Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (2)

April 15, 2026

«Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ» (Գիրք Բ) աշխատասիրութիւնը հրատարակուած է 2024-ին՝ Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտին կողմէ։

Այս Բ. գիրքը կը յաջորդէ «Արեւմտահայերէնի Եւ արեւելահայերէնի տերմինային համակարգերի զուգադրական քննութիւն» խորագրով առաջին հատորին՝ հրատարակուած 2014-ին: Ան կը շարունակէ արեւմտահայերէնի բառապաշարի արդիականացման եւ փաստագրութեան ուղղուած կարեւոր գիտական աշխատանք մը։

Գիրքը պատրաստուած է խմբային աշխատանքով։ Կազմողներու շարքին կը գտնուին Ս. Տիոյեան, Մ. Ֆալակեան, Ա. Ֆիշենկճեան, Յ. Մարաշլեան, Զ. Խպլիկեան եւ Ն. Խաչիբաբեան։ Խմբագիրը՝ Վ. Լ. Կատվալեանն է, իսկ գրախօսը՝ Ա. Ս. Գալստեան։

Աշխատութիւնը տպագրուած է Լեզուի ինստիտուտի գիտական խորհուրդին որոշումով, ինչ որ կը վկայէ անոր ակադեմական արժէքն ու գիտական հաւաստիութիւնը։

Այս գիրքը կ’ընդգրկէ աւելի քան 800 նոր բառեր, որոնք տակաւին չեն արձանագրուած արեւմտահայերէնի գոյութիւն ունեցող բառարաններուն մէջ։

Բառերը քաղուած են բազմազան աղբիւրներէ՝

  • սփիւռքահայ մամուլէն,
  • գեղարուեստական եւ գիտական գրականութենէն,
  • ինքնուրոյն եւ թարգմանական ստեղծագործութիւններէ։

Գիրքին հիմնական նպատակը արեւմտահայերէնի նորաբանութիւնները հաւաքել, դասակարգել եւ բացատրելն է, նպաստելով լեզուի շարունակական զարգացումին եւ փաստագրութեան։

Գիտաշխատողները կը գործածեն համակարգուած մօտեցում մը․

  • իւրաքանչիւր բառ ներկայացուած է իր իմաստաբանական պատկանելիութեամբ,
  • անհրաժեշտ պարագային տրուած են ոճական նշումներ,
  • կը ներկայացուի բառին բացատրութիւնը ըստ գործածութեան համատեքստին,
  • եւ կը բերուին բնագրային օրինակներ եւ սկզբնաղբիւրները։

Այս մեթոտը գիրքը ոչ միայն կը դարձնէ բառացանկ մը, այլեւ գործածական-վերլուծական աղբիւր մը։

Աշխատասիրութիւնը նախատեսուած է լայն շրջանակի համար․

  • լեզուաբաններ եւ մասնագէտներ,
  • ուսուցիչներ եւ ուսանողներ,
  • եւ ընդհանրապէս բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են արեւմտահայերէնի բառապաշարի զարգացումով։

«Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ» (Գիրք Բ) կը ներկայացնէ կարեւոր քայլ մը արեւմտահայերէնի պահպանման եւ արդիականացման ուղղութեամբ։ Ան կը վկայէ, որ լեզուն, հակառակ իր վտանգուած վիճակին, կը շարունակէ ստեղծագործել, ընդլայնիլ եւ արձագանգել ժամանակակից իրականութիւններուն։

Այս հատորը ոչ միայն լեզուագիտական ձեռնարկ մըն է, այլ նաեւ վկայութիւն մը կենդանի լեզուի ընթացքին եւ ստեղծագործ ուժին մասին։

Ստորեւ՝ շարքին երկրորդ մասը:

Վ.Թ.

 

ԱՂԷՏԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆ, գ., Դաժան փորձանքի՝ սոսկալի դժբախտութեան հանդիպած՝ մատնուած // Ծանր աղէտի ենթարկուած: Սակայն, այդ լեզուին «համրութիւն»-ը նշանակ էր անոր աղէտահարութեան (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 182)։

ԱՄԲՈՂՋԱԲԱՆԱԿԱՆ, ած., Յատկանշական է այն համոզումին, որ իրադարձութեան մը կամ առարկայի մը տարբեր մասերը սերտ առնչութեան մէջ են, ուստի անոնք պէտք է հետազօտուին ընդհանրականօրէն, ամբողջապէս //Ընդհանուր առմամբ, ամբողջութեամբ: Այժմէականութեամբ կը հասկնամ մեթոտաբանական պայմանը, որ կը նշանակէ ըլլալ քննական (critical) եւ ոչ թէ՝ նկարագրական եւ զգացական, ամբողջաբանական (holistic), այսինքն՝ նկատի առնել բոլո՜ր երեւոյթները, առանց կանխադատումներու (Ազդակ, 1 հոկտեմբեր 2021, էջ 5):

ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Առարկայի, նիւթի (հոս՝ երկիրի մը տարածքի) անբաժանելի ըլլալը //Անբաժանելիութիւն: Այնուհետեւ դասախօսը ներկայացուց Անգարայի կողմէ վերափոխուած նախապայմանները՝ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութէան ճանաչում կամ Կարսի պայմանագիրի վերահաստատում, Երեւանի կողմէ Ցեղասպանութէան միջազգային ճանաչման պահանջէ հրաժարում, Ազրպէյճանի հետ տարածքային ամբողջականութիւններու փոխադարձ ճանաչում՝ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացներով, ինչպէս նաեւ Սահմանադրութէան վերանայում՝ Ցեղասպանութէան ճանաչման բաժինը Անկախութեան հրչակագիրէն դուրս հանելու առումով (Ազդակ, 2 հոկտեմբեր 2021, էջ 7,8):

ԱՄԵՆԱՇԱՐԺ, ած., Ամէն բան սասանող՝ ցնցող // Ամէն ինչ՝ ամէնքին շարժող։ Քանի բազմաթիւ առիթներով կրկնած է Նշանեան, թէ Աղէտը «դէպք» է, ապա հոգեկանութիւն բառով կը հասկնամ այն՝ որ հեղեղուած է «դէպք»(եր)է եւ կը ծածկէ ընդհանրական հոգիին «երկինք»ը՝ իբր անոր խաւար գիշերներուն թաքուն, ամենաշարժ իսկութիւնը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 168)։

ԱՄՈՒՍՆԱՑԵԱԼ, ած., Պսակուած՝ ամուսնացած // Ամուսնացած։ Մեր օրերուն, բոլոր ամուսնացածները կ’ապրին ամուրիներու նման, ու բոլոր ամուրիները՝ ամուսնացեալներու նման (Օսգար Ուայլտ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 294):

ԱՄՐԱՑՈՒՄ, գ., Բան մը զօրացնելը, զայն ազդու գործօն դադձնելը // Ամրացնելը, ամրացուելը, ամրապնդում: Այս կենսանիւթը կը նպաստէ մեր մարմնի դիմադրականութեան (հիւանդութիւններուն եւ վարակումներուն դէմ պայքարելու կարողութեան) ամրացումին, կ’օգնէ մեր ոսկորներուն աճումին եւ առողջութեան (Ազդակ, 16 հոկտեմբեր 2021, էջ 5):

ԱՄՐՕՐԷՆ, ած., Հաստատուն, անխախտ ձեւով //Անսասան, հաստատուն: Կիպրոսի մասնակի կորուստին պատասխանատուները ստացան իրենց արժանի պատիժը, քաղաքացիական պատերազմի քէնի ու փոխադարձ ոխի մթնոլորտը փարատեցաւ, տեղի ունեցաւ ներազգային հաշտութիւն, եւ յուլիսեան առաւօտ մը յոյները արթնցան տեսնելու համար, որ ժողովրդավարութիւնը ամրօրէն հաստատուած է իրենց հայրենիքէն ներս (Ազդակ, 4 հոկտեմբեր 2021, էջ 3):

ԱՆԱՐԽԻՒԱՒՈՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆ, գ., Պատմական փաստի՝ իրողութեան չվերածուիլը, անոր անկարելիութիւնը // Արխիւաւորելիութիւն չունենալը, արխիւաւորման ենթակայ չըլլալը։ Վկայութիւնը կ’երաշխաւորէ ո՛չ թէ արխիւին մէջ պահուած ասութեան փաստական ճշմարտութիւնը, այլ անոր անարխիւաւորելիութիւնը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 116)։

ԱՆԲԱՆԱՍՏԵՂԾԱԿԱՆ, ած., Բանաստեղծին յատուկ մոգական հմայք՝ դիւթանք չունեցող//փխբ., Ոչ գրաւիչ, հասարակ։ Մեծ բանաստեղծը, իրապէ՛ս մեծ բանաստեղծը, կ’ըլլայ ամէնէ՛ն աւելի անբանաստեղծական արարածը բոլոր մարդոց մէջ (Օսգար Ուայլտ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 91):

ԱՆԲՈՒԺԵԼԻՕՐԷՆ, մկբ., Բուժում՝ դարման չունեցողի պէս // Անբուժելի ձեւով, չբուժուող: Քսաներորդ դարու վերջին, Թոմի հայրը կը համաձայնի զաւկին անբուժելիօրէն հիւանդ մարմինը սառեցնել մինչեւ բուժման մը գիւտը (Բագ., թիւ 4, 2020,էջ 68)։

ԱՆԳԼԻԱԳԻՐ, գ., Հայ գրող, որ անգլերէն կը ստեղծագործէ // Անգլերէն գրող, անգլերէնով ստեղծագործող: Հարազատ հայկական ոստանին մէջ իր արժանապատիւ դիրքը չգտնող Հայկունին պիտի դառնայ տարաբնակ, հետամուտ ամերիկեան խորթ միջավայրին մէջ անգլիագիր հեղինակի մը համբաւին (Բագ., թիւ 4, 2020, էջ 66)։

ԱՆԳԼԽԱԳԻՐ, ած., Գլխագիր՝ վերնագիր չունեցող //Անվերնագիր: Դէմքին շնորհիւ, նկարի ու պատկերի, անգլխագիր պատկերի եւ գլխագրուած պատկերի տարբերութիւններն են որ երեւան կու գան (Մ.Ն., 2015, էջ 51)։

(շարունակելի)

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x