Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (39)
August 4, 2026
ՀԱԿԱԻԴԷԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ, գ., փիլ., Որեւէ երեւոյթի յաւիտենական՝ անփոփոխ էութիւն մը ունենալը չընդունիլը, ամբողջովին առարկայական ըլլալը // Հակագաղափարապաշտութիւն։ Չափազանց շահագրգռական են Բատայլի մօտ (որպէս բնանիւթ կամ որպէս յատկանիշ) սրբազնութեան երկակիութիւնը, կատարեալ հակաիդէապաշտութիւնը, քաղաքական գործունէութեան իմաստին ապաիմաստնութեան շուրջ վարանումներն ու վերիվայրումները, հեգելեան փիլիսոփայութեան քննադատութիւնը…. (Մ.Ն., 2015, էջ 18)։
ՀԱԿԱԾԱՆՐՈՒԹԻՒՆ, գ., Բանի մը ծանրութիւնը հաւասարակշռող բեռ, հոս՝ նիւթը իր ամբողջ տարողութեամբ չընդգրկելը: Ազատել՝ «մանաւանդ խճաւազեայ հակածանրութենէն», որ պատմական ու քաղաքական մօտեցումներն են (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 172)։
ՀԱԿԱՄԱՐԴԿԱՅՆԱՊԱՇՏ, ած., Մարդու ի բնէ ձիրքերուն, ունակութիւններուն եւ անոր վեհ ձգտումներուն չհաւատացող // Հակամարդկային, ոչ մարդասիրական: Քննադատելով Սայիտը, Նշանեան կը փորձէ աւելի մօտ կենալ ֆուկոյական հակամարդկայնապաշտ հնախօսութեան, կամ գոնէ անիկա յարակարծական կերպով չգործածել (Բագին, թիւ 2-3 2021, էջ 90)։
ՀԱԿԱՄԱՐՄԻՆ, գ., Մարմինի կանոնաւոր աշխատանքը խաթարող վնասաբեր մանրէներու ազդեցութիւնը չէզոքացնող բնական հակաթոյն, հոս՝ մարդու ձեռքով պատրաստուած նման հակաթոյն։ «Դեղահատեր կառավարելն ու օգտագործելը շատ աւելի դիւրին է, քան՝ ներկայիս մոնոքլոնըլ հակամարմինները (monoclonal antibodies), որոնք կը պահանջեն ներարկումներ եւ ներերակային միջոցներ» (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):
ՀԱԿԵՐԵՍ, գ., Որեւէ բանի հակադիր՝ ներհակ կողմը, սակայն, միեւնոյն ատեն, զայն լրացնող՝ ամբողջական դարձնող կողմը //Հակառակ երեսը՝ կողմը, հկոտնյան։ Այդ պատմական պահուն է ուրեմն, որ մահը կարող կը դառնայ իր հակերեսը՝ կեանքը լու սաւորելու։ «Մահուան դիտանկիւնէն է» որ կեանքը հասկնալի կը դառնայ (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 135)։
ՀԱՄԱԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆ, ած., Բոլոր թրքալեզու ժողովուրդնե րուն մէկ թրքական պետութեան մը սահմաններուն մէջ համախմբելու քաղաքական ծրագիրին վերաբերող, անոր իրագործումին յատուկ։ Ուրիշ երազանք չէ, եթէ ոչ համաթուրանական դարաւոր ծրագիրի իրականացման առիթ (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):
ՀԱՄԱԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Բոլոր թրքալեզու ժողովուրդներուն մէկ թրքական պետութեան մը սահմաններուն մէջ համախմբելու ազգայնամոլական քաղաքական ծրագիր: Մենք ալ յուսա՞նք, որ տարինե՜ր ետք, քաղաքակիրթ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան եւ համաթուրանականութեան ոճրային ծրագիրներէ խորշող աշխարհը յայտարարէ, թէ թերացած է 44-օրեայ պատերազմին…. (Ասպարէզ, 5 Յունիս 2021, էջ 18,19):
ՀԱՄԱԿԱՐԳԵԱԼ, ած., Կանոնաւոր՝ շարունակական ձեւով, տեւականօրէն //Համակարգուած ձեւով։ Քանի որ այդ տարի, Կիպրոսի մէջ, ուր կ’ապրէր, Յ. Օշական, որ գրելու վրայ էր իր «Մնացորդացը», սկսաւ համակարգեալ եղանակով զայն [«աղէտ» բառը] գործածել՝ նշելու համար դէպքը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 171)։
ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ, ած., Համակարգիչի կարելիութիւններու կիրարկմամբ կատարուող՝ իրականութիւն դարձող։ Այս ուղղութեամբ յատկապէս խանդավառ են անոնք, որոնք համակարգչային միջամտութեամբ թուային տարբերակները կը վերածեն վիտէօ խաղի մը, ուր դիտողը հնարաւորութիւն ունի տարբերակներու միջեւ ընտրութիւններ կատարելու (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 3):
ՀԱՄԱՀԻՄՆԱԴԻՐ, գ., Որեւէ կազմակերպութեան՝ ընկերութեան եւ այլնի հիմքը դնողներէն՝ զայն ստեղծողներէն ամէն մէկը։ Ֆինիի վերաբերմունքը դրամի նկատմամբ կտրականապէս կը հակասէ անոր Duty Free Shoppers-ի համահիմնադիր Ռոպերթ Միլըրին՝ աշխարհի 293- րդ ամէնէն հարուստ մարդուն, որ ունի 6 միլիառ տոլար (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):
ՀԱՄԱՁԵՒՈՒԻԼ, բ., Երկու երեւոյթներու միեւնոյն ձեւը՝ տեսքը տալ, միաձեւ՝ միակերպ՝ համանման դառնալ // Համաձև՝ միա նման դառնալ: Եթէ մինչեւ հոս հակադրական, երկփեղկումի մը կառոյցին զետեղուեցաւ երեւոյթը ատիկա անոր համար է որ…. այդ մարտը, մաքառումը երկու տիեզերքներու, որոնք կը յարաբերին իրարու, կը շփուին իրարու երբեմն բերնիս մէջ, մտմտուքիս, չեն համաձեւուիր, չեն յարմարիր իրարու, չեն համընկնիր….
ՀԱՄԱՄԱՍՆԱԿԱՆ (ընտրակարգ), ած., Խորհրդարանական ընտրութեան ձեւ, երբ քուէարկողը կ’ընտրէ կուսակցութիւն մը, ոչ թէ անհատ քաղաքական գործիչներու // Ընտրական կարգ, որուն կը մասնակցին միայն կուսակցութիւնները, ոչ թէ անհատները: Կիրակի, 17 հոկտեմբերին տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համամասնական ընտրակարգով հերթական ընտրութիւններ…. (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):
ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆ, գ., 1. Որեւէ կազմակերպութիւն կամ ընկերութիւն, որ միաժամանակ մէկէ աւելի նախագահներ ունի։ Նախարար Միրզոյեան վերահաստա տած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ վերսկսելու Լեռ նային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման լիարժէք հոլովոյթին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ներքեւ (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):