Այլապէս ելոյթը կը վերածուի անջատ մենախօսութիւններու տաղտկալի շարանի մը: Այդ «ագուցումը» ձեւով մը թուային տարբերակն է դերակատարներու բեմական տեղադրումին (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 3):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x