Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (34)

July 11, 2026

ԽՈՆԱՐՀԱՄԱԾ, մկբ., Հեզօրէն, ակնածանքով, հլութեամբ՝  հաւատքով գլուխը խոնարհելով //Գետնամած:  …Ներս կը մտնեն մզկիթի կանաչ դուռէն, խոնարհամած աղօթելու համար Աստտուծոյ եւ անոր մարգարէին (Բագին, 2010, 1, էջ 20):

ԽՈՐՀՐԴԱԶԳԱԾԱԿԱՆ, ած., Կեանքի առեղծուածներուն հետամուտ, անոր ծածուկ եւ խորհրդաւոր էութեանը հասու //խորհրդազգացութեան յատուկ՝ բնորոշ, խորհրդագիտական, գաղտնիքներու մէջ թափանցող։ Անոր ճամբան խորհրդազգածական, կամ խորհրդանշական որոնումի ձեռնարկած մէկուն ճամբան չէ (Գրիգոր Պըլտեան, Սարգիս Խաչենց, ՓՐԻՆԹԻՆՖՈ, ‘Իմացոթիւն գրադարան’, Անտարես, 2017, էջ 120)։

ԽՈՐՔԱՅԻՆ*, ած., փխբ., Այն ինչ կը վերաբերի երեւոյթի մը  էական՝ առանցքային կողմերուն // Հիմնական, ներքին էութեամբ  պայմանաւորուած, էական։ Հանդիպումը արդիւնք էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ 22 սեպտեմբերին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան, որուն ընթացքին երկու նախագահները համաձայնած էին շարք մը ռազմավարական հարցերու շուրջ խորքային խորհրադակցութիւններու սկսելու…. (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1): 

ԽՕՍԵԼԻՈՒԹԻՒՆ, գ., Համայն աշխարհը արտայայտելու լեզուի մը կարելիութիւնը, այդ ամբողջը լեզուի միջոցով առարկայական (խօսելի) դարձնելու կարողութիւնը։ Որովհետեւ լեզու մը որ զուրկ է հնարաւորութենէն ըսելու իմացութեան ու աշխարհի ամբողջը (միշտ յարաբերական իմաստով, քանզի ոչ մէկ լեզու կը յաւակնի այդ ամբողջի լման վերարտադրութեան այլ միայն անոր հաւանական խօսելիութեան) կորսնցուցած՝ իր «տիեզերականութիւնը» կը վերածուի առտնին բարբառի մը,  ժարգոնի մը կամ գաւառային խօսուածքի մը (Գրիգոր Պըլտեան, Սարգիս Խաչենց, ՓՐԻՆԹԻՆՖՈ, ‘Իմացոթիւն գրադարան’, Անտա րես, 2017, էջ 25)։

ԾԱԳՈՒՄՆԱՅԻՆ, ած., Ծնունդով եւ զարգացումով որեւէ  տեղի հետ կապուած // ծագումնաբանական, ծագման։ ….Նորափետուր դպիր մը, որ հայերէն կը գրէր ու մեր գրականութենէն որոշ բան կը թուէր հասկնալ՝ առանց Միջին Արեւելքի կամ Հայաստանի հետ ծագումնային կամ ուսումնական որեւէ յարաբերութիւն ունեցած ըլլալու, բաւականաչափ «տարաշխարհիկ» տուեալներ կ’ընծայէր, որպէսզի իր առաջին նամակը ընդարձակածաւալ պատասխանի մը արժանանար գրեթէ կայծակնային արագութեամբ…. (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 45)։

ԾԱԾԿԱՂՕԹՔ, գ., Գաղտնաբար՝ ցած ձայնով ըսուած սրտի խօսք // Ծածուկ՝ մտքով ըսուած աղօթք: Կան քերթողներ, որոնք վարարուն թախիծով մը իրենց ծածկաղօթքը կը մրմնջեն, եւ բարութեան քնքշութեան գեղեցկութեան դուռ մը կը բանան մարդկութեան համար (Վեհանոյշ Թէքեան, Իբրեւ Որդի եւ Նախահայր):

ԾԱՅՐԱԿԱՇԻ, ի, գ., Որեւէ սուր առարկայի ծայրը պահպանող  եւ մարդուն անկէ վնասուելէ պաշտպանող պատեան։ – Ի՞նչ կը փնտռես,– հարցուց Դքսուհին։ – Քու մարզասուսերիդ ծայրակաշին, զոր կորսնցուցեր ես (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 338):

ԾԱՌԱՅԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ, գ., 1. Նպատակի մը նուիրուած՝ պիտանի ըլլալու պատրաստակամութիւն, անոր անձնուրացօրէն ծառայելու յատկութիւն: 2. Ծառայութիւնը սիրելը….Սարհատը մեզի համար էր ու կը մնայ Դաշնակցութեան բարոյական արժէքներու պատմութենէն եկած ընկերասիրութեան, համեստութեան ու ծառայասիրութեան իբրեւ կենդանի օրինակ, ծնողքի, ընկերոջ, ըն տանիքի, հայրենիքի ու ազգի հանդէպ սիրոյ խորհրդանիշ (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3):

ԾՆՆԴԱԲԱՆԱԿԱՆՕՐԷՆ, մկբ., Անհատի՝ ազգի ծագումով, սերման պատմութեամբ պայմանաւորուած, անկէ բխող՝ սսկիզբ առնող// Ծնունդով, ծագումնաբանական ձեւով: 1915–ը հայերու մէջ ծննդաբանականօրէն կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ (Զարթօնք, 24.12.2019):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x