Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (44)
September 4, 2026
ՃԱԿՏԵՐԵՍ, գ., Որեւէ բանի (հոս՝ շէնքի) առջեւի երեւցող մասը (facade)։ Քարափ հասած մակոյկը զիս կը հանէ…. / Շէնքի մ’առջեւ, ճակտերեսով վարդագոյն / Սանդուխներուն վրայ անոր մարմարէ (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 270):
ՃԱՌԱԳՈՒՆԵԼ, բ., Լոյսի՝ ճաճանչի, հոս՝ իմաստութեան լոյսի գոյն՝ փայլքը առնել՝ ունենալ //Ճառագայթող, լոյս՝ իմաստութիւն սփռող: Իր տաղերուն մէջ հռետորութենէ անդին ճառագունող իմաստութիւն մը կայ։ (Վեհանոյշ Թէքեան, Իբրեւ Որդի եւ Նախահայր):
ՃԵՄԱՊԱՐՏԷԶ, գ., Զբօսնելու՝ պտըտելով հանգստանալու՝ կազդուրուելու համար ստեղծուած պարտէզ։ Ճեմապարտէզի մը մէջ կանգնած է արձաններու շարք մը, բոլորը՝ փաթթուած եւ ուրեմն անտեսանելի որպէս արձան (Մ.Ն., 2015, էջ 34)։
ՃԵՊՈՒՏԵՍՏ, գ., Հապճեպ եւ փութով ուտելու համար առանց մասնաւոր խնամքի եւ յոգնութեան արագ պատրաստուող կերակուր (fast food)։ Դէպ, իրմէ պիտի սորվիմ գրասեղանիս դարակին մէջ «Մելպա թոսթի» տուփ մը պահել՝ օրուան վերջաւորութեան զգացուող անօթութիւնս հակակշռի տակ պահելու համար, առանց դիմելու աւելի համով, քաղցր բայց վտանգաւոր ճեպուտեստներու… (Վրէժ-Արմէն, Ոստայն 16 – Ճար տարապետի մը ծոցատետրէն, Մոնթրէալ, 2021, էջ 32)։
ՃՇՄԱՐՏԱԶԵՐԾ, ած., Իրականին՝ ճշմարիտին անհաղորդ, ստուգութենէ՝ արժանահաւատութենէ զուրկ։ Նկատի առնելով աղէտի «ճշմարտազերծ» «փորձառութիւնը», արդեօք տակաւին իրաւունք ունի՞նք «արխիւ» եզրը գործածելու (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 82)։
ՃՇՄԱՐՏԱԶՈՒՐԿ, ած., Հաւաստիութենէ՝ վաւերականութենէ զուրկ, անստոյգ, երկբայելի։ ….Մարկ Նշանեան 2015-ին ընթերցողին հրամցուցած էր Մորիս Պլանշոյի ու Ժորժ Պաթայլի փիլիսոփայական բարեկամութեան ընդհանուր յայտարարին տակ գրուող վերապրողի, անոր մէջ վկային մահուան, ճշմարտազուրկ դէպքին ու անոր պատու նային կառոյցի գաղափարները (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 217)։
ՃՇՄԱՐՏԱՄՈԼ, ած., Ճշմարտութեան բուռն՝ ախտաւոր կիրքով կապուած, հոս՝ անձնական համոզումներէ յամառ կախուածութիւն // Խիստ ճշմարտասէր, ճշմարտութեան նկատմամբ մոլուցք ունեցող։ Շինծու աղօթագիրքերու խաբեբայ հեղինակները մոռցեր են ճշմարտամոլ ծերերու փտած բարոյականութիւնը (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016-2021), Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 77) )։
ՄԱԳՈԳԱՅԻՆ, ած., Խնդիրի մը լուծումով մտահոգ չէզոք կողմի մը նախաձեռնութեամբ երկու կամ աւելի տարակարծիք կողմերու միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելու միտումով կատարուող: Միւս կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ շարունակեց իր մագոգային այցելութիւնները առնչակից կողմերու պատասխանատուներուն (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):
ՄԱՀԱԴԻՄԱԿ, գ., Դիմակը՝ նկարը՝ պատկերը ննջեցեալի մը, որ ննջած ըլլալու փաստը կը սքօղէ՝ կը ծածկէ, հանգուցեալին տալով կրկրորդ կենդանութիւն մը։ …եւ կը կոչէր զայն «կենդանագրութիւն», որ իր բառերով ահաւասիկ «զկենդանագրութիւն փրկչական պատկերի», խորքին մէջ արդէն իսկ մահադիմակ մը (Մ.Ն., 2015, էջ 14)։
ՄԱՀԱԹՈՐ, ած., Կաթիլ առ կաթիլ մահ սփռող՝ տարածող: Այաշի մահաթոր բանտին մէջ մինչեւ վերջին օրը կը գրէր կեանքի երգը, կը քակէր ու կը հիւսէր հողին արդար քրտինքին ու կենարար արգասիքին գովքը, ուր հո՛ղը կար մեծ սեմնացաններուն համար իբրեւ բաղձանք ու հրաւէր…. (Վեհանոյշ Թէքեան, Իբրեւ Որդի եւ Նախահայր):