Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (47)

September 27, 2026

ՄԻՒՌՈՆՈՒԻԼ, Միւռոնով՝ սուրբ իւղով օծուիլ, օրհնուիլ։ Միւռոնը Միւռոնուածին համար մտքի լոյս եւ խոհականութեան հուր է (Զարթօնք, Կիրակի, 10.07.2022):

ՄԽԱՄԱՐՄԻՆ, ած., բնստ., փխբ.Մուխի՝ ծուխի դիւրափոխ տեսք ունեցող։ Նեղանցքներէն դուրս սողացող/ մխամարմին դիւթանքով/ դրան կանչը յափշտակեց/ անձկութիւնս սրափուն…. (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016-2021), Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 23)։

ՄՈԼՈՐԱԿԱՆԱԼ, չբ., 1. Մոլորակի ձեւ առնել, փոխակերպուիլ: 2. փխբ. Երկրագունդի բնակիչներէն իւրաքանչիւրին վերաբերիլ, տեղական գոյնը՝ իւրայատկութիւնը կորսնցնել // 1. Մոլորակ դառնալ, մոլորալի վերածուիլ։ 2. փխբ. Համամոլորակային դառնալ,  ամբողջ Երկիր մոլորակը ընդգրկել։ Թէկո՛ւզ ընդլայնուող, մոլորակացող 21-րդ դարեան աշխարհի մը մէջ (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 21)։

ՄՈԼՏՈՎԱՑԻ, ած., Մոլտովա ծնած քաղաքացի, հոն ապրող  կամ նման ծնողներէ սերած: Կիսաւարտականին Էլիդա Քոչարեան պիտի մրցի մոլտովացի Քրիսթինա Չիփերի դէմ (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 7): 

ՄՈՆԿՈԼԱԿԱՆ, ած., Մոնկոլներուն վերաբերող, անոնց յատուկ: ….եօթներորդ դարէն ի վեր այս շրջանը (Մերձաւոր-միջինարեւելեան) մեծ մասամբ եղած է իսլամական իշխանութեանց տակ՝ արաբական, սելճուքեան, թրքական, մոնկոլական, պարսկական…. (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5): 

ՄՈՆՐԷԱԼԱՀԱՅ, գ., Մոնրէալ քաղաքը ծնած, այդ քաղաքը  բնակող հայ։ ….Տենի Քոոտեր յայտարարեց իր խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած շարք մը թեկնածուներուն անունները, որոնց մէջ ներառուած էր մոնրէալահայ Վանա Նազարեանը (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 4):

ՄՈՐԹԱՏԱԿԵԱՅ, ած. 1. Մորթին տակը եղող: 2. փխբ. Չարտայայտուած, չգիտակցուած, սակայն գոյութիւն ունեցող եւ մարդու վարքին վրայ ազդող: Ութսուն տարի ուղեղային լուացում, կազմակերպուած սուտ, գաւառականութիւն, մշակութային կէթոյականացում, մորթատակեայ սարսափ, ոստիկանութեան կողմէ հսկողութիւն, եւ գրաքննութեան կողմէ ոգեկան կրտում, ա՛յդ եղած է իրականութիւնը (Բագ., թիւ 3 2020, էջ 93-94)։

ՄՈՐՄՈՔԱԽԱՌՆ, ած., Սիրտը կսկծացնող՝ այրող լուռ՝ չար տայայտուող ցաւով խառնուած //Մորմոքի հետ խառն։ Հոն զգալի է մորմոքախառն ու խորաշունչ ալիքներու երանգը (Ազդակ, 4 Հոկ տեմբեր 2021, էջ 6):

ՄՈՒԹՆԱՄՈՒԹ, ած., Թանձր՝ անթափանցելի մութ՝ խաւար,  հոս՝ տակաւին չճանչուած՝ չբացայայտուած //Խիստ՝ թանձր՝ անթափանց մութ: Հիմա կը հասկնար, որ ինքզինք լիովին ճանչնալու համար, պէտք է անպայման մտերմանայ իր ներքին ծովուն մութ նամութ հրաւէրներուն հետ…. (Բագին, 2010, 1, էջ 4):

ՄՈՒՍԱԼԵՌԵԱՆ, ած., Մուսա լերան յատուկ, հոս՝ արիութեան, պայքարի, նուիրուածութեան կոչ՝ հրաւէր եղող։ Մնաց հոն՝ տէր կանգնելու կորուսեալ հողին, ամբողջ մշակոյթ մը, ազգի մը ցասումը երգով արտայայտուած մնաց մեր լեռներուն մէջ՝ իբրեւ լեռների քայլերգ, մնաց մեր լեռներում՝ իբրեւ ռազմական տհոլ մուսալեռեան (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 6):

ՄՈՒՍԱԼԵՌՑԻ, գ., ած., Կիլիկիոյ լեռներէն մէկուն բնակիչները եւ անոնց ժառանգները, որոնց մեծամասնութիւնը կ’ապրի Այնճար՝ Լիբանան //Մուսա լեռան հերոսամարտի մասնակից։ Ձեռնարկէն ետք ներկաները ուղղուեցան «Ս. Զէյթլեան» կեդրոն, ուր…. ծաղկեպսակ մը զետեղեցին մուսալեռցի նահատակներուն յուշարձանին դիմաց (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 6): 

ՄՏԱԽԱՅՏ, ած., Այն, որուն ցնծութիւն՝ բերկրանք կը պատճառէ միտքը՝ իմացութիւնը՝ խորհուրդը: Հակառակ որ առաջին պետութիւնն ենք որ Քրիստէութիւնը ընդունեցինք, չպաշտպանուեցանք։ Պատերազմ ու պատերազմ։ Ծնունդ ու ոճիր։ Գիւտ ու աղէտ… Զարադուստրա ու Մատամ Պովարի։ Մանրանկար ու ժայռակերտ տաճար։ Գիւտարարութիւն եւ փիլիսոփայութիւն (ուրեմն մտախայտ ազգ)… (Վեհանոյշ Թէքէեան, Բարեկամ՝ Անունը Տաղանդ):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x