Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (3)
April 17, 2026
«Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ» (Գիրք Բ) աշխատասիրութիւնը հրատարակուած է 2024-ին՝ Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտին կողմէ։
Այս Բ. գիրքը կը յաջորդէ «Արեւմտահայերէնի Եւ արեւելահայերէնի տերմինային համակարգերի զուգադրական քննութիւն» խորագրով առաջին հատորին՝ հրատարակուած 2014-ին: Ան կը շարունակէ արեւմտահայերէնի բառապաշարի արդիականացման եւ փաստագրութեան ուղղուած կարեւոր գիտական աշխատանք մը։
Գիրքը պատրաստուած է խմբային աշխատանքով։ Կազմողներու շարքին կը գտնուին Ս. Տիոյեան, Մ. Ֆալակեան, Ա. Ֆիշենկճեան, Յ. Մարաշլեան, Զ. Խպլիկեան եւ Ն. Խաչիբաբեան։ Խմբագիրը՝ Վ. Լ. Կատվալեանն է, իսկ գրախօսը՝ Ա. Ս. Գալստեան։
Աշխատութիւնը տպագրուած է Լեզուի ինստիտուտի գիտական խորհուրդին որոշումով, ինչ որ կը վկայէ անոր ակադեմական արժէքն ու գիտական հաւաստիութիւնը։
Այս գիրքը կ’ընդգրկէ աւելի քան 800 նոր բառեր, որոնք տակաւին չեն արձանագրուած արեւմտահայերէնի գոյութիւն ունեցող բառարաններուն մէջ։
Բառերը քաղուած են բազմազան աղբիւրներէ՝
• սփիւռքահայ մամուլէն,
• գեղարուեստական եւ գիտական գրականութենէն,
• ինքնուրոյն եւ թարգմանական ստեղծագործութիւններէ։
Գիրքին հիմնական նպատակը արեւմտահայերէնի նորաբանութիւնները հաւաքել, դասակարգել եւ բացատրելն է, նպաստելով լեզուի շարունակական զարգացումին եւ փաստագրութեան։
Գիտաշխատողները կը գործածեն համակարգուած մօտեցում մը․
• իւրաքանչիւր բառ ներկայացուած է իր իմաստաբանական պատկանելիութեամբ,
• անհրաժեշտ պարագային տրուած են ոճական նշումներ,
• կը ներկայացուի բառին բացատրութիւնը ըստ գործածութեան համատեքստին,
• եւ կը բերուին բնագրային օրինակներ եւ սկզբնաղբիւրները։
Այս մեթոտը գիրքը ոչ միայն կը դարձնէ բառացանկ մը, այլեւ գործածական-վերլուծական աղբիւր մը։
Աշխատասիրութիւնը նախատեսուած է լայն շրջանակի համար․
• լեզուաբաններ եւ մասնագէտներ,
• ուսուցիչներ եւ ուսանողներ,
• եւ ընդհանրապէս բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են արեւմտահայերէնի բառապաշարի զարգացումով։
«Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ» (Գիրք Բ) կը ներկայացնէ կարեւոր քայլ մը արեւմտահայերէնի պահպանման եւ արդիականացման ուղղութեամբ։ Ան կը վկայէ, որ լեզուն, հակառակ իր վտանգուած վիճակին, կը շարունակէ ստեղծագործել, ընդլայնիլ եւ արձագանգել ժամանակակից իրականութիւններուն։
Այս հատորը ոչ միայն լեզուագիտական ձեռնարկ մըն է, այլ նաեւ վկայութիւն մը կենդանի լեզուի ընթացքին եւ ստեղծագործ ուժին մասին։
Ստորեւ՝ շարքին երրորդ մասը:
Վ.Թ.
ԱՆԴՐԱԶԳԱՅԻՆ, ած., Ազգայինի ըմբռնումէն վեր, բոլոր ազգերուն վերաբերող //Որեւէ ազգի՝ երկրի սահմաններէն դուրս, անդրազգեան։ Նշանեանի քննադատական մօտեցումը կը ներկայացնէ այս հոսանքին դէմ այլընտրանք մը, որ միեւնոյն ժամանակ քննադատութիւնը կը դարձնէ աշխարհիկ՝ սփիւռքեան անդրազգային պայմաններէ բխած եւ սփիւռքեան անդրազգային պայմաններու խօսող (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 61)։
ԱՆԴՐԱԶԳեԱՆ, ած., Ազգ հասկացողութենէն այն կողմ, հաւասարապէս բոլոր ազգերուն յատուկ // Ազգային պատկերացումներէն վեր, բոլոր ազգերուն յատուկ, անդրազգային: Անդին կար նոր Սփիւռքը, մանաւանդ այն գաղութները, ուր գաղթական հայութիւնը տասնեակ հազարներով համախումբ կ’ապրէր յարաբերաբար թոյլ եւ հանդուրժող վարչակարգերու տակ եւ անդրազգեան պայմաններու մէջ (Բագ, թիւ 3, 2020, էջ 65)։
ԱՆԴՐԱԿԵՐՊԵԼ, բ., Եղելութիւն մը ձեւափոխել՝ անոր լեզուական տարազ մը տալով //Արտապատկերել: «Իրողութիւն» մը լեզուական հաստատում մըն է, զուտ լեզուական երեւոյթ մը։ Տեսակ մը բարբառում (utterance) մըն է, որուն նպատակն է դէպք մը անդրակերպել գիտութեան առարկայի մը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 173)։
ԱՆԴՐԱՆՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Ճանաչողութեան եղանակ, որուն համաձայն առարկաներու եւ երեւոյթներու ներքին բնոյթի ճանաչողութիւնը կախուած չէ թանձրացեալ փորձի ու փորձառարութեան հետ, ինքնօրէն ճանաչելի // Փիլիսոփայական ուսմունք՝ որուն համաձայն գիտակցութեան փորձի վրայ չհիմնուած ձեւերը կը նախորդեն փորձին եւ կը հանդիսանան անոր պայմանները, transcendentalism։ [Գիտակարգեր]…որոնց մէջ քննական միտքը ինքզինք դուրս կը կացուցանէ հետազօտութեան մէջ ոչ միայն առարկայէն այլեւ շրջապատէն եւ կ’ապաստանի իտէալական ու «մաքուր» անդրանցականութէան մը մէջ…. (Գրիգոր Պըլտեան, Սարգիս Խաչենց, ՓՐԻՆԹԻՆՖՈ, «Իմացոթիւն գրադարան», Անտարես, 2017, էջ 10)։
ԱՆԴՐՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ, ած., Քաղաքականապէս որոշեալ տարածաշրջանի մը սահմանէն անդին //Որեւէ որոշակի տարածաշրջանէն դուրս՝ հեռու: Ան պատասխանատու էր Քայիտայի անդրտարածաշրջանային յարձակումներու կազմակերպման, ֆինանսաւորման եւ հաստատման համար (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):
ԱՆԵՔԹՈՏ, գ., Իրական կամ յօինուած կարճ պատմութիւն՝ ծիծաղաշարժ կամ անբարոյ բովանդակութէամբ //Զուարճալի՝ հիւմըրային կարճ պատմութիւն: Ուրեմն՝ կատարած եմ բանահաւաքչական ու բանագիտական աշխատանք ու փրկած բազում երգեր, խաղիկներ, հեքիաթներ ու զրոյցներ, առածներ ու ասացուածքներ, անեքթոտներ, խաղեր ու պարեր…. (ԱԶԳԱԳՐԱԳԷՏ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉ` ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄՂՈՒՄՈՎ, https://www.azg.am):
ԱՆԶԱՆԱԶԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆ, գ., Պատմական եւ բանասիրական տեսանկիւններէ զանազանելի՝ ուրոյն չըլլալը, կրկնուող չըլլալը //Անզանազանելի ըլլալը, զանազանելիութիւն չունենալը: Բանասիրութեան, որպէս արդի իմացակարգ, ծննդաբանութիւնը առաջին հերթին Ֆուկոյէն առնելով, սակայն ներյայտօրէն հիմնուելով յետարդիական մտածողութեան ընձեռած կարելիութիւններու վրայ, Նշանեանի մեկնաբանութիւնները աղէտը կը պատմականացնեն որպէս բանասիրութէան դարաշրջանի կողմէ որոշադրուած պատմականացումէն ձերբազատելու կարելիութիւնը։ Այս հակասութիւնն է՝ որպէս անզանազանելիութիւն, որպէս ապապատմականացնող պատմականացում, որ ուժ կու տայ անոր կազմալուծական ծրագիրին (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 98):
ԱՆԹԽՄԵԼԻ, ած., խսկց., Ծայրէ ծայր լեցուած իր՝ նիւթ, ուր անգամ ուժով կարելի չէ նոր բան աւելցնել // Ան, որ հնարաւոր չէ թխմել՝ վրայ-վրայի լեցնել բանի մը մէջ։ Ակնածանքս անմարսելի ահա կը փռուի գետինը, զօր մաքրել կ’արտորան, շփոթած, գործ տեսնողի կուրութեամբ, որ չտեսնուի, չգիտցուի անթխմելի ստամոքսներու պարզութիւնը (Պարութճեան Նորա, Զէռօ (2016-2021), Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 22) )։
ԱՆԹՈՅԼԱՏՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆ, գ., Տէրութէան օրէնքով արտօնուած չըլլալը, հաստատապէս թոյլատրուած չըլլալը //Պետական օրէնքով չարտօնուիլը: Իրան կը խօսի իր սահմաններու փոփոխութեան անընդունելիութեան եւ անթոյլատրելիութեան մասին եւ կը խոստանայ հակազդել, եթէ որեւէ ոտնձգութիւն կատարուի (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):
ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻՈՒԹԻՒՆ, գ., Առարկայ (կամ երեւոյթ) որուն արժէքը՝ կարեւորութիւնը ժամանակի ընթացքին չի նուազիր, մշտապէս պիտանի //Անժամկէտանցութիւն, անանցանելիութիւն, յաւէրժութիւն։ Յաճախ, ինչպէս հինաւուրց օրէնք է մեր մէջ, այդ պատասխանները յանգած են լուտանքներու, խեղաթիւրումներու եւ ափեափոյ կիսափաստերու տարատեսակ գումարումին, վերահաստատելով Յակոբ Պարոնեանի «հայհոյանքը փաստի սով է» խօսքին անժամանցելիութիւնը, ինչպէս եւ բանավիճելու քաղաքավարութեան (կուլտուրայի՝ հայաստանեան բաոով) ահաւոր պակասը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 44)։