Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (13)

May 13, 2026

ԲԱԶՄԱԳՐԵԱԼ, ած., Բազմաթիւ մարդոց կողմէ գրուած // Բազում գրուածքներ՝ նիւթեր պարունակող։ Այդ շարադրութիւնները խմբուեցան բազմագրեալ հատորիկի մը մէջ՝ «Գրականութիւն եւ միթաբանութիւն» (Վենետիկ, 1987), որուն յառաջաբանին հետեւեալ տողերը դասարանային մթնոլորտի ցոլացումն էին. «Ահաւասիկ ուրեմն՝ գործակցութեան մը արդիւնքը, իմ ու աշակերտներուս միջեւ (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 50)։

ԲԱԶՄԱԹԵԼ, ած., փխբ. Կտոր-կտոր՝ մաս-մաս եղած եւ շփոթ  ձեւով տարածուած // Մասերու բաժանուած: Բայց մեծ պատկերդ/ ներաշխարհիս մէջ/ լուռ կը կտրատուի,/ժամանակին հետ կարծես կ’աղօտի,/ եւ ես կը փորձեմ/ պատառիկները անոր բազմաթել/ վերամիացնել (Բագ., թիւ 2 2020, էջ 24)։

ԲԱԶՄԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆ, գ., Նոյն նիւթին մասին մէկէ աւելի կարծիքներու՝ տեսակէտներու գոյութիւն // Նոյն հարցին մասին  հնչող բազմաթիւ տեսակէտներ: Մէկ շաբթուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով Հայաստանի վերին խաւը… ներկայացաւ տարօրինակ «բազմաձայնութեան» մը պատկերով (որ մօտէն կամ հեռուէն չ’անցնիր ժողովրդավարութեան եւ բազմակարծութեան բովէն)  (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5, 6):

ԲԱԶՄԱԿԻՈՒԹԻՒՆ, գ., Մէկէ աւելի եւ բազմազան ըլլալը // Բազմաթիվլինելը: Պըլտեան՝ սիրելիս, փողոցներդ մանկութեանս խաղավայրը եղան ու երազդ մեր ալ երազը դարձաւ, երբ հաւատացինք հայրենիքներու բազմակիութեան ու ազգային զար թօնքի տեսլականին (Բագ., թիւ 3 2020, էջ 43)։

ԲԱԶՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Նոյն նիւթին մասին իրարու չհամընկնող՝ չհամապատասխանող, մէկը միւսը չլրացնող ըմբըռնումներու գոյութիւն // Նոյն հարցին մասին զիրար հակասող կարծիքներ, տարաձայնութիւն: Ամէնէն աչքառու եւ նոյնքան տարօրինակ «բազմաձայնութիւնը» կլանած է նոյնինքն իշխանական դասը,  Հայաստան-Արցախ գիծերուն վրայ, առանց նկատի ունենալու իշխանութիւն-ընդդիմադիր(ներ) տարակարծութիւնները (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):

ԲԱԶՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ, ած, Միաժամանակ զանազան  մշակոյթներ ընդգրկող, մէկէ աւելի մշակոյթներէ կազմուած  (հանրութիւն): Անոնց աւերակներուն վրայ ծնունդ առած էին բազմաթիւ ազգ-պետու թիւններ, որոնց պետական վերնախաւի գաղափարական հիմքը մերժումն էր նախկին կայսերական բազմամշակութային, բազմազգեան, բազմակրօն, բազմալեզու ընկերութիւններուն… (Բագ., թիւ 3 2020, էջ 64)։

ԲԱԶՄԱՍԱՐԻՔ, ած., Բազմաթիւ կապեր, հոս՝ նմանութիւններ եւ առնչութիւններ, ունեցող // Բազում սարիքներ՝ կապեր ունեցող, բազմաշար: Կոմիտաս վարդապետ ո՛չ մէկ երգ է հեղինակած,  բայց ստեղծած է հայ երգին պատկերը, դիտելով անոր ոճը բազմասարիք փոփոխակներու մէջէն ու հասնելով իր համերգներուն սէնֆոնիք ճարտարապետութեան (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 11):

ԲԱԶՄԸՆՏՐԱԿԱՆ (eclectic), ած., Նոր ոճ մը ստեղծելուն ի խնդիր զանազան աղբիւրներէ հաւաքուած միտքերու կամ ոճերու  բաղադրութեանը վերաբերող // Բազմընտրութեան՝ էքլեքթիզմին  յատուկ, տարբեր սկզբունքներու մեքենական համադրմամբ  ստեղծուած, էքլեքթիք։ Գեղեցիկ այդ շէնքը կերտուած էր ԺԹ. դարու վերջաւորութեան երեւցած ճարտարապետական բազմընտրական (eclectic) ոճով, ոճ, որ կը յառաջանար դասական զանազան ժամանակաշրջաններու տարբեր տարրերու համախմբումով (Վրէժ-Արմէն, Ոստայն 16 – Ճարտարապետի մը ծոցատետրէն, Մոնթրէալ, 2021, էջ 46)

ԲԱԶՄՈՒՂԻ, ած., Միօրինակ՝ միապաղաղ չեղող, բազմաշերտ, ճկուն, բազմաշաւիղ // փխբ. Տարբեր ուղիներով ընթացող,  տարբեր սկզբունքներով առաջնորդվող, ոչ միապաղաղ: Պոլիս. երբ 1880-էն ի վեր վենետիկեան դասականութիւնը բառարուեստի թռիչքներուն սանձ կը դնէր, երբ լուսնասէր ու քնաբեր մեղեդիներ մեր մամուլը կ’օրօրէին՝ ի՞նչ պատահեցաւ, ի՛նչ ոյժի պոռթկում էր յանկարծ դարասկիզբին՝ երբ բազմուղի ձայնարձակութիւն մը սկսաւ, աստուածներու վերածննդեան, անցեալի յարութեան, հերոսներու ոգեկոչման (Վեհանոյշ Թէքեան, Իբրեւ Որդի եւ Նախահայր):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x